Մերձաւոր Արեւելք

Մերձաւոր Արեւելքը աշխարհի քարտէսի վրայ
Ֆիզիքական քարտէս

Մերձաւոր Արեւելք (արաբերէն՝ شرق أدنى‎‎, պարսկերէն՝ خاور نزدیک, թրքերէն՝ Yakın Doğu), տարածաշրջանի անուանում, որ տեղ կը գրաւէ Արեւմտեան Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Անուանումը տրուած է եւրոպացիներու կողմէն՝ որպէս իրենց ամենամօտ շրջան։ Բնակչութիւնը գլխաւորաբար բաղկացած է արաբներէ, պարսիկներէ, թուրքերէ եւ հրեաներէ։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ է։ Մերձաւոր Արեւելքը կը հանդիսանայ Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն Ասիա տանող ճանապարհներէն մէկը։ Կլիման խիստ բազմազան է՝ պայմանաւորուած լեռնային մակերեւոյթով: Հիւսիսը՝ լեռնային մարզերուն մէջ, նուազագոյն ջերմաստիճանը երբեմն կը հասնի –30 °C-ի, իսկ հարաւը՝ ցած գօտիներուն, յաճախ +50 °C-էն աւելի է: Տեղումներու պակասը (տարեկան՝ 100–500 մմ) տարածաշրջանին հիմնական հարցերէն մէկն է:

Գետերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գետերը քիչ են, սակաւաջուր: Համեմատաբար մեծ են Եփրատն ու Տիգրիսը: Ամէն տեղ ոռոգման հարց կայ: Ովասիսներուն մէջ կ'օգտագործուին արտէզեան (ջրամերժ շերտերով սահմանափակուած եւ ջրատար ամբարներու մէջ տեղադրուած ստորերկրեայ ճնշումային ջուրեր) ջուրերը: Տարածաշրջանին մեծ մասը բուսականութեամբ աղքատ է: Միայն ծովափնեայ գօտիին մէջ կայ փարթամ մերձարեւադարձային բուսականութիւն: Լեռնային շրջաններուն մէջ փոքր եղջերաւոր անասուններու եւ ձիերու արածման համար կան յարմար արօտավայրեր, իսկ անապատային ընդարձակ տարածքներու աղքատիկ բուսականութիւնը հազիւ կը բաւարարէ նոյնիսկ ոչ պահանջկոտ ուղտաբուծութիւնը:

Նաւթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարածաշրջանին ընդերքը հարուստ է զանազան օգտակար հանածոներով: Նշանաւոր են նաւթի եւ բնական կազի համաշխարհային պաշարները, որոնք գլխաւորաբար կեդրոնացած են Պարսից Ծոցին մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքը նաւթահանման եւ նաւթարդիւնաբերութեան հիմնական կեդրոնն է։ Նաւթի ու կազի վիթխարի պաշարներուն պատճառով է, որ Մերձաւոր Արեւելքի այս տարածաշրջանը դարձած է համամոլորակային աշխարհաքաղաքական կիզակէտերէն մէկը: Այստեղ կը բախին բոլոր մեծ միջազգային նաւթային ընկերութիւններու եւ բազմաթիւ պետութիւններու տնտեսական ու քաղաքական շահերը: նաւթային պաշարներու վերահսկողութեան նպատակով ԱՄՆ-ն 2003-ին կը ներխուժէ նաեւ Իրաք եւ կը տապալէ երկրին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի վարչակարգը: Թէեւ ռազմական գործողութիւնները վաղուց աւարտած են, սակայն ամերիկեան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու (նաեւ Հայաստանի) զինուորական ջոկատները խաղաղարար նպատակով դեռ կը շարունակեն մնալ հոն:

Տարածաշրջանը հարուստ է բազմաթիւ պատմաճարտարապետական յուշարձաններով, իսկ արեւոտ ու տաք լողափերը հրաշալի հանգստավայրեր են:

Մերձաւոր Արեւելքի Պետութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մերձաւոր Արեւելքը, որպէս աշխարհագրական միաւոր, հիւսիսէն հարաւ կ'երկարի 4400 քմ., արեւմուտքէն արեւելք՝ 3300 քմ., կ'ընդգրկէ շուրջ 6 մլն. քմ.2 տարածք՝ 20 պետութիւն: Մերձաւոր Արեւելքը կը ներառէ Արաբական աշխարհը, Իրանը, Թուրքիան եւ Իսրայէլը, իսկ մէկ այլ սահմանումով` Մարոքէն Փաքիստան ինկած տարածքը իսլամական բնակչութիւն ունեցող բոլոր պետութիւնները: Այս նոյն սահմանումով Մեծ Մերձաւոր Արեւելքը կը ներառէ նաեւ հիւսիսը` Ղազախիստանէն մինչեւ Հնդկաց ովկիանոսի Մավրիկիա կղզին` հարաւը՝ ամբողջ տարածաշրջանը։ Անիկա յաճախ կ'անուանուի «Մարաքէշէն Պանկլատէշ» (փաստօրէն Հարաւային Կովկասը աշխարհագրօրէն կը ներառուի այս տիրոյթին մէջ)։

Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]