«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Պէտքը չիկա այս մանրամասնութեանղ Ջնջել
Տող 13. Տող 13.


Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:
Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:

Իր նամակներէն մէկ քանիները որոնք իր զաւակը Պրն. Լեւոն Տնտեսեան՝ ազնուութիւնը ունեցաւ մեր տրամադրութեան տակ դնելու, նոյնութեամբ կը հրատարակենք հոս: Այդ գրութիւնները կը նկարագրեն այդ կողմերու վիճակը նոյն թուականներուն:

[[1862]] [[Յուլիս 9]].Իզմիր

Առ Արգոյ Յովհաննէս աղա Գօլանճեան,
Իմ սիրելի ընտանիք, և ազնիւ եղբարք ու բարեկամք:
Այս առագին անգանմ է որ նամակով պիտի տեսնըվինք մեր բացակայութեան առթիւ, գիտէնք, թէ որչափ ծանր է ասի իմ սրտիս. վասնզի բացակայութեան ատեն ինչպէս որ աւելի քաղցր է ինձ ձեր ազնիւ յիշատակը, հաւաստի եմ որ ձեզի ալ այնպէն է. ուստի այն նամակաւս պատիւ ունիմ ծանուցանելու ձեզ թէ կիրակի առաւօտ, Կէլի-Պօլու, Չանագգալէ և երեկոյին Միտիլլի կղզին հանդիպելով, երկուշաբթի առաւօտ ժամը ինն ու կէսին Զմիւռնիա հասանք, ամենայն ապահովութեամբ և հանգստութեամբ: Սիրելի եղբայր թէև մեղի համար ձեր աշխատութիւնը չափազանց եղած է, այլ վստահ ըլլալով ձեր աշխատությունը չափազանց եղած է, այլ վստահ ըլլալով ձեր ազնիւ սրտին, կը համարձակիմ կրկին ձանձրութիւն տալ ձեզ.վասնզի Սեր օրագրին բաժանորդագին 50 ղրուշ հատուցած ըլլալովս, մնացած 70 ղրուշն ալ յարմար առթիւ մը հատուցանել բարեհաճիք ու մնացած թիւերն ալ դուք ընդունիք.ասոր թիւերէն ձեր քովը եղածները(կարծեմ մենք չենք առած զանոնք) կարգով քննեցէք և թէ որ պակաս կայ, ուղելով այնպէս հատուցէք ստակը, և այն 70 ղրուշն ալ մեր հաշուին անցուցէք:

Առ այժմ աւելի գրելու ժամանակ չունենալով կը յուսամ որ կը ներեն իմ սիրելի եղբայրներս. ուստի մասնաւորապէս բարևելով իմ սիրելի ընտանիքս և համայն հաւատարիմ բարեկամներս ու ծանօթներս, և ձեր Ամենայն բարօրութիւնս լսելու ակն ունենալով մնամ...

Ե.Մ.Տ.
1862 Յուլիս 14.Տարսոն


[[Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով]]
[[Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով]]

16:52, 31 Յուլիս 2014-ի տարբերակ

Եղիա Տնտեսեան

Եղիա Տնտեսեան ծնած է 1834 Մարտ 29ին Պոլիսի Օրիթագիւղ թաղին մէջ և զաւակն էր դպիր և թարգմանչաց վարժարանի տնտես Մկրտչի ուրկէ մնացած է նոյն մականունը: Իր նախնական ուսումը կը ստանայ նոյն թաղին ազգային վարժարանին մէջ ուր այդ թուականին կը դասախօսէր Գրիգոր վարժապետ (յետոյ Օրթագիւղի Տէր Պօղոսը) ուրկէ կ'ուսանի նաև Հայ երաժշտուրեան սկզբունքները:

1848ին հազիւ 14 ամեայ պատանի մը, աւարտած նոյն ատենի դպրոցական շրջանը, կը մտնայ Օրթագիւղի Արապեան տպարանը իբր աշակերտ ուր 4 տարի անընդհատ կը նուիրէ ինքզինքը հմտանալու համար տպագրական արուեստին նախնական գաղտնիքներուն:

Սակայն աւելի հրապուրիչ ու գեղեցիկ կ'երեւնայ իրեն ուսուցչութեան ասպարէզը որով 1852ին թողլով տպարանը պաշտօն կ'ստանայ ազգային վարժարանին մէջ:

1861ին կը հրատարակէ իր առաջին երկը ծաղկաքաղ կաթողիկեայց թուղթերու մեկնութեանց:

Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ:

Երիտասարդ ուժեր բնական բերունով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուեր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսում ու կրթութիւն տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները և այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ կաւարեալ հոսանքին: Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաև գաղտնի հեռաւոր մպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը: Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան(Ատենապետ) Գէորգ Զարդարեան, Եղիա Տնտեսեան, Յ.Գօլանճեան եւլն.:

Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն 1862 Յուլիսին:

Կատեգորիա:Անձինք այբբենական կարգով Կատեգորիա:Հայեր Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ