Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ խորհրդանիշ
Քալիֆորնիա 2001
Զմմառ, Լիբանան
Գիւմրի, Հայաստան 2015
Հալէպ, Սուրիա

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի, հաստատուած 12-րդ դարու վերջաւորութեան, պաշտօնապէս գործած 1742, առաջին Պատրիարք Աբրահամ Արծիւեան։

Պատմական[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին կը պատկանի Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն, այսպիսով կ'ենթարկուի Հռոմի Պապի առաջնորդութեան։ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադրումի գաղափարը յառաջացած է 12-րդ դարու վերջաւորութեան, Կիլիկեան Հայաստանի տարածքով դէպի Սուրբ Հող ճամբորդող խաչակիրներու, եւ տեղի հոգեւորականութեան միջեւ կապերու հաստատումէն։ Ներկայիս՝ Կաթողիկոս Ներսէս Պետրոս ԺԹ.Թարմունի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետն է։

Պաշտօնապէս Եկեղեցին սկիզբ առած է, իբրեւ ինքնավար հոգեւորական հանրութիւն 1742 թուականին, երբ Հռոմի Պապ Պենետիկտոս XIV Աբրահամ Արծիւեանը կը նշանակէ Կիլիկեան Հայաստանի Պատրիարք, որ կը դառնայ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջին Պատրիարքը։

Թեմեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի զանազան թեմեր՝ Լատին Ամերիկա, Պոյնէս Այրէս, Հայաստան եւ Արեւելեան Եւրոպա, Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Յունաստան, Իրաք, Իրան, Երուսաղէմ եւ Յորդանան, Լիբանան, Սուրիոյ մէջ՝ Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի, Քեսապ, Թուրքիոյ մէջ՝ Պոլիս։ Եկեղեցիներ կան՝ Աւստրլիոյ, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Շուէտի, Ուքրանիոյ մէջ։

Միաբանութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաստատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի դպրոցներ, որբանոցներ, դարմանատուներ, երիտասարդական միութիւններ, տիկնանց յանձնախումբեր, մշակութային յանձնախումբեր, երգչախումբեր։

Տես նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]