Չարլզ Էլաչի

Չարլզ Էլաչի
Ծնած է 18 Ապրիլ 1947(1947-04-18)[1] (76 տարեկան)
Ծննդավայր Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Քալիֆորնիա Համալսարան (Լոս Անճելըս)
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարան
Հարավային Կալիֆոռնիայի համալսարանի Մարշալ բիզնեսի դպրոց?
Քալիֆորնիոյ Արհեստագիտութեան Հիմնարկ
Գրենոբլ 1 համալսարան?
Grenoble Institute of Technology?
Մասնագիտութիւն ճարտարագէտ, աստղագէտ
Աշխատավայր Քալիֆորնիոյ Արհեստագիտութեան Հիմնարկ
Անդամութիւն Ելեկտրական ճարտարագէտներու Կաճառ եւ Ճարտարագիտական ազգային կաճառ

Չարլզ Էլաչի, (18 Ապրիլ 1947(1947-04-18)[1], Լիբանան[2]: Ան կազմակերպիչն է Ռեաքտիւ Շարժման Տարալուծարանին, Փասըտինա Քալիֆորնիայի մէջ։ Ան այս դիրքը գրաւած է Մայիս 1, 2001 թուականէն սկսեալ: Ան նաեւ փոխ նախարարն է Քալիֆորնիայի Արուեստագիտութեան Կազմակերպութեան[3], ուր ան ունի ելեկտրականութեան, ճարտարագիտութեան եւ մոլորակային գիտութեան ուսուցչապետութիւն:

Կեանքը եւ ուսումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ան իր նախնական ուսումը կը ստանայ, Լիբանան, Ժունիէ 1958-էն 1962 եւ ետքը կ'անցնի Զահլէ ու դպրոցը կ'աւարտէ 1964 թուականին:

Իր համալսարանական ուսումին համար, ան կ'անցնի Ֆրանսա եւ կը ստանայ բնագիտութեան վկայականը (1968) եւ իր առաջին բարձրագոյն վկայականը (1968) ճարտարագիտութեան մէջ։ 1969 թուականին կ'ունենայ իր երկրորդ բարձրագոյն վկայականը ելեկտրականութեան գիտութեան մէջ, իսկ 1971 թուականին վարդապետութեան տիտղոսը նոյն մարզին մէջ։ Այս բոլորէն անկախ, ան նաեւ ունի երկրաբանութեան բարձրագոյն վկայականը Քալիֆորնիայի համալսարանէն:

Էլաչի շահած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ պարգեւներ, օրինակ ՆԱՍԱյէն եւ տարբեր համալսարաններէ իր մասնագիտութեան եւ կարեւոր ներդրումներուն համար:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 SNAC — 2010.
  2. Cedars Network US Directory: Dr. Charles Elachi, Director of JPL.) Cedars Network. Retrieved on 2008-02-20.
  3. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-11-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-09