Հաճըն

Քաղաք
Հաճըն
Երկիր  Թուրքիա
Նահանգ Ատանայի
ԲԾՄ 1050±1 մեթր
Բնակչութիւն 15 338 մարդ (2018)
Ժամային գօտի Արեւելաեւրոպական ժամ եւ UTC+3։00
Փոստային ցուցանիշ 01740[1]
Պաշտօնական կայքէջ saimbeyli.bel.tr

Հաճըն (այժմ՝ Սաիմպէյլի, թրք.՝ Saimbeyli), քաղաք պատմական Լեռնային Կիլիկիոյ մէջ, ներկայիս Թուրքիոյ Հանրապետութեան Ատանա նահանգի հիւսիսը, Սարոսի գետի վտակ «Կէօքսու»էն 10 ք.մ. արեւմուտք, եռանկիւնաձեւ բլուրի վրայ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եղած է Հռոմէական (պահպանուած են մ.թ.ա. I դ. բերդի աւերակները), Բիւզանդական կայսրութիւններու, Կիլիկիոյ հայկական պետութեան կազմին մէջ։ Հինէն Հաճընի մէջ բնակող հայերը XI դարուն հիմնադրած են Սուրբ Յակոբ վանքը (կանգուն է մինչեւ օրս)։ Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութեան անկումէն (1375) յետոյ մեծ թիւով հայեր հաստատուած են Հաճընի մէջ։ 15-րդ դարուն քաղաքը գրաւած է Օսմանեան Թուրքիան։ 1915-ին ունէր 35 հազար բնակչութիւն (մօտ 30.000ը՝ հայեր)։

Հայերն ունէին վեց եկեղեցիներուն կից՝ վարժարաններ (նշանաւոր էր Սահակ-Մեսրոպեանը)։ Քաղաքէն դուրս, Սուրբ Յակոբ վանքին մէջ կը գործէր գիշերօթիկ վարժարան։ Հիմնականօրէն զբաղած են արհեստներով եւ առեւտուրով։ 1915-ին, Մեծ Եղեռնի ժամանակ, Հաճընի հայերը բռնութեամբ տեղահանուած եւ աքսորուած են Տէր Զօր, ուր անոնց մեծ մասը զոհուած է։ 1919-ին մօտ 8.000 հաճընցիներ վերադարձած են Ֆրանսայի հովանաւորութեան տակ գտնուող հայրենի քաղաքը, սակայն ֆրանսական կառավարութիւնն ամբողջ Կիլիկիան (ներառեալ Հաճընը) յանձնած է Թուրքիոյ։ 1920Մարտին Քեմալական զօրքերը պաշարած են Հաճընը, ուր հայ բնակիչները դիմած են ինքնապաշտպանութեան (տես Հաճընի հերոսամարտ (1920))։ Կոտորածէն փրկուածներն ապաստանած են տարբեր երկիրներու մէջ։ Թուրքերը Հաճընը վերանուանած են Սաիմպէյլի (Հաճընի ջարդարարի անունով)։ 1958-ին Հայաստանի մէջ հիմնուած է «Նոր Հաճըն» քաղաքը։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարի Բնակչութիւն
2000 17 149 մարդ [2]
2018 15 338 մարդ

Հաճընի Եկեղեցիներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաճընի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին պատկերուած է առջեւի Սահակ Մեսրոպ Վարժարանի շէնքին հետ:

Հաճընը ունեցած է երեք եկեղեցիներ՝ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գէորգ եւ Սուրբ Թորոս, որոնք պատկանած են հայ առաքելական համայնքին։ Սուրբ Աստուածածինը ամէնէն հին եկեղեցին է, կառուցուած է Հաճընի պատմական բերդին մէջ: Ըստ պատմական տուեալներու, հիմնուած է 1425 թուականի շուրջ։[3] Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կը գտնուէր Հաճընի Վերին Թաղին մէջ, ինչպէս նաեւ երկրորդ առաքելական եկեղեցի՝ Սուրբ Գէորգը։ Սուրբ Գէորգը կառուցուած է 19րդ դարուն, նոյն անունով հին եւ փոքրիկ մատուռին վրայ։

Երրորդ առաքելական եկեղեցին՝ Սուրբ Թորոսը, կը գտնուէր Եաղը Թաղին մէջ։ Կը կարծուի թէ Սուրբ Թորոսը նախկին յունական եկեղեցին է Հաճընի, որ հայացած է ժամանակի ընթացքին:

Կար նաեւ հայ կաթոլիկ եկեղեցի Հաճընի մէջ։ Առաջին հայ կաթոլիկ եկեղեցին կառուցուած է Հաճընի բերդին մօտիկ, սակայն աւերուած է 1884-ի մեծ հրդեհին: Ապա 1900-ականներու սկիզբը վերակառուցուած է այլ համայնքային հաստատութիւններու, ինչպէս նաեւ տղոց եւ աղջկանց վարժարաններու հետ միասին:

Առաջին աւետարանական եկեղեցին կառուցուած է 1867 թուականին, Վերի Թաղին մէջ, Սուրբ Աստուածածին առաքելական եւ հայ կաթոլիկ եկեղեցիներուն հետ միասին նոյն թաղին մէջ։ 1889 թուականին կը կառուցուի երկրորդ աւետարանական եկեղեցին, Վարի Թաղին մէջ:[3]

Հարկ է նշել, որ Հաճընը եղած է կարեւոր միսիոնարական կեդրոն, ուր աւետարանական եկեղեցիներու կողքին աշխոյժ գործունէութիւն ունեցած են միսիոնարական որբանոցները եւ յատկապէս վարժարանները:[4]

Սուրբ Յակոբ Վանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հաճընի Սուրբ Յակոբ Վանքը
Սուրբ Յակոբ Վանքի այժմու տեսարանը

Հաճընի արեւմտեան կողմը, աղբիւրներուն մօտ շինուած է Սուրբ Յակոբ Վանքը: Շրջապատուած է ամուր պարիսպներով: Եղած է սիրուած ուխտավայր եւ ունեցած է շատ կալուածներ:[5]

Հաճընի Սուրբ Յակոբ Վանքը քաղաքի ամէնէն հին հայկական վկայութիւնն է, հիմնուած՝ 1004 թուականին: Շրջանի այլ կարեւոր հայկական վանքերուն հետ միասին հիմնուած է, երբ Կիլիկիոյ մէջ հայերը կը բազմանային Անիի անկումէն ետք:

16-րդ դարուն վերանորոգուած է, ինչպէս նաեւ 1900 թուականին: Վերջին նորոգութեան ատեն աւելցուած է Վանքնին որբանոցի շէնքը:

Վանքը եղած է ուխտատեղի իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին: Ուխտի յատուկ օրն էր Սուրբ Յակոբի օրը: Յատկապէս Հաճընցիները կը բարձրանային վանքին բլուրը եւ այդտեղ կը լուսցնէին տօնական գիշերը:

Քանդուած է 1909 թուականի դէպքերու ընթացքին: Վերանորոգուած է որպէս դպրոց եւ ծառայած հաճընցիներուն մինչեւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումը:[6]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։

Մինչեւ 1915[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 թուականին ունէր 35 հազար բնակչութիւն (մօտ 30 հազարը՝ հայեր) ունէին վեց եկեղեցի՝ կից վարժարաններով (նշանաւոր էր Սահակ-Մեսրոպեանը)։ Քաղաքէն դուրս, Սուրբ Յակոբ վանքին մէջ կը գործէր գիշերօթիկ վարժարան մը։ Հայեր կը զբաղուէն հիմնականի մէջ արհեստներով եւ առեւտուրով։

Մեծ եղեռն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 թուականի Մեծ Եղեռնի ժամանակ Հաճընի հայերը բռնութեամբ տեղահանուեցան եւ աքսորուեցան Տէր Զօր, ուր իրենց մեծ մասը զոհուեցաւ։ 1919 թուականին մօտ 8 հազար հաճընցիներ կը վերադառնան Ֆրանսայի հովանավորութեան ներքեւ գտնուող հայրենի քաղաքը, սակայն ֆրանսական կառավարութիւնն ամբողջ Կիլիկիան (ներառեալ Հաճընը) կը յանձնէ Թուրքիոյ։ 1920 թուականի Մարտին, քեմալական զօրքերը կը պաշարեն Հաճընը, որուն հայ բնակիչները կը դիմեն ինքնապաշտպանութեան, ծանօթ՝ որպէս Հաճընի հերոսամարտ։ Կոտորածէն փրկուածները կ'ապաստանին տարբեր երկիրներ։

Թուրքերը Հաճընը կը վերանուանեն Սաիմպէյլի (Saimbeyli) Հաճընի ջարդարարի անունով։

Սփիւռքի մէջ կը գործեն մեծ թիւով Հաճընի Հայրենակցական Միութիւններ։ Նաեւ Հաճընի մասին կը տպուին գիրքեր եւ պարբերաթերթեր։

1958 թուականին, Հայաստանի մէջ կը հիմնուի Նոր Հաճըն քաղաքը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. http://postakodu.ptt.gov.tr/
  2. http://web.archive.org/web/20170304141653/http://rapory.tuik.gov.tr/04-03-2017-16:55:49-128371679917926812611102978783.html
  3. 3,0 3,1 Քէշիշեան Վարդի (20 Ապրիլ 2014)։ «Հաճըն - Եկեղեցիներ»։ Յուշամատեան։ արտագրուած է՝ 24 Փետրուար 2019 
  4. Ռասէլ Ռոզմէրի (04 Մայիս 2016)։ «Հաճըն - Միսիոնարներ»։ Յուշամատեան։ արտագրուած է՝ 25 Փետրուար 2019 
  5. Ոսկեան Հ. Հ. (1957)։ Կիլիկիայի Վանքերը։ Վիեննա: Մխիթարեան Տպարան 
  6. Պօղոսեան Յակոբ (1942)։ Հաճընի ընդհանուր պատմութիւնը եւ շրջակայ Գօզան-տաղի հայ գիւղերը։ Լոս Անճէլըս