«Պետրոս Քափամաճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Գափամաճեան Պետրոս''', ծնած 1840ին Վան: Երիտասարդ հասակէն առեւտրական ասպարէզն ընդգրկելով,...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:16, 11 Սեպտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Գափամաճեան Պետրոս, ծնած 1840ին Վան: Երիտասարդ հասակէն առեւտրական ասպարէզն ընդգրկելով, օր քան զօր զարկ տուած է իր գործառնուեանց եւ ընդարձակ յարաբերութիւններ հաստատած Այնթապի, Հալէպի եւ գլխաւորաբար Մանչէսթըրի հետ: Մօտաւորապէս քառորդ չարու իր առեւտրական զբաղումներով (մանիֆաքթուրա), շահած է առաջնակարգ վաճառականի համբաւ մը: Ազատութեան հռչակումէն ետք քաղաքապետ ընտրուած է Վանայ, կատարեալ ձեռնհասութեամբ վարելով այդ փափուկ պաշտօնը: Գափամաճեան Պետրոս պէյի ջանքերուն շնորհիւ է որ Վանայ Ծովը հուսկ ուրեմն ունեցաւ իր շոգենաւայի երթեւեկութիւնները:

1870ին Պոլսոյ մէջ կը հիմնէ Ս. Սանդխտեան Ընկերութիւնը որուն անդեամբ կը բացուի Վանի համանուն աղջկանց անդրանիկ դպրոցը: 1872ին Վանի մէջ կը կազմէ «Հայկազեան Ընկ.»ն (ընդդէմ տադիմական Քոլոզ վրժպ.ի) որուն արդեամբ կը բացուի Քէնտրիզիի վրայ համանուն դպրոց մը մանչերու: Դարձեալ 1875ին «Կրթասէր» Ընկ.ն Այրյարոյց եկեղեցւոյ քհ. Տ. Դիոնեսիոսի նախագահութեամբ: 1879ին Քէյֆսիզեան կթղ.ի եւ Յովհաննէս Նուրեանի նախաձեռնութեամբ գումարուած ընդհ. ժողովի կողմէ կ’ընտրուի ատենապետ Հալէպի ազգ. գործոց վարիչ մարմինին եւ կաթ. ներկայացուցիչ առջեւ: 1880ին Վանի «խնամատար» ընկ.եան, 1882ին քղք. եւ ուսումն. խորհրդոյ ատենապետ: 1887ին առեւտրական գործով երբ Բեթերսպուրկ կ’անցնի, կը տեսակցի Աղա Մկր Սանասարեանի հետ, յաջողելով ապահովել 60 ոսկիի տարեկան կտակ մը Վանի Սանդխտեան օրիորդաց վարժարանին համար: 96ի Վանի ջարդին շատ մը ընտանիքներ ապաստանած եւ խնամուած են իր ամուր նկատուած բնակարանը: 1900ին Պատրիարքարանէ կ’ընտրուի հոգաբարձու Վարագայ վանուց, որուն շէնքերը դէպքին այրացաւեր դարձած էին: Իր օրով կը վերաշինուին անոնք, նախկինէն աւելի հասութաբեր դառնալով: Իր ազգօգուտ ձեռնարկներուն ի վարձ ստացած է Խրիմեան կթղ.է եւ օրուան պատրիարքէն օրհնութեան կոնդակներ: 1900-1904 Վանայ կուսակալութեան ժողոջին անդամ: Երբ 1900ի գարնան Վանի մէջ խուզարկութիւններ յաճախադէպ դարձան եւ շատ մը Հայեր սկսան ձերբակալուիլ՝ չարաշահ պաշտօնեաներու զրպարտութիւններով, Գափամաճեան ամէն ճիգ թափած է այդ հետապնդումները չէզոքացնելու համար՝ կառավարութեան մօտ իր անվերջ ու անվախ դիմումներով եւ հիւպատոսներէ օգնութեան խնդրանքով: Կաթ. պատգամաւոր իր ծննդավայրէն, Իզմիրլեանի ընտրութեան առթիւ: Երկրագործական Սենեակի ժողովի նախագահ ընտրուելուն, Վանեցի հողագործ դասուն մեծ ծառայութիւն մատուցած է՝ երկրագործական դրամատունէն սերմնցուի համար դրամ տրուլեու գործին մէջ: 1900ին անդամ քաղաքապետական ժողովի, յետոյ նախագահ: 1910ին կ’ընտրուի Օսմ. Գռ. Ընդհ. Միութեան Վանի մասնաճիւղը:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 486: