Պէզճեան Մայր Վարժարան

Պէզճեան մայր վարժարան, մինչեւ 1830 թուականը՝ Գում գափուի մայր վարժարան, միջնակարգ (երկրորդական) դպրոց, հիմնած է Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի պատրիարքը 1715 թուականին՝ Կ. Պոլսոյ Սկիւտար թաղամասին մէջ։ Մինչեւ 1741 թուականը կոչուած է Ընծայարան։ Նպատակն էր պատրաստել եկեղեցւոյ սպասաւորներ, ուսուցիչներ։ Ունեցած է բարձրագոյնի ծրագիր, կրօնին ու հայագիտական առարկաներուն զուգընթաց դասաւանդուած են «Յոթ ազատ արուեստներ»,յունարէն, լատիներէն։ Վարժարանին մէջ թարգմանուած է գիտական, փիլիսոփայական, աստուածաբանական գրականութիւն։ Աստուածաբանական առարկաներէն բացի, աշակերտները սոուած են հայոց լեզու, հայ ժողովուրդի պատմութիւն, բանահիւսութիւն, ճարտասանութիւն, օտար լեզուներ, բնական գիտութիւններ։ Կ՝ուսանէին Հայաստանի տարբեր վայրերէն։ Շրջանաւարտներէն շատերը դարձած են կրօնական ու հասարակական նշանաւոր գործիչներ (Յակոբ Բ. Նալեան պատրիարք, Սահակ Ահագին Կեգեցի՝ ոչ պաշտօնական Ամենայն հայոց կաթողիկոսը 1756-1759 թուականներուն, Սամուէլ Երզնկացի եւ ուրիշներ): 1741 թուականին Յակոբ Բ. Նալեան պատրիարքը դպրոցը փոխադրած է Գումգափու՝ պատրիարքարանին կից եւ վերանուանած Մայր դպրատուն։ Հրաւիրուած են նոր դասատուներ, լրացուած ու հաստատուած է վարժարանի կանոնադրութիւնը (արգելուած են ֆիզիքական պատիժները, սահմանուած աշակերտներու եւ ուսուցիչներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները): Վարժարանի գրադարանը հարստացուած է հին ձեռագրերով ու մասնագիտական գրականութեամբ։ 1790 թուականին Միրիճանեան ամիրան Մայր դպրատանը հիմնադրած է տպարան։ 1826 թուականի հրդեհի հետեւանքով այրած են պատրիարքարանը, եկեղեցին ու Մայր դպրատունը։ Շէնքերը վերակառուցելու արտոնութիւստացած են Պէզճեան Յարութիւն ամիրան։ 1830 թուականին, շինարարութիւն աւարտելէ ետք, վարժարանը վերանուանուած է Պէզճեան մայր վարժարան։ Վերջինս պահպանած եւ շարունակած է Գումգափուի մայր վարժարանի աւանդոյթները։ Ունեցած է 3 բաժին՝ աղքատ երեխաներու դպրատուն, դպրութեան վարժոց, երաժշտանոց։ Վարժարանին կից բացուած է նաեւ ընծաեարան՝ հոգեւորականներ պատրաստելու համար։ Վարժարանը մեծ դեր կատարած է տարբեր մասնագիտութիւններու գծով ուսուցչական կադրեր պատրաստելու գործին մէջ։ Առանձնահատուկ ուշադրութիւն դարձուած է հայ եւ եւրոպական ձայնագրութեան ուսուցմանը։ 1840 թուականին վարժարանին կից բացուած է Լուսաւորչական աղջկաց դպրոցը։ 1846 թուականին ստեղծուած է Ընթերցասիրաց ընկերութիւնը՝ կազմուած Պէզճեան մայր վարժարանի շրջանաւարտներէն։ Վարժարանի ուսուցիչների (Հ. Ոսկան, Մ. Աղաթոն, Կ. Ութուճեան եւ ուրիշներ) ջանքերով ստեղծուած է մատենադարան (շուրջ 1000 ձեռագիր ու մատեան): 1858-1859 թուականի տարեշրջանին վարժարանը ունեցած է 264 աշակերտ, 20-րդ դարու սկզբը դարձած է երկսեռ։ Ներկայիս (2003) կը գործէ միջնակարգ դպրոցի ծրագրով, կը դասաւանդուին հայոց լեզու եւ կրօն, մնացած բոլոր առարկաներու ուսուցումը թրքերէն է։ Տարբեր ժամանակներուն վարժարանին մէջ դասաւանդած են Ղ. Աբրահամեանը, Գասպար դպիրը, Հ. Թոդեանը, Մ. Չերազը, Հ. Հինդլեանը եւ ուրիշներ։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։