Իրաւաբանութիւն

Իրաւագիտական փիլիսոփաները հարց կու տան միշտ, թէ «ի՞նչ է իրաւունքը» եւ «ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրաւունքը»:[1]
Իրաւագիտական փիլիսոփաները հարց կու տան միշտ, թէ «ի՞նչ է իրաւունքը» եւ «ի՞նչ պէտք է ըլլայ իրաւունքը»:[1]

Իրաւաբանութիւն, իրաւունքի մասին գիտութիւնը [2]: Իրաւաբանները կը զբաղին իրաւունքի բնոյթի եւ զարգացման համակարգուած պարզաբանմամբ, կը բացայայտեն այն սկզբունքները, որոնց վրայ հիմնուած է կամ պէտք է հիմնուած ըլլայ իրաւունքը` ներառեալ անոր կապը այլ հաստատութիւններու եւ գործելակերպերու, օրինակ` բարոյականութեան հետ, ինչպէս նաեւ կը բացայայտեն անոր ներքին գործելակերպը[3] : «Իրաւունքը» կրնայ ըլլալ գործող եւ բնական (այստեղէն է «բնական իրաւագիտութիւն» կարեւոր աւանդոյթը) կամ նոյնիսկ ներկայացուած որպէս կարգաւորիչ օրէնսգիրք, որ պաշտօնական իրաւական համակարգի բաղկացուցիչ մասը չէ: Կրնայ թուիլ, թէ այս խնդիրներու վերացական բնոյթը կը հեռացնէ իրաւաբանութիւնը իրաւունքի բովանդակութենէն, սակայն սկզբունքները, որոնք իրաւաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ կամ կը նկարագրէ, կը կազմեն (կրնան կազմել) իրաւաբաններու գործելակերպի բաղկացուցիչ մասը կամ կը կիրառեն (կրնան կիրառկել) իրաւական համակարգի շրջանակներուն մէջ: Հետեւաբար, իրաւունքի եւ իրաւագիտութեան կապը կը նմանի քաղաքականութեան եւ քաղաքագիտութեան կապին[4]:

Կամքը Իրաւաբանութեան Տեսանկիւնէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կամքը կ'իշխէ այն տեսութեան, ըստ որու անհատական կամքը քաղաքացիական իրաւունքի սկզբնաղբիւրն է: Կամքը անհրաժեշտ տարրն է ցանկացած իրաւաբանական գործարքի, որ ինքնին կամքի դրսեւորում է եւ կը յանգեցնէ իրաւաբանական այնպիսի հետեւանքներու, ինչպիսին ցանկացած են կողմերը եւ միայն այն պատճառով, որ անոնք այդ կամեցեր են: Ուստի անվաւեր կը համարուի այն գործարքը, որ իրականացուած է առնութեամբ, խաբէութեամբ կամ սխալմունքով, քանի որ այդպիսի գործարքը չի հանդիսանար մասնակիցներու իրական, գիտակցուած կամքի դրսեւորում: Քրէական իրաւունքի ոլորտին մէջ կամքը կ'ընդգրկէ գործունէութեան դրդապատճառները, գործիչի նպատակները եւ կատարուած գործողութիւններէն անհրաժեշտաբար կամ պատահաբար բխող հետեւանքներու կանխատեսումը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Brooks, "Review of Dworkin and His Critics with Replies by Dworkin", Modern Law Review, vol. 69 no. 6
  2. H. Rackham, trans., Nicomachean Ethics, Loeb Classical Library; J. A. K. Thomson, trans. (revised by Hugh Tedennick), Nicomachean Ethics, Penguin Classics.
  3. Garner Bryan A. (2009)։ Black's law dictionary (9th հրտրկթն․)։ Saint Paul, Minnesota, USA: West։ էջեր Jurisprudence entry։ ISBN 0314199497 
  4. Dr Ketan Govekar. Comparison of Historical School with Analytical School of Jurisprudence. Kare College of Law. http://www.grkarelawlibrary.yolasite.com/resources/LLM-LT-1-KG.pdf (retrieved May 7, 2016)