Սեւայտուց

Սեւայտուցը (melanoma) մորթի վատորակ քաղցկեղի տեսակ է։Բժշկական գրականութեան մէջ անգլերէնով կը կոչուի malignant melanoma, այսինքն՝ վատորակ սեւայտուց: Անիկա կը յառաջանայ մելանին (melanin) արտադրող բջիջներէն, որոնք թխաբջիջ (melanocyte) կը կոչուին: Մելանինը մորթի գունաւորում յառաջացնող նիւթն է: Սեւայտուցը թխաբջիջներու քաղցկեղն է: Թխաբջիջները կը գտնուին առաւելաբար մորթին մէջ եւ հազուադէպօրէն՝ աչքին մէջ, ուղեղա-ողնածուծային համակարգին մէջ եւ լորձնաթաղանթով (mucous membrane) ծածկուած օրկաններու մէջ, օրինակ՝ բերան, աղիքներ, սեռային արտաքին օրկաններ: Հետեւաբար, սեւայտուցը ընդհանրապէս կը զարգանայ մորթին վրայ եւ շատ քիչ պարագաներու՝ բերանին, աղիքներուն, սրբանին (anus) եւ նախաղիին (rectum) մէջ, աչքի ակնազօդին (conjunctiva) եւ սեռային արտաքին օրկաններուն վրայ:

Սեւայտուցը կը պատահի մորթի մակերեսի որեւէ բաժինին վրայ ՝ առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան: Անիկա աւելի շատ կը պատահի կիներուն, քան՝ տղամարդոց: Անիկա մորթի վատագոյն եւ մահացու քաղցկեղն է:

Սեւայտուցը առաւել հաւանականութիւն ունի յայտնուելու այն անհատներուն մօտ, որոնք հետեւեալ տուեալները ունին.

  • Ունեցած են երկար ժամանակ արեւու ճառագայթներու ենթակայութիւն, առանց արեւապաշտպանիչներու (sunscreen) գործածութեան.
  • Մելանին արտադրող բջիջներով հարուստ ընդոծին (congenital) բիծերու գոյութիւն, ինչպէս՝ խալ (nevus) եւ պիսակ (mole).
  • Սեւայտուցի գոյութիւն ընտանիքին մէջ.

Սեւայտուցի ձեւերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեւայտուցը կը յայտնուի երեք ձեւերով՝

  1. Մակերեսային տարածուող սեւայտուց, որ կը կազմէ բոլոր սեւայտուցներուն 70 տոկոսը եւ կը պատահի 30-50 տարեկաններուն: Անիկա կը թափանցէ մորթին բոլոր շերտերը:
  2. Հանգուցաւոր (nodular) սեւայտուց, որ կը կազմէ բոլոր սեւայտուցներուն 20 տոկոսը: Անիկա կը յայտնուի անօթային (vascular) կամ բշտիկաւոր տեսքով եւ մորթի թուխ-սեւ կամ մոխիրի գունաւորումով:
  3. Վատորակ ոսպաբիծ (lentigo maligna), որ կը կազմէ բոլոր սեւայտուցներուն 15 տոկոսը: Անիկա առաւելաբար տարեցներու դէմքին վրայ կը պատահի: Վէրքը յատկանշական է անկանոն շրջագիծով եւ մորթի թուխութեամբ, թուխ գունաւորումով (tanning):

Սեւայտուցներուն 50 տոկոսը կը զարգանայ պիսակներու եւ խալերու մէջ, իսկ մնացեալը՝ ուղղակի թխաբջիջներու գերգործունէութեամբ:

Պիսակ եւ խալ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պիսակն ու խալը մորթի մակերեսային ընդոծին գունաւորումներ են, որոնք կը յայտնուին իբրեւ գունաւոր կարմիր կամ սեւ փշտիկներ, ինչպէս նաեւ՝ մորթի տափակ եւ գերգունաւորուած տարածութիւններ: Խալը եւ պիսակը մորթի գունաւոր բջիջներու խմբաւորումներ են, որոնք կը տեսնուին մորթին վրայ զանազան գունաւորումներով՝ մորթի թուխ գոյնով, վարդագոյն, բաց մանիշակագոյն եւ սրճագոյն: Անոնք կ՛ըլլան մորթին հետ համահաւասար կամ մորթի մակերեսէն բարձր եւ յաճախ ծածկուած մազով: Անոնք կը պատահին մարմինի մակերեսի զանազան բաժիններուն վրայ, առանց որեւէ ախտանշանի, սակայն կը յառաջացնեն գեղագիտական հարցեր:

Այս լաւորակ ուռերը հազուադէպօրէն կրնան փոխուիլ վատորակ ուռի՝ սեւայտուցի, երբ անոնք ցուցաբերեն հետեւեալ ախտաբանական նոր յատկութիւնները՝ ընդհանուր տեսքի անակնկալ փոփոխութիւն, ձեւի եւ կազմուածքի փոփոխութիւն, մակերեսի փոփոխութիւն, շրջագիծի-եզրի անկանոնութիւն, գոյնի փոփոխութիւն, բորբոքումի նշան եւ ցաւ, քերուըտուք, խոց (ulcer), արիւնահոսում եւ չափի ծաւալում՝ մանաւանդ երբ տրամագիծը 1 սմ.ի հասնի: Այս նոր յատկութիւններու յայտնութեան հիմնական ախտապատճառը արեւու ճառագայթներուն ենթակայ ըլլալն է:

Սեւայտուցը սկզբնաւորութեան կը յայտնուի իբրեւ գոց կարմիր կամ սրճագոյն, մակերեսային կամ խորունկ մորթային պզտիկ ուռ մը: Կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ անիկա շուտով կը ծաւալի եւ կ՛ունենայ գոյնի, չափի եւ ձեւի փոփոխութիւն եւ կը տարածուի մորթի ներքին խաւերէն ներս եւ մորթէն շատ անդին: Սեւայտուցը կը տարածուի արեան եւ աւշային (lymphatic) անօթներու ճամբով: Անիկա շուտով կը տարածուի երբ խորունկ է եւ յառաջացած:

Սեւայտուցի ախտաճանաչումը կը կատարուի ուռէն պզտիկ կտոր մը վերցնելով՝ կենսահերձումով (biopsy) եւ ախտաբանական (pathologic) քննութեամբ:

Սեւայտուցի դարմանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեւայտուցի դարմանումը կը կարօտի վիրահատումի: Վիրաբուժը սեւայտուցի վիրահատումը կը կատարէ ապահով սահմաններով, այսինքն՝ սեւայտուցին հետ միատեղ կը հատէ անոր շուրջը գտնուող առողջ մորթի որոշ մէկ մասը: Տարածուած սեւայտուցը կը դարմանուի վիրահատումով, մօտակայ աւշագեղձերու (lymph nodes) հատումով եւ քիմիադարմանումով (chemotherapy), որ երկարատեւ եւ յոգնեցուցիչ դարմանամիջոց մըն է:

Սակայն, ներկայիս բժիշկ Արի Մկրտիչեան, Մոնթրէալէն, գտած է քիմիադարմանումի նոր միջոցառում մը, որ շատ աւելի արդիւնաւէտ է եւ կը կատարուի շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին: «Այս դարմանամիջոցը կը կիրարկուի յառաջացած եւ կրկնուող սեւայտուցէ տառապող անհատներու վրայ: Անիկա մասնաւորապէս ներկայիս կը կիրարկուի մարմինի ծայրամասի անդամներուն վրայ եղած այտուցներու պարագային: Այս միջոցառումը կը կոչուի՝ կղզիացած-մեկուսացուած անդամի վրայ ներարկում (Isolated limb infusion- ILI) եւ կ՛իրականանայ հետեւեալ ձեւով. սեւայտուցէ վարակուած ծայրամասի անդամի արեան հոսքը կը կասեցուի առաձգական սեղմիչ երիզով մը (tourniquet) եւ յատուկ մուծակ մը՝ բարակ խողովակ մը (catheter) կը ներմուծուի մորթին տակը: Այս մուծակին միջոցաւ որոշ քանակութեամբ եւ ուժգնօրէն հակաայտուցային դեղը կը սրսկուի սեւայտուցի վայրը մօտաւորապէս 30 վայրկեան: Արեան հոսքը կը կասեցուի որպէսզի հակաայտուցային դեղը չշրջագայի մարմինին մէջ եւ կեդրոնանայ միայն սրսկումին վայրը: Այս միջոցառումը կը կատարուի ընդհանուր զգայազրկումով եւ կը տեւէ մօտաւորապէս 60 վայրկեան», կը յայտնէ բժիշկ Մկրտիչեան:

Սրունքի եւ ոտքի յառաջացած ու խորունկ սեւայտուցի պարագային, երբեմն վիրաբուժը պարտադրաբար անդամահատում կը կատարէ:

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2015, էջ 35-40։