Որսորդութիւն

Որսորդութիւն, վայրի կենդանիներու ու թռչուններու որս, որ մարդու տնտեսական գործունէութեան հնագոյն ձեւերէն է։ Սկզբնական շրջանին որսորդութիւնը (նաեւ որսացուած կենդանիին օգտագործումը) կրած է հաւաքական բնոյթ եւ սովորաբար զուգակցուած է հաւաքչութեան, ձկնորսութեան, աւելի ուշ՝ երկրագործութեան ու անասնապահութեան հետ։

Ձկնորսութեան ժամանակ

Որսորդական զէնքեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որսորդութեան հնագոյն զէնքեր ծառայած են քարը, քարէ, փայտէ եւ ոսկորէ պատրաստուած կացինը, տէգը, նիզակը, պարսատիկը, ցանցը, թակարդը, իսկ մետաղամշակութենէն ետք՝ մետաղէ սուրը, թուրը, դաշոյնը, կացինը եւ այլն։

Որսորդութեան զարգացման համար կարեւոր եղած է նետ ու աղեղի գիւտը։ Մինչեւ հրազէնի գիւտը (12-րդ դար) նետ-աղեղը եղած է որսորդութեան հիմնական զէնքը։ Նոր քարէ դարաշրջանէն սկսեալ որսորդութեան համար օգտագործած են շուներ, յետագային՝ նաեւ ձիեր, որսկան թռչուններ, խայծեր եւ այլն։

Որսորդական հին զենքերէն

Որսը հին ժամանակներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի մէջ որսորդութեան լայն տարածման մասին կը վկայեն նեոլիթի եւ պրոնզի դարաշրջաններու ժայռապատկերները, Ն.Ք. 11-1 հազարամեակներու առարկաներն ու որմնանկարները, որոնցմով պատկերուած են որսի տեսարաններ։

Հայ ժողովուրդի նահապետ Հայկը հնագոյն աւանդազրոյցներուն մէջ կը ներկայացուի որպէս քաջ որսորդ։

Աւատատիրական դարաշրջանին զինուորական դասի եւ ազնուականութեան համար որսախաղերը, զուարճանքէն ու հրապուրանքէն բացի, եղած են նաեւ ռազմական դաստիարակութեան իւրայատուկ միջոց։

Հին Հայաստանի մէջ բնական որսատեղերէն զատ (Շահապիվան, Մասիացոտն, Կոգովիտ եւ այլն), ստեղծուած են արքունի եւ իշխանական որսատեղեր (Ծննդոց անտառ, Խոսրովակերտ եւ այլն)։

Հայաստանի մէջ կենդանիներու որսը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ օգտագործուող որսորդական գործիքներու՝ որսի տեսակները կը տարբերին հրացանով, որոգայթներով, որսկան կենդանիներով (շուն, թռչուն, ձի) որսորդութեան տեսակներու, իսկ ըստ նպատակի՝ արդիւնագործութեան, սիրող, մարզական ու գիտական որսորդութեան տեսակներու։

Որսորդութեան զարգացման կը նպաստեն որսորդական տնտեսութիւնները, որոնք Հայաստանի մէջ կազմակերպուած են Եղեգնաձորի, Կապանի, Ապարանի մէջ։ Հայաստանի մէջ ամէնուր հանդիպող որսարդիւնագործութեան կենդանիներ են.

  • կաթնասուններէն՝ գայլը, աղուէսը, քարակզաքիսը, ջրային առնէտը,
  • թռչուններէն՝ կռնչան բադը, սուլող ու կչկչան մրտիմները, կարմրագլուխ ու փուփուլաւոր սուզաբադերը, լորը, կտցարը, թխակապոյտ աղաւնին,
  • երկկենցաղներէն՝ լճագորտը, փոքրասիական գորտը,
  • ձուկերէն՝ լոքոն, կարմրախայտը։

Հայաստանի մէջ թոյլատրուած որսի կենդանատեսակներէն են եւրոպական այծեամը, վայրի խոզը, լուսանը, գորշուկը, շնագայլը, նապաստակը, կաքաւը, լորը, փասիանը եւ այլն։ Հայաստանի մէջ որսորդները միաւորուած են «Որսորդներու եւ ձկնորսներու միութիւն», «Որսորդ» ՍՊԸ եւ «Հայկական զինուորական որսորդական ընկերութիւն» կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնց գործունէութիւնը կը վերահսկէ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։