Ս. Թադէոս Առաքեալ

Ս. Թադէոս Առաքեալ:
եբր.՝ ג'ודאס טדיאו
Tateyos Arakial
Ծնած է 10
Ծննդավայր Բանիաս, Հյուսիսային մարզ, Իսրայէլ
Պարսկական կայսրութիւն
Մահացած է 62
Մահուան վայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Ազգութիւն հրեայ
Կրօնք Քրիստոնեայ:
Մասնագիտութիւն ագարակապան, միսիոնարուհի
Վարած պաշտօններ Քրիստոսի տասներկու առաքեալները

Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը քարոզող առաջին առաքեալները եղան Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողիմէոս:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ս. Թադէոս Առաքեալ քրիստոսի աշակերտներէն մէկն էր։ Քրիստոնէութիւնը քարոզելու համար գնաց ասորիներու Եդեսիա քաղաքը: Ասորիներու Աբգար թագաւորը հիւանդ էր։ Ան Յիսուսին լուր ղրկած էր, որ գայ եւ զինք բժշկէ, սակայն Յիսուս զբաղած ըլլալով խոստացած էր, որ իր աշակերտներէն մէկը կ'ուղարկէ իր մօտ:

Թադէոս Առաքեալին Եդեսիա մուտքով Յիսուսի խօսքը կը կատարուէր: Թադէոս թագաւորին արքունիք մտնելով Յիսուսին կեանքը, գործերն ու պատուիրանները կը քարոզէ: Աբգար թագաւոր անոր խօսքերէն ազդուելով կը հաւատայ Յիսուսին եւ հրաշքով կը փրկուի իր հիւանդութենէն: Ս. Թադէոս քրիստոնէութիւնը քարոզեց նաեւ ժողովուրդին, որմէ ազդուելով բազմաթիւ մարդիկ եւ իշխաններ հաւատացին Յիսուսին եւ մկրտուեցան: Թադէոս Առաքեալ հաւատացեալներուն համար եկեղեցիներ կառուցեց:

Ս. Թադէոս Առաքեալ Եդեսիայէն անցաւ Հայաստան, ուր կռապաշտութիւնը համատարած էր։ Թադէոս Առաքեալ զանազան քաղաքներ շրջեցաւ եւ քրիստոնէութիւնը քարոզելով, հաւատացեալները մկրտեց Յիսուսի անունով: Թադէոս Առաքեալ համարձակութիւնը ունեցաւ արքունիք մտնելու եւ հոն քրիստոնէութիւնը քարոզելու: Այդ ժամանակ հայոց թագաւորը Սանատրուկն էր, որ քրիստոնէութիւնը հալածող նշանաւոր անձնաւորութիւն մըն էր։ Պալատի նորադարձ քրիստոնեաներուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Սանատրուկի աղջիկը՝ Սանդուխտ կոյս:

Սանատրուկ, երբ լսեց թէ պալատականներէն շատերը քրիստոնեայ դարձած են, զայրացաւ եւ անմիջապէս սպաննել տուաւ զանոնք, իսկ Սանդուխտ կոյսը բանտարկել տուաւ:

Թադէոս Առաքեալ, որ հրաշքով ազատած էր, բանտ գնաց եւ գաջալերեց Սանդուխտը իր հաւատքին մէջ անդրդրուելի մնալուն համար: Թագաւորը ի զուր փորձեց համոզել Սանդուխտը, որ հրաժարի իր նոր հաւատքէն եւ վերադառնայ կռապաշտութեան: Սանդուխտ հաստատ մնաց իր հաւատքին մէջ։ Այն ատեն Սանատրուկ սպաննել տուաւ թէ՛ Սանդուխտ կոյսը եւ թէ՛ Թադէոս Առաքեալը, 66 թուին:

Թադէոս Առաքեալի գերեզմանը կը գտնուի Արտազ գաւառին մէջ, ուր կառուցուած է Թադէոս վանքը:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Աշակերտին Դասացուցակը, 1700 Ամեակ, Տպագրութիւն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան Տպարան: