«Շուշիի Ազատագրումը (1992)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ →‎Ազատագրման ռազմական գործողութիւնը: վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ը: → ը։
Տող 55. Տող 55.
Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը տեղի ունեցած է [[1992]] թուականին Մայիս 8-9-ին։ Մշակման եւ իրականացման առումով, Հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւնը, արմատական կոտրտում կ՛առաջացնէ Արցախեան ազատագրական պատերազմին մէջ։
Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը տեղի ունեցած է [[1992]] թուականին Մայիս 8-9-ին։ Մշակման եւ իրականացման առումով, Հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւնը, արմատական կոտրտում կ՛առաջացնէ Արցախեան ազատագրական պատերազմին մէջ։


Գործողութիւնը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակեայ հարձակումներով՝ Մայիս 8-ի գիշերը ժամը 2.30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւեցին Լաչին-Շուշի ճանապարհը: Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈւ) հրամանատար [[Արկադի Տեր-Թադեւոսեան|Արկադի Տեր-Թադեւոսեանը]]։ Հրամանատարականէրն էին, [[Գուրգէն Դալիբալթաեան|Գուրգէն Դալիբալթաեանը]], [[Սերժ Սարգսեան (արեւմտահայերէն)|Սերժ Սարգսեանը]], [[Ռ. Գզողեան|Ռ. Գզողեանը]], [[Զորի Բալաեան|Զորի Բալաեանը]], կապը, բուժօգնութիւնը, հրետանային նախապատրաստութիւնը, ինժեներական ծառայութիւնը։ Աշխատանքները համակարգած են՝ համապատասխանաբար [[Արթուր Փափազեան|Արթուր Փափազեանը]], [[Վ. Մարութեան|Վ. Մարութեանը]], [[Լ. Մարտիրոսովը]], [[Ռ. Աղաջանեան|Ռ. Աղաջանեանը]], ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ [[Օլեգ Եսայան|Օլեգ Եսայանը]], [[Գ. Պետրոսեան|Գ. Պետրոսեանը]], [[Արկադի Ղուկասեան|Արկադի Ղուկասեանը]], [[Ռոբերտ Քոչարեան|Ռոբերտ Քոչարեանը]] եւ ուրիշներ։
Գործողութիւնը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակեայ հարձակումներով՝ Մայիս 8-ի գիշերը ժամը 2.30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւեցին Լաչին-Շուշի ճանապարհը։ Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈւ) հրամանատար [[Արկադի Տեր-Թադեւոսեան|Արկադի Տեր-Թադեւոսեանը]]։ Հրամանատարականէրն էին, [[Գուրգէն Դալիբալթաեան|Գուրգէն Դալիբալթաեանը]], [[Սերժ Սարգսեան (արեւմտահայերէն)|Սերժ Սարգսեանը]], [[Ռ. Գզողեան|Ռ. Գզողեանը]], [[Զորի Բալաեան|Զորի Բալաեանը]], կապը, բուժօգնութիւնը, հրետանային նախապատրաստութիւնը, ինժեներական ծառայութիւնը։ Աշխատանքները համակարգած են՝ համապատասխանաբար [[Արթուր Փափազեան|Արթուր Փափազեանը]], [[Վ. Մարութեան|Վ. Մարութեանը]], [[Լ. Մարտիրոսովը]], [[Ռ. Աղաջանեան|Ռ. Աղաջանեանը]], ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ [[Օլեգ Եսայան|Օլեգ Եսայանը]], [[Գ. Պետրոսեան|Գ. Պետրոսեանը]], [[Արկադի Ղուկասեան|Արկադի Ղուկասեանը]], [[Ռոբերտ Քոչարեան|Ռոբերտ Քոչարեանը]] եւ ուրիշներ։


Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը ԻՊՈՒ շտաբի անդամներուն յաջողութիւն կը մաղթէ Արցախի թեմի առաջնորդին [[Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան|Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին]]։
Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը ԻՊՈՒ շտաբի անդամներուն յաջողութիւն կը մաղթէ Արցախի թեմի առաջնորդին [[Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան|Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին]]։

23:17, 3 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Ճակատամարտ (արեւմտահայերէն)

Շուշիի ազատագրումը հայկական ռազմական ուժերու առաջին նշանակալի յաղթանակն էր Արցախեան ազատամարտին մէջ։ Ճակատամարտը տեղի է ունեցած է 1992 թուականին Մայիս 8-ին ռազմաւարական կարեւոր Շուշի լեռնաքաղաքին մէջ։ Մարտական գործողութիւնները ճշգրիտ որոշուած էին եւ արդէն միւս օրը Շուշին ամբողջովին ազատագրուած էր ազրպէյճանցիներէն, որոնք ողջ հակամարտութեան ընթացքին Շուշիի մէջ կը ռմբակոծէին ԼՂԻՄ-ին, եւ հետագային նաեւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

1992 թուականին Մայիս 8-ին, Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանը, Ազրպէյճանի նախագահի պաշտօնակատար Յաղուբ Մամեդուի, ինչպէս նաեւ միջնորդ երկրի` Իրանի, նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանջանին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման մասին կը ստորագրեն համատեղ հայտարարութիւն, որուն մէջ` Մահմուտ Վայեզին պետք է կրկին որոշէր տարածաշրջան` Պաքու, Երեւան եւ Ստեփանակերտի, զինադարնը իրականացնելու եւ համապատասխան մեխանիզմներ մշակելու համար։ Իրանը առաջին երկիրն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցումին հանդէս եկած է միջնորդական առաքելութեամբ։ 1992 թուականին Մայիս 6-ին Իրանի նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանջանիի հրաւերով Թեհրանի մէջ կը ժամանուի ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Կողմերը, կը խօսին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ։ ԻԻՀ ԱԳ նախարար, Ալի Աքբար Վելայաթիի` Երեւան կատարած այցէն որոշ ժամանակ ետք փոխարտգործնախարար Մահմուդ Վայեզին հետ կը ժամանուի Ազրպէյճան եւ Հայաստան, որտեղ ան կը փորձէր կողմերուն համոզել զինադադար հաստատելու հարցին համաձայնութեան գալ։

Մայիսի 8-ին այդ նոյն հայտարարութեան ստորագրման օրը հայկական զինուժի կողմէն ազատագրուեցաւ Շուշին, որմէ ետք վերջացաւ Իրանի միջնորդական առաքելութիւնը։

Թէեւ Շուշիի ազատագրմամբ՝ խափանուեցաւ Իրանի միջնորդական առաքելութիւնը, սակայն անցնող տարիներու ընթացքին Իրանը, ըլլալով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ազդեցիկ անդամ, ԼՂ հակամարտութեան նկատմամբ, կը վարէ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն, որ շարք մը իսլամական երկրներիւ համար ստեղծուած է, որպէսզի չ՛ենթարկուին Ազրպէյճանի՝ ԼՂ հակամարտութեան կրօնական պայմաններուն եւ ԼՂ հակամարտութեան նկատմամբ չէզոք դիրք ունենան։

Իրանը կը գտնէ թէ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը արդիւնաւետ չէ, այդ պատճառով վերջին շրջանին ժամանակ պաշտօնական Թեհրանը հակամարտող կողմերուն կրկին կ՛առաջարկէ իր միջնորդական առաքելութիւնը։

Թէեւ Ազրպէյճանը արցախեան պատերազմին կրած պարտութեան համար Իրանին կը մեղադրէ Հայաստանին մէջ աջակցելու, սակայն փաստն այն է, որ ինչպէս Իրանցի պաշտօնյաները կը խոստովանին, պատերազմական գործողութիւններու ժամանակ Իրան Ազրպէյճանին բաւականաչափ ռազմական եւ ֆինանսական աջակցութիւն կը ցուցաբերէ։ [1]

Անհրաժեշտութիւնն ու նախադրեալները

Շուշիի ազատագրումը պատմական անհրաժեշտութիւն էր՝ վերականգնելու հայկական հողին վրայ Հայերու ապրելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու մարտերուն ժամանակ կոփուած Հայոց յաղթական ոգին։ Այդ մէկով Արցախեան շարժումը կը բոլորէ որակական նոր փուլը՝ վճռական քանդութիւն կը մտնէ պատերազմին, եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը կը դառնայ է աւելի քան իրական։

Շուշիի ազատագրումը նաեւ տնտեսական անհրաժեշտութիւն էր, ցամաքային եւ օդային ճանապարհներու շրջափակման, ելեքդրականութեան, կազի ու խմելու ջուրի պակասութեան և Շուշի մէջ անհնդըատ հրթիռակոծութիւններու պատճառով Ստեփանակերտի ու բնակավայրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ ողջ հանրապետութիւնուն մէջ կաթուածահար եղած էր տնտեսութիւնը։ 1991 թուականին Նոյեմբերէն մինչեւ 1992 թուական, Մայիսի սկիզբը Շուշիի, Ջանհասանի, Քէօսալարի, Ղայբալուի եւ Ստեփանակերտի վրայ արձակուած է շուրջ 4740 արկ, որից մօտ 3 հազարը «Գրադ» կայանքներէն էին։ Այդ հրետակոծութիւններուն հետեւանքով զոհուած են 111 եւ վիրաւորուած են 332 խաղաղ բնակիչներ, քանդուած է 370 բնակելի տուն եւ շինութիւն։

Ինքնապաշտպանութեան ուժերուն, 1991 թուականին վերջին եւ 1992 թոպականին սկիզբին, յաջող գործողութիւնները, Խոջալուի ազատագրումը (25-26 փետրուար 1992 թուականին) եւ օդանաւակայանի բացումը ստեղծեցին տնտեսական, ռազմական եւ բարոյահոգեբանական բոլոր նախադրեալները, Շուշիի ազատագրումը նախապատրաստելու համար։

Այս առումով առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցած է 1992 թուականի Յունուար 25-26-ին Քարինտակի ինքնապաշտպանութիւնը, երբ փոքրաթիւ Հայ մարտիկները յաջողածեն ետ մղել թշնամու բազմաքանակ ուժերու հարձակումը, ոչնչացնել Շուշիի մէջ հակառակորդիներու աւելի քան 8 տասնեակ զինուորները։

Սակայն կը շարունակուին Ստեփանակերտի ու շրջակայ Հայկական բնակավայրերու անխնայ հրթիռահրետակոծութիւնները։ Մօտ 1 շաբթուայ ընթացքին արձակուած է շուրջ 1000 արկ, որուն հետեւանքով զոհուած են 20 խաղաղ բնակիչներ։ 1992 թուականին Ապրիլ 27-ին Շուշիի մէջ, որտեղէն դուրս բերուած էր ամբողջ խաղաղ բնակչութիւնը, կեդրոնացած էր մեծ քանակութեամբ ռազմական զինամթերքով։

Շուշիի ազատագրման նախապատրաստման շրջանակներուն, Հայկական կողմը ձեռնարկած է նաեւ միջազգային հանրութեանը անոր նախապատրաստելու դիւանագիտական աշխատանքին։ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին, ԵԱՀԽ-ին եւ շարք մը երկիրներու ղեկաւարներուն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ԳԽ Փետրուար 19-ի դիմումով անոնց ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Ազրպէյճանի կողմէն իրականացուող ցեղասպանութեան վրայ՝ մասնաւորապէս յիշատակելով Մարաղայի կոտորածը (Ապրիլ 1991 թուականին)։

Մայիս 1-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ԳԽ նախագահութիւնը կրկին կը դիմէ միջազգային հանրութեանը՝ հայտարարելով, որ արցախահայութիւնը սովահար է, զրկուած ջուրէն, ելեքդրականութիւնէն, դեղորայքէն... Ուստի Շուշիի ազատագրումը Ստեփանակերտի եւ Արցախի շահերէն բխող պարտադրուած անհրաժեշտութիւն է։ 1992 թուականին Մարտ-Ապրիլին, որպէս պատասխան այդ դիմումին, շարք մը երկիրներու ներկայացուցիչները, այդ թուականին՝ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին յատուկ ներկայացուցիչ՝ Սայրուս Վենսը եւ ԵԱՀԽ լիազոր պատասխանատու Յ. Կուբիչը, Իրանի ԱԳ փոխ նախարարը Մահմուտ Վայեզին, ՌԴ ԱԳ նախարարը Անտրէյ Քոզիրեւն, կը ժամանեն տարածաշրջան։ Սկսած է նաեւ բանակցային գործընթացը. Իրանի մայրաքաղաք, Թեհրանի մէջ Մայիս 6-ին հանդիպած են՝ ՀՀ նախագահ Լեւոն Տեր-Պետրոսեանը, ԻԻՀ նախագահ Հաշեմի Ռաֆսանջանին եւ Ազրպէյճանի նախագահի պաշտոնակատար Յ. Մամեդովը։

Ազատագրման ռազմական գործողութիւնը

Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը տեղի ունեցած է 1992 թուականին Մայիս 8-9-ին։ Մշակման եւ իրականացման առումով, Հայ ռազմարուեստի մէջ եզակի ռազմական գործողութիւնը, արմատական կոտրտում կ՛առաջացնէ Արցախեան ազատագրական պատերազմին մէջ։

Գործողութիւնը իրականացուած է 4 ուղղութիւններով՝ միաժամանակեայ հարձակումներով՝ Մայիս 8-ի գիշերը ժամը 2.30-ին, Քիրսի ռազմական դիրքերը գրաւեցին Լաչին-Շուշի ճանապարհը։ Ռազմական գործողութիւնը ղեկավարած է Ինքնապաշտպանութեան ուժերու (ԻՊՈւ) հրամանատար Արկադի Տեր-Թադեւոսեանը։ Հրամանատարականէրն էին, Գուրգէն Դալիբալթաեանը, Սերժ Սարգսեանը, Ռ. Գզողեանը, Զորի Բալաեանը, կապը, բուժօգնութիւնը, հրետանային նախապատրաստութիւնը, ինժեներական ծառայութիւնը։ Աշխատանքները համակարգած են՝ համապատասխանաբար Արթուր Փափազեանը, Վ. Մարութեանը, Լ. Մարտիրոսովը, Ռ. Աղաջանեանը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ Օլեգ Եսայանը, Գ. Պետրոսեանը, Արկադի Ղուկասեանը, Ռոբերտ Քոչարեանը եւ ուրիշներ։

Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը ԻՊՈՒ շտաբի անդամներուն յաջողութիւն կը մաղթէ Արցախի թեմի առաջնորդին Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանին։

Շուշիի ազատագրման գործունէութիւնը մշակուած է Ա. Տեր-Թադեւոսեանի գլխաւորութեամբ, որուն զինուորականները մասնակցեցան Խոջալուն ազատագրութեան, այս մէկէն անմիջապէս յետոյ։ Գործողութիւնը կազմուած է Մարտ-Ապրիլ ամիսներուն՝ խումբերու կողմէն հակառակորդի ուժերու տեղակայումէն, դիրքերն ու քանակական տվեալներուն ճշգրտելութենէն յետոյ։ Յարձակման ճակատային գիծը շուրջ 25 քմ էր։ Հակառակորդը հայկական կողմին կը գէրազանցէին կենդանի ուժով եւ սպառազինութեամբ։ Օբերատիւ իրաւիճակը կը վերահսկէր եւ փոփոխութիւններու մասին անմիաջպէս կը տեղեկացնէին Վ. Սարգսեանը ու Ս. Սարգսեանը։ Բլանը կազմուած է գաղտնիութեան պայմաններով՝ Ա. Տեր-Թադեւոսեանին, Ռ. Գզողեանին, Ս. Սարգսեանին, Լ. Մարտիրոսովին, Ռ. Քոչարեանին կողմէն, ինչպէս նաեւ հիմնական ուղղութիւններու հրամանատարներուն Սամուել Բաբայանի, Ա. Կարապետեանի, Սեյրան Օհանեանի, Վ. Չիթչեանի եւ ուրիշներու օգնութեամբ։

Ապրիլ 28-ին արդէն վերջնականապէս որոշուած եւ ճշգրտուած էին յարձակման գլխաւոր ուղղութիւնները, հրամանատարները եւ առկայ զէնք ու զինամթերքի քանակները։

Լ. Մարտիրոսովի յանձնարարութեամբ պատրաստուած է Շուշիի տեղանքի մանրակերտը, որուն վրայ հրամանատարները ճշգրտած էին իրենց գործողութիւններն ու ընթացիկ ուղղութիւնները։ Ռազմագործողութիւնը ղեկաւարաուած է Շուշիի Հիւսիս գտնուող բարձունքի վրայ տեղակայուած եւ 4 այլ հրամանատարական դիտակէտէրէն։

Յարձակումը նախատեսուած էր որ սկսէր Մայիս 4-ին, բայց տարբեր պատճառներով (սպառազինութեան պակաս, վատ եղանակ եւ այլն) յետաձգուած էր։ ԻՊՈՒ-ի շուրջ 1200 մարտիկներէն բաղկացած 4 յարձակողական եւ 1 պահեստազօրային խումբերը Մայիս 8-ի գիշերը միաժամանակ անցած են յարձակման։

Շուշիի ազատագրման մարտական հրամանը ստորագրուած է Մայիս 4-ին հետեւեալ մանրամասներով. 1.Հակառակորդը շրջանաձեւ դիրքեր կը գրաւէ Շուշիի բարձունքներուն՝ մօտ 1200 մարդ կենդանի ուժով, Զառսլու գիւղին մէջ՝ մօտ 100 մարդ, Լիսագորի մէջ՝ մօտ 300-350 մարդ, Քէօսալարի ուղղութեամբ՝ մօտ 300 մարդ։ 2.Մեր խնդիրը՝

  • ջախջախել հակառակորդին Լիսագորի, Զառսլուի, Ջանհասանի եւ Կարագեաւ բնակավայրերուն մէջ,
  • ջախջախել հակառակորդին Շուշիի մատոյցներուն մէջ եւ այն ազատագրել կանաչներէն (հակառակորդի պայմանական անուանումը),
  • ետքը յարձակիլ Բերդաձորի ուղղութեամբ եւ Բերդաձորի ենթաշրջանը ազատագրել կանաչներէն։

1.Հակառակորդը հիմնական ուժերը կեդրոնացուցած է Քէօսալարի, Լիսագորի, Զառսլուի, Շուշիի մատոյցներուն մէջ ու քաղաքին մէջ։

Հակառակորդին ջախջախելու միջոցները՝ գրաւել բարձունքը եւ դիրքաւորուիլ այնտեղ։ Ուժերու վերախմբաւորումութենէ յետոյ, նոյն ժամանակին սկսաւ յարձակումը Լիսագորի ու Զառսլուի վրայ եւ յարձակմումը անցնել 4 ուղղութիւններով.

Ստեփանակերտի կողմէն հակառակորդին կը ջախջախէ բարձունքներուն մէջ, կը դիրքաւորուէ Շուշին իր 3 ծայրամասէրով, ապա ոչնչացնել թշնամին եւ ազատագրել Շուշին։

Ռազմական գործողութեան ելքը կանխորոշուած էր արդէն իսկ Մայիս 8-ին, երբ Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու ստորաբաժանումները նպաստաւոր բնագիծեր գրաւած էին Շուշիի մատոյցներուն մէջ։ Մայիս 8-ի երեկոյեան կողմ տրուած դադարը հակառակորդին հնարաւորութիւն է որպէսզի ընձեռէ յատկացուած միջանցքով եւ հեռանայ բերդաքաղաքէն։

Կէսօրուան մօտ յարձակումի անցան հակառակորդի 1 ռազմական ինքնաթիռ եւ ուղղաթիռներ, որոնք կը ռմբակոծեն հայկական ուժերու մարտաշարքերը, ինչպէս նաեւ Շուշին ու Ստեփանակերտը։ Աւելի ուշ կը պարզուի, որ այդ օդային յարձակման նպատակը Շուշիի մէջ թողուած զինապահեստները պայթեցնելն էր,այս մէկով ազրպէյճանցիները յոյս ունեցած են կործանել ամբողջ քաղաքը, որ չէ յաջողուած։ Իրիկուան կողմ, հիմնականօրէն աւարտուած է Շուշիի «մաքրման» գործողութիւնը։ Մայիս 9-ին հայկական բերդաքաղաքը ազատագրուած էր։

Աղբիւրներ

Գրականութիւն

  • «Ղարաբաղեան ազատագրական պատերազմ 1988-1994» հանրագիտարան։

Արտաքին յղումներ


Տես նաեւ

Կատեգորիա:Արցախեան պատերազմի ռազմական գործողութիւններ