Խաչակիրներու Զ․ Արշաւանք

Խաչակիրներու Զ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Արշաւանքներ
ալ-Քամիլ ալ-Մալիք սուլթան եւ Ֆրիդրիխ II կայսր
Թուական 1228-1229
Վայր Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք
Արդիւնք խաչակիրներու դիւանագիտական յաղթանակ
Հակառակորդներ
Խաչակիրներ. Մուսուլմաններ
Հրամանատարներ
* Ֆրիդրիխ II
Հոհենշտաուֆէն
Կաղապար:Country data Այյուբյան սուլթանություն Ալ-Քամիլ

Խաչակիրներու վեցերորդ արշաւանք, ռազմական հակամարտութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաչակիրներու պետութիւններու եւ Այյուպեան սուլթանութեան միջեւ՝ 1228-1229 թուականներուն։ Պատերազմի կոչով հանդէս եկած էին Հռոմի Հոնորիոս III (1216-1227) եւ Գրիգորիոս IX (1227-1241) պապերը։ Արշաւանքի նպատակն էր մուսուլմաններէն Երուսաղէմն ու Սուրբ Երկիրը գրաւել եւ հոն վերահաստատել խաչակիրներու գերիշխանութիւնը։

Խաչակիրներու զօրքերը ղեկավարուած են Սրբազան Հռոմէական կայսր Ֆրիդրիխ II Հոհենշտաուֆէնի, Կիպրոսի արքայ Հէնրիխ I-ի, Տեւտոնական առաջնորդ Հերման ֆոն Զալցաի եւ իրենց հպատակ ազնուականներու կողմէ։

Արշաւանքի ընթացքին ոչ մէկ ճակատամարտ չէ եղած։ Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքէն եօթը տարի ետք Ֆրիդրիխ II-ը իր դիւանագիտութեան շնորհիւ կրնայ վերականգնել քրիստոնեաներու վերահսկողութիւնը Երուսաղէմի եւ անոր շրջակայ տարածքներու վրայ տասնհինգ տարի։

Ֆրիդրիխ II-ը եւ պապութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սրբազան Հռոմէական կայսր Ֆրիդրիխ II-ը կը պատրաստուի խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքին մասնակցիլ եւ Գերմանիայէն զօրք կ՛ուղղարկէ արեւելք։ Կայսրը անձամբ չի կրնար ուղղեկցիլ բանակը՝ չնայած Հոնորիոս III-ի եւ Գրիգորիոս IX-ի ծանուցումներուն, քանի որ Գերմանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ դիրքերը ամրապնդելու կարիք ուներ։

Ֆրիդրիխ II-ը կը խոստանայ նոր խաչակրաց արշաւանքի մասնակցիլ։ 1225–ին Ֆրիդրիխ II-ը կ՛ամուսնանայ Իզապելլայի՝ Յովհան Բրիեննի (Երուսաղէմի թագաւորութեան անուանական ղեկավար) եւ Մարիա Մոնֆերատսկոյի դստեր հետ։ Ֆրիդրիխ II-ը այսպիսով ձեռք հաւակնութիւնը կ՛ունենայ թագաւորութեան բանակի եւ կորսնցուցած հողերու վերադարձման։ 1227–ին՝ Գրիգորիոս IX-ի պապ դառնալէ ետք, Ֆրիդրիխ II-ի բանակները Պրինդիզայէն դէպի Ակրա կը շարժին` Երուսաղէմի թագաւորութեան այդ ժամանակի մայրաքաղաքը, բայց համաճարակը կը ստիպէ անոնց Իտալիա վերադառնալու։ Գրիգորիոս IX-ը այդ հնարաւորութիւնը կ՛օգտագործէ, որպէսզի Ֆրիդրիխ II-ին հեռացնէ եկեղեցիէն։ Բայց այս մէկ միայն առիթ էր, քանի որ կայսրը արդէն քանի տարի էր` կը փորձէր համախմբել կայսերական իշխանութիւնը Իտալիոյ մէջ՝ պապին հաշուետու ընելու համար։ Գրիգորիոս IX-ը կը յայտարարէ, որ կայսրին եկեղեցիէն հեռացնելու պատճառը այն էր, որ ինքը չէր ցանկար, որ Ֆրիդրիխը դուրս կու գայ խաչակիրներու արշաւանքի` սկսած խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքէն։

Խաչակրաց արշաւանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այն բանի հետ մէկտեղ, որպէսզի անմիջապէս ուղեւորուի Սուրբ հող, կայսրը սկիզբը Կիպրոս կ՛այցելէ, որ եղած էր անոր կալուածքը խաչակիրներու երրորդ արշաւանքի ժամանակ` կղզին Ռիչարտ Առիւծասրտի կողմէն գրաւելէն ետք։ Ֆրիդրիխ II-ը Կիպրոսի թագաւորութիւն կը ժամանէ պահանջագրով, բայց դիմադրութեան կը հանդիպի․ տեղային է պարոններու կողմէն, որոնց խնամակալ Ժաննա I Իբելինը կ՛աջակցէր։ Ֆրիդրիխ II-ը կը պնդէ, որ խնամակալութիւնը ապօրինի է։ Կռիւը չաւարտիր, միայն արդիւնքը այն կ՛ըլլայ, որ վէճին պատճառով կայսրը Իբելինի նման համախոհից է։ Ակրան միանշանակ կը հանդիպի Ֆրիդրիխին։ Անոր կ՛աջակցէին սեփական բանակը եւ տեւտոնական ասպետները, բայց տեղական պատրիարք Ճերալտ Լոզանցին եւ հոգեւորականութիւնը պապի կողմէն էին։ Հենց որ քաղաքին մէջ կը տարածուի կայսրի՝ եկեղեցիէն հեռացման լուրը, խաչակիրներուն համընդհանուր աջակցութիւնը նշանակալիօրէն կը թուլանայ։ Հիւանդախնամներու եւ տաճարականներու դրութիւնը աւելի բարդ էր։ Չնայած անոնք հրաժարած էին կայսրի բանակին անմիջական միաւորուելէ, բայց խաչակիրներու արշաւանքը կ՛ընդունէին։ Տեղական պարոնները սկզբը Ֆրիդրիխ II–ը կը ողջունեն, բայց յետոյ կը վախնան անոր ձգտումներէն, որ դէպի կայսերական իշխանութեան կեդրոնացում կը տանէր։

Ֆրիդրիխ II-ի հաւաքած զօրքը իր թիւով արշաւանքի սկզբը հաւաքած զօրքի միայն ստուերն էր։ Ան կը հասկնայ, Սուրբ Երկրին յաջողութեան հասնելու միակ յոյսը այդ Երուսաղէմի անձնատուրութեամ համար բանակցութիւնն էր, քանի որ այուպեաններու դէմ պայքարելու ուժ չունէր։ Ֆրիդրիխ II-ը իր բանակը ցուցադրաբար դէպի հարաւ ափի երկայնքով կը շարժէ։ Այդ մէկը բաւական կ՛ըլլայ, որպէսզի համոզէ սուլթան ալ-Քամիլին, որպէսզի բանակցութիւններու մէջ մտնէ։ Եգիպտացիները զբաղած էին Սուրիայի մէջ ապստամբութեան ճնշմամբ, այդ պատճառով ալ կը համաձայնինն խաչակիրներուն զիջիլ Երուսաղէմը եւ մէկ նեղ միջանցք ափի երկայնքով։ Բացի այս մէկէն, Ֆրիդրիխ II-ը կը ստանայ Նազարեթը, Սիդոնը, Յաֆֆան ու Բեթղեհեմը։ Միւս տարածքներու մասին պատմաբանները կը լռեն։ Փոխարէնը մուսուլմանները վերահսկողութիւնը կը պահպանեն։ Երուսաղէմի մէջ Տաճարային լերան եւ մզկիթներ ալ-Ակսայի եւ Գմբեթաւոր Ժայռերու վրայ։ Արաբական աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ Ֆրիդրիխ II-ին պայմանագրով կ՛արգիլուի մրութիւններ վերականգնել Երուսաղէմի մէջ։ Պայմանագիրը կնքուած է 18 փետրուար 1229-ին՝ սահմանելով 10 տարուայ հաշտութիւն։

Ֆրիդրիխ II-ը Երուսաղէմ կը մտնէ մարտ 1229–ին եւ յաջորդ օրը թագադրման արարողութեան կը մասնկցի։ Յայտնի չէ, թէ ինչ կարգավիճակով թագադրուած է. պատրիարքը անտեսած է արարողութիւնը, եւ այդ պատճառով Ֆրիդրիխ II-ը զայն Երուսաղէմի թագաւոր կոչած չէր կարող[1]։ Առաջին հերթին ան, իրողութեան մէջ, միայն իր որդիի խնամակալն էր, միակ որդին Իոլանտ Երուսաղեմցու, որ արշաւանքէն ոչ շատ առաջ ծնած էր։

Հետեւանքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հենց որ Ֆրիդրիխը տեղեկութիւններ կը ստանայ երկրին մէջ եղած դժուարութիւններու մասին, կը ձգէ Երուսաղէմը։ Անկէ ետք ֆրանսական ասպետները դէմ դուրս կու գան անոր փոխարինողներուն։ Մօտ 15 տարի Երուսաղէմի մէջ կռիւ եւ թալամ տեղի կ՛ունենայ։ Վերջապէս 1244–ին, թրքական հեծելազօրը Երուսաղէմը կը գրաւէ։ Յաջորդ խաչակրաց արշաւանքները առանձին–առանձին կը կազմակերպուիէն, ինչպէս Լիւդովիկոս IX-ի եւ Էտուարտ I-ի արշաւանքները։ Այս մէկը ցոյց կու տար պապական իշխանութեան թուլացումը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Crusading and the Crusader States, Jotischky, (Edinburgh, 2004), 225.