Պարսելոնայի Համալսարան

41°23′12″N 2°09′50″E / 41.3867°N 2.1639°E / 41.3867; 2.1639

Պարսելոնայի Համալսարան
Կաղապար:Պատկերի ֆորմատավորում2
Տեսակ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն
Կարգախօս «Ազատութիւնը ամէն ինչ լոյսով կը լուացուի»
Հիմնադրուած է 1450
Տիպ հասարակական
Ռեկտոր Ժոան Էլիաս
Ուսանողներ 63,617
Անդամակցութիւն Կոիմբրայի խումբ?, Catalan Association of Public Universities?[1], Եւրոպայի համալսարաններու միութիւն[2], Հետազօտական ​​համալսարաններու եւրոպական միաւորում, Conference of Rectors of Spanish Universities?[3], Xarxa Vives d'Universitats?, Spanish Association of University Presses?[4], Ֆրանքոֆոնի համալսարանական գործակալութիւն[5] եւ Կոալիցիա հանուն հետազոտությունների գնահատման առաջխաղացման?[6]
Երկիր Կաղապար:Դրօշաւորում/Սպանիա
Տեղագրութիւն Պարսելոնա, Քաթալոնիա
Կայք ub.edu
University of Barcelona Վիքիպահեստում

Պարսելոնայի համալսարան (քաթ.՝ Universitat de Barcelona), բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն Սպանիոյ Քաթալոնիա երկրամասի Պարսելոնա քաղաքին մէջ[7]։ Աւելի քան 63 հազար ուսանող ունեցող այս բուհը ըստ միջազգային հետազօտութիւններու՝ կը համարուի աշխարհի 156-րդ ամենավարկանշային համալսարանը՝ ըստ կրթական համակարգի որակական ցուցանիշներու[8]։ Այս ցուցանիշով Պարսելոնայի համալսարանը կը համարուի նաեւ Սպանիոյ լաւագոյն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնը[9]։

Պարսելոնայի համալսարանը հիմնադրուած է 1450-ին եւ կը համարուն Սպանիոյ հնագոյն ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը։ Կարգախօսն է՝ «Ազատութիւնը ամէն ինչ լոյսով կը լուացու»։

Ընդհանուր ակնարկ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսելոնայի համալսարանը Սպանիոյ համալսարանական հետազօտութիւններու հիմնական կեդրոնն է, որ կը համապատասխանէ բոլոր եւրոպական չափանիշներուն՝ թէ՛ գիտահետազօտական ծրագրերու քանակով եւ թէ՛ անոնց ձեռքբերումներու գերազանցութեամբ։ Ըստ 2011-ի հաշուէտուութեան՝ Պարսելոնայի համալսարանը Սպանիոյ առաջատար բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնն է, որ 2006-2010-ներուն հրապարակած է ընդհանուր հաշուով 15 290 թերթ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ մասնագիտական հրատարակչութիւններ։ Պարսելոնայի համալսարանին մէջ կ՛աշխատին 5000 լրացուցիչ հետազօտողներ, տեխնիկներ եւ հետազօտական ​​օգնականներ, որոնք տեղաբաշխուած են համալսարանի 243 հետազօտական ​​խումբերուն մէջ։ Վերջիններուս գործունէութիւնը կ՛աջակցի Քաթալոնիայի կառավարութիւնը:

Պարսելոնայի համալսարանը 2010-ին արժանացած է շուրջ 175 ազգային եւ 17 եւրոպական դրամաշնորհներու եւ մասնակցութիւն ունեցել շուրջ 500 հետազօտական նախագիծերու։ Միայն առեւտուրի ոլորտի հետազօտութիւններու համար ծախսուած է շուրջ 70 միլիոն եւրօ։ Այդ խումբերու գործունէութիւնը կը վերահսկուի Պարսելոնայի համալսարանի հետազօտական կեդրոններու եւ ուսումնարաններու կողմէ, որոնք կը համագործակցին Սպանիոյ եւ արտասահմանի միւս առաջատար հաստատութիւններուն հետ։

Պարսելոնայի համալսարանը ունի երեք խոշոր հետազօտական հիմնադրամներ՝ Պարսելոնայի գիտական պարկի հիմնադրամը, որ իր մէջ կը ներառէ նաեւ կենսաբժշկական հետազօտութիւններու ուսումնարանը, պիոմեթիկ հետազօտութիւններու ուսումնարանըեւ պիպերթիկ հետազօտութիւններու կեդրոնը։

Պարսելոնայի համալսարանը կ՛անդամակցի Քոյիմպրեան խումբին[10], Եւրոպական համալսարաններու ընկերակցութեան, Միջերկրածովեան համալսարաններու միութեան, միջազգային համալսարանական հետազօտութիւններու ցանցին եւ Վիւէս ցանցին։ Հիմնադրուած ըլլալով 3 Նոյեմբեր 1450-ին՝ ԲՀ-ը կը համարուի հինգերորդ հնագոյն համալսարանը Սպանիոյ մէջ եւ հնագոյններէն մէկը աշխարհի մէջ։

Կառուցուածք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պարսելոնայի համալսարանը կազմուած է 18 ճիւղերէ եւ երկու առանձին համալսարանական դպրոցներէ։ Ստորեւ ներկայացուած է ցանկը․

  • Ճիւղեր
   * Կենսաբանութեան ճիւղ
   * Քիմիայի ճիւղ
   * Երկրագիտութեան ճիւղ
   * Տնտեսագիտութեան ճիւղ
   * Կրթութեան կազմակերպման ճիւղ
   * Գեղարուեստի ճիւղ
   * Աշխարհագրութեան եւ պատմութեան ճիւղ
   * Իրաւագիտութեան ճիւղ
   * Համակարգչային գիտութիւններու եւ ծրագրաւորման ճիւղ
   * Մաթեմատիկայի ճիւղ
   * Բժշկագիտութեան ճիւղ
   * Դեղագործութեան եւ սնունդի անվտանգութեան ճիւղ
   * Բանասիրութեան ճիւղ
   * Փիլիսոփայութեան ճիւղ
   * Ֆիզիքայի ճիւղ
   * Հոգեբանութեան ճիւղ
  • Համալսարանական դպրոցներ
   * Կրթական գիտութիւններու դպրոց
   * Դոկտորական դպրոց

Գրադարան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համալսարանի գրադարանային հաւաքածոն կը կազմէ շուրջ 2,000,000 գիրք[11]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]