«Մովսէս Տէր Գալուստեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: չ: → չ։
Տող 28. Տող 28.
| ստորագրութիւն =
| ստորագրութիւն =
}}
}}
'''Մովսէս Տէր Գալուստեան (Ա. Լէյլանի)''', ([[1895]], [[Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղ]] - [[1984]], [[Պէյրութ]])։ Երեսփոխան ու ազգային-հասարակական գործիչ:
'''Մովսէս Տէր Գալուստեան (Ա. Լէյլանի)''', ([[1895]], [[Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղ]] - [[1984]], [[Պէյրութ]])։ Երեսփոխան ու ազգային-հասարակական գործիչ։


Տէր Գալուստեան նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայրենի գիւղին մէջ, իր ուսումը կը շարունակէ Հալէպի մէջ։ Կը դառնայ ուսուցիչ։ Մաս կը կազմէ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան]] շարքերուն։ Մովսէս Տէր Գալուստեան կարեւոր դեր կը կատարէ մուսա լեռցիներուն լեռ բարձրանալուն ու մղած ինքնապաշտպանական կռիւներուն, հանդիսանալով անոր զինուորական ղեկավարը։
Տէր Գալուստեան նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայրենի գիւղին մէջ, իր ուսումը կը շարունակէ Հալէպի մէջ։ Կը դառնայ ուսուցիչ։ Մաս կը կազմէ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան]] շարքերուն։ Մովսէս Տէր Գալուստեան կարեւոր դեր կը կատարէ մուսա լեռցիներուն լեռ բարձրանալուն ու մղած ինքնապաշտպանական կռիւներուն, հանդիսանալով անոր զինուորական ղեկավարը։

10:44, 19 Դեկտեմբեր 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Մովսէս Տէր Գալուստեան (Ա. Լէյլանի), (1895, Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղ - 1984, Պէյրութ)։ Երեսփոխան ու ազգային-հասարակական գործիչ։

Տէր Գալուստեան նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայրենի գիւղին մէջ, իր ուսումը կը շարունակէ Հալէպի մէջ։ Կը դառնայ ուսուցիչ։ Մաս կը կազմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն։ Մովսէս Տէր Գալուստեան կարեւոր դեր կը կատարէ մուսա լեռցիներուն լեռ բարձրանալուն ու մղած ինքնապաշտպանական կռիւներուն, հանդիսանալով անոր զինուորական ղեկավարը։

Փոր Սայիտի մէջ դարձած է հայկական լեգէոնի հիմնադիրներէն եւ շուտով բարձրացած տեղակալի աստիճանին։ Նշանակալից ներդրում ունեցած է Արարայի ճակատամարտի յաղթանակին մէջ։ Եգիպտոսի մէջ աշխատակցած է «Յուսաբեր»ին մէջ, Ա. Լէյլանի ծածկանունով։ 1928-ին, կը հրատարակէ իր առաջին գրքոյկը։ Ընտրուած է երեսփոխան՝ Իսկէնտէրուն-Սանճաքի հայութիւնը ներկայացնելու համար սուրիական խորհրդարանին մէջ։ 1939-ին, երբ մուսալեռցիները պարտադրաբար լքեցին իրենց հայրենի գիւղը, Մովսէս Տէր Գալուստեան աշխատանք կը տանի անոնց համար նոր ապաստան մը ապահովելու՝ Լիբանանի Այնճար աւանին մէջ։ 1943-1972 երեսփոխան է լիբանանեան խորհրդարանին մէջ։ Ան դերակատար եղած է նաեւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման ու զարգացման մէջ, եղած է պաշտպան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Դաշնակցութեան ճամբով իր ամբողջ կեանքը ի սպաս դրած է հայութեան գերագոյն շահերուն համար։ Թաղուած է Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը։ 1998-ին, Մովսէս Տէր Գալուստեանի աճիւնները կը տեղափոխուին Այնճար եւ իրենց հանգիստը կը գտնեն Մուսա Լերան հերոսներուն նուիրուած յուշարձան-համալիրի կողքին։

Աղբիւրներ

Արտաքին յղումներ


Կատեգորիա:1895 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1984 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Պէյրութ մահացածներ Կատեգորիա:Հայ երեսփոխաններ (արւմտ․)