Յովհաննէս Աբէլեան

Յովհաննէս Աբէլեան
Յովհաննէս 1925-ին
Ծնած է 23 Հոկտեմբեր (4 Նոյեմբեր) 1865
Ծննդավայր Շամախի Քաղաք, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Յուլիս 1936(1936-07-01)[1] (70 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Մասնագիտութիւն դերասան, Շարժապատկերի դերասան
Աշխատավայր Աբելյան-Արմենյան թատերախումբ?
Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոն

Աբելեան Յովհաննէս (23 Հոկտեմբեր (4 Նոյեմբեր) 1865, Շամախի Քաղաք, Պաքուի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1 Յուլիս 1936(1936-07-01)[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ դերասան։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Չամախ։ Սկզբնական կրթութիւն ստացած է՝ ծուխի դպրոցին մէջ, ուր 1875 թուականին ուսման շրջանն աւարտելով մէկ տարի յետոյ մտած է Պաքուի Ռիալական ուսումնարանի Ա. բաժանմունքը։ Մինչեւ 1884 թուականը մնալով Ռիալական ուսումնարանին մէջ՝ դեռ ուսումը չաւարտած, ձգելով ուսումնարանը սկսած է ծառայել Պաքուի մասնաւոր գրասենեակներուն մէջ։ Սակայն այդտեղ ալ տեսնելով, որ իր միտքը գործի վրայ չէ եւ զինք աւելի կը հետաքրքեն թատերական հարցերը, այդ ալ ձգելով կը նուիրուի հայ բեմին։ Դեռ աշակերտական սեղանէն սկսած է մասնակցիլ, ռուս ներկայացումներուն՝ իբրեւ սիրողական, եւ առաջին անգամ Պաքուի Մարդասիրական ընկերութեան դահլիճին մէջ բեմ դուրս գալով ու բաւական յաջող խաղալով իր դերը՝ ներկայացման ներկայ գտնուող Երուսաղէմի միաբան՝ Մամբրէ վարդապետէն, մեծ խրախուսանքի կ՛արժանանայ ու նուէր կը ստանայ՝ «Սանդուխտ» ողբերգութեան հայ-ֆրանսերէն օրինակը։ Այս յաջողութենէն ոգեւորուած, քիչ յետոյ ան բեմ դուրս կու գայ, արագ յառաջդիմութիւն ցոյց տալով, իբրեւ դերասան։ Անկէ մի քանի տարի առաջ ան պտըտած էր Եւրոպա, այցելելով եւրոպայի գլխաւոր քաղաքները ու հետեւած՝ Եւրոպայի նշանաւոր դերասաններու բեմադրութիւներուն։ Աբելեանը խաղցած է, ինչպէս Կովկասեան, համարեայ, նոյնպէս ալ Ռուսիոյի բոլոր հայկական քաղաքներուն մէջ։ Ձմեռուան թատերաշրջաններուն, առհասարակ դերեր կ՝ առներ Թիֆլիսի եւ Բաքույի մէջ։ 1902 թուականին կը հրաւիրուի Տփխիսի (Թիֆլիսի) հայ դրամատիքական ընկերութեան կողմէ։

1907 թուականին, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ կը տօնուի անոր դերասանակն 25 ամեակը, որմէ ետք աւելի եռանդուն ներկայացումներ կ՛ունենայ՝ Թիֆլիսի, Պաքուի, Կովկասահայ կեդրոններ եւ Պարսկաստան։

1908 թուականին, Թուրքիոյ սահմանդրութեան հռչակումէն ետք ան կ՛այցելէ Պոլիսն ու շրջակայ հայաշատ կեդրոններ․ կը հասնի մինչեւ Պարտիզակ, ապա կ՛անցնի Եգիպտոս, Փարիզ, Պրիւսէլ, Լոնտոն, Պերլին, Ամերիկայի քաղաքները։

1925 թուականին-ին Կովկաս կը վերադառնայ ու կ՛այցերէ Հայաստան, սակայն առանց հոն հաստատուելու․ կը նախընտրէ պաքուի եւ Թիֆլիսի մէջ խաղալ։

1932 թուականին կը տօնուի 50 ամեայ յոբելեանը եւ հայ ժողկոմխորհի կողմէ կը ստանայ «Աշխատանքի հերոս», «Ժողովրդական դերասան» եւ «Վաստակաւոր դերասան» տիտղոսները։

Աբելեանը յայտնի դերասաններէն մէկն եղած է։ Անոր դերերն են՝ Օթելլոն, Լիրը, Էտկարը, Պետրուչիոն, Տոքթոր Ծտոքման, Օսուալտ Էրնանին եւ այլ նման դերեր։ Հայ բեմի համար թարգմանած է բազմաթիւ թատրերգներ, որոնք կը բեմադրուին մինչեւ օրերս։ Գրութիւններ գրած է նաեւ հայ թերթերու մէջ։

Ան կը մահանայ 1 Յուլիս 1936-ին, Երեւան․ կառավարոիթիւնը զինք կը պատուէ ազգային թաղումով։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 Prabook — 2018.