«Չարլզ Էլաչի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Չ 11 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

17:11, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

Չարլզ Էլաչի, (անգլերէն՝ Charles Elachi, ծնած է 18 Ապրիլ, 1947, Լիբանան[1]: Ան կազմակերպիչն է Ռեաքտիւ Շարժման Տարալուծարանին, Փասըտինա Քալիֆորնիայի մէջ: Ան այս դիրքը գրաւած է Մայիս 1, 2001 թուականէն սկսեալ: Ան նաեւ փոխ նախարարն է Քալիֆորնիայի Արուեստագիտութեան Կազմակերպութեան[2], ուր ան ունի ելեկտրականութեան, ճարտարագիտութեան եւ մոլորակային գիտութեան ուսուցչապետութիւն:

Կեանքը եւ ուսումը

Ան իր նախնական ուսումը կը ստանայ, Լիբանան, Ժունիէ 1958-էն 1962 եւ ետքը կ'անցնի Զահլէ ու դպրոցը կ'աւարտէ 1964 թուականին:

Իր համալսարանական ուսումին համար, ան կ'անցնի Ֆրանսա եւ կը ստանայ բնագիտութեան վկայականը (1968) եւ իր առաջին բարձրագոյն վկայականը (1968) ճարտարագիտութեան մէջ: 1969 թուականին կ'ունենայ իր երկրորդ բարձրագոյն վկայականը ելեկտրականութեան գիտութեան մէջ, իսկ 1971 թուականին վարդապետութեան տիտղոսը նոյն մարզին մէջ: Այս բոլորէն անկախ, ան նաեւ ունի երկրաբանութեան բարձրագոյն վկայականը Քալիֆորնիայի համալսարանէն:

Էլաչի շահած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ պարգեւներ, օրինակ ՆԱՍԱյէն եւ տարբեր համալսարաններէ իր մասնագիտութեան եւ կարեւոր ներդրումներուն համար:

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:1947 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:18 Ապրիլի ծնածներ