«Կարապետ Պալեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (-http://www.1in.am/ +https://www.1in.am/)
Չ 15 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

17:12, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կարապետ Ամիրա Պալեան (1800 - 15 Նոյեմբեր 1866[1]), սուլթանական ճարտարապետ, Պալեաններու ամիրայական ընտանիքին հռչակաւոր ներկայացուցիչը[2]։

Կարապետ Ամիրա ծնած է 1800–ին, իր հօրը մահուան ատեն թէեւ երիտասարդ, սակայն վարժ ըլլալով ճարտարապետական արուեստին մէջ, իր հօրը տեղ կ'անուանուի ճարտարապետ՝ կայսերական պալատին, իր քեռայրին Սէրվէրեան Յովհաննէս ամիրային հետ։

Իր արուեստին մէջ ցոյց տուած ճարտարութեան շնորհիւ՝ Կարապետ խալֆա, կ'արժանանայ բարձրագոյն գնահատման, ուստի կը ստանայ ազգին մէջ արաջնակարգ դիրք։

Բարեսիրտ եւ գթած ըլլալով, հետամուտ կ՛ըլլայ բարենպատակ հաստատութեանց հաստատման ու բարգաւաճման։ Ուսումնասէր՝ ազգին մէջ դաստիարակութիւն տարածելու համար ջանք չէ խնայած։ Կրօնասէր` խստապահանջ եղած հաւատալիքներու ու աններող անոնց դէմ, որոնցմէ կը կասկածէ, թէ՝ չեն յարգեր հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները։

1832–ին, երբ Պեզճեան ձերնարկեց հիմնել Եէտի-Գուլէի Ազգ. հիւանդանոցը, իր գլխաւոր աջակիցն էր Կարապետ ամիրան, որ Սէրվէրեան Յովհաննէս ամիրայի հետ հիւանդանոցի շէնքին ճարտարապետը հանդիսացաւ։ Քիչ ետք 1836–ին, միշտ իր քեռայրին հետ, Սկիւտարի մէջ բարձրագոյն ուսումնարան մը հաստատելու գաղափարը ունեցաւ։ Իրենց նախաձերնութեամբ ժամանակի ամիրաները գումարուեցան Պատրիարքարան` Աղաւնի պատրիարքի նախագահութեան տակ, Օգոստոս 26–ին։ Այդ ժողովին մէջ որոշուեցաւ Սկիւտարի Երուսաղէմատան խարխուլ վանքը վերաշինելով բանալ ճեմարանը։ Ամիրաները յանձն առին ճեմարանին տարեկան ծախքին համար Երուսաղէմի վանքը վճարեց 20000 ղրուշ։ Շէնքին հիմնարկութիւնը կատարուեցաւ Սեբտեմպեր 18–ին եւ երկու տարի ետք 1838–ի Դեկտեմբեր 9–ին Ճեմարանը կը բացուի։

Սկիւտարի ճեմարանը Ազգին առաջին բարձրագոյն վարժարանը եղաւ այսպէս ու մանկավարժական նոր սկզբունքներու համաձայն կառավարուելով կարող ուսուցիչներու ձեռքով հասցուց զարգացած աշակերտներ։ Ծանօթ են նաեւ դժբախտաբար այն վէճերը, որոնք տեղի տուին՝ կրթական սոյն հաստատութիւնը դուռ բանալով ժողովուրդին ու ամիրաներուն մէջ եղած կռիւներուն, որոնց միջոցին Պալեան ամիրան «էսնաֆ»ներուն կողմը կը բռնէր միշտ։

1847–ին Կարապետ ամիրա աջակցելով վառօդապետ ամիրաներուն, Ճէզայիրլեանի, եւ Կրճիկեան Յակոբ էֆէնտիի` գլխաւոր ջանագիրներէն մէկը եղաւ որպէսի հաստատուի հոգեւոր, ինչպէս նաեւ գերագոյն ժողովները, այս վերջնոյն կը մասնակցէին էսնաֆներն ալ, եւ ահա ստորագրել տուին Մատթէոս Պատրիարքի բագրիր մը, որով այս կառավարութենէն արտօնութիւն կը խնդրուէր երկու ժողովներուն կազմակերպութեան։

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:1800 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:1866 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Հայ ճարտարապետներ (արւմտ․)