Վահան Թոթովենց

Վահան Թոթովենց
Ծնած է 18 Յուլիս 1894(1894-07-18)[1][2]
Ծննդավայր Մեզիրէ, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն[2][2]
Մահացած է 18 Յուլիս 1938(1938-07-18)[3][2] (44 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Խարբերդի ազգային Կեդրոնական վարժարան?[1]
Ուիսքոնսին Համալսարան[1]
Մասնագիտութիւն լրագրող, բանաստեղծ, արձակագիր, գրագէտ, թատերագիր
Աշխատավայր Հայաստան (թերթ, Թիֆլիս)[1]
Շեշտ (ամսագիր)[1]
Երեւանի Պետական Համալսարան[1]
«Սովետական Հայաստան»[1]

Վահան Թոթովենց (1 Սեպտեմբեր 1889, Խարբերդ - 18 Յուլիս 1938), հայ դասական գրող, արձակագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ: Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ քաղաքը ծնած, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ուսանած եւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հաստատուած Թոթովենց այն հազուագիւտ հայ գրողներէն է, որու ստեղծագործութիւններուն մէջ համադրուած են արեւմտահայ, սփիւռքահայ եւ խորհրդահայ գրականութեան տարրերը։ Բազմաթիւ այլ մտաւորականներու բախտակից Թոթովենց 1938-ին ստալինեան մաքրագործումներու զոհերէն է։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վահան Թոթովենց բուն անունով՝ Արսէն Մարմարեան, ծնած է Խարբերդ գաւառի Մեզրէ քաղաքը, որ Մամուրէթ-էլ-Ազիզի կուսակալութեան կեդրոնն էր։ Վահանի հայրը Ակնի մեծահարուստ Թոթովայենց գերդաստանէն էր, որոնք ԺԸ. դարուն ուրիշ հայ ընտանիքներու հետ տեղափոխուած էին Մեզրէ։ Թոթովենցի ընտանիքը ունեցած է երկյարկանի տուն մը Մեզրէէն Խարբերդ տանող մայրուղիին վրայ, որ նշանաւոր էր որպէս հեռու երկիրներէն եկող-անցնող քարաւաններու միակ անցուղին ու իջեւանատեղին։ Քաղաքի Կեդրոնական վարժարանին մէջ աշակերտած է Ռուբէն Զարդարեանի։ Տակաւին պատանի՝ 1908-ին, կ'երթայ Պոլիս, յետոյ կ'անցնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ուր կը ստանայ համալսարանական ուսում Ուիսքոնսընի համալսարանին մէջ։

1915-ին կամաւոր գրուելով կը մեկնի Անդրկովկաս՝ պատերազմի։ Կռուած է Վանի եւ Էրզրումի մէջ։ Ան զօրավար Անդրանիկի մտերիմներէն էր, անոր թիկնապահ-թարգմանիչը[4]: Յովհաննէս Թումանեանի հետ հասարակական լայն գործունէութիւն տարած է, օգնած՝ գաղթականներուն։

1917-1918 թուականներուն Թիֆլիս է, ուր կը գրէ ու կը հրատարակէ պատմուածքներ, կը ստանձնէ խմբագրական պատասխանատուութիւններ։ Կը խմբագրէ զօրավար Անդրանիկի հրատարակած «Հայաստան» օրաթերթը, կը մասնակցի Անդրկովկասի մշակութային կեանքին։ Պատերազմէն ետք Վ.Թոթովենց կը մեկնի Ամերիկա, ուր կ'ապրէին իր հարազատները:

1920 Մայիսին Թոթովենց Կովկասէն կը մեկնի Կ. Պոլիս։ Քանի մը ետք, կ՚անցնի Միացեալ Նահանգներ։ 1922-ին կը վերադառնայ Պոլիս է, իսկ տարուան վերջաւորութեան կը հաստատուի Հայաստան։ Հոն կը զբաղի առաւելաբար գրականութեամբ։ Կը գրէ պատմուածքներ, վիպակներ, վէպեր՝ մեծ մասը կէս ինքնակենսագրական բնոյթի։ Գրած է նաեւ թատերգութիւններ, ըրած է թարգմանութիւններ։ 1922-ին վերադարձած է հայրենիք եւ նուիրուած խորհրդահայ մշակոյթին: Խմբագրած է «Շեշտ» երգիծական պարբերականը (1923):

1925-էն 1932, Երեւանի համալսարանը դասախօսած է անգլերէն եւ օտար գրականութիւններ։ 1934-ին Մոսկուայի մէջ կը մասնակցի խորհրդային գրողներու Ա. համագումարին։

1935-էն ետք ստալինեան բռնարարքներուն եւ հալածանքներուն ենթակայ, այլ գրագէտներու հետ, կը բանտարկուի (1936) եւ կը գնդակահարուի 1938-ին։

Արդար կացուցուած է յետ մահու (1954):

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԺԹ. դարու վերջը Խարբերդ կ'ապրի տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ զարգացման փուլ մը։ Այդ շրջանին գաւառին մէջ կը գործէր «Եփրատ» քոլէճը իր բարձրագոյն վարժարաններով, իսկ Մեզրէի մէջ՝ «Ազգային Կեդրոնական» վարժարանը։ Պսակ վարդապետի, Երուխանի, Սիմոն Յակոբեանի, Ռուբէն Զարդարեանի եւ այլոց անձնուէր ջանքերով անիկա դարձած է հռչակաւոր կրթութեան օճախ, ուր ընդունուած էր Թոթովենց 1897-ին։

1934-1936 թուականներուն Թոթովենց ապրած է այս տան մէջ։

Վարժարանին մէջ գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնէին դպրոցին ձեռագիր պարբերաթերթին մէջ՝ մօրենական Գույումճեան մականունով։ Վահան իր ուսուցման վերջին տարուան ընթացքին յաճախ կ'այցելէր Խարբերդ քաղաքին մէջ գտնուող Թլկատինցիի «Կարմիր դպրոց» անհատական վարժարանը, ուր կը ստանար գրական ուղղութիւն։ Այս տարիքին Թոթովենց խորապէս տարուած էր Պետրոս Դուրեանի ու Միսաք Մեծարենցի գործերով, որոնք ներշնչման աղբիւր եղած էին գրելու անոր առաջին բանաստեղծական թոթովանքները։

Վահան Թոթովենցի նուիրուած յուշարձան՝ Երեւանի մէջ

Ստեղծագործական կեանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւարտելով տասնամեայ վարժարանը 1908-ին, Վահան կը մեկնի Պոլիս, ուր նոյն տարին լոյս կը տեսնէ իր «Աւերակ» գրքոյկը, իսկ մէկ տարի անց՝ «Սրինգ» ժողովածուն։

1909-ին Թոթովենց կը մեկնի Փարիզ, ապա Նիու Եորք։ 1912-ին կ'ընդունուի Ուիսքոնսինի համալսարանը, ուր կը սորվի գրականութիւն, պատմութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։ Կը սորվի նաեւ անգլերէն, ֆրանսերէն եւ կը ծանօթանայ համաշխարհային դասական գրականութեան։ Ուսանողական տարիներուն կը ստիպուի իր ապրուստը հայթայթել տարբեր տեսակի աշխատանքներով, բայց հիմնականին մէջ կ'աշխատի մօրեղբօր արեւելեան գորգի վաճառատան մէջ։

1916-1920 թուականներուն կը հրատարակէ «Իմ հօրաքոյրը» (1916), «Տոնոն» (1917) վիպակները, «Ողբ անմահութեան» (1916), «Արեւելք» (1918) վիպերգները, «Դոկտոր Պուրպոնեան» (1918) երգիծական վէպը, արձակ բանաստեղծութիւններ, հրապարակագրական ու գրականագիտական յօդուածներ, որոնց մեջ արտայայտուած է Թոթովենցի մտահոգութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական ճակատագիրին մասին։

1923-ին Երեւանի մէջ կը խմբագրէ «Շեշտ» երգիծական ամսագիրը, 1924-1926 թուականներուն կ'աշխատի Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, «Սովետական Հայաստան» թերթի խմբագրութեան մէջ։ Եղած է համալսարանի գիտնական քարտուղարը: Դասաւանդած է անգլերէն եւ արտասահմանեան գրականութիւն: Սակայն անոր կոչումը, գրականութիւնն էր։ Անոր առաջին պատմուածքներուն ու վէպերուն նիւթը առնուած էր հայրենի Խարբերդէն ու ամերիկեան իրականութենէն, պատերազմի ընթացքին եւ Եղեռնի տարիներուն հայ ժողովուրդի կրած տառապանքներէն Այս շրջանին կը հրատարակէ անոր «Մահուան պատալիոն» (1923), «Պողպատի ճաշ» (1924), «Նոր Բիւզանդիոն» (1925), «Սասմայ ծռեր» (1925), «Հրդեհ» (1927) խաղարկային ստեղծագործութիւնները, վիպակներ, բազմաթիւ ակնարկներ, պատմուածքներ եւ յօդուածներ։ «Նոր Բիւզանդիոն» թատերախաղը կ'արժանանայ համամիութենական մրցանակի, կը թարգմանուի եւ կը բեմադրուի տարբեր երկիրներու մէջ, որոնցմէ Փարիզի մէջ։

1929-1936 թուականները Թոթովենցի ստեղծագործական կեանքին արգասաւոր շրջանն է. լոյս կը տեսնեն «Ամերիկա» (1929) պատմուածաշարքը, «Աղաւնիներ» (1934), «Բաց կապոյտ ծաղիկներ» (1935) պատմուածքները եւ բազմաթիւ այլ գործեր։

Հայֆիլմի մէջ «Բաց կապոյտ ծաղիկներ» պատմուածքին հիման վրայ նկարահանուած է «Կտոր մը երկինք» ֆիլմը։

Անդրկովկասի մէջ դարասկիզբի յեղափոխական իրադարձութիւնները արտացոլացած են «Պաքու» (1930-1934) եռահատոր վէպին մէջ, որու բնորոշ է ժողովուրդին կեանքի լայն ընդգրկումը, անոր պատմութեան, կենցաղի ու ազգային նկարագիրի իրական պատկերին մէջ։ Թոթովենցի լաւագոյն գործերէն են «Կեանքը հին Հռոմէական ճանապարհի վրայ» (1933) ինքնակենսագրական վէպը, «Հրկիզուած թղթեր» (1934), «Յովնաթան որդի Երեմիայի» (1934) վիպակները, «Երկու սուր» (1930), «Պաքու-Լոնտոն», «Մոխրակոյտ» (1936

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սեւակ Արզումանեան, Վահան Թոթովենց, Երեւան, Հայպետհրատ, 1961, 312 էջ։
  • Նորայր Ադալեան, Թոթովենց, Երեւան, 1994։
  • Դաւիթ Գասպարեան, Փակ դռների գաղտնիքը, Երեւան, 1994։
  • Մանուկեան Ս., Վահան Թոթովենց, Երեւան, 1959։

Ֆրանսերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 268: