Երզնկա

Բնակավայր
Երզնկա
Երկիր  Թուրքիա
Տարածութիւն 11,903 քմ²
ԲԾՄ 1185 մեթր
Բնակչութիւն 157 452 մարդ (2018)
Փոստային ցուցանիշ 24x xxx
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 24
Պաշտօնական կայքէջ erzincan-bld.gov.tr(թուրք.)

Երզնկա (թրք.՝ Erzincan), քաղաք՝ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Էրզրում նահանգին Երզնկա գաւառին (այժմ՝ նահանգ, վիլայէթ ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին) կեդրոնը։ 1300 մեթր բարձրութեան վրայ, Եփրատէն երկու քիլոմեթր հեռու եւ շրջապատուած է լեռներով։

2000-ի տուեալներով, բնակչութեան թիւը 107,175 մարդ է (թուրքեր եւ քիւրտեր)։ Ծանօթ էր Երէզ, Երիզա, Երիզաւան, Եզնկա, Արզնկա եւ այլ անուններով:

Ուշ միջնադարուն՝ Հայաստանի երրորդ բաժանումէն (1555) ետք, Երզնկան անցած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Մեծ Եղեռնի նախօրեակին, Երզնկա ունէր 40 հազար բնակիչ, որուն 14 հազարը հայեր էին եւ առանձին թաղերու մէջ կը բնակէին։ Հայկական թաղերը ճանչցուած էին իրենց եկեղեցիներուն անուններով՝ Ս. Նշան, Ս. Երրորդութիւն, Ս. Սարգիս, Ս. Փրկիչ եւ Ս. Աստուածածին։

1829-ին, երզնկացիներէն շատեր գաղթած են Արեւելեան Հայաստան։ Մեծ Եղեռնի նախօրեակին դաշտի գիւղերէն զուտ հայաբնակ մնացած էին Մթննի, Երկան, Ղարատիկին, Կելենցիկ, Վերի Ագրակ, Վարի Ագրակ, Կիւլլիճէ, Մահմուտցիք, Կարմրի, Տաճակ եւ Սրպիհան, իսկ խառն բնակչութիւն ունէին Մեղուցիկ, Մեծագրակ, Ծաթգեղ, Բզվան, Բթառիճ, Ղարաքիլիսա, Ղարաթուշ, Մոլլագեղ, խնձորեկ, Հոռոմագրակ, Շխլի, Աղջաքենդ, Հայրապետ, Ուռեկ, Ծաթեր, Բալանկա, Քրդգեղ, Շոխա, Ախոռջուր եւ Պալապան, բոլորը միասին 12 հազար հայ բնակչութեամբ[1]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազմադարեան հարուստ պատմութիւն ունի Երզնկան։ Անիկա առաջին անգամ կը յիշատակուի Ք.Ա. 8-րդ դարուն, սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ, իսկ պատմագիրներու առաջին վկայութիւնը կը վերաբերի Ք.Ա. Առաջին դարուն, երբ անիկա կը կոչուէր Երէզ կամ Երիզա[2]։

Ըստ Անանիա Շիրակացիին «Աշխարհացոյց» աշխատութեան՝ քաղաքը գտնուած է Մեծ Հայքի թագաւորութեան Բարձր Հայք նահանգին Եկեղեաց գաւառին մէջ։ Նախաքրիստոնէական դարաշրջանին Երզնկայի մէջ կը գտնուէր հայոց հաւատքի տաճարներէն մէկը՝ Անահիտ դիցամօր տաճարը, որուն աւերակները պահպանուած են ցայսօր՝ Ոսկէ Բլուր կոչուող սրբավայրին մէջ։ Տաճարը ունէր ընդարձակ կալուածներ, մեծ թիւով անասուններ, բազմաթիւ գանձեր ու թանկագին իրեր, աստուածուհիին ոսկեձոյլ արձանը, զոր յափշտակած ու իբրեւ աւար Հռոմ տարած է Անտոնիոս զօրավարը 30 թուականին (Ք.Ա.) կողոպտելով նաեւ տաճարին միւս հարստութիւնները։ Աւանն ու անոր հեթանոսական տաճարը կը խճողուէին մանաւանդ Նաւասարդի տօնին (Օգոստոսի առաջին կիսուն), երբ Հայոց նոր տարուան տօնակատարութիւններուն մասնակցելու համար հոն կու գային հազարաւոր ուխտաւորներ: Իբրեւ մշակոյթի եւ հոգեւոր կեդրոն Երէզ-Երզնկան մեծ հարուած ստացած է Դ. դարու սկիզբներուն (Ք.Ե.), Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը իբրեւ պետական կրօն ընդունելու ատեն։ Երկիրին տարբեր մասերուն հեթանոսական տասնեակ տաճարներ աւերելու հետ միասին կը վերցնեն նաեւ հոն գտնուող Անահիտին մեհեանը, անոր տեղ կառուցելով քրիստոնէական տաճար մը, որուն նոյնիսկ տեղն ու հետքերը չեն պահպանուած։

Տարբեր ժամանակներու կործանիչ երկրաշարժերու պատճառով, Երզնկայի մէջ կառուցուած շէնքերը՝ եկեղեցիները եւ նշանաւոր միւս կոթողները աւերուած ու ջնջուած են երկիրին երեսէն։ Այսպիսով հիմնայատակ կործանած է նաեւ Անահիտին հնագոյն հեթանոսական տաճարին տեղը կառուցուած Գրիգոր Լուսաւորիչին եկեղեցին։ Նոր ժամանակներուն, այնուամենայնիւ, Երզնկան ունէր նշանակալի շարք մը կոթողներ`հայկական եկեղեցիներ, բաղնիք, ստորերկրեայ գաղտնուղիներ, բերդ, վարչական շէնքեր եւ քանի մը մզկիթ, որոնց մէջ համեմատաբար նշանաւոր էր Իզզէթ փաշային կառուցածը։

Երզնկան հայ մշակոյթի նշանակալի կեդրոններէն է։ Հոս ԺԱ.- ԺԷ. դարերուն ընդօրինակուած են բազմաթիւ ձեռագիր մատեաններ, աւետարաններ, գանձարաններ, մաշտոցներ, Յայսմաւուրք, շարակնոց, Գրիգոր Տաթեւացիին «Քաղուածոյ մեկնութիւն Մատթէոսի Աւետարանին» գործը եւ այլն։

Անուանումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երզնկան ունեցած է հետեւեալ անուանումները. Արզանգան, Արզանկան, Արզանճան, Արզանջան, Արզանքան, Արզենկա, Արզենկան, Արզենջան, Արզինգա, Արզինգան, Արզինչան, Արզինջա, Արզնկեան, Արզնջան, Եզենկա, Եզընկա, Եզնիկէ, Եզնգան, Եզնգան, Եզնկա, Եզնկան, Եկեղեաց քաղաք, Երէզ, Երէզաւան, Երզ, Երզէնկա, Երզէնջան, Երզընկա, Երզիկան, Երզինգան, Երզինգիան, Երզինգեան, Երզինճան, Երզինջան, Երզիջան, Երզնգա, Երզնգան, Երզընկան, Երզնկեան, Երզնջան, Երիզ, Երիզա, Երիզաւան, Երիզաց աւան, Երիզաք, Երջինա, Էզինկա, Էզինկէ, Էրէզ, Էրզ, Էրզինգեան, Էրզինկեան, Էրզինճան, Էրզինճեան, Էրզինջա, Էրզնգի, Էրզնջան, Էրիզ, Էրիզա:

Բնակավայրը հինէն ունեցած է Երէզ, Երիզա կամ Երիզաւան անուանումները: Թրքական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին՝ Երզինգան, Երզինգեան, Երզինջան եւ այլ անուանումներ[3]։

Աշխարհագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երզնկան կը գտնուի Երզնայկի դաշտին արեւմուտքը՝ Գայլ (Երզնկա) գետաբերանին մօտ: Հինէն ի վեր քաղաքը կը գտնուէր ուղղակի Եփրատ գետին մօտ, սակայն երկրաշարժերու պատճառով քաղաքը ստիպուած էին տեղափոխել 2 քմ դէպի հիւսիս: Իսկ այդ աւերուած թաղը ստացած է Հին քաղաք անուանումը:

Երզնկայի տարածքին կան յորդաբուխ ջերմուկներ, որոնցմով ջերմացուած են քաղաքէն որոշ թաղամասեր։

Բարենպաստ կլիմային շնորհիւ, յաջողութեամբ աճած է բամպակենին:

Երզնկային օդը մաքուր չէ եղած, իսկ ջուրն ալ բաւարար որակ չէ ունեցած:[3]

Երզնկան անբարեկարգ քաղաք մը եղած է։ Անոր բոլոր շէնքերը աղիւսակերտ, կաւակերտ կամ փայտաշէն են, մեծ մասամբ հողածածկ տանիքներով։ Փողոցները նեղ են ու ծուռումուռ, փոշոտ ու ցեխոտ։ Քաղաքին կեդրոնը շուկան է, շրջապատուած անշուք խանութներով ու արհեստանոցներով։ Համեմատաբար բարեկարգ ու մաքուր եղած են հայկական թաղերը, որոնց թիւը չորս էր, իւրաքանչիւրը ունենալով իր եկեղեցին։ Անոնց կեդրոնը կը գտնուէր «Ժաման» կոչուած մեծ հրապարակը։ Բոլոր բակերուն մէջ կային ջրհորներ, ինչպէս եւ յատուկ ջրմուղով ջուր բերուած էր մօտակայքէն։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարի Բնակչութիւն
2000 107 175 մարդ
2018 157 452 մարդ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ - ԱՐՄԱՏՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԲԱԲԵՐԴ, ՍՊԵՐ ԵՒ ԵՐԶՆԿԱ - Aztag Daily»։ archive.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-08 
  2. Երզնկա
  3. 3,0 3,1 «Հայաստանի եւ հարակից շրջանների տեղանունների բառարան», հտ 2, էջ 235-237