Մարճըրի Յովսէփեան

Մարճըրի Յովսէփեան
անգլերէն՝ Marjorie Housepian Dobkin
Ծննդեան անուն անգլերէն՝ Marjorie Anaïs Housepian
Ծնած է 21 Նոյեմբեր 1922
Ծննդավայր Նիւ Եորք
Մահացած է 8 Փետրուար 2013
Մահուան վայր Emerson, Նիւ Ճըրզի
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Ամերիկահայ
Մայրենի լեզու արեւմտահայերէն
Ուսումնավայր Բերնարդ քոլեջ?
Մասնագիտութիւն Պատմաբան, գրող
Աշխատավայր Քոլումպիա Համալսարան
Ամուսին Մաչպի Տոպքին
Ծնողներ Մովսէս եւ Մաքրուհի Յովսէփեաններ
Երեխաներ Ջեյ Դոբկին?
Ստորագրութիւն

Մարճըրի Յովսէփեան-Տոպքին (անգլերէն՝ Marjorie Housepian-Dobkin, 21 Նոյեմբեր 1922, Նիւ Եորք - 8 Փետրուար 2013, Նյու Ջերսի), ամերիկահայ պատմաբան, Նիւ Եորքի Քոլումպիոյ համալսարանի Պարնարտ գոլէճի գրականութեան դասախօս եւ ուսմանց օգնական տեսուչ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարճըրի Յովսէփեան ծնած է 1922 թուականին Նիւ-Եորք Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ յայտնի բժիշկ եւ հանրային գործիչ Մովսէս եւ Մաքրուհի Յովսէփեաններու ընտանիքէն ներս։ Պապը զոհուած է Զմիւռնիոյ ջարդերուն ժամանակ։ 1944 թուականին աւարտած է Պարնարտ քոլէճը։ 1957-1993 թուականներուն եղած է նոյն քոլէճի գրականութեան դասախօս եւ ուսմանց օգնական տեսուչ։

Մարճըրի Յովսէփեան ասպարէզ մտած է որպէս գրող։ Ամերիկեան եւ անգլիագիր հայկական մամուլին մէջ տպագրած է պատմուածքներ հայկական կեանքէն, ինչպէս՝ «Տատիկիս Աղօթագիրքը» նորավէպը։ 1956 թուականին հայկական նիւթով առաջին վէպը, ամուսնին՝ գրող Մաչպի Տոպքինի հետ, գրած է «Սիրառատ Տունը» (A Houseful of Love), որուն հերոսները նոյնպէս մեծ մասամբ հայեր են։ Այս վէպն արժանացած է մի քանի հրատարակութեան, 1957-ին «Նիւ Եորք Թայմզի» ամէնէն ծախուող գիրքերու ցանկին մաս կազմած է, տպագրուած Լոնտոնի մէջ ու թարգմանուած է զանազան լեզուներու՝ նորվեգերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ ճափոներէն։

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակայն, ան յատկապէս յայտնի դարձած է 1966-ին գրած ընդարձակ յօդուածով՝ «Չյիշուող ցեղասպանութիւնը» (The Unremembered Genocide), որ լոյս տեսած էր հրէական ծանօթ հանդէսին՝ “Commentary”ի մէջ, ժամանակի մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւնը տակաւին մոռացութեան մատնուած էր[1], «Խաղաղութեան Առաջնահերթութիւնը» (1969), «Ի՞նչ Ցեղասպանութիւն, Ի՞նչ Ողջակիզում։ Լուրեր Թուրքիայէն, 1916-1923», 1984, «Ճորճ Հորթըն եւ Մարք Լ. Պրիսթոլ. ընդդիմադիր ուժեր ԱՄՆ-ի մէջ։ Արտաքին քաղաքականութիւն 1919-1923», բոլորը՝ անգլերէն, եւ այլն։ Աշխատութիւնները մասնաւորապէս նուիրւած են 1915-1923-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան։ Անոր հիմնական աշխատութիւնը՝ «Զմիւռնիա 1922։ Մի քաղաքի կործանումը» (The Smyrna Affair), լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ 1972-ին, ունեցած մի քանի հրատարակութիւններ, վերջինը՝ 1988 թուականին. թարգմանուած է նաեւ յունարէնի) նուիրոած է Թուրքիոյ այդ ծովափնեայ քաղաքի յոյն եւ հայ բնակչութեան ողբերգութեան։ Գիրքը հաւաստի պատմական ուսումնասիրութիւն մըն է, գրուած դէպքերու ականատես ու մասնակից հայերու, ամերիկեան դիւանագէտներու եւ միսիոներներու յուշերու, նամակներու ու վկայութիւններու հիման վրայ[2][3]

Պարգեւներ, կոչումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Անանիա Շիրակացի մետալ»
  • Ուիլսոն գոլէճի պատուաւոր դոկտոր

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ պատմաբան Մարճըրի Յովսէփեան-Տոպքին[permanent dead link]
  2. Ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր առաջին, Երեւան, 2005 
  3. «Marjorie Housepian Dobkin (1922-2013)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-08-26-ին։ արտագրուած է՝ 2015-11-18 

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։