Եղիշէ Պահլաւունի

Եղիշէ Պահլաւունի
Ծնած է 1 Օգոստոս 1884(1884-08-01)
Ծննդավայր Իգտիր, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 3 Փետրուար 1961(1961-02-03) (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Եղիշէ Պահլաւունի (1 Օգոստոս 1884(1884-08-01), Իգտիր, Երեւանի նահանգ, Ռուսական Կայսրութիւն - 3 Փետրուար 1961(1961-02-03), Թեհրան, Իրան), հայ յեղափոխական մարտիկ, վաշտապետ ֆետայի, Պաքուի հայոց զօրային 20–րդ գումարտակի հրամանատար։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Իգդիր։ Միացած է ֆետայական շարժման, գործակցելով Անդրանիկի, Ռոստոմի եւ Սեպուհի։ 20–րդ դարու սկզբնական շրջանին, Սուրմալու գաւառի դէպքերուն կարեւոր դեր ունեցած է, որպէս՝ Անդրանիկի եւ Իշխան Արղութեանի կամաւորական գունդերու մարտիկ։ 1918–ի ամրան ու աշնան, Գանձակի եւ Պաքուի հայութեան ինքնապաշտպանութեան ղեկավարներէն մէկը հանդիսացաւ, որպէս Պաքուի հայոց զօրային 20–րդ գումարտակի հրամանատար։

Պաքուի հերոսամարտի ընթացքին, դաշնակցական ղեկավարներ՝ Ռոստոմ, Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Եղիշէ Պահլաւունի եւ յայտնի բոլշեւիկներ՝ Ստեփան Շահումեան, Ալիոշա Չափարիձէ, մէկ դի դրած գաղափարական տարակարծութիւններ, համագործակցեցան ճակատագրական մարտերուն թուրքերու եւ թաթարներու դէմ[1]։

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Եղիշէ Պահլաւունի որոշեց մնալ հայրենիքի մէջ։ Սակայն նախկին դաշնակցականներու դէմ չեկայական հալածանքները իր կեցութիւնը դարձուցին վտանգաւոր։

Եղիշէ Պահլաւունի երրորդ անգամ ըլլալով ձերբակալուեցաւ 22 Սեպտեմբեր 1922–ին։ Իր վաղեմի բարեկամ, յայտնի համայնավար գործիչ Գայի՝ Հայկ Բժշկեանցի երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուեցաւ։ Բժշկեանցի խորհուրդին անսալով, փախաւ Հայաստանէն եւ ապաստանեցաւ Պարսկաստան[2] ։

Մահացած է Պարսկաստան, 1961–ին։

Նշում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Փիտէճեան, Գրիգոր. «Եղիշէ Պահլաւունի Յուշամատեան եւ Սալոմէ գիրքերուն տպագրութեան առթիւ», Նոր Կեանք, 32–րդ տարի, թիւ 13, Մարտ 4, 2010. Լոս Անճելըս
  2. Պահլաւունի, Նորայր. Եղիշէ Պահլաւունի Յուշամատեան, Մուղնի հրատարակչութիւն, Երեւան 2006. 278 էջ