«Քրիսթիանօ Ռոնալտօ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 1. Տող 1.
{{արևելահայերեն|Կրիշտիանու Ռոնալդու}}
{{արևելահայերեն|Կրիշտիանու Ռոնալդու}}
{{ԱՀ}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն = «ՔրիսթիանօՌօնալտու»
| անուն ազգանուն = «ՔրիսթիանօՌօնալտու»

06:41, 20 Փետրուար 2018-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (Կաղապար:Լեզու pt, ծնած է 5 Փետրուար 1985), ան կը խաղայ իր ազգային խումբէն եւ խմբապէտն է, միեւնոյն ատէն Սպանիոյ Րէալ Մատրիտ խումբէն իբրեւ յարձակող։ 2008 թուական ին ան ստացաւ Ոսկիէ գնդակը իբրեւ աշխարհի լաւագոյն խաղացող, շարունակ իր աշխատանքով ան 2013 եւ 2014 թուականներուն եւս ստացաւ Ոսկիէ գնդակը ան նաեւ շահեցաւ «UEFA»-ի լաւագոյն խաղացողը 2013-2014 տարեշրջաններուն։ 2014 Յունուար-ին ան նշանակեց իր 400րդ «goal»-ը եւ ան արդէն 28 տարեկան էր։ Ռոնալտօն առաջին փորթուկալցի ոտնագնդակ խաղացողն է որ ստացած է 3 անգամ Ոսկիէ գնդակը եւ 4 անգամ ոսկիէ կոշիկը իբր ամենաշատ «goal» նշանակողը։ 2015 թուականին Ռոնալտօն անուանուեցաւ Փորթուկալի բոլոր տարիներու լաւագոյն խաղացողը ։ 1997 թուականէն մինչեւ 2003 թուական ան խաղցած է Փորթուկալի «Սփորթինկ» խումբէն ապա 2003 թուական-ին գնաց Անգլիոյ Մանչսթր Խումբին մէջ, ան շահած է զանազան բաժակներ Մանչսթրի հետ եւ աշխարհի լաւագոյն խաղացող 2008 թուականին։ 2009 թուականին փոխադրուեցաւ Սպանիոյ Րէալ Մատրիտ խումբին մէջ եւ այդ թուականին ան եղաւ աշխարհի ամենայ սուղ խաղացողը։ 2012 եղաւ առաջին խաղացողը որ «goal» նշանակեց բոլոր Սպանիոյ խումբերու դէմ։ Ան այս դարուս Սպանիոյ ամենաշատ «goal» նշանակող անձն է։ 2003-ին ան իր առաջին խաղը խաղցաւ եւ ան 18 տարեկան էր։ 2004 թուականին Եւրոպայի խաղերուն նշանակեց իր ազգային խումբին առաջին «goal»ը Յունաստանի դէմ եւ օգնեց իր խումբին աւարտական խաղին մասնակցելու:

Կենսագրութիւն

Ռոնալտօ ծնած է Փորթուկալի Սանթու Անթոնիու շրջանին մէջ, անդրանիկ զաւակն է Մարիա Տոլորես Տուշ Սանթուշ Աւեյրոյ եւ Ժոզէ Տինիս Աւեյրույի: Իր հայրը Ռոնալտօ ընտրած է Միացեալ նահանգններու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկընի պատուին: Ան Կաթողիկէ ընտանիքի զաւակ է, ան 14 տարեկանէն իր մօրը համոզած է որպէսզի մտնէ ոտնագնդակ խաղալու:

Մասնակցած խումբերու շարքեր

1997 թուականին մաս կազմած է Փօրդուկալի Սբորդինկ խումբին մէջ: 2003 թուականին Սբորդինկ ընդէմ Մանչսդր Եոնայդտ խաղ տեղի ունեցաւ եւ Սբորդինկ 3-1 արդիւնքով շահեցաւ եւ այդ օրէն Մանչսդր-ի մարզիչ՝ Ալէքս Ֆէրկսնի ուշադրութիւնը գրաւեց եւ մաս կազմեց իր խումբին մէջ:Մեկնելով Մանչսդր ան եղաւ խումբին առաջին Փօրդուկալցի խաղացողը եւ ան ստացաւ թիւ 7 տարազը։ 1 Նոյեմբեր 2003 թուականին նշանակեց իր առաջին «goal»-ը, Մանչսդրի խաղացող Կէրի Նէվիլ ըսած է իր մասին թէ ան աշխարհի լաւագոյն խաղացողներէն մէկը կրնայ ըլլալ։2005 թուականին նոր իր ժամանակը նորոգեց մինչեւ 2010. Մանչսդրի հետ շահած է զանազան բաժակներ՝ ախոյանութիւն, եւրոպիոյ ամբողջ խումբերու ախոյանութիւն, անգլիոյ բաժակ եւ ամենակարեւորը ոսկիէ գնդակ իբր աշխարհի լաւագոյն խաղացող։ 2009 թուականին փոխադրուեցաւ Սբանիոյ Րէալ Մատրիտ խումբը եւ այդ թուականին ան եղաւ աշխարհի ամենասուղ խաղացողը, ան ստացաւ թիւ 9 տարազը նախագահ Ալֆրէտ Տի Սթէֆանոյի կողմէ։ Իրեն հիւրընկալեցին 80.000 մարդիկ։ Իր առաջին «goal»ը նշանակեց 27 Յուլիս 2009ին, 2010 թուականին Րաուլ Կոնզալէզ մեկնելով խումբէն ան ստացաւ թիւ 7 տարազը։ Ան Րէալ Մատրիտի ամենաշատ «goal» նշանակող անձն է մինչեւ այս օրս . ան ստացած է զանազան բաժակներ անձնական եւ խումբին ամենանշանաւորները՝ 2013 եւ 2014 թուականներուն ոսկիէ գնդակ, եւրոպայի բոլոր խումբերու ախոյանութիւն որ խումբին համար եղաւ 10րդ բաժակը։

Այլ տեղեկութիններ

Րօնալտօն ոտնագնդակ խաղալու կողքին ունի խանութ մը որ անուանած է «CR7» Փօրդուկալի մէջ ուր կը գտնենք տղու վերաբերեալ հագուստներ, կօշիկներ եւ այլ բաներ։ Րօնալտոյի հօրը մահուան պատճառը եղած է խմիջքը եւ ազդուելով Րօնալտոն ան երթուած է բնաւ չխմել . ան բարի սիրտ ունեցող անձ է, աղքատներու եւ հիւանդներու հոգատարութեամբ եւ 3 ամիս անգամ մը արիւն տալով պէտք ունեցողներոըն։

Ծանօթագրութիւն

Կատեգորիա:1985 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:5 Փետրուարի ծնածներ