Ստեփանոս Նազարեան

Ստեփանոս Նազարեան
Ծնած է 15 (27) Մայիս 1812[1]
Ծննդավայր Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1]
Մահացած է 27 Ապրիլ (9 Մայիս) 1879[1] (66 տարեկանին)
Մահուան վայր Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1]
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց[1]
Դորպատի գիմնազիա?[1]
Դորպատի կայսերական համալսարան?[1]
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, լուսավորիչ, ուսուցիչ, փիլիսոփայ, արեւելագէտ, գրաքննադատ
Աշխատավայր Քազանի Կայսերական Համալսարան[1]
Լազարեան Ճեմարան[1]
Հիւսիսափայլ[1]

Ստեփանոս Նազարեան (15 (27) Մայիս 1812[1], Թիֆլիս, Վրացական նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1] - 27 Ապրիլ (9 Մայիս) 1879[1], Մոսկուա, Ռուսական Կայսրութիւն[2][1] (թաղուած է տեղի հայկական գերեզմանատան մէջ)), յայտնի հայ խմբագիր, լուսաւորիչ, արեւելագէտ, փիլիսոսայական գիտութիւններու թեկնածու։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 1812 թուականին Թիֆլիսի մէջ։ Սորված է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին մէջ, որուն աւարտած է 1827 թուականին։ Ուսումնառութեան ընթացքին Նազարեան ոգեշնչուած է դպրոցի տեսուչ, ականաւոր գրող եւ մանկավարժ Յարութիւն Ալամդարեանի գաղափարներով։ Դպրոցի տարիներուն կ՛ընկերանայ Խաչատուր Աբովեանի հետ, որուն հետ ընկերական կապը կը պահպանէ մինչեւ վերջ։

Որոշ ժամանակ աշխատած է Ներսիսեան դպրոցին մէջ, իբրեւ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչ։ 1832 թուականին կը մեկնի Դորպատ (այժմեան Թարթուի համալսարանի հին անուանումն է), ուր կը սորվի նախ պետական գիմնազիոնը, եւ ապա համալսարանին մէջ։ Ապրելով դրամական նեղ պայմաններու՝ այնուամեայնիւ կ՝աւարտէ ուսումը 1840 թուականին եւ կը ստանայ փիլիսոփայական գիտութիւններու թեկնածուի կոչում։

Անկէ ետք ան տեղափոխուած է Փեթերսպուրկ, զբաղած է արեւելեան լեզուներու ուսումնասիրութեամբ։ 1842 թուականին Կազանի համալսարանին մէջ աշխատանքի կ՝անցնի որպէս հայոց լեզուի ամպիոնի վարիչ։

Նազարեան 1849 թուականին կը պաշտպանէ տոքթորական աւարտաճառը, որուն թեման էր Ֆիրտուսիի «Շահնամէ»ն։ Այնուհետեւ Նազարեան կը մեկնի Մոսկուա եւ Լազարեան ճեմարանի արեւելագիտական բաժինէն ներս կը պաշտօնավարէ որպէս լատիներէնի, արաբերէնի եւ պարսկերէնի դասախօս։ 1869 թուականին ան կու գայ Անդրկովկաս եւ աւելի մօտիկէն կը ծանօթանայ հայերու կեանքին ու ապրելակերպին։ Որոշ ժամանակ կը մնայ Թիֆլիսի մէջ, 1870 թուականին կը վերադառնայ Մոսկուա, ուր կ՛ապրի մինչեւ իր կեանքի վերջը։

Հասարակական եւ լուսաւորական գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նազարեան գործօն պայքար մղած է գրականութեան մէջ աշխարհաբար լեզուի արմատաւորման համար։ Ան հսկայական դեր յատկացուցած է հայոց նոր լեզուին ժողովուրդի լուսաւորութեան գործէն ներս։

Նազարեանի լուսաւորական գործունէութիւնը լայնօրէն ծաւալուած է յատկապէս անոր խմբագրած «Հիւսիսափայլ» ամսագրի ժամանակ (1858-1964), որուն շուրջ համախմբուած են շարք մը լուսամիտ, յառաջադէմ հայ մտաւորականներ ու գործիչներ։ Ամսագիրին մէջ լոյս կը տեսնեն աշխարհաբար գրուած եւ աշխարհիկ բովանդակութիւն ունեցող գեղարուեստական երկեր, ինչպէս նաեւ գրաքննադատական ու գիտական բնոյթի յօդուածներ։

«Հիւսիսափայլ»ը հսկայական դեր կատարած է լուսաւորական գաղափարներու տարածման գործէն ներս։ Ան համարձակօրէն կը հաւաքէ կղերաֆեոտալական հոսանքի ներկայացուցինչներուն եւ ցոյց կու տայ անոնց բացասական դերը հայ հասարակական կեանքէն[3][4]։

Ստեղծագործութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նազարեանը հեղինակ է շարք մը արժէքաւոր երկերու։ Մեծ արժէք ունի անոր Ֆիրտուսիի «Շահնամէ»ի վերաբերեալ աշխատութիւնը, «Հոգեբանութիւն» ձեռնարկը, «Առաջին հոգեղէն կերակուր» եւ «Հանդէս նոր հայախօսութեան» աշխարհաբար լեզուի ընթերցարանները եւ այլն։ Գրած է նաեւ չափածոյ երկեր, որոնցմէ նշանաւոր է հայրենասիրական ոգիով տոգորուած «Մայրենի լեզու» ոտանաւորը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թ. Գ. Ճուհարեան «Հայ Գրականութիւն», 1990 , «Լոյս» հրատարակչութիւն։
  • Մինաս Թէօլէօլեան, Դար Մը Գրականութիւն, Ա․ հատոր (Բ․ տպագրութիւն), 1977, Պոսթըն, էջ 243 - 245։

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]