Իսրայէլ Օրի

Իսրայէլ Օրի
Ծնած է 1659[1]
Ծննդավայր Սիսիան, Հայաստան
Մահացած է 1711[1]
Մահուան վայր Աստրախան, Ռուսական թագաւորութիւն
Քաղաքացիութիւն  Սեֆեան Պարսկաստան
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն գրագէտ

Իսրայէլ Օրի (1659[1], Սիսիան, Հայաստան - 1711[1], Աստրախան, Ռուսական թագաւորութիւն), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ։ Պռոշեաններու իշխանական տոհմէն։ Իսրայէլ Օրիի գաղափարները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են ժամանակի ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարներու ձեւաւորման հարցին մէջ։ Ան հիմնած է պայքարի ռուսական կողմնորոշումը։

Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ գաղափարակիցներ ունենալով՝ ան արմատաւորած է Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարը անոնց մէջ։ Իբրեւ արդիւնք՝ իր մահէն մէկ դար ետք, Արեւելեան Հայաստան միացած է Ռուսական կայսրութեան։ Այդ օրերուն ազատագրուած հայկական հողերուն վրայ այսօր կան հայկական երկու պետականութիւններ՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախի Հանրապետութիւնը։

Կենսագութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի ազատագրութեան հարցով 1677-ին Էջմիածնի գաղտնի ժողովին կաթողիկոս Յակոբ Ջուղայեցիի կողմէն ընտրուած պատուիրակներու եւ հօր՝ Մելիք Իսրայէլի հետ Դեկտեմբեր 1679-ին մեկնած է Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլիս՝ հոնկէ Արեւմտեան Եւրոպա մեկնելու նպատակով։ Սակայն կաթողիկոսը հոն մահացած է, եւ պատուիրակութեան՝ Եւրոպա մեկնելու ձախողումէն ետք պատուիրակ արքեպիսկոպոսներէն մէկուն յանձնարարութեամբ, հայ վաճառականներուն հետ 1680-ին Օրի անցած է Վենետիկ, 1683-ին՝ Փարիզ, ուր սկիզբը զբաղած է ֆրանսական բանակի պարէնամատակարարմամբ, ապա՝ մտած է զինուորական ծառայութեան՝ հեծելազօրքի հարիւրապետի, յետոյ՝ հեծելազօրքի հրամանատարի աստիճանով եւ 1688-95 թուականներուն մասնակցած է անգլիա-ֆրանսական պատերազմին։ Ան իր յուշերուն մէջ այս մասին գրած է, որ Ժէ. դարու 90-ական թուականներուն զբաղած է ֆրանսական բանակին պարէն մատակարարելով, մասնակցած ռազմական գործողութիւններուն եւ գերի ինկած անգլիացիներուն ձեռքը։ Գերութենէն ետք Ֆրանսա չէ վերադարձած, այլ գացած է Գերմանիա եւ բնակութիւն հաստատած՝ Տիւսելտորֆ (Dusseldorf) քաղաքին մէջ։

Եոհան Վիլհելմ

1698-ին Կիւր ֆըրսթ Եոհան Վիլհելմ (Gur First Johan Wilhelm) քաջալերած է յղանալու` Հայաստանը նուաճել, անոր թագաւորը դառնալ եւ Օսմանեան կայսրութեան թիկունքին անկախ Հայաստան ու Վրաստան կազմաւորել, գաղափարը։ Եոհան Վիլհելմ համաձայնած է եւ Իսրայէլ Օրիի միջոցով թուղթեր յղած է Արեւելեան Վրաստանի (Քարթլի-Կախեթի) Գէորգի ԺԲ. թագաւորին, հայ մելիքներուն, Ամենայն Հայոց եւ Աղուանի կաթողիկոսներուն եւ մանրամասն տեղեկութիւններ խնդրած Հայաստանի ու յարակից երկիրներու տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական պայմաններուն մասին։

Օգոստոս 1698-ին Իսրայէլ Օրի ժամանած է Վիեննա՝ աւստրիական Լէոպոլտ Ա. (Leobolt) կայսրէն եւս յուսադրող գրութիւն մը ստանալու, սակայն մերժուած է Թուրքիոյ հետ սկսած խաղաղութեան բանակցութիւններուն պատճառով։ Այնուհետեւ մեկնած է Ֆլորանս (Florence), ստացած Թոսքանի (Tuscany) դուքս Գոսմաս Գ.-ի (Cosmas III) համաձայնութիւնը եւ 1699-ին ուղղուած՝ Հայաստան։

Անգեղակոթի ժողով, Ազատագրութեան ծրագիր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ իրադրութիւնը մասամբ փոխուած էր։ Հայոց կաթողիկոս Նահապետ Ա. Եդեսացին ու Գանձասարի Սիմէոն կաթողիկոսը չեն արձագանգած Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեան։

Յովհան Վիլհելմ, Պֆալցի կայսերընտիր իշխան (1690-1716)

Միայն Մելիք Սաֆրազի օժանդակութեամբ Իսրայէլ Օրի յաջողած է Անգեղակոթ աւանին մէջ Ապրիլին գումարել Սիւնիքի 11 մելիքներու խորհրդաժողով մը, ուր կազմուած են գրութիւններ՝ ուղղուած Յովհան Վիլհելմին, Հռոմի պապին, աւստրիական կայսրին, Թոսքանի դուքսին եւ ռուսերու ցար Պետրոս Մեծին՝ Հայաստանի ազատագրութեան գործին սատարելու խնդրանքով։ Անգեղակոթի ժողովը Իսրայէլ Օրիին տրամադրած է նաեւ մաքուր, կնքուած թուղթեր՝ ըստ անհրաժեշտութեան դիմումներ կատարելու։ Իսրայէլ Օրիի հետ Եւրոպա ուղարկուած է Մինաս վարդապետ Տիգրանեանցը՝ իբրեւ մելիքներու ներկայացուցիչ եւ Օրիին օգնական։

Սեպտեմբեր 1699-ին մեկնելով Տիւսելտորֆ՝ Իսրայէլ Օրի եւ Միսաք վարդապետ մշակած ու 1700-ի սկիզբը Յովհան Վիլհելմին ներկայացուցած են Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիր մը, ըստ որուն, պիտի կազմուէր եռեակ դաշինք մը։ Դաշնակիցներուն բանակը պիտի անցնէր Ռուսաստանէն՝ վերջինիս համաձայնութեամբ, հետեւաբար, ծրագիրին իրագործման պէտք է մասնակցէր նաեւ Ռուսաստանը։ Արտաքին օգնութիւնը դիտուած է իբրեւ ազդակ՝ երկրին մէջ ապստամբական շարժում մը հրահրելու. Հայաստանի ազատագրութիւնը պէտք էր իրագործուէր հիմնականին մէջ սեփական ուժերով։ Ծրագիրին մէջ առաջնահերթ տեղը տրուած էր պարսկական լուծին տակ գտնուող Արեւելեան Հայաստանի ազատագրութեան՝ յատուկ ընդգծելով հայ ու վրաց ժողովուրդներու համատեղ պայքարի անհրաժեշտութեան գաղափարը։ Ծրագիրը իրականացնելու համար Յովհան Վիլհելմ՝ Իսրայէլ Օրիին յանձնարարականներով ուղարկած է Թոսքանի (Ֆլօրանս) դուքսին եւ աւստրիական կայսեր Լէոպոլտին քով, սակայն վերջինս հրաժարած է Հայաստանի ազատագրման գործին մասնակցելէ՝ Սպանական ժառանգութեան համար սկսած պատերազմին պատճառով։

Աւստրիոյ հրաժարումը կը խափանէ եռեակ դաշինքի մը ստեղծումը եւ արեւմուտքէն յոյսը կտրած, Իսրայէլ Օրի վերջնականապէս հայեացքը ուղղած է դէպի հզօրացող Ռուսական կայսրութիւն եւ 1701-ին մեկնած է Մոսկուա։

Ռուսական կողմնորոշում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետրոս Մեծ, Ռուսաստանի կայսր (1682-1725)

Ռուսական պետական գործիչներու հետ վարած բանակցութիւնները Իսրայէլ Օրիին յանգեցուցած են այն միտքին, որ Ռուսաստան, իբրեւ մերձաւոր Արեւելքի մէջ լուրջ քաղաքական ու տնտեսական շահագրգռութիւններ ունեցող երկիր մը, ի վիճակի եւ տրամադիր է սատարելու Հայաստանի ազատագրութեան գործին։ Ուստի, Իսրայէլ Օրի մշակած է նոր ծրագիր մը, որուն մէջ Հայաստանի ազատագրական գործին մէջ գլխաւոր դերը յատկացուէր Ռուսաստանին։ Ան պէտք էր տրամադրէր 25 հազարնոց բանակ մը, որ Տարիալի (Darial) կիրճով ու Կասպից ծովով պիտի մտնէր Հայաստան։ Հոս անոր պիտի միանային հայ ու վրաց ապստամբները եւ համատեղ ուժերով, օգտուելով Պարսկաստանի ընդհանուր թուլութենէն, կարճ ժամանակի մը մէջ պիտի ազատագրէին Արեւելեան Հայաստանը։ Ըստ Իսրայէլ Օրիի, ռուսական օգնութիւնը պէտք է զուգակցուէր հայերու ապստամբական լայն շարժման հետ, իբրեւ ազատագրութեան եւ հայրենի պետականութեան վերականգնման կայուն երաշխիք։

Գիտակցելով, որ Արեւելեան Հայաստանը ազատագրելու անյաջող փորձը կրնայ վտանգաւոր կացութիւն ստեղծել հայ ժողովուրդին համար՝ Իսրայէլ Օրի ձգտած է ապահովել Ռուսաստանի եւ Հռոմէական սրբազան կայսրութեան հակաթրքական դաշնակցութիւնը եւ փորձել հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դուրս բերել ազգային շրջանակէն։ Այդ նպատակով ալ սերտ յարաբերութիւններ հաստատած է Մոսկուա ապաստանած Իմերեթի թագաւոր Արչիլ Բ.-ի, իսկ հետագային՝ նաեւ անդրկովկասեան այլ գործիչներուն հետ։ Ծրագիրը ռուսական կառավարութեան ներկայացուած է 25 Յուլիս 1701-ին։ Հոկտեմբերին Պետրոս Մեծ ընդունած եւ զրուցած է Իսրայէլ Օրիին եւ Մինաս վարդապետին հետ, իսկ Մարտ 1702-ին հայ պատուիրակներուն պաշտօնապէս յայտնուած է, որ ռուսական արքունիքը Հայաստանի ազատագրութեան հարցով կը զբաղի միայն Հիւսիսային պատերազմէն ետք։ 1703-ին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեամբ կազմուած եւ ռուսական կառավարութեան ներկայացուած է նաեւ Հայաստանի քարտէսը[2]։

Իսրայէլ Օրի Պարսկաստանի եւ Կովկասի Մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իրանի շահնշահ սուլթան Հիւսէին (1694-1722 )

Դէպի Անդրկովկաս նախատեսուող արշաւանքին յաջողութեան համար Իրանի ներքին կացութեան վերաբերեալ առաւել ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ հայ ու վրաց ապստամբական ուժերը համախմբելու նպատակով ռուսական արքունիքը հաւանութիւն տուած է նաեւ Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնած պարսկական դեսպանութեան գաղափարին։ Դեսպանութեան նկատմամբ կասկած չյառաջացնելու նպատակով 1704-ին Իսրայէլ Օրի մեկնած է Եւրոպա: Հռոմի պապէն ձեռք բերած է պարսկական տիրապետութեան մէջ քրիստոնեաներու հալածանքը դադրեցնելու մասին պարսից շահին ուղղուած դիմում մը, զէնք գնած է եւ 1706-ին վերադարձած՝ Ռուսաստան։ Պետրոս Մեծ նոյնպէս գրած է համանման դիմում մը, Իսրայէլ Օրիին շնորհած ռուսական բանակին գնդապետի աստիճան, նշանակած դեսպանութեան ղեկավար եւ 1707-ին ուղարկած Պարսկաստան։

Շքախումբով եւ ռազմական ջոկատի ուղեկցութեամբ Իսրայէլ Օրի 1708-ի սկիզբը մուտք գործած է պարսկական պետութեան սահմանները։ Առաջինը ինք եղած է Շամախ քաղաքին մէջ։ Հակառակ անոր,որ Իսրայէլ Օրի պաշտօնապէս Հռոմի պապին դեսպանն էր, սակայն հանդիպած է մեծ արգելքներու։ Իրանի մէջ գործող արեւմտաեւրոպական, յատկապէս ֆրանսական միսիոնարները Հիւսէին շահը կը դրդէին, թէ Իսրայէլ Օրիի նպատակը հայկական պետութեան վերականգնումն է։ Այնուամենայնիւ 1709-ին Իսրայէլ Օրի յաջողած է հասնիլ Իրանի մայրաքաղաք Սպահան եւ տեսակցած՝ շահին հետ, որմէ ետք վերադարձած է Անդրկովկաս եւ այնտեղ մնացած՝ մինչեւ 1711։ Այդ ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է Հայոց կաթողիկոս Աղեքսանդր Ջուղայեցիի, Աղուանից կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի, հայ մելիքներու եւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ, որոնց նպատակն էր ազատագրական շարժման հրահրումը, ընդհանուր ճակատի եւ հայկական միացեալ զօրական ուժերու ստեղծումը։

Եսայի Հասան-Ճալալեան եւ Իսրայէլ Օրի 1711-ին վերադարձած են Աստրախան, ուր Օգոստոսին, մութ հանգամանքներու մէջ ան յանկարծամահ եղած է։ Գանձասարի կաթողիկոսը վերադարձած է Արցախ։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Աշոտ Յովհաննիսեան, Դրուագներ հայ ազատագրական միտքի պատմութեան, հտ․ 1-2, Երեւան, 1957, 1959։
  • Յարութիւն Քիւրտեան, Իսրայէլ Օրի. Պատմաքննական ուսումնասիրութիւն, Վենետիկ-Ս. Ղազար, 1960։
  • Աշոտ Գարեգինի Աբրահամեան, Իսրայէլ Օրի, «Հայաստան», Երեւան, 1978։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։