«Ջիւանի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Կեանքի վերջին տարիներ: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը։Դ → ը։ Դ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 64. Տող 64.
Կեանքի վերջին տարիներուն Թիֆլիսի մէջ Ջիւանին ելոյթ կ՛ունենար վանեցի Պետրոս Ասլանեանի սրճարանին մէջ, որուն ճակատին փակցուած էր փոքր ցուցանակ մը. «Սրճարան՝ ուր երգէ աշուղ Ջիւանին»<ref>{{cite book | title=Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր | author=Շարա Տալյան | year=1973 | location=Երևան | pages=12}}</ref>։
Կեանքի վերջին տարիներուն Թիֆլիսի մէջ Ջիւանին ելոյթ կ՛ունենար վանեցի Պետրոս Ասլանեանի սրճարանին մէջ, որուն ճակատին փակցուած էր փոքր ցուցանակ մը. «Սրճարան՝ ուր երգէ աշուղ Ջիւանին»<ref>{{cite book | title=Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր | author=Շարա Տալյան | year=1973 | location=Երևան | pages=12}}</ref>։


Ժամանակ մը ետք՝ Ջիւանին իր խումբով կը տեղափոխուի Սուրբ Գէւորգ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող Հաշտոնց Գասպարի սրճարանը։Դժուարութեամբ, սրճարանատէրը կը յաջողի Ջիւանին Ասլանեանի «ձեռքէն խլել»։ «Գասպարի սրճարանը անհամեմատ աւելի ընդարձակ էր, տեղն ալ բանուկ, մարդաշատ: Սրճարանը ամէն օր լեփ-լեցուն էր բազմութեամբ»։ Գասպարի սրճարանի յաճախորդներէն եղած է ժողովրդական հերոս Անդրանիկը<ref>{{cite book | title=Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր | author=Շարա Տալյան | year=1973 | location=Երևան | pages=31}}</ref>։
Ժամանակ մը ետք՝ Ջիւանին իր խումբով կը տեղափոխուի Սուրբ Գէւորգ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող Հաշտոնց Գասպարի սրճարանը։ Դժուարութեամբ, սրճարանատէրը կը յաջողի Ջիւանին Ասլանեանի «ձեռքէն խլել»։ «Գասպարի սրճարանը անհամեմատ աւելի ընդարձակ էր, տեղն ալ բանուկ, մարդաշատ: Սրճարանը ամէն օր լեփ-լեցուն էր բազմութեամբ»։ Գասպարի սրճարանի յաճախորդներէն եղած է ժողովրդական հերոս Անդրանիկը<ref>{{cite book | title=Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր | author=Շարա Տալյան | year=1973 | location=Երևան | pages=31}}</ref>։


[[1871]] թուականէն սկսած Ջիւանին ունեցած է սեփական խումբ՝ հիմնականին բաղկացած երեք հոգիէ։ Անոր խումբի հիմնական անդամներէն էր [[աշուղ Ջամալի (արեւմտահայերէն)|աշուղ Ջամալին]]՝ Ջիւանիի կնոջ եղբայրը։ Կեանքի վերջին տարիներուն Ջիւանիի խումբը բաղկացած էր չորս հոգիէ. ինքը կը նուագէր ջութակ, Ջամալին՝ սանթուր, Ալեքսին՝ թառ, էրզրումցի Հարութիկը՝ կլառնետ<ref name="Շարա Տալյան 1973 32">{{cite book | title=Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր | author=Շարա Տալյան | year=1973 | location=Երևան | pages=32}}</ref>։
[[1871]] թուականէն սկսած Ջիւանին ունեցած է սեփական խումբ՝ հիմնականին բաղկացած երեք հոգիէ։ Անոր խումբի հիմնական անդամներէն էր [[աշուղ Ջամալի (արեւմտահայերէն)|աշուղ Ջամալին]]՝ Ջիւանիի կնոջ եղբայրը։ Կեանքի վերջին տարիներուն Ջիւանիի խումբը բաղկացած էր չորս հոգիէ. ինքը կը նուագէր ջութակ, Ջամալին՝ սանթուր, Ալեքսին՝ թառ, էրզրումցի Հարութիկը՝ կլառնետ<ref name="Շարա Տալյան 1973 32">{{cite book | title=Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր | author=Շարա Տալյան | year=1973 | location=Երևան | pages=32}}</ref>։

10:48, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Ջիւանի (Սերովբէ [1](Սերոբ) Ստեփանի Բենկոեան [2](Լեւոնեան)) (1846, Կարծախ5 Մարտ, 1909), հայ աշուղական երգարուեստի ազգային դպրոցի ներկայացուցիչ, ժողովրդական երգիչ։

Անոր ստեղծագործութիւններէն մեզի հասած է մօտ 800 երգ։ Ունեցած է բազմաթիւ շրջագայութիւններ իր խումբով, հանդէս գալով ինչպէս Հայաստանի մէջ այնպէս ալ Վրաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ։

Մասնակցութիւն բերած է նաեւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին։ Ենթարկուած է հետապնդումներու, երբեմն արգիլուած են անոր ելոյթները, բռնագրաւած են նուագարանը։ Երեւանի մէջ Ջիւանիի անուան կը գործէ աշուղական արուեստի դպրոց, անոր անունով փողոցներ կը կոչուին Երեւանի մէջ, Գիւմրիի եւ այլ շրջաններու մէջ։

Կենսագրութիւն

Սերովբէ Բենկոեան ծնած է 1846 թուականին Ջաւախքի Կարծախ գիւղին մէջ՝ ռուս-թրքական պատերազմի հետեւանքով Պասենէն գաղթած Բենկոյենց Գասպարի ընտանիքին մէջ։

Հայրը կը մահանայ երիտասարդ հասակին, իսկ մայրը կ՛ամուսնանայ եւ կ՛երթայ դրացի Դադեշ գիւղ։ Սերովբէ եւ անոր երկու եղբայրները՝ Քերոբն ու Փիլիպոսը, կը զրկուին մայրական խնամքէն։ Մօրմէ բաժանուելու վիշտին ազդեցութեան տակ ան յետագային կը գրտէ իր հռչակաւոր «Մայրիկ» երգը։ Սերովբէի հօրեղբայրը՝ Մարտիրոսը, որ Կարծախի մէջ ճանչցուած մարդ էր, իր ուսերուն կ’առնէ երեք որբուկներու խնամքը։ Ժամանակը ու պայմանները թոյլ չեն տար, որ Սերոցբէն կարողանայ օրինաւոր կրթութիւն ստանայ։ Գիւղական խալիֆայական դպրոցին մէջ նոր գրել-կարդալ սորուած էր, երբ հօրեղբայրը Սերովբէին դպրոցէն կը հանէ կը կրգէ հորթարած։

Ուսման, երգի ու երաժշտութեան հանդեպ սերը անոր մէջ կ’արթննայ արդէն վաղ հասակէն։ Անոր ընկեր Աւետիս Պողոսեանը պատմած է. «Խումբ մը պատանիներ Խոզապին լճի ափին անասուններ կ’արածէինք։ Մեզ հետ էր նաեւ Սերոբը։ Ան հազուադէպ մեզ կը մասնակցէր մեր ընկերական խաղերուն, շարունակ կ’արանձնանար, ցածր ձայնով կ’երգէր եւ հետն ալ ճիպոտի վրայ, «կը նուագէր»։ Օր մըն ալ տեսնենք այս իր հետ բերած է տախտակի կտոր մը եւ ձիու պոչէն քաշած մազ։ - Ինչի՞ համար են դրանք,- հարցուցինք անոր։ Այս թէ՝ սազ պիտի շինեմ։ Երբ մենք սովորականի պէս սկսանք մեր խաղը, Սերոբը առանձնացաւ։ Կէսօրին տեսնենք, «սազը» պատրաստ է։ Ան կ’երգէր հօրեղբայր Մարտիրոսէն սորուած երգ մը ու հետն ալ կը զարնէր «սազի լարերուն»։ Աւա՜ղ, մենք կը ծիծաշէինք ու չէինք ենթադրէր, որ մեր դիմաց կանգնած է ապագայ տաղանդաւոր աշուղ Ջիւանին»։

Ան հետաքրքրութեամբ կը լսէ Կարծախ այցելած շրջիկ աշուղներու երգն ու զրոյցը եւ անոր մէջ հետզհետէ կ’ամրապնդուի աշուղ դառնալու ցանկութիւնն ու երազանքը, եւ ինքն ալ կը սկսի երգեր յօրինել։ Համագիւղացի աշուղ Սիային, որուն սեւ ըլլալուն պատճառով զինք կը կոչէին Ղարա-Ղազար, կը նկատէ պատանիին հակումներն ու սերը եւ կը համաձայնի զայն առնել իբրեւ աշակերտ։

Ջիւանին Սիային կ’աշակերտէ հինգ տարի։ Կը սորուի ու կը հմտանայ աշուղական երգարուեստի մէջ։ Ան շուտով կը սորուի նաեւ սազ նուագել, կը տիրապետէ աշուղական արուեստի նրբութիւններուն ու իւրայատկութիւններուն, կը յօրինէ, երբեմն ալ կը գերազանցէ նաեւ իր վարպետին։ Ընդունուած կարգի համաձայն՝ աշուղ Սիային անոր հինգ տարի ետք կը շնորհէ աշուղի կոչում եւ աշուղի անուն՝ ՋիւանիԿաղապար:Ն:

Աշխատանքի բերումով 1864 թուականին Ջիւանին հօրեղբոր հետ կ’երթայ Թիֆլիս, ապա Ալեքսանդրապոլ, որ աշուղներու կեդրոն կը համարուէր։ Այստեղ ապրող ու ստեղծագործող աշուղներու մասին ան լսած էր Կարծախ այցելած աշուղներուն կողմէ։ Թիֆլիսէն դարձեալ աշխատանքի բերումով Ջիւանին կ’եթայ Ալեքսանդրապոլ եւ Տալոեաններու սրճարանին մէջ, ընդհառաջելով ներկաներուն, կ’երգէ իր յօրինած երգերը եւ գովասանքի կ’արժանանայ սրճարանին մէջ գտնուող աշուղներուն կողմէն։

Հենց այս տարիներուն Ջիւանին կը ծանօթանայ Կարծախ այցելած նորբայազետցի աշուղ Սազայի հետ, որուն համատեղ աշխատելու առաջարկը ան կ’ընդունէ։ Երկու երիտասարդ աշուղները կը սկսին միասին հանդէս գալ։ Սկզբնական շրջանին անոնք կը մնան Թիֆլիսի մէջ, ելոյթներ կ’ունենան վանեցի Կարապետ Սոնանեանցի սրճարանին մէջ[3]։ Կարճ ժամանակամիջոցի ընդաձքին անոնք ձեռք կը բերեն անուն ու հռչակ։

Ջիւանին Թիֆլիս կը մնայ մէկ տարի։ Արդէն յայտնի դարձած աշուղ Ջիւանիի Տալոեան եղբայրները կը հրաւիրեն Ալեքսանդրապոլի իրենց սրճարանին մէջ երգելու։ 1868 թուականին Ջիւանին Սազայիի հետ կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլ ։ 1871 թուականին, ան արդէն սեփական խումբ ունէր եւ մշտապէս ելոյթներ կ’ունենար Տալոեան եղբայրներու սրճարանին մէջ[4]։

1872 թուականին Ջիւանին կ՛ամուսնանայ սրճարանատիրոջ՝ Յովհաննէս Տալոեանի դստեր՝ Աշխենի հետ։ Անոնք կ’ունենան վեց զաւակ, որոնցմէ են՝ հրատարակիչ-խմբագիր, աշուղագէտ, մատենագէտ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Գարեգին Լեւոնեանը (1872-1947) եւ քաղաքական, հասարակական, ազգային գործիչ Պարոյր Լեւոնեանը (1884–1933

1895 թուականին Ջիւանին ընտանիքով կը տեղափոխուի ու կը հաստատուի Թիֆլիս, ուր կ’ապրի մինչեւ կեանքի վերջը՝ 1909 թուականը։ Հաստատուելով Թիֆլիսի մէջ՝ ան նպատակ ունէր նիւթապէս ապահովել ընտանիքը եւ կարեւորը՝ զաւակներուն լաւ կրթութիւն տալ։ Որդիներու կրթութիւնը, անոնց ապագան միշտ մտահոգութիւն տուած է աշուղին, որ արտայայտուած է նաեւ անոր շարք մը երգերուն մէջ։ Թիֆլիսի մէջ, սակայն, Ջիւանին չի կարողանար քիչ թէ շատ ապահով կեանք վարել։ Կարիքը, չքաւորութիւնը անոր մշտապէս կը հետապնդեն։ Անոր երազանքը եղած է «ունենալ շնորհք, միտք ու խելք, որ կրթեմ զաւակներս՝ չմտած դագաղ»[5] ։ Իր անուսում ըլլալուն պատճառը ան մշտապէս կը նկատէր ընտանեկան միջավայրը[6]։ Աշուղի բազմանդամ ընտանիքի նիւթական վիճակը այդպէս ալ չէր բարելաւուեր, անոր հետ օրեցօր կը վատանար անոր առողջութիւնը, աւելի կը թուլնար առանց այն ալ վատ տեսողութիւնը[7]։

1896–1900 թուականներուն Ջիւանին տեսողութիւնը վերականգնելու նպատակով կը մեկնի Պուլկարիա՝ Պլովդիվ քաղաք։ Բարեկամներու խորհուրդով ան կ’երթայ Վիեննա, կը դիմէ մասնագետներու, բայց կը վերադառնայ անարդիւնք[8]։

Կեանքի վերջին տարիներ

Կեանքի վերջին տարիներուն Թիֆլիսի մէջ Ջիւանին ելոյթ կ՛ունենար վանեցի Պետրոս Ասլանեանի սրճարանին մէջ, որուն ճակատին փակցուած էր փոքր ցուցանակ մը. «Սրճարան՝ ուր երգէ աշուղ Ջիւանին»[9]։

Ժամանակ մը ետք՝ Ջիւանին իր խումբով կը տեղափոխուի Սուրբ Գէւորգ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող Հաշտոնց Գասպարի սրճարանը։ Դժուարութեամբ, սրճարանատէրը կը յաջողի Ջիւանին Ասլանեանի «ձեռքէն խլել»։ «Գասպարի սրճարանը անհամեմատ աւելի ընդարձակ էր, տեղն ալ բանուկ, մարդաշատ: Սրճարանը ամէն օր լեփ-լեցուն էր բազմութեամբ»։ Գասպարի սրճարանի յաճախորդներէն եղած է ժողովրդական հերոս Անդրանիկը[10]։

1871 թուականէն սկսած Ջիւանին ունեցած է սեփական խումբ՝ հիմնականին բաղկացած երեք հոգիէ։ Անոր խումբի հիմնական անդամներէն էր աշուղ Ջամալին՝ Ջիւանիի կնոջ եղբայրը։ Կեանքի վերջին տարիներուն Ջիւանիի խումբը բաղկացած էր չորս հոգիէ. ինքը կը նուագէր ջութակ, Ջամալին՝ սանթուր, Ալեքսին՝ թառ, էրզրումցի Հարութիկը՝ կլառնետ[11]։

Ջիւանին վախճանած 24 Փետրուար 1909-ին։ Անուանի աշուղի հուղարկաւորութեան մասնակցած են տարբեր ազգերու մեծ թիւով ներկայացուցիչներ։ Այդ օրերուն «Դաշնակցութեան» գործով Մետեխի բանտին մէջ գտնուող Յովհաննէս Թումանեանն ու Աւետիք Իսահակեանը, երբ հուղարկաւորութեան թափորը կ’անցնէին բանտի մօտէն, վանդակապատ պատուհանէն վերջին հրաժեշտը տուած են մեծ աշուղին՝ թաշկինակները թափահարելով[12]։

Ժառանգներ

Ներկայիս աշուղին մէկ տասնեակէ աւելի թոռներ ու ծոռները, կ’ապրին Թիֆլիսի, Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ։ Արաքսիայի աղջիկը՝ Ռուզաննան, որ վախճանած է վերջին տարիներուն, Թիֆլիսի մէջ ամուսնացած էր Ալեքսանտր Նիժարաձէի հետ։ Անոնց աղջիկը՝ Գրետան, աւարտած է օտար լեզուներու հիմնարկը, ամուր կապեր պահպանած է աշուղի բոլոր թոռներու ու ծոռներուն հետ։ Երեւանի մէջ են Գուրգենի որդին եւ աղջիկը՝ Վարուժան եւ Անահիտ Լեւոնեանները, Հռիփսիմեի որդին՝ Դիզբէկը։ Իրենց պապի յիշատակը հաւերժացնելու նպատակով ծոռներէն երկքին անուանակոչած են Ջիւան՝ Յակոբեան Ջիւան՝ Երեւանի մէջ, Միխայլով Ջիւան՝ Մոսկուայի մէջ, երգահան։ Մոսկուայի մէջ կ’ապրի Սերգէյ Գասպարեանը՝ Արաքսիի թոռը եւ Ռուզաննան՝ Լեւոնի աղջիկը՝ Ջիւան Միխայլովի մայրը։

Աշուղական գործունէութիւն

Ալեքսանդրապոլ

Շիրակի կեդրոն Ալեքսանդրապոլը, կը դառնայ աշուղ Ջիւանիի երկրորդ հայրենիքը։ Ան հանդէս կու գայ Անդրկովկասի, Հիւսիսային Կովկասի, Ռուսաստանի եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայաշատ բնակավայրերուն մէջ։

Ալեքսանդրապոլը Անդրկովկասի հայաշատ քաղաքներէն էր։ Երբ Ջիւանին կը հաստատուի հոն, քաղաքին մէջ կը գործէին դպրոցներ, ուր ուսուցիչ էին յայտնի գրողներ ու հասարակական գործիչներ Ղազարոս Աղաեանը, Հայրապետ Ղուկասեանը, Գաբրիէլ Տեր-Յովհաննիսեանը (Քաջբերունի), Սարգիս Բեկնազարեանը եւ այլք[13]։ Ալեքսանդրապոլի մէջ ներկայացումներ կը կատարուէին[14], իսկ սրճարաններուն մէջ տեղի կ’ունենային Շիրակի աշուղներու ելոյթներ ու մրցումներ։ Քաղաքին ու Շիրակի գիւղերուն մէջ կ՛ապրէին ու կ՛ըստեղծագործէին բազում աշուղներ[15]: Քաղաքին մէջ կը գործէր երեք սրճարան՝ Տալոյենց, Կուզիկենց, Հայկազունիենց։ Հայերէն լեզուով երգերը, մասնաւորապէս աշուղականը, կենցաղին մէջ թրքերէնի հետ սովորական էին։

Թիֆլիս

Ջիւանիի անուան աշուղական դպրոցը Երեւանի մէջ

Թիֆլիսի մէջ կարճատեւ գործունէութեան ընթացքին Ջիւանին հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր հասարակական կեանքին մէջ, հայ ժողովուրդի ճակատագրին առնչուող իրադարձութիւնները, կը փորձէր կարդալով գիտելիքներ ձեռք բերել, հարստացնել նաեւ իր բառապաշարը։ Տեղափոխուելով Ալեքսանդրապոլ՝ ան կարճ ժամանակամիջոցի ընթաձքին կը դառնայ ժամանակի կրթուած ու զարգացած մարդոցմէ մէկը։ Թիֆլիսէն բերած է նոր լոյս տեսած գիրքեր, թերթեր։ Ալեքսանդրապոլի մէջ նոթագրութեան դասեր կ’առնէ Յովհաննէս անունով երաժշիտէն, որուն երգ կը նուիրէ[16]։

Ջիւանիի ինքնակրթութինը զգալի չափով կը նպաստէր անոր լայն կապերուն, ծանօթութիւնները ժամանակի մտաւորականութեան ներկայացուցիչներու հետ, ինչպէս Թիֆլիսի մէջ, այնպէս ալ՝ Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Ան իր երգին մէջ արծարծած է ժամանակի հայ հասարակութեան հուզող շատ խնդիրներ։

1871 թուականին Ջիւանին հանդէս կու գայ ինքնուրոյն խումբով եւ աշուղներու միջավայրին մէջ մեծ հեղինակութիւն ձեռք կը բերէ։ Շուտով անոր կ’ընտրեն իր իսկ ստեղծած արհեստակից աշուղներու ընկերութեան (համքարութեան) կազմակերպութեան նախագահ՝ վարպետաց վարպետ (ուստաբաշի): Պահպանուած են Ջիւանիի արհեստաւորի գլուխ (ուստաբաշի) ընտրութեան վաւերագիր արձանագրութիւնները․

Համախօսական վճիռ

1892, 24-րդ օրը փետրուար ամսուան, մենք ներքեւ ստորագրեալներս ասիական երգիչներս Ալեքսանդրապոլ քաղաքի հաւաքուածներս, այսօր ժողովին մէջ, մեր արհեստականութեան մէջ կարգապահութիւն վերականգնեցելու համար ընտրեցինք մեր մէջէն արհեստաւորներու գլխաւոր (ուստաբաշի) մեր համաքաղաքացի Սերովբէ Ստեփանեան (Լեւոնեանին) Ջիւանի եւ անոր օգնականներ Յամբարձում Ադամեանին եւ Անտոն Անտոնեանցին եւ մենք կը պրտաւորուինք օրէնքի բոլոր կանոններու համաձայն հնազանդ գտնուիլ:

- Առ որ ստորագրենք ի. ք. Ալեքսանդրապոլ[17]


Կը հետեւին 25 ստորագրութիւն, որոնց մէջն են յայտնի աշուղներ՝ Մկրտիչ Տալեանը (Ջամալի), Վարշամ Տրդատեանը (Պայծառէ), Գրիգոր Տալեանը (Շերամ) եւ Ֆիզահին: Պահպանուած է արձանագրութեան նաեւ ռուսերէն օրինակը։

Ջիւանին «ուստաբաշի» ընտրուած էր նաեւ աւելի վաղ. այլ վաւերագիր մը՝ կազմուած 18 Ապրիլ 1884 , Ջիւանին կ՛ըստորագրէ՝ «ուստաբաշի Ջիւանի»[18]։

Շրջագայութիւններ

Իր քառասունամեայ ստեղծագործական կեանքի ընթացքին, աշուղ Ջիւանին բազմաթիւ շրջագայութիւններ ունեցած է, հանդէս եկած է իր խումբով։ Ան յաճախ իր երգերու հորինման ու տեղի վերաբերեալ նշումներ կատարած է։ Ելլելով պահպանուած տուեալներէն՝ ան ելոյթ ունեցած է Երեւանի, Շուշիի, Գանձակի, Պաքուի, Կարսի, Էրզրումի, Սալմաստի, Դերբենտի, Պաթումի, Փութիի, Սուխումի, Նովորոսիյսկի, Ղրիմի քաղաքներուն, Խարկովի, Ռոստովի, Եկատերինոդարի, Արմաւիրի եւ այլ շրջաններու մէջ։

Ինքնակենսագրական տարաբնոյթ տեղեկութիւններով հարուստ է աշուղի «Ճանապարհորդական տպաւորութիւններ» խորագրով ստեղծագործութիւնը, որ գրած է 1900–1902 թուականներու ընթացքին։ Ջիւանին պահած է օրագիր, որուն օր առ օր գրանցած է տեղի ունեցած արժանայիշատակ դէպքերը, ներկայացուցած է այն բնակավայրերը, ուր երգած է տեղի ժողովուրդի, անոնցմէ են՝ հայերու վիճակը, կենցաղը, սովորութիւնները եւ այլն։ Ըստ գրառումի մը՝ աշուղի երեք հոգիէ բաղկացած խումբը դուրս կու գայ Թիֆլիսէն՝ 1 Օգոստոս 1900-ին։ Խումբը ելոյթներ կ՛ունենայ Պաթումի, Փութիի, Սուխումի, Նովորոսիյսկի, Կերչի, Թէոդոսիոյ, Յալթիոյ, Սիմֆերոպոլի, Սեւաստոպոլի, Խարկովի, Մելիտոպոլի, Ռոստովի եւ Նոր Նախիջեւան քաղաքներուն մէջ։ Անոնց ելոյթները մեծ յաջողութեամբ անցած են, խոչընդոտներ հարուցուած են միայն իշխանութիւններու կողմէն[19]։

Ճանապարհորդութեան ընթացքին Ջիւանին իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ հանդիպած է հայերու, հատկապէս մշեցի գաղթականներու, իր ցավն ու կարեկցանքն արտայայտած է անոնց վիճակի, անտուն-անընտանիք կեանքի կապակցուեամբ[20]:Յաջողած են հատկապէս Հիւսիսային Կովկասի Արմաւիրի հայաշատ քաղաքի շրջագայութիւնները։

Ջիւանին մշտապէս եղած է ոստիկանութեան հսկողութեան ներքեւ, ենթարկուած է հետապնդումներու, արգիլուած են անոր ելոյթները, բռնագրաւուած է նուագարանը[21]:

Ջիւանիի խումբի մշտական անդամ, աշուղ Ջամալիի որդին՝ ժողովրդական արուեստագէտ Շարա Տալեանը, իր յուշերուն մէջ կը գրէ.

Մեր թաղամասի ոստիկանապետ Գլեբովը հայատեաց մարդ էր... Այս Գլեբովն էր, որ ամիսը երկու անգամ Ջիւանիի խումբի երաժշտական գործիքները կը բռնագրաւէր եւ կ՝արգիլէր աշխատիլ, պատճառաբանելով, թէ աշուղները կ՝երգեն ազգային ու յեղափոխական երգեր։ Արհեստաւորներն ու խանութպանները դրամ կը հաւաքէին, կը բանակցէին Գլեբովի հետ, կաշառի մէջ: Ապա նորէն կ՝երգէր Ջիւանին:[11]


Հասարակական գործունէութիւն

Ջիւանիի նուիրուած ՀՀ թղթատարի նամականիշ

19-րդ դարու երկրորդ կիսուն, երբ Ջիւանին կը հաստատուի Ալեքսանդրապոլի մէջ, բաւականին աշխուժացած էր այլադաւանութեան քարոզը։ Քիչ չէին կաթոլիկութիւն ընդունողները, կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովանիին դիմողները։ Քաղաքի հայ առաքելական դասի ներկայացուցիչները կը պայքարէին այդ երեւոյթի դէմ։ Ջիւանին եւս անտարբեր չէր։ Ան իր վերաբերմունքը բացայայտ արտահայտած է իր շարք մը տպագիր երգերուն մէջ։ Աշուղը բարձր գնահատած է Ղեւոնդ Ալիշանի հայրենանուէր գործունէութիւնը․ «Ծեսով կաթոլիկ է, բայց հոգով հայ է»[22] Իր ծանօթ Ալեքսանտր Արարատեանի՝ կաթոլիկ, բայց քաղաքին մէջ հեղինակութիւն վայելող («Անի քաղաքը նստած կու լայ» երգի հեղինակ[23]), մահուան կապակցութեամբ գրած է դամբանականԿաղապար:Ն:

Ջիւանին մասնակցած է նաեւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին։ Ան բարեկամական, ընկերական կապեր է ունեցած է Ալեքսանդրապոլի մէջ կազմակերպուած «Բարենպատակ» հայրենասիրական ընկերութեան անդամներու հետ[24]։

Ակադեմիկոս Մկրտիչ Ներսիսեանի աշխատութիւններէն մէկուն մէջ աւելի որոշակի տուեալներ կը հաղորդուի Ջիւանիի հայրենանպաստ գործունէութեան վերաբերեալ։ 1877–1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմի աւարտէն ետք Հայաստանի մէջ ծայր առած կամաւորական շարժման ոլորտին մէջ ընդգրկուած էր նաեւ հայաշատ, ռուս-թրքական սահմանամերձ Ալեքսանդրապոլը։ Քաղաքին մէջ կ’ընտրուի հինգ հոգիէ բաղկացած հանձնաժողով մը՝ կամաւորական խումբերը կազմակերպելու ու անոնց գործունէութիւնը ուղորդելու նպատակով։ Այդ հանձնաժողովի անդամ կ’ընտրուի Ջիւանին[25]։

Աշակերտներ

Ջիւանին բոլոր աշուղներու նման ունեցած է աշակերտներ․

«…(մեծ մասամբ կոյր) այժմ յայտնի են այն կողմերուն մէջ, որպէս լավ ածողներ, ինչպէս Յամբարձումը (Յամբոն), Երուանդը, Անտոնը, Խաչատուրը, Գարեգինը եւ այլք:[26]


Ալեքսանդրապոլի մէջ, Ջիւանին իր շուրջը կը համախմբէ երիտասարդ աշուղներու խումբ մը, որոնք թէեւ կ՛ըստեղծագործէին աշուղական աւանդական կանոններով, բայց անոր ազդեցութեամբ, օրինակով կը դառնան անոր հետեւորդները, անոր հիմնադրած ազգային դպրոցի հաւատարիմ աշուղները։ Անոնք են՝ Սազային, Ջամալին, Խայաթը,Պայծառէն, Աշխոյժ (ապարանցին), Մահուբի Գէւորգը, Նոր Սոխակը, Հաւասին[27], յաջորդ սերունդէն՝ Շերամը (Գրիգոր Տալեանը), Աշոտը (Դադաեան), Շահէնը, Հայրիկը եւ այլք։

Ժողովածուներ

Ջիւանիի երգերը տպագրուած են պարբերական մամուլի էջերուն մէջ, առանձին ժողովածուներուն մէջ՝ յաճախ առանց անոր լուրին։ Անոր կանաչում կը բերէ «Արարատ» ամսագրի մէջ լոյս տեսած երգերու շարքը[28]։ Մինչեւ 1880-ական թուականները անոր երգերը տպագրուած են նաեւ «Սոխակ Հայաստանի» երգարանի հատորներուն մէջ։

Ջիւանիի երգերու առաջին ժողովածուն հրատարակուած է Ալեքսանդրապոլի մէջ[29], որ լոյս տեսնելէն ետք շատ շուտ կ’ըսպառի։ Յաջորդ ժողովածուն նոյնպէս կը տպագրուի Ալեքսանդրապոլի մէջ[30] : Այստեղ կը հրատարակուի նաեւ երրորդ ժողովածուն[31]։ Հետագային ալ կը հրատարակուին քանի մը ժողովածուներ։ Այնուհետեւ կը սկսի անոր երգերու տարածումը հայկական միջավայրին մէջ՝ Անդրկովկաս ու Հիւսիսային Կովկաս, Արեւմտեան Հայաստան ու այլ շրջաններ։ Անոր երգերու վերջին ժողովածուն լոյս տեսած է Երեւանի մէջ 1988 թուականին։ Ջիւանիի երգերը թարգմանուած են ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ այլ լեզուներով։

Մեզ հասած է Ջիւանիէն շուրջ 800 երգ։ Ջիւանիի երգերը հեղինակէն գրի առած եւ մշակած են Ք. Կարա-Մուրզան, Մ. Եկմալեանը, Կոմիտասը, Ա. Բրուտեանը, հետագային (այլ աշուղներու երգածէն)՝ Ս. Դեմուրեանը, Ռ. Մելիքեանը եւ ուրիշներ։

Ձօն Ջիւանիի

Ջիւանիի բանաստեղծութիւնները նուիրուած են ոչ միայն իր ներկայութեամբ, այլեւ՝ հեռակայ կարգով։ Բանաստեղծ Յ. Յովհաննիսեանը ձօն գրած է 5 Փետրուար 1904-ին Վարդանանց տօնի առթիւ կազմակերպած ընկերական հաւաքոյթի ժամանակ․

Ես խեղճ ու կրակ աշուղ Յովհաննէս,
Քեզ ի՞նչ արժանի մի բան ունեմ ես,
Ի՛նչ էլ որ լինեմ, անփորձ մանկան պես
Քո աշակերտն եմ, ո՞ւր ես, Ջիվանի[32]

Անուանի բանաստեղծը գրած է.

Ես պարծանք հպարտ եմ, որ Ջիւանիի հայր ըսելու պատիւ ունիմ... Ես փոքր ժամանակէս կարդացած եմ Ջիւանին, սիրած, ոգեւորուած եւ փաստ է, որ Ջիւանիի շնորհիւ ես բանաստեղծ եմ. Առաջին անգամ Ջիւանիին նմանած են. Ջիւանին ինծի տուած է առաջին բանաստեղծական զարկը...

[33]


Տիգրան Արփիարեանը Ջիւանիի խումբի ելոյթներու մասին գրած է հետեւեալը․

Երգած պահուն առաջուան մարդը չէր, ինքզինքէն դուրս կ՛ելլէր, կը վերանար, հոգեկան բան մը կը դառնար, առանց արուեստի, առանց ճիգի կը սահէին երգերը իր շրթունքներէն, ձայնը ու նուագարանը քիչ կու գային կարծէս՝ իրէն սրտին բոլոր խանդը, հոգւոյն բոլոր իղձը արտայայտելու... արուեստականուիւն բնաւ չկար իր քով: Երգերը երգերուն կը յաջորդէին անընդհատ առանց հոգնածութիւն պատճառելու, ընդհակառակը՝ հաճոյք ալ ազդելով իրէն իսկ:։[34]


Արաբկիրի աշուղական երգարուեստին քաջատեղեակ Անդրանիկ Փոլատեանը Ջիւանիի մասին գրած է․

Աննըման ծնունդ ես, ազնիւ, գեղեցիկ... «որդեգրուած» արաբկիրցիներու կողմէ, հարսանիքներու եւ խրախճանքներու ընթացքին կ՚երգէին ու կը պարէին մեծ եռանդով։[35]


Նշումներ

Ծանօթագրութիւններ

  1. «Ջիվանի»։ Դպրոցական Մեծ Հանրագիտարան, հատոր 2։ Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն։ արտագրուած է՝ 5 Սեպտեմբեր 2015 
  2. Ա․ Ավագյան (24 Ապրիլ 2010)։ «Քանի՞ երգ է գրել աշուղ Ջիվանին»։ «Հայաստանի Հանրապետություն» օրաթերթ։ արտագրուած է՝ 5 Սեպտեմբեր 2015 
  3. Ա. Սահակյան (1965)։ Հայրենաշունչ քնար։ Երևան։ էջեր 22–24 
  4. Ա. Սահակյան (1965)։ Հայրենաշունչ քնար։ Երևան։ էջ 26 
  5. Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երևան։ էջ 550 
  6. Ջիվանու քնարը։ Երևան։ 1959։ էջ 298 
  7. Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երևան։ էջ 205 
  8. Հ․ Ս․ Նալշաջյան (1966)։ Հուշեր անցյալեն։ Նյու Յորք: Սեբաստիա։ էջ 24 
  9. Շարա Տալյան (1973)։ Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր։ Երևան։ էջ 12 
  10. Շարա Տալյան (1973)։ Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր։ Երևան։ էջ 31 
  11. 11,0 11,1 Շարա Տալյան (1973)։ Դեպքեր, դեմքեր, մտքեր։ Երևան։ էջ 32 
  12. Գ․ Լևոնյան։ Հուշեր։ էջ 72 
  13. Աշուղ Ջիվանի (1936)։ Երգերի ժողովածու։ Երևան։ էջ 19 
  14. Կ․ Մատինյանց (1871)։ Բանաստեղծք և հյուսվածք Ջիվանի։ Էջմիածին: «Արարատ»։ էջ 415 
  15. Կ․ Դուրգարյան (1986)։ Շիրակի հայ աշուղները։ Երևան։ էջեր 4–8 
  16. Ջիվանու քնարը։ Երևան։ 1959։ էջ 687 
  17. Գ․ Լևոնյան (1944)։ Աշուղները և նրանց արվեստը։ Երևան։ էջեր 21–22 
  18. Բանագետ Հ. Գալստյանի անձնական արխիվ
  19. Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երևան։ էջ 596 
  20. Աշուղ Ջիվանի (2009)։ Անհայտ երգեր։ Երևան։ էջեր 595–606 
  21. Ջիվանու քնարը։ Երևան։ 1959։ էջ 257 
  22. Ջիվանու քնարը։ Երևան։ 1959։ էջ 173 
  23. Գ․ Լևոնյան (1944)։ Աշուղները և նրանց արվեստը։ Երևան։ էջ 84 
  24. Վ․ Ա․ Պարսամյան (1959)։ Հայ ազատագրական պայքարի պատմությունից։ Երևան։ էջ 132 
  25. Մ․ Ներսիսյան (2002)։ Հայ ժողովրդի ազատագրական պայքարը թուրքական բռնապետության դեմ։ Երևան։ էջ 150 
  26. Գ․ Լևոնյան (1963)։ Երկեր։ Երևան։ էջ 101 
  27. Մ․ Աղայան (1959)։ Հայ գուսանները և գուսանա-աշուղական արվեստը։ Երևան։ էջ 14 
  28. Արարատ Ը: 473–474։ 1871 
  29. Աշըղ Ջիվանու երգերը։ Ալեքսանդրապոլ։ 1882 
  30. Աշըղ Ջիվանու երգերը։ Ալեքսանդրապոլ։ 1886 
  31. Աշըղ Ջիվանու երգերը։ Ալեքսանդրապոլ։ 1893 
  32. Գ․ Լևոնյան (1959)։ Հուշեր։ Երևան։ էջ 51 
  33. Ա. Սահակյան (1965)։ Հայրենաշունչ քնար։ Երևան։ էջ 52 
  34. Գ․ Լևոնյան։ Երկեր։ էջ 429 
  35. Անդրանիկ Փոլատյան (1969)։ Պատմություն Հայոց Արաբկիրի։ Նյու Յորք։ էջ 206 

Աղբիւրներ

Գրականութիւն

  • «Երգերու Ժողովածու» Երեւան, 1936
  • «Ջիւանիի քնարը» Երեւան, 1959
  • «Քնար։ Լիակատար հավաքածու ինքնուրոյն եւ փոխադրական երկասիրութիւններբու. Ոտանաւորներ եւ արձակ» երկու հատորով Հատոր 1 (Թիֆլիս, 1900), Հատոր 2 (Վաղարշապատ, 1904)
  • «Աշուղ Ջիւանիի երգերը» Ալեքսանդրապոլ, 1882, 1886, 1893, Թիֆլիս 1912
  • «Աշուղ Ղարիբի հեքիաթը, հանդերձ երգերով. փոխառութիւն» Ալեքսանդրապոլ, 1887, Թիֆլիս 1897, Կոստանդնուպոլիս, 1922
  • Ջիւանի, «Ծիրանի Ծառ», Երեւան, 1996. ISBN 5-540-016231-1
  • «Поэзия Армении», под ред. В. Я. Брюсова, Москва, 1916 (ռուս.)
  • «Антология армянской поэзии», Москва, 1940 (ռուս.)
  • Աշուղ Ջիւանի «Անյայտ երգեր», Աշխատասիրութեամբ՝ Թովմաս Պողոսեանի, Երեւան, 2009

Արտաքին Յղումներ

Կաղապար:Վիքիքաղվածք

Կատեգորիա:Հայ գուսաններ (արւմտ․) Կատեգորիա:Աշուղներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Անձինք նամականիշերու վրայ Կատեգորիա:Ստեղծագործական կեղծանուններ Կատեգորիա:1846 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:5 Մարտի մահացածներ Կատեգորիա:1909 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Կարծախ մահացածներ