Սմբատ Գաբրիէլեան

Սմբատ Գաբրիէլեան
Ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1856(1856-12-15)[1]
Ծննդավայր Ակն
Մահացած է 3 Յունիս 1919(1919-06-03)[1] (62 տարեկանին)
Մահուան վայր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Քոլումպիա Համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, բանասէր, հասարակական գործիչ

Սմբատ Մկրտչի Գաբրիէլեան (15 Դեկտեմբեր 1856(1856-12-15)[1], Ակն - 3 Յունիս 1919(1919-06-03)[1], Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ բանասէր, բժիշկ, հանրային գործիչ (ԱՄՆ

1891-1898 թուականներուն խմբագրած է Նիւ Եորքի հրատարակուող «Հայք» ազգային, գրական-քաղաքական հանդէսը, ուր հրապարակուած են նիւթեր՝ հայկական հարցի վերաբերեալ, եւրոպական եւ ամերիկեան մամուլի արձագանքները Թուրքիոյ մէջ՝ հայ բնակչութեան կացութեան մասին, լուսաբանուած է ԱՄՆ-ի հայ համայնքներու կեանքը։ 1895 թուականին ընտրուած է «Հայերու հայրենասիրական դաշնակցութեան» նախագահ, որուն նպատակն էր՝ տէրութիւններու աջակցութեամբ, օգնել Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրման թուրքական բռնատիրութենէն։ «Հայերը կամ Արարատի ժողովուրդը» (1892, անգլերէն), «Փաստեր Հայաստանի մասին» (1895, անգլերէն), «Քրիստոնեայ Հայաստանը եւ քրիստոնեայ տէրութիւնները» (1897, անգլերէն), «Արիւնաքամ Հայաստանը, անոր պատմութիւնն ու սարսափները» (1896, անգլերէն], «Հայաստան՝ նահատակ ազգ» (1918, անգլերէն) երկերուն մէջ Գաբրիէլեան ամերիկացի ընթերցողին ծանօթացուցած է հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, արեւմտահայերու ծանր վիճակը, 1894-1896-ի ջարդերու ու կոտորածներու փաստերը, 1915-1916-ի հայերու տեղահանութիւնն ու ցեղասպանութիւնը, տէրութիւններու քաղաքականութիւնը Հայկական Հարցին մէջ։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

The Armenians or the People of Ararat, Philadelphia, 1892 Facts about Armenia, N.Y., 1895 Christian Armenia and the Christian Powers, N. Y., 1897 Armenia, a Martyr Nation, N. Y., 1918

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։