Նորվեկիա

Կաղապար:Աուդիո հոդված

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր

Նորվեկիա (նորվեկերէն՝ Norge (խորհրդարարութիւն) կամ Noreg , պաշտօնական անուանում՝ Նորվեկիայի Թագաւորութիւն (նորվ.՝ Kongeriket Norge), ինքնիշխան եւ միասնական (միութական) միապետութիւն, որ կը գրաւէ Սկանդինավեան թերակղզիի արեւմտեան բաժինը, Յան Մայէն կղզին եւ Շպիցբերգէն կղզիի խումբը (արշիպեղագոս)[1]։ Անդարդիքայի մէջ գտնուող Պետրոս I-ի կղզին եւ ցեղային Բուվէ կղզին կախյալ տարածքներ են, ուստի թագավորության կազմի մեջ չեն մտնում։ Նորվեկիան հավակնում է նաեւ Անտարկտիդայի մաս կազմող Մոդ թագուհու երկրին։ Մինչեւ 1814, Թագաւորութեան կազմի մէջ կը մտնէին Ֆարերեան կղզիները (1035-էն), Գրենլանտիան (1261-էն) եւ Իսլանտիան (1262-էն), իսկ մինչեւ 1468՝ նաեւ Շետլանդեան եւ Օրկնեան կղզիները։

Նորվեկիան ունի 385,252 քմ² տարածք եւ Մայիս 2016-ի տուեալներով՝ 5,550,203 բնակչութիւն[2]։ Ամենաերկարը Շուետիայի հետ սահմանն է՝ 1,619 քմ։ Հիւսիս-արեւելքէն կը սահմանակցի Ֆինլանտային եւ Ռուսաստանին, հարաւէն՝ Սկագերակ նեղուցին եւ Դանիային։ Նորվեկիան երկարաձիգ գետափ ունի Ատլանտեան օվկիանոսով եւ Բարենցի ծովով։

Հարալտ V-ը՝ Կլիւքսպուրկներու գերմանա-դանիական հարստութեան մէջ, Նորվեկիայի ներկայիս միապետն է։ 2013-ին վարչապետ դարձաւ Էռնա Սօլպերկ, որ փոխարինեց Յենս Ստոլտենպերկին։ Սահմանադրական միապետութիւն համարուող Նորվեկիայի մէջ՝ 1814-ի Սահմանադրութեան համաձայն՝ պետական իշխանութիւնը բաժանուած է խորհրդարանի, կառավարութեան եւ Գերագոյն դատարանի միջեւ։ Նորվեկիայի Թագաւորութիւնը ստեղծուած է քանի մը փոքր թագաւորութիւններու միաձուլման պատճառով։ Աանդական ժամանակագրութեան համաձայն՝ Թագաւորութիւնը շարունակաբար գոյութիւն ունի սկսած 872-էն, այսինքն՝ արդէն 1144 տարի։ Այս երկիրը յաջորդաբար ղեկավարուած է աւելի քան 60 թագաւորներու եւ կոմսերու կողմէ։

Նորվեկիայի տարածքը ենթարկուած է թէ՛ վարչական եւ թէ՛ քաղաքական բաժանումի: Այս մէկին համաձայն, վարչական ու քաղաքական բաժանումի միաւորները 2 մակարդակով են՝ կոմսութիւններ (շրջաններ) եւ թաղաբետութիւններ (տեղական ինքնակառավարման մարմիններ)։ Սաամի ժողովուրդը որոշակի ինքնորոշում (self-determination) եւ ազդեցութիւն ունի իր բնակութեան աւանդական տարածքներուն մէջ՝ Սաամի խորհրդարանի եւ Ֆինմարկի համաձայնագիրի միջոցով։ Նորվեկիան սերտ կապեր ունի Եւրամիութեան եւ Միացեալ Նահանգներու հետ։ ՄԱԿ-ի, ՆԱՏՕ-ի, Եւրախորհրդի, Անթարթիքայի պայմանագիրի եւ Հիւսիսային Խորհուրդի հիմնադիր անդամ է, Եւրոպական տնտեսական գօտիի, Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ Շենկենեան գօտիի մաս կը կազմէ։

Երկիրը կը պահպանէ շուկայական տնտեսութեան եւ Սքանտինաւեան բարեկեցութեան ձեւի համադրումը համընդհանուր առողջապահական եւ սոցիալական ապահովութեան համակարգի հետ։ Ունի նաւթի, բնական կազի, հանածոներու, անտառանոյթի, ծովամթերքի եւ քաղցրահամ ջուրի մեծ պաշարներ։ Նաւթի արդիւնահանումը կը կազմէ երկիրի ՀՆԱ-ի մօտ քառորդ մասը[3]։ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս նաւթի եւ բնական կազի ամենամեծ արդիւնահանողն է[4][5]։

Նորվեկիան Համաշխարհային դրամատան եւ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի ցանկին մէջ 4-րդը կը հանդիսանայ՝ որպէս ամենաբարձր եկամուտ ունեցող երկիր[6]։ Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան ՀՆԱ-ի ցանկին մէջ (2015-ի տուեալներ), ուր բացի ինքնիշխան պետութիւններէն, ներառուած են նաեւ որոշ տարածքներ եւ տարածաշրջաններ, Նորվեկիան կը գրաւէ 11-րդ հորիզոնականը[7]։ 2001-2006 թվականներին[8], իսկ ապա՝ 2009-2015-ններուն, Նորվեկիան աշխարհի մէջ մարդկային զարգացման ամենաբարձր գործակիցը ունեցած է[9][10][11][12]։ 7 տարի շարունակ՝ մինչեւ 2015, Legatum բարեկեցութեան ամենաբարձր գործակիցը ունեցած է[13]։ Երկրին մէջ ոկայ նաեւ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան «Աւելի լաւ կեանք» գործակիցի, Համաշխարհային ամբողջականութեան եւ Ժողովրդավարութեան ամենաբարձր գործակիցը[14]։

Ծագում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օտտարի հին անգլերէն յիշատակութիւնը, որ կը թարգմանուի որպէս՝ «Օտտարը իր տիրակալին անուանեց Ælfrede թագաւոր, որ կ՛ապրի բոլոր նորվեկացիներէն դէպի հիւսիս․․․»։

Նորվեկիան ունի երկու պաշտօնական անուանում՝ Noreg նիւնորսկի մէջ (հին նորվեկերէն՝ Noregr) եւ Norge Պոքմալի մէջ (հին նորվեկերէն՝Noregi, Noregr-ի տրական հոլով)։

Նորվեկիա անուանումը ծագած է հին անգլերէն Norðrveg(r) բառէն, որ առաջին անգամ յիշուած է 880-ին եւ «հիւսիսային ճանապարհ» կամ «դէպի հիւսիս տանող» կը նշանակէ, ըստ որուն անգլոսաքսերը անուանած են Նորվեկիայի անտլանտեան ափեզերքը[15][16]։ Նոյն ձեւով կառուցուած են նաեւ suðrvegar «հարաւային ճանապարհ»-ը՝ Գերմանիոյ եւ austrvegr «արեւելեան ճանապարհ»-ը՝ Պալքանեան ծովու համար։ Անգլիոյ հոգեւոր մինորդները Նորվեկիայի թագաւարութիւնը, 880-ին, անուանած են նաեւ Norðmanna land[15][16]։

Լեզուաբան Միքայէլ Շուլթեն կը նշէ, որ հին նորվեկերէն Nuruiak, Nuriki (Nur- :նեղուց, -riki :թագաւորութիւն) անուանումները եւ աւելի ուշ՝ Noregr (Nore- :նեղուց -gr :ուղի) անուանումը, որ Նորվեկիայի բնակիչներու ինքնանվանումն էր, ներարշիպելագեան հարաւարեւմտեան Նորվեկիայի նաւագնացութեան ուղիին կը վերաբերէր[15][16]։ Այս մէկը Նորվեկիայի առաջին թագաւոր՝ Հարալդ Շիկահերի կառավարման տարածքն էր, որուն պատճառով ալ անուանումը տարածուեցաւ ամբողջ երկրի վրայ։ Աւելի նոր մեկնաբանութեան համաձայն՝ Norvegr բառին մէջ, nor(ve), կը նշանակէ նեղ (Կաղապար:Lang-nn) եւ -(ve)gr (Կաղապար:Lang-nn) կը նշանակէ նաւարկման ուղի[15][16]։ Բառի ամենահին նշանակութիւնը կը մեկնապանուի «նեղուցով նեղ ուղի»[15][16]։ Nore բառը տակաւին տեղանուններու մէջ կ՛օգտագործուի եւ ունի նոյն նշանակութիւնը[15][16]։

849-ի լատիներեն ձեռագիրի մը մէջ նշուած է Northuagia անուանումը, այս բարագային, երբ մօտ 900-ններուն թուագրուող ֆրանսերէն ժամանակագրութեան մէջ օգտագործուած են Northwegia եւ Norwegia անուանումները[17]։ Օտտար Հալոգալանցին 9-րդ դարու վերջը, Անգլիոյ մէջ կ՛այցելէ Ալֆրետ Մեծին, երկիրը Norðwegr եւ norðmanna land կ՛անուանուէր[17]։

Հին նորվեկերէն norðmaðr 9-րդ դարուն լատինականացուած է Nortmannus եւ նշանակած է որպէս նորվեկեացի, այնպէս ալ վիքինկ՝ ծնունդ տալով նորմաններու անուանմանը[18]։ Նորվեկիայի քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք, Noregr եւ Noregi բառերը դարձան ամենատարածուածները, բայց 15-րդ դարու ընթացքին, երկու նոր ձեւ Noreg(h) եւ Norg(h)e տարածուեցան միջնադարեան Իրլանտայի ձեռագիրներուն մէջ՝ պահպանուելով մինչեւ մեր օրերը։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Նորվեկիայի Պատմութիւն

Նախնադար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նորվեկիայի եւ Շուետիայի քարտէսը՝ 1662 (քարտէսը՝ Ճօան Պլյուի կողմէն)

Առաջին բնակիչները պատկանած են Արենսպուրկեան մշակոյթին (մ․թ․ա․ 11-10-րդ հազարամեակ), որ վաղ Դրիասի (Վաքսելեան սառցէ շրջանի վերջին փուլ) վերի հին քարէդարեան մշակոյթ էր։ Մշակոյթը կոչուած է Արենսպուրկ գիւղի անունով, որ Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքէն 25 քմ հիւսիս-արեւելք կը գտնուի, ուր պեղուած են նետերու փայտէ ձողեր եւ սայրեր[19]։ Նորվեկիայի մէջ մարդկութեան բնակութեան առաջին հետքերը յայտնաբերուած են ափամերձ շրջաններու մէջ, ուր մ․թ․ա․ 11000 - 8000-ններուն հալած է վերջին սառէ դարաշրջանի հսկայական ծանծաղուտային սառցադաշտը։ Ամենահին գտածոները թուագրուած են մ․թ․ա․ 9500-6000-ններուն եւ յայտնաբերուած են հիւսիսի մէջ՝ Ֆինմարկի (Կոմսա մշակոյթ) եւ հարաւ-արեւմուտքի մէջ՝ Ռոգալանտի (Ֆոսնա մշակոյթ)։ Երկու տարբեր մշակոյթներու մասին տեսութիւնները 1970-ականներուն մերժուեցան։

Ափամերձ շրջանին մէջ հնագէտներու յայտնաբերած վերջին գտածոներու հիման վրայ կ՛ենթադրուի, որ տարբերութիւնները կրնան ծագիլ տարբեր գործիքներ օգտագործելու պատճառով եւ ոչ թէ այն պատճառով, որ անոնք տարբեր մշակոյթներու կը պատկանին։ Ծովային կենդանական աշխարհը հնարաւոր դարձուցած է ձկնորսներու եւ որսորդներու բնակութիւնը, որոնք ենթադրաբար ապրած են տակաւին մ․թ․ա․ 10,000-ին, երբ ցամաքը տակաւին սառոյցով պատուած էր։

Երկրի հարաւային հատուածին մէջ յայտնապերուած են մ․թ․ա․ 5,000-ին թուագրուող բնակատեղիներ։ Այս բնակատեղիներէն յայտնաբերուած գտածոները թոյլ կու տան ենթադրել, որ անոնք որսորդութեամբ եւ ձկնորսութեամբ զպաղած են։ Գործիքները կը տարպերին չափերով եւ սովորաբար պատրաստուած են տարբեկէտր տեսակի քարերէ։ Ուշ շրջանի գործիքները աւելի լաւ պատրաստուած են։ Որսորդութեան եւ ձկնորսութեան շրջաններուն մէջ յայտնաբերուած են ժայռապատկերներ, ուր պատկերուած են եղնիկներ, արջեր, թռչուններ, որմզդեղներ, հիւսիսային եղջերուներ, փոկեր, կէտեր եւ ձուկեր (հատկապէս՝ սաղմոն ու վահանձուկ), որոնք բոլորը կարեւոր էին այստեղ բնակող մարդոց կեանքին համար։ Ֆինմարկի Ալտայի փորագրութիւնները, որոնք Սքանտինաւեան երկրներուն մէջ ամենամեծն են, ստեղծուած են ծովու մակարդակի վրայ, մ․թ․ա․ 4,200-500-ններուն եւ ցոյց կու տան ջուրի մակարդակի բարձրացումը վերջիին սառէ դարաշրջանի աւարտէն ետք։

Պրոնզէ Դար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մ․թ․ա․ 3000-2500-ններուն Արեւելեան Նորվեկիա թափանցեցին նոր բնակիչներ (ռազմական կացիններու մշակոյթ): Անոնք հնդեւրոպական հողագործներ էին, որոնք հացահատիկ կ՛աճեցնէին եւ կովեր ու ոչխարներ կը պահէին։ Արեւմտեան ափի ձկնորս-որսորդներու պոպուլեացիները նոյնպէս հետզհետէ փոխարինուեցան հողագործներու ժողովուրդներով, չնայած այն իրողութեան, որ որսորդութիւնն ու ձկնորսութիւնը որպէս կեանքի պահպանման երկրորդական միջոցներ կը մնային։

Մ․թ․ա․ 15000-ին հետզհետէ պրոնզը յայտնաբերուեցաւ, բայց քարը տակաւին կը շարունակուէին օգտագործուիլ։ Նորվեկիայի տարածէն քիչ քանակով պրոնզէ իրեր յայտնաբերուած են, եւ գտածոները հիմանականին զէնքեր են եւ ապարանջաններ, որ կրնան իրեն միայն առաջնորդը թոյլ տալ։ Հսկայ դամբարաններ պատրաստուած են ծովափին՝ հիւսիսի վրայէն ձգուելով մինչեւ Հարստադ, ինչպէս նաեւ հարաւի վրայ՝ ցամաքի վրայ։ Ժայռապատկերները կը տարբերուէին քարէդարեան ժայռապատկերներէն։ Արեւի, կենդանիներու, ծառերու, զէնքերու, նաւերու եւ մարդոց պատկերները յատուկ ոճ ունէին։

Այս շրջանի հազարաւոր ժայռապատկերները կը պարունակեն նաւերու պատկերներ, հսկայ քարէ դամբարանային յուշարձանները, որոնք յայտնի են քարէ նաւեր անուանումով, ցոյց կու տան, որ նաւագնացութիւնն ու նաւերը մեծ դեր խաղցած է այս մշակոյթին մէջ[20]։

Նորվեկիայի եւ Շուետիայի քարտէսը՝ 1847 (քարտէսը՝ Պետեր Անդրէաս Մանչի կողմէն)

Նորվեկիայի տարածքին մարդիկ բնակութիւն հաստատած են հաւանաբար մ․թ․ա․ VI հազարամեակէն սկսեալ։ Հետագային, բնիկները խառնուած են գերմանական ցեղերուն, որոնք եկած են Սքանտինաւիոյ հարաւէն մօտ մ․ թ․ ա․ XVII դարուն։ Բնակիչները զբաղվել են որսորդութեամբ ու ձկնորսութեամբ, մ․ թ․ սկզպը ապրած են նահապետական-տոհմատիրական կարգով, որ քայքայուած է VIII-IX դարերուն: Հիմնական սոցիալական խաւը կազմած են ազատ համայնականները եւ տոհմացեղային աւագանին, ռազմական առաջնորդները՝ կոնաձեւները, իրենց նշանակութիւնը մեծապէս պահպանած են ժողովրդական ժողովները (թինգի)։ IX-XI դարերու մեծ չափերու հասած են նորմաններու (վիքինկներու) առեւտրակողոպտչական արշաւանքները դէպի Իրլանտա եւ այլ երկիրներ։ IX-X դարերու սահմանագիծին մէջ սկսած է Նորվեկիայի քաղաքական միաւորումը (կոնունգ Հարալդ Գեղեցկածամը իր իշխանութեան ենթարկած է շարք մմը մարզեր եւ ստեղծած է թագաւորութիւն), որ աւարտած է XI դարուն Օլաֆ II (1016-1028) թագաւորի օրով։ X դարու վերջէն սկսած է Նորվեկիայի քրիստոնէացումը։ Ստեղծուած վաղ աւատական պետութեան պայմաններուն մէջ ուժեղացած է շահագործումը, որուն հետեւանքներն էին գիւղացիական ապստամբութիւններն ու ժողովրդական շարժումները, XII դարու 2-րդ կեսին, եւ XIII դարուն: Նորվեկիայի գիւղացիները յաջողած են անձնապէս ազատ մնալ։ 1262-ին Նորվեկիան իր իշխանութեան տակ առած է Իրլանտան։ 1319-ին կնքուած է Նորվեկիայի անձնական ունիան Շուետիայի հետ, 1380-ին՝ Դանիայի, որուն հետեւանքով Նորվեկիան տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս ենթարկուած է Դանիային, իսկ 1397-ին կնքուած է Կալմարեան ունիան Դանիայի, Շուետիայի եւ Նորվեկիայի (Իրլանտայի հետ) միջեւ։ 1536-ին Նորվեկիայի մէջ բռնի բարեկարգութիւն եղած է՝ Լիւթերականութեան ձեւով, որ նպաստած է դանիական տիրապետութեան ամրապնդմանը։ Ուժեղացած է դանիական լուծը եւ նորվեկացիներու բարեկարգութեան շահագործումը, որուն իպրեւ հետեւանք գիւղացիական մեծ ապստամբութիւններ տեղի ունեցած են (XV դար կէս-XVI դարու սկիզբ)։ XVII-XVIII դարերուն Նորվեկիան Դանիայի մղած աւերիչ պատերազմներու ներքաշուեցաւ։ Նորվեկական քաղքենիքը, որ սկսած էր ձեւաւորուիլ XVII դարու վերջը, կը պայքարէր Դանիայէն Նորվեկիան անջատելու համար։ Դանիան պարտութիւն կրելով Շուետիայէն, 1814-ին անոր հանձնեց Նորվեկիան։ Շուետիան հզօրութեամպ Նորվեկիային պարտադրեց շուետա-նորվեկական ունիա (1814-1905)։ Նորվեկական ժողովուրդը պայքար ծաւալեց հանուն անկախութեան։ 1887-ին հիմնադրուեցաւ նորվեկական բանուորական կուսակցութիւնը (ՆԲԿ)։ 1905-1907-ի ռուսական յեղափոխութեան ազդեցութեամբ, Եւրոպայի մէջ բանուորական շարժման աշխուժացումը մէկ կողմէն, կայսերական հակասութիւններու աճը՝ միւս կողմէն, Նորվեկիայի հնարաւորութիւն տուին 1905-ին խզել Շուետիայի հետ ունիան:

Պատմագիտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմագիտութեան հիմնարկ Օսլոյի մէջ

XII դարու վերջը գրուած է, թէ «Նորվեկական թագաւորներու պատմութիւն» (վանական Թեոդրիկ), «Սագա Սուեռիրու մասին» (հին իրլանտերէն), XIII դարու սկզբին «Նորվեկիայի պատմութիւն» աշխատութիւնները, աւելի ուշ՝ Օլաֆ Սուրբ թագաւորի մասին աոաջին սակաները, XIII դարու վերջը՝ «Քաղուածքներ նորվեկական թագաւորներու մասին սականերէն» անանուն ժամանակագրութիւնը, որ հին նորվեկերէնով Նորվեկիայի պատմութեան առաջին երկն է։ Նորվեկիայի վաղ շրջանի պատմութեան վերաբերեալ շարք մը գործեր գրուած են Իրլանտայի կամ Նորվեկիայի մէջ՝ իրլանտացիներու կողմէն։ XVI-XVIII դարէն Դանիայէն Նորվեկիայի քաղաքական լառուածութեան պայմաններուն մէջ նորվեկական պատմագիտութիւնը սերտօրէն կապուած էր դանիականի պատմագիտութեան հետ։ Նոր ժամանակի նորվեկական առաջին մեծ պատմաբանը լուսաւորականութեան ներկայացուցիչ Դ․ Շենինգն էր։ Նորվեկիայի պատմագիտութիւնը զգալիօրէն զարգացած է XIX դարուն, երբ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած են ազգային հարցերը, երկրի ազգային-ազատագրական խնդիրները եւ այլն։ XIX դարու 1-ին կիսուն, մեծ պատմաբաններն էին ազատամիտ-ռոմանթիք ուղղութեան ներկայացուցիչներ Ռ․ Կէյսերը եւ Պ․ Ա․ Մունկը։ XIX դարու վերջին-XX դարու սկզբին ձեւաւորուած է նոր, դրապաշտ, ազգային-ժողովրդավարական ուղղութիւնը, որուն առաջացումը կապուած է Է․ Սարսի անուան հետ։ Սարսը իտէալական հիմքի վրայ ստեղծուած է Նորվեկիոյ պատմութեան կապուած աշխարհայացք մը, ընդգծած նորվեկիոյ ժողովուրդի պատմական ճակատագիրի բացառիկութիւնը եւ անոր բնորոշ գիւղացիական ժողովրդապետութեան, պատմական ընթացքը դիտած է իբրեւ ներդաշնակ յեղափոխութեան երեւոյթ։ Սարսի ոգիով կազմուած է «Նորվեկիայի պատմութիւն նորվեկական ժողովուրդի համար» (1907-1917) 13 հատորանոց աշխատութիւնը (բացի Է․ Սարսէն, հեղինակներ են Ս․ Բուգգէն, է․ Հերցբերգը եւ ուրիշներ)։ Պատմութեան խուզարկութեան ձեւերու կատարելագործումը, նոր նիւթերու կուտակումը, հասարակական-տնտեսական խնդիրներու առաջին ծրագիրի քաշուիլը (1905-ին շուետա-նորվեկական ունիայի կազմալուծումէն ետք)՝ XX դարու 10-20-ական թուականներուն նպաստեցին Նորվեկիայի պատմութեան շարք մը կարեւոր հարցերու վերաբերեալ հին տեսակէտներու վերանայմանը։ Այդ գործին մէջ էական դեր խաղցան սոցիալ-դեմոկրատ պատմաբաններ Հ․ Կուտը եւ Է․ Բուլը, որոնք զգալիօրէն մարքսիզմի ազդեցութիւնը կը կրէին։ Անոնք հանդէս եկան Նորվեկիայի բացառիկութեան տեսակէտի դէմ եւ ցոյց տուին անոր պատմական զարգացման նմանութիւնը համաեւրոպականին, փորձելով դասակարգային պայքարի սկզբունքէն նոր հարցեր մեկնաբանել։ Նոր տեսակէտներու ազդեցութեամբ «Նորվեկական ժողովուրդի կեանքը եւ պատմութիւնը դարերու ընթացքին» (1930-1938) ընդարձակ աշխատութիւնը (Է․ Բուլ, Ս․ Ստեն եւ ուրիշներ) կազմուեցաւ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի եւ ետպատերազմեան տարիներուն ազգայնական միտումնեուի աշխուժացում նկատուեցաւ, հետաքրքրութիւնը թուլացաւ հասարակական-տնտեսական պատմութեան եւ դասակարգային պայքարի նկատմամբ։ Մեծ տեղ գրաւեց երկրորդ համաշխարհային պատերազմի պատմութեան եւ ժամանակակից արտաքին քաղաքականութեան ակունքներու ուսումնասիրութիւնը (Մ․ Սկոդվին, Ն․ Էրվիկ եւ ուրիշներ)։ 1962-էն սկսած է լոյս տեսնել նորվեկական պատմաբաններու նոր հաւաքական աշխատանքը «Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը»: XX դարու նորվեկիոյ պատմաբանները զգալի աւանդ ներդրած են նաեւ համաշխարհային պատմութեան մշակման մէջ, մասնաւորապէս՝ տարբեր ժողովուրդներու մշակութային զարգացման համեմատական ուսումնասիրութեան եւ ազգագրութեան, երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք միջազգային յարաբերութիւնների պատմութեան, Ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան շրջանին զանգուածային շարժումներու ուսումնասիրութեան մէջ։ Պատմութեան հարցերը լուսաբանող հիմնական հրատարակութիւնն է «Historisk Tidsskrift-ը (1870-էն)։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Նորվեկիոյ Աշխարհագրութիւն

Նորվեկիան քարտէսի վրայ

Տարածքը 385,2 հզ. քմ² է, հարաւ-արեւմուտքէն հիւսիս-արեւելք 1750 քմ երկարութեամբ եւ 7–430 քմ լայնութեամբ։

Նորվեկիոյ ափերը կը ողողեն Պարենցեան ծովը՝ հիւսիս-արեւելքէն, Նորվեկեան ծովը արեւմուտքէն եւ Հիւսիսային ծովը հարաւ-արեւմուտքէն[21]: Անոր մաս կը համարուի նաեւ Արքիպելագ Շպիցբերգենը (Սուալբարտ) եւ Յան-Մայէն կղզին, որ կը գտնուի Հիւսիսային Սառուցեալ ովկիանոսին մէջ։ Նորվեկիային մաս կը համարուի նաեւ Աթլանթեան ովկիանոսի հարաւը գտնուող Բուվէ կղզին:

Լեռնային երկիր է։ Տարածքի մեծ մասը կը կազմեն Սկանդինավեան լեռները, հիւսիսէն Ֆինմարկէն սարահարթն է։ Ծովամերձ նեղ (40–50 քմ) շերտը դաշտավայրերն են։ Հիւսիսային եւ Նորվեկիայի ծովերու ափերը մասնատուած են ֆիորդներով։

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրոթիւներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. National Research Council (U.S.). Polar Research Board (1986)։ Antarctic treaty system: an assessment։ National Academies Press։ ISBN 978-0-309-03640-5։ արտագրուած է՝ 24 July 2011 
  2. «Population, 2024-01-01» (անգլերեն)։ Statistics Norway։ 2024-02-21։ արտագրուած է՝ 2024-02-27 
  3. «UPDATE 1-Statistics Norway raises '07 GDP outlook, cuts '08»։ Ռոյթերս։ 6 September 2007։ արտագրուած է՝ 8 March 2009 
  4. «Country Comparison :: Crude oil – production»։ CIA – The World Factbook։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-03-07-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-16 
  5. «Country Comparison :: Natural gas – production»։ CIA – The World Factbook։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-15-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-16 
  6. «The World's Richest Countries»։ forbes.com։ արտագրուած է՝ 12 December 2014 
  7. «The World Factbook»։ Central Intelligence Agency Library։ Central Intelligence Agency։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 24 April 2013-ին։ արտագրուած է՝ 23 May 2016 
  8. «Human development indices 2008»։ Human Development Report։ hdr.undp.org։ 18 December 2008։ արտագրուած է՝ 12 May 2009 
  9. Մէջբերման սխալ՝ Invalid <ref> tag; no text was provided for refs named HDI
  10. «Human Development Index 2009»։ Human Development Report։ hdr.undp.org։ 5 October 2009։ արտագրուած է՝ 5 October 2009 
  11. «Human Development Report 2011»։ United Nations։ արտագրուած է՝ 2 November 2011 
  12. Norway top country in human well-being. United Press International, 15 March 2013. Retrieved 27 August 2013.
  13. «This Is the World's Most Prosperous Nation (Hint: It's Not the U.S.)»։ TakePart։ 3 November 2015։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 30 April 2017-ին։ արտագրուած է՝ 5 November 2015 
  14. «Index of Public Integrity»։ integrity-index.org (en-US)։ արտագրուած է՝ 2016-06-15 
  15. 15,0 15,1 15,2 15,3 15,4 15,5 Nomino 6:6։ Nomino (Norwegian)։ 4 October 2016։ Իրադարձությունը կատարվել է 22:18։ արտագրուած է՝ 5 October 2016 
  16. 16,0 16,1 16,2 16,3 16,4 16,5 «Sår tvil om Norges opphav» (Norwegian)։ Forskning.no for Universitetet i Agder։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 22 August 2017-ին։ արտագրուած է՝ 24 July 2017 
  17. 17,0 17,1 Sigurðsson and Riisøy: Norsk historie 800–1536. Page 24.
  18. «Etymologie de Normand» (French)։ Centre National de Ressources Textuelles et Lexicales։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 30 January 2012-ին 
  19. Passarino G, Cavalleri G. L., Lin A. A., Cavalli-Sforza L. L., Børresen-Dale A. L., Underhill P. A. (2002)։ «Different genetic components in the Norwegian population revealed by the analysis of mtDNA and Y chromosome polymorphisms»։ European Journal of Human Genetics 10 (9): 521–9։ PMID 12173029։ doi:10.1038/sj.ejhg.5200834 
  20. Ling 2008. Elevated Rock Art. GOTARC Serie B. Gothenburg Archaeological Thesis 49. Department of Archaeology and Ancient History, University of Gothenburg, Goumlteborg, 2008. ISBN 978-91-85245-34-5.
  21. "factbook"