«Վահան Ուզունեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1. Տող 1.
== Վահան Ուզունեան ==
{{ԱՀ}}
{{ԱՀ}}
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)
{{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)

12:53, 5 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Վահան Ուզունեան

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն)


Վահան Ուզունեան, Չմշկածաքի Մամաս գիւղէն, ուր ծնած է 1874ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած Միացեալ Ընկերութեան իր գիւղի վարժարանին մէջ եւ անմիջապէս դասաւանդած միեւնոյն վարժարանին մէջ:

Շրջանաւարտ Պոլսոյ Կեդրոնականէն: 1900ին թրքական հալածանքներու պատճառաւ Վահան Ուղունեան հեռացաւ իր գիւղէն եւ ի վերջոյ 1904ին հաստատուեցաւ Լաթաքիա: Իր այս երկրորդ կեանքը եղաւ օգտակար ու գործունեայ թէ՛ որպէս ուսուցիչ թէ իբր տեսուչ Երուսաղէմի Պատրիաքութեան պատկանած վանքին կալուածներուն, եւ թէ Լաթաքիոյ շրջանի արաբախօս հայերուն մէջ ազգային գիտակցութիւն ներշնչելով: Իր այս գնահատելի գործին համար Սահակ Կաթողիկոսէն ստացած է օրհնութեան կոնդակներ: 1910ին վերջնականապէս հաստատուած է Պէյրութ, ուր ազգային կեանքին բերած է իր գործակցութիւնը: Մասնակցած է Սբ. Նշան եկեղեցիի շինութեան եւ երկար տարիներ եղած է հոգաբարձու: Նմանապէս եղած է անդամ Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներու: 1918ին Վահան Ուղունեան նուիրուեցաւ հասնող գաղթականներու տեղաւորման գործին, կապ պահելով Հայկական Լեղէոնի հետ որ Պէյրութ կը գտնուէր եւ Դաշնակիցներու առաջին զինւորական ոյժն էր որ եկած էր հոս: Մեռաւ Պէյրութ, 1949 Յուն. 29ին: Ունի կարգ մը անտիպ գործեր: Պէյրութի մէջ ունէր գրավաճառատուն մը՝ Պուրճի հրապարակին վրայ: Մուրացկանի «Գրիգոր Մարզպետունի»ն վերածած է թատերգութեան (անտիպ), ամփոփած եւ դասաւորած է «Բուրաստան-Մանկունց» անունով փոքրիկներու յատուկ գիրք մը (տպուած): Ունեցաւ երեք մանչ.- Պարոյր, դեղագործ Պէյրութի մէջ, շրջանաւարտ Ֆրանսական Համալսարանէն, եղած է թրքական բանակի դեղագործ սպայ: Երուանդ, շրջանաւարտ Ամերիկեան Համալսարանէն եւ Ամերիկայի Ան Արպըր, Միչիկեան, Համալսարանէն: Ունի B. A., Sc.: Այժմ կը գտնուի Իրաք: Եղած է հիւսիսային Իրաքի ջրաբաշխական բաժնի Ընդհ. Քննիչ կառավարութեան կողմէ եւ այժմ պատասխանատու դասախօս է Պաղտատի Պետական Համալսարանի Երկրաչափական բաժնին: Հայկ Ուզունեան գրավաճառ է Պէյրութի մէջ եւ կը շարունակէ իր հօր գործը: Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ էջ։[1]

Ծանօթագրութիւններ

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 497։