«Արամ Չարըգ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
{{արևելահայերեն|Արամ Չարըգ}}{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
| անուն ազգանուն =Արամ Չարըգ
| անուն ազգանուն =Արամ Չարըգ

11:37, 12 Դեկտեմբեր 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Արամ Չարըգ (1874-1947), ծնած է Կարին:

Կենսագրութիւն

Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ կեղւորյն Արծնեան ազգ. Բարձրագոյն նախակրթարանի մէջ: 1892-ին կ՝անցնի Կովկաս եւ կը յաճավխ Գէւորգեան Ճեմարան. Ապա Թոֆլոզ՝ ուր կը լրացնէ ընթացքը Ներսէսեան վարժարանի: այս շրջանէն իսֆ, ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ քերթողական շնորհներով ու գրական շեշտուած հակամիտութիւններով: Իբրեւ խոստումնալից երիտասարդ, զինք կ՝ուղարկեն Գերմանիա, Լայփցիճի համալսարանը: ոգր իրեն դասակից եւ մտերին կ՝ունենայ Աւետիք Իսահակեան: Շրջան մը կը մնայ հոս: Անաւարտ կը թողու համալսարաանի ընթացքը եւ կ՝անցնի Փարիզ՝ ուր կը հետեւի գրականութեան: Լայփցիկի եւ Փարիզիզ մէջ, Արամ Չարըգ կ՝իւրացնէ գերմաներէնն ու ու Ֆրանսերէնը:

Քերթոշական իր առաջին փորձերը կ՝արժեցնէ հայրենիքի ազատութեան նուիրուած երկարաշունչ բանաստեղծութեան մը մէջ, բր կը կրէ «Մեծ առաւօտը» խոդհագիրը: 1900-ին, Վենետիկի մէջ, կը հրատարակէ քնարաշունչ իր էջերը՝ որոնք սիրային եւ հայրենասիրական զգացումներով կը հասունանեն: Մասնաւորաբար Թիֆլիսի եւ ընդհանրապէս Կովկասի մէջ, Արամ Զարըգ կը գրգրական շրջամնակներու ուշադրութիւնը:

Փարիզէն կ՝անցնի Պուլկարիա: Ֆիլիպէի եւ Վառնայի մէջ՝ կ՝ըստանձնէ ուսուցչական պաշտօններ, միաժամանակ աշխատակցելով «Ռազմիկ»ի եւ «Դրօշակ»ի: Զարըգիո դիւցազնաշունչ էջերը, այս շրջանակին, կը նախորդեն Սիամաթօն, ու նո՛յնքան զօրութեամբ եւ վարակիչ շունբով մեզ կը գրաւեն Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Քրիստափորը: 1906-ին կ՝անցնի Զուիցերիա՝ ուր կը հետեւի մետաղագրութըան արուեստին: 1909-ին, ոսմանեան սահմանադրութեան հռչակումէն ետք, կը վերադառնայ Կարին եւ 1910-1911 տարիներու կը վարէ Կարնոյ դաշտի հայկական 46 գիւղերու վարժարաններուն շրջուն տեսչութիւնը: 1912-ինՊոլիս է, ուր կը վարէ տնօրէնութիւնը Օրթագիւղի ազգ. Վարժարանին: 1915-ի սարսափներուն կ՝ապաստանի Պուլկարիա՝ ուր կը մնայ մինբեւ Զինադադար, 1918:

Կը վերադառնայ դարձեալ Պոլիս, ուրկէ կ՝անցնի Իզմիր եւ Թրանսիլուանիա՝ իբրեւ գործիչ: Այս ուղեւորութեան ընդացքին, միջով մը կը մնայ նաեւ Հայաստան: Պոլսոյ գրաւման շրջանին կը վարէ Հայկական Հանրապետութեան դեսմանատան մէջ: Հոս կ՝ամբողջացնէ Օմար խայեանի քառեակներուն ամբողջացութիւմը, զոր 1932-ին հրատարակեց Փարիզի մէջ:

Ռումանիայէն ետք՝ իր վերջին հանգրուանը կ՝ըլլայ Ֆրանսա: Փարիզ կը մնայ մինչեւ 1946, երբ կը հրաւիրուի հայաստան, մասնակցելու համար Սովետահայ Գրողներու Երկրորդ համագոցմարին: Ապա կ՝անցնի Մոսկուա եւ կը մեռնի այնտեղ՝ Խորհրդաւոր պայմաններու մէջ եւ ցարդ անծանօթ «հիւանդութեամբ», 1947-ի Մայիսին:

Արամ Չարըգ կը յիշուի մասնաւորաբար արեւելահայ աերունրի կարգին, սկզբնական շրջանի իր երգերուն լէզուով: Իր քերթողութեան մէջ՝ խորհրդապաշտութեան եւ անձնականութեան գիծը կու գայ արեւմուտքէն,- շեշտակի՝ Եւրոպայէն, որուն գրական ուղբւթըանց, միջավայրին ու մթնոլորտին հաղորդ մնաց միշտ:

Իր բանաստեղծութիւնները նաեւ հրատարակեց Վենետիկի մէջ 1900-ին:

Արամ Չարըգ, 1901-ին ալ, ու անկէ ետք եւս, իր ականջը դրած է մեր ժողովուրդի արեան ձայնին , տառապանքին եւ յոյսերուն. Ընդխզումին եւ ատելութեան: Իր բոլոր տաղերուն մէջ,- սիրային, ազգային, գաղափարական-, Զարըգ կը յատկանշուի արուեստի զօրաւոր զգայարանքով մը,- գոյնին, ձայնին, զգացումին ու մտածումին հետ եղբայրութեամբ մը, ենթացիկ ճառագրութեան շեշտէն:

Քնարական իր էջերու մէջ ալ, զարըգ կը մնայ հարազատ ու անխառն: Անկէղծ է իր հոգիին հետ, եւ արտայայտութեան իր կարելիութիւնները կը վկայեն արուեստագէտին մասին, որ գիտէ զգացումներն ու մտածումները անխաթար պահել ձեւի իր տարազներուն մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

  1. Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ, 2005։