Արշակ Վռամեան

Արշակ Վռամեան
Ծննդեան անուն Օննիկ Դերձակեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Արշակ Վռամեան
Ծնած է 1871[1]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 17 Ապրիլ 1915(1915-04-17)
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն Յեղափոխական, քաղաքական գործիչ
Աշխատավայր Դրօշակ
Հայրենիք
Վարած պաշտօններ գլխաւոր խմբագիր[2] եւ Օսմանեան կայսրութեան պատգամաւորներու պալատի անդամ.
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Արշակ Վռամեան (բուն անունով՝ Օննիկ Դերձակեան, 1871[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 17 Ապրիլ 1915(1915-04-17)), հայ ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Պոլսոյ Սուրէնեան վարժարանին մէջ, ապա 1889-ին Լեւոն Շանթին հետ կ’երթայ Էջմիածին, ուր կ’աւարտէ Գէորգեան Ճեմարանը։ Պոլիս վերադարձին, ռուսական նամակատան մը մէջ կը նպաստէ շոգենաւերու ուժանակի փոխադրութեան գործին։ Օկիմտա ծածկանունով կ’աշխատակցի Շահնազարի հրատարակած «Հայրենիք»-ին։

10 Օգոստոս 1896-ին կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման աշխատանքներուն, կը հալածուի եւ ամիս մը ռուսական հիւպատոսարանին մէջ պահուըտելէ ետք, կ’ապահովէ Պուլկարական անցագիրը եւ կ’անցնի Ֆիլիպէ, ուր կը զբաղի հրապարակախօսութեամբ։ 1898-ին կը մեկնի Ժընեւ, ուր կը ստանձէ Դաշնակցութեան Արեւմտեան բիւրոյի գործավարութիւնը եւ միաժամանակ կ’աշխատակցի «Դրօշակ»-ին։ Կ’անցնի Ամերիկա, ուր գործօն կերպով կը մասնակցի շրջանին մէջ Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի ստեղծման աշխատանքներուն եւ կը խմբագրէ Պոսթըն«Հայրենիք»-ը։

1907-ին կը վերադառնայ Կովկաս եւ Սահմանադրութեան հռչակման ատեն, հասարակական գործերու պատասխանատուութեամբ կ՛երթայ Վան, ու ապա կը վերադառնայ Պոլիս՝ աշխատակցելով «Ազատամարտ»-ին։ Կուսակալ Ճեւտէթ «Վանայ Իշխան»-ը կը սպաննէ։ 1908-ին, երիտթուրքերու յեղաշրջումէն ետք, կ’ընտրուի Օսմանեան Խորհրդարանի երեսփոխան։ 4 Ապրիլ 1915-ին զոհ կ՛երթայ դաւադրութեան մը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Հայաստանի գրադարանների համահավաք գրացուցակ
  2. https://armenianweekly.com/history/

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]