Սիամանթօ

Սիամանթօ
Ծննդեան անուն Ատոմ Եարճանեան
Ծնած է 15 Օգոստոս 1878(1878-08-15)
Ծննդավայր Ակն, Խարբերդի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1915[1][2][3]
Մահուան վայր Անգարա, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[4]
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, գրագէտ, լրագրող, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր[5]
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ստորագրութիւն

Սիամանթօ (Ատոմ Եարճանեան), (1878 - 1915), նշանաւոր բանաստեղծ եւ դիւցազներգակ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ակն, ուր աւարտած է նախակրթարանը՝ աշակերտելով Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի։ Ընտանեօք կը տեղափոխուին Պոլիս, ուր կը յաճախէ Պէրպէրեան Վարժարանը։ Ապա կ'անցնի Փարիզ, ուր կը հետեւի Սորպոնի գրական դասընթացքներուն։ Կը վարակուի թոքախտով եւ կը դարմանուի Զուիցերիոյ բուժարաններէն մէկուն մէջ։ Շնորհիւ՝ զօրաւոր կամքին եւ ապրելու բուռն փափաքին, կ'ապաքինի 1908-ին։ Երբ կը հաստատուի Օսմանեան սահմանադրութիւնը, բազմաթիւ մտաւորականներու հետ, կը վերադառնայ Պոլիս։ 1909–ին տեղի կ'ունենեայ Ատանայի կոտորածը, որուն ազդեցութեան տակ կը գրէ «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս» հատորը։ 1913-ին՝ հայ գիրերու գիւտի 1500 ամեակին առիթով, կը գրէ «Սուրբ Մեսրոպը»։ Կը նահատակուի 1915Մեծ Եղեռնին։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Դիւցազնօրէն», «Հայորդիներ», «Կարմիր Լուրեր Բարեկամէս», «Հայրենի Հրաւէր» եւ «Սուրբ Մեսրոպ»։ Սիամանթօ երգած է հայուն տառապանքը, նկարագրած է ջարդի արիւնոտ տեսարաններ, այդ վիթխարի վիշտէն կը ծնի ըմբոստութեան երգը։

Սիամանթօ իր բանաստեղծութիւնները գրած է ազատ չափով, որովհետեւ իր հզօր երեւակայութիւնը, փոթորկալի զգացումներն ու միտքի թռիչքները, չէին կրնար կաշկանդուիլ բանաստեղծական օրէնքներուն նեղ սահմաններուն մէջ։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Հայորդիները», շարք Ա., Ժընեւ, 1905, 48 էջ:
  • «Հայորդիները», շարք Բ., Ժընեւ, 1906, 32 էջ:
  • «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Փարիզ, 1907, 64 էջ:
  • «Հայորդիները», շարք Ա. եւ Բ., Կ. Պոլիս, 1908, 68 էջ:
  • «Հայորդիները», շարք Գ., Փարիզ, 1908, 52 էջ:
  • «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», Կ. Պոլիս, 1909, 56 էջ:
  • «Ամբողջական գործեր», հատ. Ա. Դիւցազնօրէն, «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», «Հայրենի հրաւէր», Պոսթըն, 1910, 248 էջ:
  • «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», «Կարմիր լուրեր բարեկամէս», Պէյրութ, 1951, 84 էջ:
  • «Ամբողջական գործեր», Պէյրութ, 1954, 504 էջ:
  • «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Պէյրութ, 1955, 184 էջ:
  • «Ընտիր երկեր», Երեւան, 1957, 252 էջ:
  • «Ամբողջական գործեր» («Դիւզազնօրէն», «Հայորդիներ», «Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Գահիրէ, 1960, 504 էջ:
  • «Ամբողջական երկեր», Պէյրութ, 1974, 464 էջ:
  • Սիամանթօ, Վարուժան Դանիէլ, Երկեր, Երեւան, 1979, էջ 21–196:
  • «Ընտիր երկեր», Թեհրան, 1983, 232 էջ:
  • «Ամբողջական երկեր» («Դիւզազնօրէն», «Հայորդիներ»,« Հոգեւարքի եւ յոյսի ջահեր», Անթիլիաս, 1989, 232 էջ:
  • «Բանաստեղծութիւններ», Վենետիկ, 1993, 124 էջ:
  • «Անտիպ երկերի ժողովածու», Երեւան, 2002, 520 էջ:
  • «Հայրենի հրաւէր» (բանաստեղծութիւններ), Երեւան, 2003, 108 էջ:
  • «Ընտրանի», Երեւան, 2003, 112 էջ:
  • «Ստեղծագործութիւնների ժողովածու», Երեւան, 2012, 152 էջ:
  • «Սուրբ Մեսրոպ պոեմ եւ այլ բանաստեղծութիւններ», Երեւան, 2012, 80 էջ:

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ատոմ Եարճանեան (Սիամանթօ), Գրական ասուլիսներ, գիրք 6, ԿՊ, 1913։
  • Թամրազեան Հ., Սիամանթօ, Ե․, 1964։
  • Ռշտունի, Սիամանթօ, 1970։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 144:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]