Բերնի Չորութիւն

Բերնի չորութիւնը ախտանշան մըն է մարդկային մարմնի զանազան գործարաններէն մէկուն անկանոն գործունէութեան: Շաքարախտը միայն մէկն է այդ պատճառներէն:

Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Բնախօսական.- Բժիշկներու կողմէ կատարուած հետախուզութեանց ընթացքին նշմարուած է, թէ տարիքի յառաջացումով լորձունքի քանակը կը նուազի՝ լորձնածոր գեղձերու այլասերումով:
  2. Հոգեբանական.- Այսպէս՝ հոգեբանական ցնցումներու ենթարկուած անձեր առժամեայ եւ անցաւոր կերպով կը տառապին բերնի չորութենէ: Անսպասելի եւ անհաճոյ լուր մը կամ սաստիկ վախը պատճառ կը հանդիսանայ բերնի չորութեան: Նման պարագաներու հոգեբոյժի մը աջակցութիւնը մեծ դեր կը կատարէ ենթակային կացութեան բարելաւման եւ անոր՝ բնական վիճակի վերականգման մէջ:
  3. Ախտաբանական.- Լորձունք արտադրող գեղձերու բորբոքումներ, ինչպէս ունկնատապը, պատճառ կը հանդիսանան բերնի չորութեան, լորձունքի նուազ քանակին պատճառաւ:
  4. Կազմախօսական.- Լորձնածոր գեղձերէն մէկուն կազմախօսական բացակայութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ լորձնածոր խողովակներու խցման եւ բերնի չորութեան:
  5. «Ք» Ճառագայթներով Դարմանում.- Բերնին մէջ կամ շրջակայքը տեղ գրաւող ուռեցքներ, որոնք «Ք» ճառագայթներով դարմանումի կը կարօտին, հակառակ մասնագէտ բժիշկին նախազգուշութիւններուն՝ բերնի չորութիւն յառաջ կը բերեն:
  6. Դեղերու Գործածութիւն.- Հակալորձնային յատկութիւն ունեցող դեղերու գործածութիւնը, ինչպէս՝ աթրոբին, էֆէտրին եւ մորֆին, զանազան հիւանդութեանց դարմանումի ընթացքին կրնայ պատճառել բերնի չորութեան զգայնութիւն մը:
  7. Հորմոնային Խանգարումներ.- Ներծոր գեղձերու գործունէութեանց անկանոնութիւններ եւ հորմոնային դրութեան խանգարումներ կամ ընդհատումներ պատճառ կը հանդիսանան բերնի չորութեան: Նման պարագաներու հարիւրէն ութսուն տոկոսը նկատուած է իգական սեռին մօտ:
  8. Կենսանիւթերու Պակասը Մարմնին Մէջ.- Կենսանիւթեր, որոնք բերնի հիւսկէններու բնական գործունէութեան կը նպաստեն, երբ անբաւարար քանակութեամբ ստացուին, պատճառ կը հանդիսանան գեղձերու անբնական գործունէութեան եւ լորձունքի նուազ արտադրութեան: Այս կենսանիւթերէն նշանաւոր են կենսանիւթի Ա.-ն եւ Բ.-Քոմփելքսի Ռիպօֆլավին եւ Նիքոթինիք ասիտ տարրերը:
  9. Մարմնի Մէջ Ջուրի Քանակին Պակասը.- Զանազան հիւանդութիւններու պարագային, երբ մարմնին մէջի ջուրի արտաքսումը կը գերազանցէ ներընդունումը, զգալի կ'ըլլայ բերնի չորութիւնը: Այսպէս՝ սաստիկ փորհարութեան եւ փսխունքի պարագաներուն ենթական կը տառապի բերնի չորութենէ: Նոյնպէս տենդերու պարագային, երբ հիւանդին ջերմաստիճանը 39-40 աստիճանի բարձրանալով անձը անընդհատ քրտնելու կ'ենթարկէ: Արիւնահոսութեան պարագաներուն եւս, արեան քանակի պակասով, երբ մարմնի ջուրի քանակը կը նուազի, ենթական բերնի սաստիկ չորութենէ կը գանգատի: Եւ վերջապէս շաքարախտը, որուն պարագային կը նկատենք, թէ հիւանդը յաճախ խօսելու ընթացքին կը պարտադրուի ջուր խմելու, յագեցնելու համար իր ծարաւը եւ թրջելու համար բերնին թաղանթը:
  10. Բերնէն Շնչելու Ունակութիւնը.- Այս պարագան, որ կը նկատենք մանուկներու մօտ, նախընտրելի է շուտով սրբագրել ապագային տեղի ունենալիք անհաճոյ բարդութիւններու առաջքը առնելու համար:
  11. Ջղային Ցանցերու Խանգարումներ.- Լորձունքի արտադրութիւնը գրգռող ջիղերը երբ վնասուին, ուղեղատապի կամ ուռեցքներու պատճառաւ լորձունքի արտադրութիւնը չէզոքացնելով, բերնի չորութիւն յառաջ կը բերեն:
  12. Կեղծ Ատամնաշարներու Գործածութիւն.- Ատամնաշար գործածող ենթակային մօտ, նկատուած է, թէ սկիզբնական ամիսներուն կը գանգատին բերնի չորութենէ եւ թէ խօսելու ու ճաշելու ժամանակ իրենց վերի ծնօտոսկրի ատամնաշարը անկումի կ'ենթարկուի: Այս պարագային բացատրութիւնը կարելի է տալ հետեւեալ կերպով, կեղծ ատամնաշարի գործածութեան առաջին օրերուն ենթական կ'ունենայ ջղային վիճակ մը, օտար մարմին մը ունենալով բերնին մէջ. այդ պատճառով ալ բերնի մկանային դրութիւնը կ'ենթարկուի յաջորդական պրկումներու եւ թուլութեան, անկայունութեան դատապարտելով կեղծ ատամնաշարը: Պէտք է հոս վերյիշել անձին հոգեբանական անկանոն վիճակը, որ բերնի չորութեան պատճառը կը հանդիսանայ:
  13. Ծխախոտը.- Ծխախոտին պարունակած նիքոթինը, որ ճանչցուած է ջիղերուն վրայ ունեցած իր ազդեցութեամբ, թէ նոյնպէս բերնի չորութիւն յառաջ կը բերէ ծխողներուն մօտ:

ԱԽՏԱՆՇԱՆՆԵՐ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերնի յուզաթաղանթը կը գտնենք չոր, փայլուն, ողորկ եւ ենթակայ արիւնահոսութեան:

Շրթունքներուն անկիւնները ճեղքեր ցոյց կու տան, իսկ լեզուն կը ծածկուի ճերմակ քօղով մը, գարշահոտութիւն պատճառելով: Ենթակային ծամելու կարողութիւնը կը դժուարանայ սաստիկ ցաւերուն պատճառաւ, որոնք հետեւանքն են յառաջ եկած բորբոքումներու:

ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պէտք է նախ գիտնալ բերնի չորութիւնը յառաջացնող պատճառը, ապա այդ ուղղութեամբ դարմանումի ձեռնարկել: Երբ գեղձերու ջղային դրութիւնը անվնաս վիճակի մէջ է, կը յանձնարարուի լորձնաբեր դեղեր կամ թթու լուծոյթներ գործածել: Կեղծ ատամնաշարներու գործածութեան պարագային, բերնի յուզաթաղանթը անվնաս եւ զերծ պահելու համար բորբոքումներէ, կ'առաջարկուի մասնաւոր ձէթեր գործածել, հեռու մնալու համար անհաճոյ բարդութիւններէ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Զգոյշ», Առողջապահական-նախազգուշական պարբերաթերթ, Գ.տարի,թիւ 2,2017,էջ (30-31-32)