Աւետիք Եւդոկիացի (Թոխաթցի)

Աւետիք Եւդոկիացի
Ծնած է 1 Ապրիլ 1657(1657-04-01)[1]
Ծննդավայր Եւդոկիա
Մահացած է 10 Յուլիս 1711(1711-07-10)[1] (54 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրիչ, բանաստեղծ, քահանայ
Վարած պաշտօններ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան[1]

Աւետիք Եւդոկիացի (Թոխաթցի) (1 Ապրիլ 1657(1657-04-01)[1], Եւդոկիա - 10 Յուլիս 1711(1711-07-10)[1], Փարիզ, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[1]), պատրիարք, հայ գրիչ եւ տաղերգու, եկեղեցական գործիչ։ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք (1702–1706): Հակակաթոլիկական գործունէութեան համար աքսորուեր է Ասորիք (1703), ազատուեր եւ վերականգնուեր իր պաշտօնի մէջ (1704-1706

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւետիք Եւդոկիացի սերած է քահանաներու ընտանիքէ։ Մինչեւ 15 տարեկանը, հօրենական յարկի տակ, աշակերտած է հարիւրամեայ իր մեծ հօր՝ Սարգիս քահանային, ինչպէս եւ զինք մկրտած Պօղոս քահանային, որոնք կը նկատուէին իրենց ժամանակի ուսեալ մարդիկ։

1672ին, Եւդոկիոյ մէջ Յակոբ Պէլէնկցի եպիսկոպոսի նուիրակութեան շրջանին, պատանի Աւետիքին մէջ զարթնած է կուսակրօն եկեղեցականութեան փափաքը։ Երեք տարի աշակերտած է եպիսկոպոսին եւ ընկերացած՝ անոր շրջագայութեանց ընթացքին։

1675ին սարկաւագ ձեռնադրուած է եւ անբաժան ուղեկիցն ու գործակիցը դարձած Պէլէնկցի Եպիսկոպոսին՝ անոր հետ շրջելով հայկական գաւառները։ 1689ին, անոնց Սեբաստիա գտնուած միջոցին, հոնկէ անցած է Ամենայն Հայոց Յակոբ Կաթողիկոսը, որ իր հետ Կ. Պոլիս տարած է Պէլէնկցի եպիսկոպոսին, իսկ Աւետիք սարկաւագ Կաթողիկոսի ընկերակիցներէն երուսաղիմացի Սահակ եպիսկոպոսին հետ գացած է Ս. Էջմիածին։ Սահակ եպիսկոպոսին ընկերակից դառնալով, Աւետիք անոր հետ ալ յետոյ վերադարձած է Երզնկա, ուր Կապոսու կամ Կայիփոսի Ս. Յակոբայ վանքին մէջ աբեղայ եւ, ապա, վարդապետ ձեռնադրուած է։ Նշանակուած է նոյն վանքին առաջնորդը եւ ձեռնարկած շրջանէն ներս եկեղեցաշինութեան եւ դպրոցաշինութեան եռուն գործունէութեան։

Աւետիք Եւդոկիացի՝ իբրեւ իր ժամանակի հայոց քաջարի հովիւներէն մէկը, ծառացած է մինչեւ անգամ ենիչէրիներու դէմ, որոնք քրիստոնեաներու հանդէպ ամէն կարգի խժդժութիւններ կը գործադրէին։ Խոշտանգուած է ենիչէրիներու ձեռամբ, քառասուն օր անկողնոյ ծառայած է, բայց հազիւ ապաքինած՝ գացած է մինչեւ Կ. Պոլիս, որպէսզի արքունի իշխանութիւններէն անհրաժեշտ հովանաւորութիւնը ձեռք ձգէ եւ, Երզնկա վերադառնալով շարունակէ իր հօտին պաշտպանութիւնը։ Այնուհետեւ, Աւետիք Եւդոկիացի իր դէմ գտած է Կարնոյ կուսակալը, որ զինք բանտարկել կու տայ եւ երեք օր կոճղի մը կը կապէ՝ անօթի ձգելով։ Բայց յաջողած է վերականգնիլ այս հարուածէն ալ եւ յատուկ ատեանի առջեւ արդարանալ իբրեւ իր հօտին նուիրեալ հովիւը։

Իր այդ վարքին համար, Երզնկայի Սահակ Կիւմիշխանացի եպիսկոպոսէն ծայրագոյն վարդապետի գաւազան ստացած է, իսկ Ս. Էջմիածին երթալով, եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 1691ին։ Երզնկա վերադարձին, երբ ուղղակի իր կեանքին սպառնացած են, վերադարձած է Ս. Էջմիածին, ուր նոյն տարին, Ամենայն Հայոց Նահապետ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուած է Կարնոյ հայոց առաջնորդ։ Այս շրջանին զուգադիպած է Մխիթար Սեբաստացիի Բասէնի վանքին մէջ հաստատուելու գործունէութիւնը, որուն մօտենալու եւ ներգրաւելու յիշատակելի ճիգ թափած է Աւետիք եպիսկոպոս։

Կարնոյ առաջնորդութեան շրջանը տասը տարի տեւած է, որմէ ետք Աւետիք Եւդոկիացի ընտրուած է Կ. Պոլսոյ Պատրիարք, 1702ին։ Ընտրութիւնը տեղի ունեցած է ճիշդ այն ժամանակ, երբ Սուլթանին եւ Ֆրանսայի թագաւորին միջեւ Երուսաղէմի սրբավայրերուն վրայ հակակշռի հարցով լարուածութիւնը իր գագաթնակէտին հասած էր։ Հռոմի Պապը իր ազդեցութեան տարածման լծակի վերածած էր Ֆրանսայի դեսպանը, որ ի սպաս լատինականութեան ձեռնարկած էր հայ թէ յոյն եկեղեցականները դաւանափոխ դարձնելու արշաւին։ Երուսաղէմի միաբանութենէն շարք մը եկեղեցականներ, հետեւաբար, ըմբաստացած էին Երուսաղէմի Մատթէոս Պատրիարքին դէմ։

Այդ ծանրագոյն ժամանակաշրջանին Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուելով եւ իբրեւ նստավայր նախընտրելով հաստատուիլ ու գործել Եւրոպայի մերձաւոր Ադրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) մէջ, Աւետիք Եւդոկիացի օսմանեան արքունիքէն ձեռք ձգած է սուլթանական հրովարտակ մը (Օրմանեանի համաձայն՝ 13 Յուլիս 1702 թուակիր), որուն վրայ հիմնուելով պաշտօնապէս հռչակուած է նաեւ Երուսաղէմի հայոց Պատրիարք։

Աւետիք Պատրիարք, Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ֆրանսայի դեսպանին հետեւողական պահանջներուն եւ ճնշումներուն հետեւանքով, ի վերջոյ շնորհազուրկ դարձած է յաչս Սուլթանին, պաշտօնանկ ըլլալով եւ 1706ին առեւանգուած ու աքսորուած է Ֆրանսա, ուր Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւորը հայոց պատրիարքին շղթայակապ բանտարկել տուած է նախ Ս. Միքայէլի վանքէն ներս, ապա՝ նոյնինքն Պասթիյի մէջ։

Կաթողիկէ Եկեղեցին Աւետիք Պատրիարքը բանադրած է իբրեւ հերետիկոս եւ հերձուածող ու Ֆրանսայի թագաւորին վրայ ամէն ճնշում գործադրած, որպէսզի «դարձ»ի բերուի՝ ի հարկին ֆիզիքական ծեծի, բանտային չարչարանքի եւ հաւատաքննչական ճնշումի տակ։ Դեկտեմբեր 1706էն մինչեւ 1710ի տարեվերջը, Աւետիք Պատրիարք բանտային կալանքի տակ ապրած է։ Պատրիարքարանի շրջապատը եւ Ադրիանուպոլսոյ թէ Կ. Պոլսոյ ազդեցիկ հայերը եւ զինք սիրողները նիւթական եւ քաղաքական մեծ զոհողութեանց դիմած են, որպէսզի կարենան իր կալանաւորման տեղը գտնել եւ օգնութեան ձեռք երկարել, բայց այդ բոլոր ճիգերը ապարդիւն մնացած են։

Աւետիք Պատրիարք Պասթիյէն ազատ արձակուած է միայն դաւանափոխ դառնալէ ետք,[2] 1711ի Յունուարին, երբ արդէն խորտակուած էր ֆիզիքապէս թէ հոգեպէս։ Բայց դաւանափոխութիւնն ալ բաւարար չնկատուեցաւ, որպէսզի Եւդոկիացի կարենար պահպանել Եպիսկոպոսական իր աստիճանն ու համապատասխան եկեղեցական ծառայութեան իրաւասութիւնը։ Ան նկատուեցաւ պարզ քահանայ մը, որ միայն պատարագելու իրաւունք ունէր։ Հիւծած մարմնով ու քայքայուած առողջութեամբ՝ Աւետիք Եւդոկիացի ապրեցաւ իր կեանքի վերջին վեց ամիսները, բուսաբանական այգիներու մնայուն այցելուն դարձաւ, մինչեւ որ վախճանեցաւ Յուլիս 10ին, 1711ին։[3]։

Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարք կտակած է բանտային պայմաններու մէջ գրուած ու 1709ին աւարտած «Ինքնակենսագրութիւն»ը, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերեալ պատմական հարուստ սկզբնաղբիւր մըն է՝ գրուած գրաբարի եւ խօսակցական աշխարհաբարի խառնուրդ հայերէնով մը։

Գրեթէ 170 տարի ձեռագիր վիճակով պահուելէ ետք, «Ինքնակենսագրութիւն»ը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1874ին, Պոլսոյ «Մասիս» օրաթերթի էջերուն մէջ (թիւ 1490–1496, 1498–1500)։ «Ինքնակենսագրութիւն»ը նաեւ սրտաճմլիկ վկայութիւնն է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ իր պատկանելիութեան համար Հայոց Պատրիարքի մը կրած ահաւոր չարչարանքներուն եւ ապրած հոգեկան անհուն տառապանքին։

Ստեղծագործական ուղի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւետիք Եւդոկիացի Պատրիարք զբաղած է գրչագրութեամբ։ Ընդօրինակած է 6 հայերէն ձեռագրեր, 5-ը՝ Պասթիլի բանտին մէջ, վերջինը 1711 թուականին՝ ազատ արձակուելէ ետք, Փարիզի մէջ (Փարիզի Ազգային մատենադարան, ձեռագիր թիւ 28, 89, 155, 156, 197, 139): Աւետիք Եւդոկիացի նաեւ գրած է տաղեր[4]՝ «Տաղ ի վերայ գարնան...», «Տաղ Աւետիքէ ասացեալ» (Մատենադարան, ձեռագիր թիւ 6517, 10167), «Տաղ Աստուածածնի» (Զմմառի մատենադարան, ձեռագիր թիւ 142), «Տաղ սուրբ Աստուածածնայ...» (Վիեննայի Մխիթարեաններու մատենադարան, ձեռ. № 156) եւ այլն: Քնարական ջերմ շունչով գրուած է անոր «Ահա եղեւ օրհնեալ գարուն» սկզբնատողով տաղը («Բազմավէպ», 1873, էջ 333)։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Չամչեանց Մ., Պատմութիւն Հայոց, հ. 3, Վենետիկ, 1786:
  • Ալպօյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952:
  • Օրմանեան Մ., Ազգապատում, հ. 2, Կ. Պոլիս, 1914:
  • Անասեան Հ., Հայկական մատենագիտութիւն, հ. 2, Ե., 1976: