«Վաղարշապատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ 14 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

17:53, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Վաղարշապատ (ճանաչելի է նաեւ Էջմիածին անունով), քաղաք Հայաստանի Արմաւիրի մարզին մէջ։ Հայաստանի քաղաքներէն մեծութեամբ 4-րդն է։ Վաղարշապատ (Էջմիածնին մէջ) կայ 5 եկեղեցի, որոնցմէ մէկը՝ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, Հայաստանի գլխաւոր եկեղեցին է եւ կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրին մէջ, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է։

Վաղարշապատն ունի գլխաւոր ճանապարհ դէպի մայրաքաղաք Երեւան։ Միացուած է Երեւանին գիւղերով։ Վաղարշապատէն դէպի Երեւան մայրուղին 15-16 քմ է։

Անուանումներ

Ըստ Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութեան», մինչեւ Վաղարշապատ կոչուիլը քաղաքը, անուանուած է Վարդգէսաւան, իսկ նախապէս՝ Արտիմեդ։

Վաղարշապատն ունի գլխաւոր ուղի դէպի մայրաքաղաք Երեւան։ Միացուած է Երեւանին գիւղերով։ Վաղարշապատէն դէպի Երեւան մայրուղին 15-16 քմ է[1] ։

Արտիմեդ

Բնակավայրի Արտիմեդ անուանումը, հաւանաբար, պայմանաւորուած եղած է այնտեղ գտնուող Արտիմեդ՝ Անահիտ աստուածուհիին նուիրուած տաճարով[1]։ Այդ ենթադրութիւնը կը հիմնաւորեն՝ 1950-ական թուականներուն, Մայր եւ Սուրբ Հռիփսիմէ տաճարներու պեղումներու ժամանակ իրենց հիմքերէն յայտնաբերուած հեթանոսական տաճարներու բեկորները[2]։

Վարդգէսաւան

Վարդգէս Մանուկը բաժնուելով Տուհաց գաւառէն, Քասախ գետով կու գայ կը նստի Շրէշ բլուրի եւ Քասախ գետի մօտ՝ Արտիմեդ քաղաք Երուանդ արքային խնամախօսելու, ուր իր անունով կը հիմնուի Վարդգէսաւանը։

Վաղարշապատ

2-րդ դարու առաջին կէսին, ըստ Մովսէս Խորենացիի, Սանատրուկ Բ.-ի որդի Վաղարշ Ա. թագաւորը Վարդգէսաւանը կը պատէ պարիսպով եւ մեծ ամբարտակով, դարձնելով թագաւորանիստ քաղաք՝ վերակոչելով այն Վաղարշապատ կամ Նոր Քաղաք, Վաղարշ Ա. Արշակունիի ժամանակից (Ք.Ե. 191-211 թուականներ)[1]։ Միջին դարերուն, յատկապէս միջնադարուն, Վաղարշապատ մերթ ընդ մերթ կոչուած է նաեւ Էջմիածին, որ համանուն վանքին եւ ո՛չ ամբողջ բնակավայրին անունն է։

Այս (Վաղարշ Ա. Արշակունին, ըստ Խորենացիի թագաւորած 191-211 թուականներուն) պատեաց պարիսպով հզօր աւանն Վարդգէսի, որուն դիմաց Քասախ գետը, զորմէ զառասպելն կ՝ըսէ Հատուած գնացեալ Վարդգէս մանուկն ի Տուհաց գաւառէն զՔասախ գետով, եկեալ նստաւ զՇրեշ բլուրով, զԱրտիմեդ քաղաքով, զՔասախ գետով կռել կոփել զդուռնն Երուանդայ արքայի։ Այս Երուանդ առաջինն է, Սակաւակեացն է, որ ի Հայկեանց, զորուն զքոյրն կին առաւ Վարդգէսի՝ շինեց զաւանս զայս, յորուն եւ Տիգրան միջին յԱրշակունեաց (Տիգրան Բ Մեծ) նստոյց զհասարակ առաջնոյ գերութեանն Հրէից, որ եղաւ քաղաքիւղ վաճառօք։ Այժմ այս Վաղարշ պատեաց պարիսպով եւ հզօր ամբարտակով, եւ անուանեաց Վաղարշապատ, որ եւ Նոր քաղաք։
- Մովսես Խորենացի


Կայնեպոլիս

163 թուականէն մինչեւ 193 թուական հռոմէացիք Վաղարշապատը նոյնիսկ մայրաքաղաք կը հռչակեն գրաւուած եւ աւերուած Արտաշատի փոխարէն եւ կ'անուանէ Կայնեպոլիս (Նոր քաղաք)[2][3]:

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:Հայաստանի քաղաքներ (արւմտ․)