«Վարդան Կոմիկեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Վարդան Կոմիկյան}}
'''Վարդան Կոմիկեան''', հայ գրող։
'''Վարդան Կոմիկեան''', հայ գրող։



18:10, 9 Յունուար 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Վարդան Կոմիկեան, հայ գրող։

Վ.Կոմիկեան ծնած է Ատաբազար: Փոքր տարիքին հաստատուած է Գատըգիւղ,Պոլիս:Իր նախակրթութիւնը ստացած է Արամեան եւ Թորոսեան վարժարանին մէջ։ Ապա հաճախած է կեդրոնական լիսէ, զոր աւարտած է 1923 ին։ Վկայուած է իսթանպուլի համալսարանի Ատամնաբուժական ճիւղէն։

1949 էն սկսեալ, իր ասպարէզին առընթեր, վարած է հայերէնի ուսուցչութեան պաշտոններ՝ Կեդրոնական, Էսաեան լիսէներու, Դպրեվանքի մէջ եւ Ֆէրիգիւղի վարժարանը։ Վ. Կոմիկեան նպաստած է պոլսահայ գրականութեան յաոաջապահ շարժումին, նուաճելով նորավիպագրութեան արուեստը, իր բարձր թէքնիթով եւ յաղորդական գրաւիչ ոճով։ Հաճախ սրտմտութիւննէրով կը համեմէ իր նիւթերը զորս կընտրէ իր շրջապատէն, տալով առօրեայ կեանքէն իրական պատկերներ գիտէ պարզ նիւթ մը սիրելի դարձնել ընթերցոզնէրուն։

Սկսած է գրել դպրոցական շրջանէն։ Իր գրութիւնները առաջին անգամ լոյս տեսած են 1932 ին «Զարթոնք» ամսագրի մէջ, վ. սկզբնատառով. աւէլի վէրջը հրատարակուած են «Արեւելք»ի յաւելուածներուն մէջ, Վ. Հազանդ գրչանունով: Աշխատակցած է պոլսահայ գրեթէ բոլոր օրաթերթ եւ հանդէսներուն: Տուած է թարգմանութիւններ, գրադատումներ, քերթուածներ ու մասնաւորաբար պատմուածք եւ վիպակներ Խաչիկ Արմիրեանի «ճառագայթ» շաբաթաթերթին մէջ հրատարակած է «Համրիչի Հատիկներ» պատմուածքներու շարքը։

Ծանօթագրութիւններ

Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 30։

Կատեգորիա:Հայ գրողներ (արւմտ․)