«Կիլիկիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
No edit summary |
Չ →Պատմութիւն: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ւ ,փ → ւ, փ (2) oգտվելով ԱՎԲ |
||
Տող 17. | Տող 17. | ||
Կիլիկիոյ մասին առաջին վկայութիւնները կը հասնին նախնադար՝ մեզմէ աւելի քան տասը հազար տարի առաջ՝ նոր քարի դարի, պղինձի եւ պրոնզի դարաշրջաններ։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ, հոգեւոր շինութիւններ, քաղաքներու ու գիւղերու մնացորդներ։ |
Կիլիկիոյ մասին առաջին վկայութիւնները կը հասնին նախնադար՝ մեզմէ աւելի քան տասը հազար տարի առաջ՝ նոր քարի դարի, պղինձի եւ պրոնզի դարաշրջաններ։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ, հոգեւոր շինութիւններ, քաղաքներու ու գիւղերու մնացորդներ։ |
||
Առաջին յիշատակումը կը թուագրուի [[ք.ա. II հազարաեակ]]ին, երբ ան կը նուաճուի Խեթական թագաւորութեան կազմին մէջ։ Մինչ այդ Կիլիկիոյ տարածքը մտած է [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի այլ պետություններու կազմին մէջ՝ [[Հին Եգիպտոսի թագաւորութիւն]], [[Աքքադ]], [[Էբլա]], [[Ասորեստան]]։ Խաթթիի անկումէն ետք՝ [[ք.ա. XII դար]]էն սկսեալ, Կիլիկիոյ տարածքին կային մի քանի անկախ թագաւորութիւններ։ Անոնք կը հիմնադրուէին գլխաւորապէս արամեանցիներու |
Առաջին յիշատակումը կը թուագրուի [[ք.ա. II հազարաեակ]]ին, երբ ան կը նուաճուի Խեթական թագաւորութեան կազմին մէջ։ Մինչ այդ Կիլիկիոյ տարածքը մտած է [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի այլ պետություններու կազմին մէջ՝ [[Հին Եգիպտոսի թագաւորութիւն]], [[Աքքադ]], [[Էբլա]], [[Ասորեստան]]։ Խաթթիի անկումէն ետք՝ [[ք.ա. XII դար]]էն սկսեալ, Կիլիկիոյ տարածքին կային մի քանի անկախ թագաւորութիւններ։ Անոնք կը հիմնադրուէին գլխաւորապէս արամեանցիներու, փիւնիկեցիներու կամ յոյներու կողմէն։ Պետութեան ամենայայտնի մայրաքաղաքներէն էր Ատանան, որ այն հին արձանարութիւններուն մէջ կոչուած էԱդանավանա։ Կիլիկիոյ քաղաքները աշխոյժ առեւտրական կապեր կը հաստատէին [[Արեւելեան Միջերկրական]]ի ([[Փիւնիկիա]], [[Քանաան]]) քաղաք–պետութիւններու հետ։ Կիսանկախ այս վիճակը կը տեւէ մինչեւ [[ք.ա. VI դար]]ը, երբ Կիլիկիան կը մտնէ Աքեմենեաններու թագաւորութեան կազմին մէջ։ [[Ք.ա. 333]] թուականին Կիլիկիան կը նուաճուի [[Ալեքսանտր Մակեդոնացի]]ի կողմէ։ Վերջինիս մահէն ետք տէրութիւնը կը բաժանուի երեք մասի՝ [[Մակեդոնիա]]ն արեւմուտք՝ [[Յունաստան]]ի հետ միասին, Եգիպտոսը՝ հարաւ՝ Պտղոմէոս զօրավարի ենթակայութեան տակ, իսկ մնացած ամբողջ տարածքները կ'անցնին [[Սեւկոս Նիկատոր]] զօրավարին, ով կը հիմնէ Սելեւկեան տէրութիւնը ([[ք.ա. 297]] - [[ք.ա. 84]])։ |
||
[[Ք.ա. 84]] թուականին Դաշտային Կիլիկիան կը մտնէ Տիգրան Մեծի հայկական աշխարհակալ տէրութեան կազմի մէջ։ Շուտով հայոց թագաւորը կը կործանէ Արեւելքի ժողովուրդներուն բռնութեամբ զաւթած այդ կայսրութիւնը։ Միւս կողմէ, ան թոյլ տուած էր Պարթեւական թագաւորութեանը։ Սակայն այս իրավիճակը երկար չի տեւէր եւ տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուի նոր բռնապետական կայսրութիւն։ Արտաշատի պայմանագիրին համաձայն, [[ք.ա. 66]] թուականին Կիլիկիան կ'անցնի [[Հռոմի հանրապետութիւն|Հռոմի հանրապետութեան]]ը եւ անոր կազմին մէջ կը մնայ շուրջ կէս հազարամեակ։ [[395]] թուականին, Հռոմէական կայսրութեան բաժանումի հետեւանքով, Կիլիկիան կը յայտնուի Բիւզանդիոյի կազմին մէջ։ |
[[Ք.ա. 84]] թուականին Դաշտային Կիլիկիան կը մտնէ Տիգրան Մեծի հայկական աշխարհակալ տէրութեան կազմի մէջ։ Շուտով հայոց թագաւորը կը կործանէ Արեւելքի ժողովուրդներուն բռնութեամբ զաւթած այդ կայսրութիւնը։ Միւս կողմէ, ան թոյլ տուած էր Պարթեւական թագաւորութեանը։ Սակայն այս իրավիճակը երկար չի տեւէր եւ տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուի նոր բռնապետական կայսրութիւն։ Արտաշատի պայմանագիրին համաձայն, [[ք.ա. 66]] թուականին Կիլիկիան կ'անցնի [[Հռոմի հանրապետութիւն|Հռոմի հանրապետութեան]]ը եւ անոր կազմին մէջ կը մնայ շուրջ կէս հազարամեակ։ [[395]] թուականին, Հռոմէական կայսրութեան բաժանումի հետեւանքով, Կիլիկիան կը յայտնուի Բիւզանդիոյի կազմին մէջ։ |
21:31, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ
Կաղապար:ԱՀ Կիլիկիա (յուն.՝ Κιλικία, լատ.՝ Cilicia, միջին պարսկերէն՝ Klikiyā, պարթեւերէն՝ Kilikiyā, թուրք.՝ Kilikya), Փոքր Ասիոյի հարաւ աեւելեան հատուածը ընդգրկող շրջան։ Որպէս վարչաքաղաքական հատուած՝ եղած է առանձին միաւոր՝ Խեթական թագաւորութեան ժամանակներէն մինչեւ Բիւզանդական կայսրութիւն՝ աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր տարի։ Այժմ գրեթէ ամբողջութեամբ կը պատկանի Թուրքիոյ Հանրապետութեան, բացի Քեսապի շրջանէն (Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւն)։
Անուանում
«Կիլիկիա» անուանումը առաջին անգամ կը հանդիպի աքքատական արձանագրութուններու մէջ՝ Hilakku ձեւով։ Ոմանք կ'ենթադրեն, որ «Կիլիկիա» անուանումը առաջացած է եբրայերէն ֆելկիմ, ֆաչեկ կամ յունարէն կալիս, կալիկա ― «քարքարոտ» բառերէն։
Հայերու մօտ Կիլիկիան յայտնի եղած է Սիսուան անունով[1]։
Աշխարհագրութիւն
Կիլիկիան կը գտնուի Փոքր Ասիոյի հարաւ արեւելեան մասին մէջ։ Անոր հարաւը Միջերկրական ծովն է, հիւսիսը՝ Հայկական (Արեւելեան) Տաւրոս լեռնաշղթան։ Անոր կեդրոնական մասը կը հոսին Սարոս (այժմ՝ Սեյհան), Ճէյհան եւ այլ գետեր, որոնք սկիզբ կ'առնեն Հայկական լեռնաշխարհէն։ Կիլիկիան անմիջապէս հարեւան է պատմական Հայաստանի գաւառներէն՝ կը սահմանակցի Փոքր Հայքին։
Կիլիկիան վաղնջական ժամանակներէն բնակեցուած է խեթերով, խուռիներով, յոյներով, ասորիներով եւ սեմական այլ ժողովուրդներով, ինչպէս նաեւ՝ հայերով։ Այս ժողովուրդներուն, առաջին հերթին՝ յոյներուն կը վերագրուի Կիլիկիոյ բաժանումը երեք խոշոր հատուածներու՝ Լեռնային Կիլիկիա, Դաշտային Կիլիկիա եւ Բլրոտ Կիլիկիա։
Յայտնի քաղաքներէն էին Տարսոնը, Ատանան, Զեյթունը, Սիսը, Այասը։ Վերջինս կը գտնուէր Սարոս գետի երկու ափերուն՝ համանուն Այասի ծոցին։ Կիլիկիոյ թագաւորութեան գոյութեան դարաշրջանին եւ ատկէ եսք ան կը կոչվուէր Հայկական ծոց (այժմ՝ Իսքենդերունի ծոց, թուրք.՝ İskenderun Körfezi)։ Այժմ Ատանա քաղաքը Թուրքիոյ խոշորագոյն քաղաքներէն է, թիւով չորրորդը՝ Իսթանպուլէն (յունարէն՝ Κωνσταντινούπολις, Կոնստանդնուպոլիս), մայրաքաղաք Անգարայէն (յունարէն՝ Άγκυρα, նախկին Անգորա) եւ Իզմիրէն ետք (յունարէն՝ Σμύρνη, Զմիւռնիա)։ Արեւմտեան հատուածին մէջ Անթալիոյ ծովածոցն է՝ համանուն նաւահանգիստով, իսկ արեւելքին՝ Իսքենդերուն ռազմական նաւահանգիստը (յունարէն՝ Αλεξανδρέττα, Ալեքսանդրետտա)։ Թուրքիոյ կազմին մէջ կը մտնէ նաեւ հնագոյն քաղաքներէն Անտիոքը յուն.՝ Ἀντιόχεια, ասորերէն՝ ܐܢܛܝܘܟܝܐ), որ այժմ վերանուած է Անթաքեայ (թուրք.՝ Antakya), որ Սուրիայէն, Ալեքսանդրէտի շրջանի հետ 1923 թուականին Ֆրանսան բռնակցած էր Թուրքիոյ։
Պատմութիւն
Կիլիկիոյ մասին առաջին վկայութիւնները կը հասնին նախնադար՝ մեզմէ աւելի քան տասը հազար տարի առաջ՝ նոր քարի դարի, պղինձի եւ պրոնզի դարաշրջաններ։ Յայտնաբերուած են բազմաթիւ բերդեր ու ամրոցներ, հոգեւոր շինութիւններ, քաղաքներու ու գիւղերու մնացորդներ։
Առաջին յիշատակումը կը թուագրուի ք.ա. II հազարաեակին, երբ ան կը նուաճուի Խեթական թագաւորութեան կազմին մէջ։ Մինչ այդ Կիլիկիոյ տարածքը մտած է Մերձաւոր Արեւելքի այլ պետություններու կազմին մէջ՝ Հին Եգիպտոսի թագաւորութիւն, Աքքադ, Էբլա, Ասորեստան։ Խաթթիի անկումէն ետք՝ ք.ա. XII դարէն սկսեալ, Կիլիկիոյ տարածքին կային մի քանի անկախ թագաւորութիւններ։ Անոնք կը հիմնադրուէին գլխաւորապէս արամեանցիներու, փիւնիկեցիներու կամ յոյներու կողմէն։ Պետութեան ամենայայտնի մայրաքաղաքներէն էր Ատանան, որ այն հին արձանարութիւններուն մէջ կոչուած էԱդանավանա։ Կիլիկիոյ քաղաքները աշխոյժ առեւտրական կապեր կը հաստատէին Արեւելեան Միջերկրականի (Փիւնիկիա, Քանաան) քաղաք–պետութիւններու հետ։ Կիսանկախ այս վիճակը կը տեւէ մինչեւ ք.ա. VI դարը, երբ Կիլիկիան կը մտնէ Աքեմենեաններու թագաւորութեան կազմին մէջ։ Ք.ա. 333 թուականին Կիլիկիան կը նուաճուի Ալեքսանտր Մակեդոնացիի կողմէ։ Վերջինիս մահէն ետք տէրութիւնը կը բաժանուի երեք մասի՝ Մակեդոնիան արեւմուտք՝ Յունաստանի հետ միասին, Եգիպտոսը՝ հարաւ՝ Պտղոմէոս զօրավարի ենթակայութեան տակ, իսկ մնացած ամբողջ տարածքները կ'անցնին Սեւկոս Նիկատոր զօրավարին, ով կը հիմնէ Սելեւկեան տէրութիւնը (ք.ա. 297 - ք.ա. 84)։
Ք.ա. 84 թուականին Դաշտային Կիլիկիան կը մտնէ Տիգրան Մեծի հայկական աշխարհակալ տէրութեան կազմի մէջ։ Շուտով հայոց թագաւորը կը կործանէ Արեւելքի ժողովուրդներուն բռնութեամբ զաւթած այդ կայսրութիւնը։ Միւս կողմէ, ան թոյլ տուած էր Պարթեւական թագաւորութեանը։ Սակայն այս իրավիճակը երկար չի տեւէր եւ տարածաշրջանին մէջ կը յայտնուի նոր բռնապետական կայսրութիւն։ Արտաշատի պայմանագիրին համաձայն, ք.ա. 66 թուականին Կիլիկիան կ'անցնի Հռոմի հանրապետութեանը եւ անոր կազմին մէջ կը մնայ շուրջ կէս հազարամեակ։ 395 թուականին, Հռոմէական կայսրութեան բաժանումի հետեւանքով, Կիլիկիան կը յայտնուի Բիւզանդիոյի կազմին մէջ։
Յետագային ան կը դառնայ կռուախնձոր արաբներիու եւ Բիւզանդիոյ միջեւ, մինչեւ 965 թուականին Նիկեփորոս Փոկաս կայսրը վերջնականապէս կ'ազատագրէ իսլամներու լուծէն։
Արդէն 11-րդ դարու վերջ, սելճուք թուրքերէն Մանազկերտի մէջ կրած պարտութեան հետեւանքով Բիւզանդիան կը կորսնցնէ վերահսկողութիւնը Կիլիկիոյ նկատմամբ, ուր 1080 թուականին Ռուբէն Ա.-ն կը հիմնէ հայկական իշխանութիւն։ Ան յետագային կը վերածուի թագաւորութեան։ Սակայն շուտով Կիլիկիան կ'ենթարկուի Եգիպտոսի մեմլուքներու աւերիչ յարձակումներուն, մինչեւ որ կը նուաճէ անոնց կողմէ 1375 թուականին։
Չնայած լեռնային որոշ շրջաններուն մէջ իրենց անկախութիւնը պահպանեցին քանի մը հայկական իշխանութիւններ։ Անոնցմէ Զէյթունը պահպանեց իր կիսանկախ վիճակը մինչեւ 1915 թուական։ 1515 թուականին Կիլիկիան կը նուաճուի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Չնայած դարաւոր օտար տիրապետութեան, մինչեւ 1915 թուական Կիլիկիոյ հայ ժողովուրդը մեծ քանակ կը կազմէր։ 1909 թուականին Կիլիկիոյ մէջ տեղի կ'ունենայ Երիտթուքերու կողմէ կազմակերպուած Կիլիկիոյ հայութեան կոտորած։
Վեց տարի անց Կիլիկիան հայաթափ կ'ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով։ Չնայած ծանր կորուստներուն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած շատ հայեր շուտով սկսան վերադառնալ Կիլիկիա, որ ըստ Սեւրի պայամանգրին պէտք է անցնէին Ֆրանսան։ Սակայն թուրքական գրոհներու ներքեւ, Ֆրանսան միայնակ կը թողնէ հայ գաղթականներուն։ Չնայած հերոսական դիմադրութեան գերակշռող ու զինուած թուրք հրոսակներուն, հայ ժողովուրդը կրկին անգամ կը թողնէ Կիլիկիան։ Իսկ 1921-ին կնքուած Անգարայի պայմանագիրով Ֆրանսան կը յանձնէ Կիլիկիան Թուրքիոյ։
Ծանօթագրութիւններ
- ↑ Հ. Ղ. Գրգեարյան, Ն. Մ. Հարությունյան (1987)։ Աշխարհագրական անունների բառարան։ Երևան: «Լույս»