«Փատուա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

No edit summary
Չ 12 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

18:12, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Փատովա

Փատովա (իտալ.՝ Padova, լատիներէն` Patavium, հնագոյն գերմաներէն` Esten), Իտալական հին պատմական քաղաք, ուր ամենահին համալսարանը հիմնուած է. Վենետկոյ մօտ։ Ս. Ղազարու Միաբանք 1802ին կը ծրագրեն այս քաղաքին մէջ վարժարան մը բանալ։ Այս ծրագիրը չիրագործուեցաւ թէեւ այդ ատեն, սակայն Մխիթարեանց հսկողութեն ներքեւ Պոլիս հայ աշակերներ եկան եւ քաղաքիս համալսարանէն ստացան բժշկական եւ այլ վկայականներ։ Առաջինն եղան երկու Պօղոս Շալեաննէր, Յարութիւն Քնռլեան եւայլն։

1834 Օգոստոսին կը բացուի հոս Մուրատեան վարժարանը՝ հետեւեալ ներքին կազմով Հ. Սամուէլ Սամսարեան՝ գործակալ եւ Հ. Մատթէոս Մաղաքեան՝ խոստովանահայր։ Մինչեւ 1845 հոս կը մնայ Մուրատեան վարժարանը եւ 1846ին Փարիզ կը փոխաադրուի։ Սակայն Մխիթարեանք չեն լքած բոլորովին Բատուան։1890ական թուականներուն Վեկետկոյ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի կարողագոյն շրջանաւարտները, խմբովին Բատուայի համալսարանը սկսան յաճախել։ Մինչեւ իսկ 14ի բարձացած է անոնց թիւը. վերջերս նուազեցաւ այդ թիւը։ Հոս հաստատուած է Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի նախկին երէց աշակերտներէն բժշկապետ Եդուարդ Արսլանեան, բնիկ Խարբերդցի որ ունի իր առանձին բուժարանը, մասնագէտ է քթի, կոկորդի եւ ականջի հիւանդութեանց։

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վրդ. Պոտուրեան, Տպ. Պուքրէշ, 1938, էջ 374-375

Կատեգորիա:Իտալիոյ քաղաքներ