Շահան Ռ. Պէրպէրեան

Շահան Ռ. Պէրպէրեան
Ծնած է Օգոստոս 1891[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 9 Հոկտեմբեր 1956(1956-10-09)[2] (65 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3]
Ուսումնավայր Փարիզի Համալսարան
Մասնագիտութիւն երգահան, փիլիսոփայ, հոգեբան
Ծնողներ հայր՝ Ռեթէոս Պէրպէրեան
Երեխաներ Արտաւազդ Պէրպէրեան

Շահան Պէրպէրեան (Օգոստոս 1891[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 9 Հոկտեմբեր 1956(1956-10-09)[2], Փարիզի 14-րդ շրջան, Փարիզ), հայ փիլիսոփայ, երաժիշտ, մանկավարժ, հոգեբան, գեղագէտ եւ գրող։ Նկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանի հայրը։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէրպէրեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ։ 1894-1896-ին, իր ծնողներուն՝ Ռեթէոսի եւ Զարուհիի, եւ մեծ եղբօր՝ Օննիկի հետ, ապրած է Ժընեւ, Զուիցերիա, ազատելու համար Սուլթան Ապտուլ Համիտի դաժանութիւններէ,

Վերադառնալով Կոստանդնուպոլիս, ընդունուած է Պէրպէրեան դպրոց, որ հիմնած էր Գատըգէոյի մէջ[4]: Այդ ժամանակ սկսած է ջութակի անձնական դասեր առնել, բայց շուտով փոխած է միտքը, ձեռնարկելով դաշնամուր նուագելու, ուր նոյնպէս չէ յաջողած։

1906-ին Պէրպէրեան աւարտած է դպրոցը, եւ 15 տարեկանէն սկսեալ աւանդած է գրականութիւն եւ գիտութիւն։ 1908-ին անցած է Փարիզ եւ յաճախած է Սորպոն եւ Քոլեճ Տո Ֆրանս, ուսանելով փիլիսոփայութիւն եւ հոգեբանութիւն Հենրի Պերկսոնի եւ Ճորճ Թումասի հետ, ապա ընկերաբանութիւն՝ Էմիլ Տուրքhայմի հետ։ Նոյն ժամանակ[5], Պէրպէրեան պահած է իր սէրը երաժշտութեան հանդէպ, յաճախելով համերգներու եւ երաժշտութեան դասեր տալով։

1911 թուականին, Պէրպէրեան պարտաւոր էր վերադառնալ Կոստանդնուպոլիս, ստանձնելու համար Պէրպէրեան դպրոցի տնօրէնի պաշտօնը եւ չէ կրցած շարունակել մասնագիտութիւնը։ Խորացած է հայ մշակութային կեանքին եւ մթնոլորտին մէջ։ Այս ժամանակռ ծանօթացած է Կոմիտասին եւ անոր հետ յաճախակի զրոյցներ ունեցած՝ արուեստի հարցերու շուրջ։

1918-ին Շահան Պէրպէրեան որոշած է տնօրինել Ուսուցիչներու Խնամակալ Յանձնաժողովը եւ մասնակցիլ Կեդրոնական Ուսումնական Խորհուրդին։ Յօդուածներ հրատարակած է թերթերու մէջ։ 1922 թուականին, Գեղամ Գաւաֆեանի, Վահան Թէքէեանի[6], Յակոբ Օշականի[7] եւ Կոստան Զարեանիհետ խմբագրած է «Բարձրավանք» ամսաթերթը, որ նուիրուած էր գրականութեան եւ արուեստի։ ։

1921-ին ամուսնացած է Դելլի Սիրագեանի հետ եւ ունեցած երկու մանչ զաւակ՝ Արտաւազդ (1923-2002) եւ Պարէտ։ Պարէտ մահացած է 20 տարեկանին ինքնաշարժի արկածով, իսկ Արտաւազդ անցած է Փարիզ եւ զբաղած է արուեստով։

Պէրպէրեանի ձեռագիրները կը գտնուին Երուսաղէմի մատենադարանին մէջ։

Մահացած է Փարիզի մէջ, 9 Նոյեմբեր 1956-ին։

Հրատարակուած գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Բարձրացում
  • Փափաք
  • Պոլիս
  • Քու յիշատակդ
  • Իւսկիւտար
  • Կ՚անձրեւէ տղաս
  • Գիշերերգ
  • Աստուածածնին ու խաչին
  • Հրաւէր լուսնի տակ
  • Դուն աղբիւրն ես
  • Գարուն բացուաւ
  • Հօյ Հելինէ
  • Արազին
  • Հովին երգը
  • Զարոյի երգը
  • Կարօտի երգ
  • Ես ունէի
  • Ամպի փէշով
  • Ձմեռն անցաւ
  • Լուսաւորչի կանթեղը
  • Հասուն արտ
  • Գիւղիս ճամբան
  • Գիշերն անուշ է
  • Սէրով, սէրով
  • Ահաւասիկ
  • Թող դէմքդ տժգունի
  • Հսկում
  • Երգ երջանկութեան
  • Անձրեւին հետ
  • Իրիկունն իջաւ
  • Ձեռագիր
  • Վարդանանց քայլերգ
  • Ովսաննա
  • Ալէլուիա
  • Այսօր տօն է
  • Ետեւէս եկուր
  • Մի՛ մերձենար յիս
  • Անառակը
  • Եկուր վիշտ
  • Օրերն անդարձ
  • Իղձ
  • Ջուրին վրայ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 https://archives.paris.fr/arkotheque/visionneuse/visionneuse.php?arko=YTo2OntzOjQ6ImRhdGUiO3M6MTA6IjIwMjMtMTAtMDQiO3M6MTA6InR5cGVfZm9uZHMiO3M6MTE6ImFya29fc2VyaWVsIjtzOjQ6InJlZjEiO2k6NDtzOjQ6InJlZjIiO2k6MjczMDk4O3M6MTY6InZpc2lvbm5ldXNlX2h0bWwiO2I6MTtzOjIxOiJ2aXNpb25uZXVzZV9odG1sX21vZGUiO3M6NDoicHJvZCI7fQ==#uielem_move=52%2C-537&uielem_islocked=1&uielem_zoom=194&uielem_brightness=0&uielem_contrast=0&uielem_isinverted=0&uielem_rotate=F
  2. 2,0 2,1 2,2 Երաժշտություն
  3. Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'huiMaisons-Alfort: 2021. — P. 104. — ISBN 978-2-905686-93-0
  4. Սահակ Վարդապետ Երաժիշտը։ Հասկ, Antilias, 1956, pp 458-9.
  5. Գ. Վ. (Գարեգին Վարդապետ)։ Շահան Պէրպէրեան (1891-1956). Հասկ։ Antelias, 1956, pp 455-8.
  6. Seven Songs from Vahan Tekeyan - Music by Schahan Berberian. New York, St. Vartan Press, 1981. ISBN 0-934728-05-4
  7. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-02-22-ին։ արտագրուած է՝ 2015-08-07 

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Տէր Խաչատուրեան, Ա։ Շահան Ռ. Պէրպէրեան (1891–1956)։ Beirut, 1969