«Յակոբ Պարոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 50. Տող 50.
== Աղբիւր ==
== Աղբիւր ==
* Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 65:
* Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 65:



==Արտաքին յղումներ==
==Արտաքին յղումներ==

14:54, 14 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Յակոբ Պարոնեան

Յակոբ Պարոնեան (19 Նոյեմբեր 1843, Էտիրնէ - 27 Մայիս 1891, Կ. Պոլիս), հայ երգիծաբան, գրող։

Կենսագրութիւն

Յակոբ Պարոնեան ծնած է Էտիրնէ 1843ին, աղքատ ծնողքէ։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է տեղւոյն Արշակունեաց վարժարանին մէջ։ 1857-ին, մէկ տարի կը յաճախէ քաղաքի յունական վարժարանը։ Ապրուստ հոգալու համար դեղագործի մը քով կ'աշխատի երկու տարի։ Ապա կը պաշտօնավարէ ծխախոտի ընկերութեան մը մէջ իբրեւ հաշուապահ։ Ինքնաշխատութեամբ եւ անյագ ընթերցումով ձեռք բերած է լայն զարգացում եւ գրական հմտութիւն։

1863-ին կ'անցնի Պոլիս եւ կը դասաւանդէ Սկիւտարի ճեմարանը, աշակերտ ունենալով Պետրոս Դուրեանը։ 1871-ին կը ստանձնէ «Եփրատ»ի խնբագրապետի պաշտօնը, բայց շուտով կ'անցնի Յարութիւն Սվաճեանի հիմնած «Մեղու» թերթի խմբագրութեան, զայն վերածելով յայտնի երգիծաթերթի։ Երբ 1874-ին «Մեղու»ն կը դադրի, Սվաճեան արտօնատէրի իրաւունքը կը փոխանցէ Պարոնեանին, զոր զայն կը վերահրատարակէ որպէս «Թատրոն»։ Իբր արտօնատէր կաշկանդումէ զերծ գտնուելով, Պարոնեան թռիչք կու տայ իր խարազանող բայց դաստիարակիչ սրամտութեան, հեգնելով շրջապատի յոռի բարքերը։ Տնտեսական դժուարութիւններու պատճառաւ, «Թատրոն»ը կը դադրի 1877-ին։

Պարոնեան կ'ամուսնանայ Սաթենիկ Էթմէքճեանի հետ 1879-ին։ Կ'ունենան երկու զաւակ. աղջիկ մը՝ Զապէլ, եւ մանչ մը՝ Աշոտ։

1879-ին կը սկսի աշխատակցիլ Մինաս Գափամաճեանի «Լոյս» թերթին, որպէս զաւեշտական բաժնի պատասխանատու։ Իր գրութիւնները լայն հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն, սակայն Գափամաճեան նիւթապէս չի վարձատրեր զինք եւ հետեւաբար Պարոնեան կը ստիպուի «Լոյս»ի իր աշխատակցութիւնը դադրեցնել։

1884-ին «Խիկար» ամսագիրը կը սկսի, եւ հակառակ նիւթական խոչընդոտներուն ու կարճ ընդհատումներուն, զայն կը հրատարակէ մինչեւ 1888-ը։ Այս ամսագրին մէջ լոյս կը տեսնեն իր երգիծաբանական շատ մը կարեւոր գործերը։ 1888-էն 1890՝ ապրուստ ապահովելու համար Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանին մէջ տոմարակալութիւն կ'ուսուցանէ։ Հոն իրեն կ'աշակերտէ յայտնի լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանը։ Կը տառապի հիւծախտէ եւ կը մահանայ 1891-ին, թշուառութեան մէջ ձգելով այրին ու անչափահաս զաւակները։

Իր ժամանակակից գրագէտ Մատթէոս Մամուրեան այսպէս կը գրէր իր մահուան առթիւ. «Մեռա՞ւ Պարոնեան, բայց ի՞նչպէս. գրեթէ անոք, անօգնական։ Քանի՞ կրթասէրք ու ազգասէրք պատասխանեցին այն հրաւէրին զոր նորա հիւանդութեան միջոցին գրեցին հայ թերթերը...: Եւ արդարեւ ի՞նչ ըրինք խեղճին, ի՞նչ ըրաւ ազգն հաւաքաբար իւր արի զաւկին համար. թաղման հանդէսը կատարեց եւ որոշեց միայն նպաստ հաւաքել նորա որբոց համար... չգտնուեցաւ պաշտօնական մարմին մը, անհատ մը, որ պսակ դնէր անմահ Պարոնեանի վրայ, թէեւ նորա գործերն են իւր անթառամ պսակներն»։[1]

Պարոնեան ունեցաւ ազգային յուղարկաւորութիւն մը, հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ՝ ուսուցիչներու, մտաւորականներու, գործաւոր դասակարգի, ինչպէս նաեւ կարգ մը ամիրաներու ու ջոջերու ներկայութեամբ։ Դամբանականը կարդացած է Խորէն արք. Նարպէյը, որ «Ազգային Ջոջեր»ուն մէջ Պարոնեանի սուր երգիծանքին թիրախ դարձած էր։ Մարմինը կ'ամփոփուի Օրթագիւղի գերեզմանատունը, «մեռելոց այդ հանդարտիկ բնակարանին մէկ անկիւնը, տխուր ու մենաւոր»[2]:

Տապանաքար մը չկանգնեցաւ անոր շիրիմին վրայ եւ շուտով մոռցուեցաւ անոր ճշգրիտ վայրը։ 1976-ին, մտաւորական եւ գրող Վահրամ Մավեան կոչ մը ստորագրեց հայ մամուլին մէջ, դիտել տալով թէ՝ «...ինչպէս 85 տարի անցած է վրայէն եւ սերունդներ ամբողջ - թաղական, հոգեւորական, մտաւորական, թատերասէր - եկած ու անցած են առանց հողակոյտին վրայ տապանաքար մը դնելու մասին մտածելու՝ անըմբռնելի է պարզապէս։ Հիմա արդէն անտէր կորսուած է հողակոյտն ալ»[3]:

Գրական գործունէութիւնը

Պարոնեան եղաւ բեղուն ստեղծագործ մը։ Տասնեակ հազարէ աւելի էջեր արտադրեց կարճ ճամանակամիջոցի մը մէջ, յատկապէս 1871-1888 տարիներուն։ Իր բոլոր գրութիւնները մամուլի համար գրուեցան եւ լոյս տեսան լրագիրներու մէջ։ Թէեւ իր գործերէն ոմանք իր իսկ կողմէ հրատարակուեցան առանձին հատորով, Պարոնեանի երկերու մեծամասնութիւնը գիրքերու մէջ ամփոփուեցան միայն իր մահէն ետք։ իր գործերը կը կազմեն՝ «Մեծապատիւ Մուրացկանները» վէպը, «Քաղաքավարութեան Վնասները» պատմուածքներու շարքը, «Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ» եւ «Ազգային Ջոջեր» նկարագրական էջերը,«Մեղու», «Թատրոն» եւ «Խիկար» թերթերու մէջ ցրուած բազմաթիւ քրոնիկները, ինչպէս նաեւ ՝ «Ատամնաբոյժն Արեւելեան» եւ «Պաղտասար Աղբար» կատակերգութիւնները։

Գրական ոճը

Պարոնեան ամէն բանէ առաջ իր ժամանակին ու միջավայրին մարդն է։[4] Պոլսահայ կեանքը իր զանազան երևոյթներով կ'արտացոլայ իր էջերէն։ Ան հաւասարապէս կը խարազանէ փառասէր աղաներն ու փոքրոգի թաղականները, խաբեբայ վաճառականներն ու կեղծաւոր կղերականները, վարձկան լրագրողներն ու մուրացկան բանաստեղծները, վերի խաւի եւրոպական բարքերը ընդօրինակելու մոլութիւնն ու վարի խաւի խաւարամտութիւնը։ Անոր գործը կը խնդացնէ, բայց խորքը շատ տխուր է։ Կը զուարճացնէ՝ առանց զուարճանալու։

Պարոնեանի գրականութիւնը կը ձգտի դաստիարակիչ ըլլալ եւ նպաստել ընկերութեան վատ բարքերը վերացնելու։ Իր հեգնանքին նպատակը խնդացնելն ու նուրբ արուեստ մը ստեղծել չէ. եւ որովհետեւ իր ընթերցողը պարզ ժողովուրդն էր՝ գրեթէ տգէտ եւ գեղարուեստէ շատ հեռու, իր ոճը եղաւ անկեղծ եւ իր լեզուն պարզ։ Գործածելով գրաբարէ մաքրուած սահուն արեւմտահայերէն, ան ստեղծեց իրապաշտ արձակ մը՝ բնական, անզարդ, առոյգ, լի աշխոյժ բեմականութեամբ։ Վարպետօրէն նկարագրեց իրաւ կերպարներ եւ իրավիճակներ, սեղմ տողերով եւ կենսունակ երկխօսութիւններով։

Ստեղծագործութիւնները

Վէպ/արձակ գրութիւններ

Թատերական գործեր

Նշումներ

  1. Օրջանեան, Արամ (խմբ.). Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան , Ա. Հատոր։ Լոս Անճելըս, 1991, էջ 102:
  2. «Արեւելք» օրաթերթ, Պոլիս, 10 Յունիս 1891:
  3. Օրջանեան, Արամ (խմբ.). Յակոբ Պարոնեան Համայնագիտարան , Ա. Հատոր։ Լոս Անճելըս, 1991, էջ 112:
  4. Սիմոնեան, Գրիգոր. Հ.Բ.Ը.Մ. Արտաւազդ Թատերախումբի «Քաղաքավարութեան Վնասները» ներկայացման ծրագիր-գրքոյկ, Փասատինա 2009, էջ 6-7:

Աղբիւր

  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 65:

Արտաքին յղումներ


Կատեգորիա:1843 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1891 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Էտիրնէ ծնածներ Կատեգորիա:19 Նոյեմբերի ծնածներ Կատեգորիա:27 Մայիսի մահացածներ Կատեգորիա:Կոստանդնուպոլիս մահացածներ Կատեգորիա:Հայ արձակագիրներ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ երգիծաբաններ (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ թատերագիրներ Կատեգորիա:Հայ լրագրողներ (արւմտ․)