«Ֆրետերիք Շոփէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ 14 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
Չ . using AWB
Տող 1. Տող 1.
{{անաղբյուր}}
{{անաղբյուր}}

{{ԱՀ}}
{{արևելահայերեն|Ֆրեդերիկ Շոպեն}}
{{արևելահայերեն|Ֆրեդերիկ Շոպեն}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

10:58, 8 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:Անաղբյուր


Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Ֆրետերիք Շոբեն (Կաղապար:Լեզու pl 1 Մարտ 1810-17 Հոկտեմբեր 1849), լեհ յօրինող, երգահան։ Ծնած է 1810-ին Վարշաւայի մօտ գտնուող Ժելյազովա վոլլյա գիւղը։ Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ տաղանդաւոր դաշնակահար եր, սակայն չէր սիրեր համերգներ տալ։

Շոբեն կը համարուի «ռոմանդիգ երաժշտութեան» մեծագոյն վարպետներէն մէկը։ Գրած է դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ։ Իր մազուրկները պալատները վալսերը ճանչցուած են բոլորի կողմէ։ Ընկերը՝ Ռոպերթ Շումանը ըսած է Շոբենի ստեղծագործութիւնները կը նմանին «ծաղիկներով ծածկուած թնդանոթներու»։

Շոբենի երաժշտութեան հրաշալի հատկութիւններէն մէկը իր հասանելիութիւնն է, որ օժտուած է բացառիկ մեղեդիութեան զգացումը։ Շոբեն ըսած է, որ իր երաժշտութեան ոգին մէկ բառով կարելի է արտահայտել լեհերէն «ժալ» բառով։

Կենսագրւթիւն

Մանկութիւն

Շոբենի հայրը՝ Նիքոլա Շոփենը, ֆրանսացի էր, որ 1787-ին երբ Շոբեն 16 տարեկան էր գաղթած է Լոթարինգայէն։ 1810-ին Շոբեն մկրտուած է այն եկեղեցիին մէջ, ուր իր ծնողքը պսակուած էր։ Նոյն տարուան մէջ, Շոբենի ընտանիքը տեղափոխուեցաւ Վարշաւա, ուր հայրը պիտի դասաւանդեր ֆրանսերէն։ Շոբեն յաճախած է Վարշաւայի ճեմարանը 1823-1826 թուականներուն։ Շոբենի ընտանիքի բոլոր անդամները օժտուած էին երաժշտական յատկանիշներով։ Այսպիսով, Շոբենը, փոքր տարիքէն հմտացած է երաժշտութեան ասպարէզին մէջ։

Շոբենի առաջին դաշնամուրի ուսուցիչը եղած է Wojciech Zywny-ն։ Սակայն տաղանդաւոր Շոբենը շատ կարճ ժամանակի մէջ գերազանցեց իր ուսուցիչը։ 7 տարեկան երեխան սկսած եր արդէն մասնակցիլ ելոյթներու եւ ստեղծագործած եր 2 պոլոնեզներ։

Պատանեկութիւն

Մինջեւ 13 տարեկան Շոբենը կրթութիւնը ստացած է տունը։ 1823-ին տեղափոխուեցաւ Վարշաւայի Վարժարանը։ 1826-ին Շոբեն հետեւեցաւ երրամսիայ երաժշտական դասընթացքներու։ 1826 թուականին Շոբեն սկսաւ պաշտօնապէս ուսումնասիրել Էսների հետ երաժշտական յօրինումներ։ Այս դասընթացքներու ժամանակ Շոբեն կրկին փաստեց իր տաղանդը։

1828-ին ճամբորդութեան մը ընթացքին Շոբեն մասնակցեցաւ քանի մը համերգներու։ Տարիներու ընթացքին ան շարունակեց յօրինել եւ արժանացաւ մեծ հռչակի ոչ միայն որպէս յօրինող այլ նաեւ նուագող։ Աւելի ուշ 1830-ին Շոբեն զգալով Լեհաստանի ողբալի վիճակը (ապստամբութիւններու պատճառաւ) եւ տեսնելով Ֆրանսաի անհոգութիւնը այս վիճակի նկատմամբ գրեց «Յեղափոխական Էդիւտը Սի մինորի մէջ։

Վերջին տարիներ

Շոբենի փառքը կը նուազեր։ 1848-ին Փարիզի մէջ ան տուաւ իր վերջին համերգը, ապա մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր մասնակցեցաւ քանի մը համերգի։ Շոբեն կը տառապեր անբուժելի հիւանդութենէ, եւ այդ պատճառաւ չկրցաւ դասաւանդել։ Աղքատութեան հետեւանքով ան չէր կրնար գոհացնել իր կարիքները։ Մահացաւ 1849-ին 39 տարեկանին։


Կատեգորիա:1 Մարտի ծնածներ Կատեգորիա:17 Հոկտեմբերի մահացածներ