Գրիգոր Չիլինկիրեան

Գրիգոր Չիլինկիրեան
Ծնած է 1839
Ծննդավայր Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 2 Փետրուար 1923(1923-02-02)
Մահուան վայր Իզմիր, Թուրքիա
Ուսումնավայր Մեսրոպեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն հրապարակախօս, Խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ

Գրիգոր Չիլինկիրեան (1839, Իզմիր, Այտընի Կուսակալութիւն, Օսմանեան Կայսրութիւն - 2 Փետրուար 1923(1923-02-02), Իզմիր, Թուրքիա), հայ հրապարակախօս, խմբագիր, թարգմանիչ, հասարակական եւ գրական գործիչ:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Իզմիր (Զմիւռնիա): Զաւակն էր դարբին արհեստաւորի մը՝ Եւդոկիացի Հաճի Յովակիմին։

Գրիգոր նախ կը յաճախէ տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանը, սակայն հազիւ թէ քիչ մը հմտացած հայերէնի եւ տաճկերէնի, կիսաւարտ կը ձգէ վարժարանը՝ իր ծնողքին ստիպումով։ Այդ միջոցին, ժամացոյցի վաճառական Յովհաննէս աղա Սիմոնեան մտերիմը ըլլալով Ազգային վարժարանի տեսուչ Անդրէաս Փափազեանին, կը խնդրէ անկէ՝ գրագիր բանիբուն եւ գործունեայ պատանի մը։ Ուստի, այս կերպով հազիւ 13–14 տարեկան Գրիգոր Չիլինկիրեան,իր ինքնաշխատութեամբ կը ներկայանայ:

Մէկ կողմէն՝ կատարելով իր պաշտօնը, միւս կողմէն՝ յառաջ կը տանի իր մտաւոր կրթութիւնը եւ վարժարանին մէջ կիսկատար ձգած ուսումը ոչ միայն ինքնակրթութեամբ կը կատարելագործէ, այլեւ յունարէն, իտալերէն, ֆրանսերէն լեզուներն ալ կը սորվի՝ շնորհիւ իր մտաւոր բացառիկ յիշողութեան եւ կարողութեան։ Իր այս պաշտօնին մէջ կը մնայ մինչեւ 1860 թուականը (եօթը տարուան շրջան մը)։

1861-ին կը ծանօթանայ Արմենակ Հայկունիին, որ Իզմիր եկած էր։ Կ՚որոշեն հրատարակել հանդէս մը եւ 1 Յուլիս 1861-ին լոյս կը տեսնէ «Ծաղիկ»ը։

Երբ խաւարեալներու ու լուսաւորեալներու պայքարը նաեւ արձագանգ կը գտնէ Իզմիրի մէջ, Չիլինկիրեանի եւ իրեն համախոհ քանի մը երիտասարդներու նոր գաղափարները հաճելի չեն թուիր իր գործատուին, որով Չիլինկիրեան կը ստիպուի հրաժարիլ անկաշկանդ կերպով մղելու համար գաղափարի պայքարը։

Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]