Շիրվանզադէ

Շիրվանզադէ
Ծննդեան անուն հայ.՝ Ալեքսանդր Մինասի Մովսիսյան
Ծնած է 18 Ապրիլ 1858(1858-04-18)
Ծննդավայր Շամախի Քաղաք, Շամախիի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 7 Օգոստոս 1935(1935-08-07) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Քիսլովոտսք, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Երկեր/Գլխաւոր գործ Քաոս?, Արտիստը? եւ Պատուի համար
Տեսակ վիպակ, պատմուածք եւ վէպ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թատերագիր, հեղինակ, արձակագիր, լրագրող

Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան) (18 Ապրիլ 1858, Շամախ – 7 Օգոստոս 1935), հայ թատերագիր։

Ծնած է Շամախի, Պաքուի մօտակայքը։ Ունեցած է դժուար պատանեկութիւն մը, ցնցուած՝ յատկապէս, ծննդավայր քաղաքը քանդող երկրաշարժներէն եւ հօրը սնանկութենէն։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական դպրատունէ մը ետք ռուսական վարժարան կը յաճախէ: Պատանի՝ կը լքէ ուսումը, կ'երթայ Պաքու՝ ազգականներու մօտ ու կը դառնայ պաշտօնեայ, միաժամանակ ընթերցումներով կը ջանայ ինքնազարգացում ձեռք բերել։ Շուտով մամուլի մէջ կը սկսին երեւիլ իր առաջին թղթակցութիւններն ու պատմուածքները։ 1883-ին Շիրվանզադէ կը հրաժարի պաշտօնեայի կեանքէն ու կը փոխադրուի Թիֆլիս՝ զբաղելու համար առաւելաբար գրականութեամբ։ Կը ծանօթանայ Րաֆֆիի եւ այլ երէց գրագէտներու։ Հոն կը մնայ աւելի քան քսան տարի, կը գրէ իր գլխաւոր վէպերը, նաեւ բազմաթիւ պատմուածքներ, իբր գլխաւոր նիւթ ունենալով քաղաքաբնակ (առաւելաբար՝ քաղքենի խաւի) հայութիւնը եւ զայն շրջապատող ուրիշ ազգի տիպարներ, նկարագիրներ ու կենցաղ։

1898-ին՝ իբր յեղափոխական, ցարական ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալուած՝ տարի մը կ'աքսորուի Օտեսա՝ Սեւ Ծովու վրայ, ապա կը դառնայ Կովկաս։

1905-ին կ'անցնի Փարիզ, ուր հնգամեակ մը կը հետեւի Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն։

1911-ին, արեւելահայ եւ արեւմտահայ շրջաններուն մէջ կը նշուի Շիրվանզադէի գրական գործունէութեան 30-ամեակը, իբր արտայայտութիւն իր վայելած համահայկական ճանաչման։ Նոյն տարին, ան կը վերադառնայ Կովկաս (նախ՝ Թիֆլիս, ապա 1917-էն 1919՝ Երեւան

Տասնամեայ գործունէութեան ընթացքին, Շիրվանզադէ յատկապէս կը գրէ եւ կը բեմադրէ իր գլխաւոր թատերգութիւնները։

Քանի մը տարի կրկին արտասահման (Եւրոպա ու Ամերիկա) ապրելէ ետք, Շիրվանզադէ 1926-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Հայաստան, ուր խորհրդային վարչակարգը՝ իր կարգին, անոր կը շնորհէ անհրաժեշտ ճանաչումը։ 1930-ին, յոբելեանին առիթով, Երեւանի մէջ կը հրատարակուին իր ամբողջական երկերը։

Գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Պատմուածքներ՝ «Հրդեհ Նաւթագործարանում», «Օրիորդ Լիզա»
  • Վիպակներ, վէպեր՝ «Արտիստը», «Նամուս», «Քաոս»
  • Թատերգութիւններ՝ «Պատուի Համար», «Կործանուածը»

Գրականութիւն Շիրվանզադէի ու անոր ստեղծագործութեան մասին[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Սարգիս Մելիքսեթեան, Մտերմական Շիրվանզադէն, Երեւան, Հայպետհրատ, 1964։
  • Գուրգէն Վանանդեցի, Շիրվանզադէի ստեղծագործութեան հիմնական գիծերը, Երեւան, Պետհրատ, 1930։
  • Յարութիւն Սուրխաթեան, Շիրվանզադէի 50-ամեայ գրական գործունէութեան յոբելեանը, 1880-1930, Պաքու, 1930, 42 էջ։
  • Արսէն Տէրտէրեան, Շիրվանզադէ, Հայ ընտանիքի ինտելեգենտի վիպասանը (երեսնամեայ գրական գործունէութեան առթիւ), Թիֆլիս, տպարան «Կուլտուրա», 1911, 198 էջ (հրատարակութիւն «Գեղարուեստ» հանդէսի)։
  • Արսէն Տէրտէրեան, Շիրվանզադէի գրական տիպերի հանրագիտարանը, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1959, 427 էջ։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 102:

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]