«Շնչարգելք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր oգտվելով ԱՎԲ
Տող 15. Տող 15.


*Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն (general allergy).
*Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն (general allergy).

*Դեղերու եւ սննդանիւթերու գերզգայնութիւն.
*Դեղերու եւ սննդանիւթերու գերզգայնութիւն.

*Ծխախտոտի ծուխ.
*Ծխախտոտի ծուխ.


Տող 23. Տող 21.


*Զանազան տեսակի թունաւոր կազերու, քիմիական նիւթերու եւ ներկերու ներշնչում.
*Զանազան տեսակի թունաւոր կազերու, քիմիական նիւթերու եւ ներկերու ներշնչում.

*Փոշիով եւ բեղմնափոշիով (pollen) ապականած միջավայրի օդի ներշնչում.
*Փոշիով եւ բեղմնափոշիով (pollen) ապականած միջավայրի օդի ներշնչում.

*Ժառանգական-ծինային հակամէտութիւն (genetic disposition).
*Ժառանգական-ծինային հակամէտութիւն (genetic disposition).


Տող 37. Տող 33.


*Ֆիզիքական գերյոգնութիւն եւ մարմնամարզ.
*Ֆիզիքական գերյոգնութիւն եւ մարմնամարզ.

*[[Խոնաւութիւն|Խոնաւ]] եւ պաղ կամ տաք մթնոլորտ, մշուշ.
*[[Խոնաւութիւն|Խոնաւ]] եւ պաղ կամ տաք մթնոլորտ, մշուշ.

*Հոտաւէտ նիւթեր՝ անուշահոտ, օճառ.
*Հոտաւէտ նիւթեր՝ անուշահոտ, օճառ.

*Զգացական-հոգեբանական խանգարումներ.
*Զգացական-հոգեբանական խանգարումներ.

*Դաշտանի եւ յղութեան շրջանին տեղի ունեցող ճնշուածութիւն եւ հոգեկան վերիվայրումներ:
*Դաշտանի եւ յղութեան շրջանին տեղի ունեցող ճնշուածութիւն եւ հոգեկան վերիվայրումներ:


Տող 52. Տող 44.


*Չոր հազ, որ աւելի զգալի կ'ըլլայ գիշեր ատեն եւ քունի ընթացքին.
*Չոր հազ, որ աւելի զգալի կ'ըլլայ գիշեր ատեն եւ քունի ընթացքին.

*Շնչասլոց ներշնչումի եւ արտաշնչումի ընթացքին.
*Շնչասլոց ներշնչումի եւ արտաշնչումի ընթացքին.

*Կարճատեւ ներշնչում եւ արտաշնչում ու արագ շնչառութիւն.
*Կարճատեւ ներշնչում եւ արտաշնչում ու արագ շնչառութիւն.

*րծքավանդակի (chest wall) ճնշում-նեղութիւն:
*րծքավանդակի (chest wall) ճնշում-նեղութիւն:


Տող 69. Տող 58.


*[[Քիթ (արեւմտահայերէն)|Քիթ]]<nowiki/>ի եւ խոռոչային (sinus) գերզգայնութենէ.
*[[Քիթ (արեւմտահայերէն)|Քիթ]]<nowiki/>ի եւ խոռոչային (sinus) գերզգայնութենէ.

*Օտար մարմիններու թոքային ներշնչումէ.
*Օտար մարմիններու թոքային ներշնչումէ.

*Խռչափողային (larynx) ընդոծին թաղանթէ (congenital web).
*Խռչափողային (larynx) ընդոծին թաղանթէ (congenital web).

*Խռչափողի աճառային թուլացումէ (laryngomalacia).
*Խռչափողի աճառային թուլացումէ (laryngomalacia).

*[[Շնչափող (արեւմտահայերէն)|Շնչափող]]<nowiki/>ային (tracheal) եւ ցնցուղներու ուռերէ,
*[[Շնչափող (արեւմտահայերէն)|Շնչափող]]<nowiki/>ային (tracheal) եւ ցնցուղներու ուռերէ,

*Ժահրային ցնցղատապէ (bronchitis),
*Ժահրային ցնցղատապէ (bronchitis),


Տող 83. Տող 67.


*Մնայուն ցնցղատապէ.
*Մնայուն ցնցղատապէ.

*Փքռոյցէ (emphysema).
*Փքռոյցէ (emphysema).

*Սրտի կաթուածէ (myocardial infarction) եւ սրտի աշխատանքի վատթարացումէ (heart failure).
*Սրտի կաթուածէ (myocardial infarction) եւ սրտի աշխատանքի վատթարացումէ (heart failure).

*Թոքային խլիրդէ.
*Թոքային խլիրդէ.

*Ձայնալառային հիւանդութիւններէ:
*Ձայնալառային հիւանդութիւններէ:


Տող 100. Տող 80.


*Ցնցուղները ընդլայնող դեղեր (bronchodilators), որոնք կը գործածուին ներշնչումով (inhalation).
*Ցնցուղները ընդլայնող դեղեր (bronchodilators), որոնք կը գործածուին ներշնչումով (inhalation).

*Corticosteroid դեղեր՝ ներերակային կամ բերնի ճամբով.
*Corticosteroid դեղեր՝ ներերակային կամ բերնի ճամբով.

* Հակագերզգայնութեան դեղեր.
* Հակագերզգայնութեան դեղեր.

*Թթուածինի ներարկում՝ բերնի կամ քիթի ներշնչումով, ինչպէս նաեւ արուեստական շնչառական սարքով.
*Թթուածինի ներարկում՝ բերնի կամ քիթի ներշնչումով, ինչպէս նաեւ արուեստական շնչառական սարքով.

*Դիմադրողականութիւնը զօրացնող դեղեր.
*Դիմադրողականութիւնը զօրացնող դեղեր.

*Հակամանրէական դեղեր՝ բորբոքումի գոյութեան պարագային:
*Հակամանրէական դեղեր՝ բորբոքումի գոյութեան պարագային:



09:14, 9 Մայիս 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Շնչարգելքը (asthma) զանազան պատճառներով յառաջացած եւ պարբերաբար կրկնուող շնչահեղձութիւն (dyspnea) է: Յաճախ անիկա կը կոչուի ծանրաշունչ եւ ազմ:

Շնչարգելքը երկարատեւ եւ անհակաշռելի (irriversible) թոքային հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի շնչահեղձութեամբ եւ շնչասլոցով (wheeze):

Ամբողջ երկու թոքերն են որ կախտահարուին եւ անոնց ցնցուղներու (bronchi) եւ ցնցղիկներու (bronchioles) կծկումով կը յառաջանայ շնչարգելքը: Անիկա կը պատահի ընդհանրապէս որեւէ մէկ տարիքի, բայց եւ այնպէս ան հազուադէպ է մանուկներու մօտ: Անիկա առաւելաբար կը տեսնուի քաղաքներու մէջ ապրող հաւաքականութիւններու մէջ:

Շնչարգելքը համատարած հիւանդութիւն մըն է բոլոր երկիրներու մէջ: Տարուէ տարի շնչարգելքէ տառապող հիւանդներուն թիւը կը բազմապատկուի: Ըստ միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն ամբողջ աշխարհի բնակչութեան մօտաւորապէս եօթը առ հարիւրը կը տառապի շնչարգելքէ:

Ախտապատճառներ

Շնչարգելքը ունի հիմնական եւ երկրորդական ախտապատճառներ:

Հիմնական ախտապատճառները

  • Մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն (general allergy).
  • Դեղերու եւ սննդանիւթերու գերզգայնութիւն.
  • Ծխախտոտի ծուխ.

Ծխողը անմիջականօրէն եւ առաւելաբար ինք կը վնասուի ծխախոտի պարունակած թունաւոր նիւթերէն, իսկ իր շուրջը գտնուողները նոյնպէս կը վնասուին, բայց աւելի նուազ տարողութեամբ եւ երկրորդական ձեւով:

  • Զանազան տեսակի թունաւոր կազերու, քիմիական նիւթերու եւ ներկերու ներշնչում.
  • Փոշիով եւ բեղմնափոշիով (pollen) ապականած միջավայրի օդի ներշնչում.
  • Ժառանգական-ծինային հակամէտութիւն (genetic disposition).

Այն անձերը որոնք շնչարգելքի ծինային հակամէտութիւն ունին դիւրաւ կ'ախտահարուին շնչարգելքով, երբ ենթարկուին վերոյիշեալ ախտապատճառներուն:

  • Ստամոքսա-որկորային յետադարձութիւն (gastro-esophageal reflux):

Տեսնուած է, որ այս հիւանդութիւնը ունեցող անհատներուն մեծամասնութիւնը կ'ախտահարուին շնչարգելութենէ:

Երկրորդական ախտապատճառները

  • Ֆիզիքական գերյոգնութիւն եւ մարմնամարզ.
  • Խոնաւ եւ պաղ կամ տաք մթնոլորտ, մշուշ.
  • Հոտաւէտ նիւթեր՝ անուշահոտ, օճառ.
  • Զգացական-հոգեբանական խանգարումներ.
  • Դաշտանի եւ յղութեան շրջանին տեղի ունեցող ճնշուածութիւն եւ հոգեկան վերիվայրումներ:

Երկրորդական ախտապատճառները առանցնաբար՝ հիմնական ախտապատճառներու բացակայութեան, չեն կրնար յառաջացնել շնչարգելքը: Սակայն անոնք կը զօրակցին հիմնական ախտապատճառներուն եւ կամ կը գրգռեն զանոնք ու կը պատճառեն կանխահաս շնչարգելք:

Ախտանշաններ

Շնչարգելքի յատկանշական ախտանշանները հետեւեալներն են.

  • Չոր հազ, որ աւելի զգալի կ'ըլլայ գիշեր ատեն եւ քունի ընթացքին.
  • Շնչասլոց ներշնչումի եւ արտաշնչումի ընթացքին.
  • Կարճատեւ ներշնչում եւ արտաշնչում ու արագ շնչառութիւն.
  • րծքավանդակի (chest wall) ճնշում-նեղութիւն:

Այս ախտանշանները՝ բոլորը նոյն ձեւով եւ նոյն ուժգնութեամբ չեն պատահիր շնչարգելքէ տառապող անհատներուն: Շատ մը հիւանդներ կ'ապրին որոշ ժամանակաշրջան մը առանց որեւէ մէկ ախտանշանի եւ յանկարծ որոշ գրգռիչ պատճառով մը կը սկսին մնայուն շնչարգելքի ուժգին ախտանշանները: Ուրիշներ ամէնօրեայ ախտանշաններով կ'ապրին, բայց մնայուն տառապանքով: Յաճախ ախտանշանները երեւան կու գան մարմնամարզանքի ընթացքին եւ կամ ժահրային շնչառական պարզ հիւանդութեամբ մը եւ նոյնիսկ պարզ հարբուխի հետ միասին:

Շնչարգելքէ ախտահարուած անհատներուն մեծամասնութիւնը դեղադարմանումներով կ'ապրին եւ կը գործեն գրեթէ բնական պայմաններու մէջ: Սակայն անակնկալ որոշ գրգռիչ ազդակներու յայտնաբերումով անոնցմէ շատերը կ'ունենան շնչարգելքի ուժգին նոպա-ախտաժամ (asthmatic attack) եւ կը մատնուին ամբողջական անգործութեան: Շնչարգելքի ուժգին նոպայի ախտաբանական պատճառները հետեւեալներն են՝ անակնկալ եւ արտառոց զօրութեամբ ցնցուղներու կծկում-նեղացում, ցնցուղներու ներքին մակերեսի ջրուռեցք, եւ առատ թանձր խուխի արտադրութիւն: Այս բոլորը կը յառաջացնեն ուժգին նոպայական շնչարգելքը իր ախտանշաններով՝ ներշնչումի եւ արտաշնչումի բարձր շնչասլոց, թանձր խուխով հազ, կրծքավանդակի սուր ճնշումաւոր ցաւ, վիզի մկաններու պրկում, խօսելու դժուարութիւն, առատ քրտինք, անհանդարտութիւն, կապտախտ (cyanosis)՝ կապոյտ շրթունքներ եւ մատներու եղունքներ, եւ մթագնութիւն: Այս ուժգին նոպայական շնչարգելքը երբեմն վատ զարգացումներով, անգիտակցութեամբ եւ մահաքուն (coma) վիճակով, կը վերածուի լուրջ եւ մտահոգիչ կացութեան մը, որ կը կարօտի շտապ բժշկական հիւանդանոցային խնամքի եւ շտապ միջոցառումներու: Այս հանգրուանին հիւանդին կը կիրարկուի թթուածին՝ արուեստական շնչառական սարքի (artificial respirator) միջոցաւ:

Զատորոշում

Շնչարգելքը պէտք է զատորոշուի կարգ մը այլ հիւանդութիւններէ.

Անչափահասներու եւ մանուկներու պարագայ

  • Քիթի եւ խոռոչային (sinus) գերզգայնութենէ.
  • Օտար մարմիններու թոքային ներշնչումէ.
  • Խռչափողային (larynx) ընդոծին թաղանթէ (congenital web).
  • Խռչափողի աճառային թուլացումէ (laryngomalacia).
  • Շնչափողային (tracheal) եւ ցնցուղներու ուռերէ,
  • Ժահրային ցնցղատապէ (bronchitis),

Չափահասներու պարագայ

  • Մնայուն ցնցղատապէ.
  • Փքռոյցէ (emphysema).
  • Սրտի կաթուածէ (myocardial infarction) եւ սրտի աշխատանքի վատթարացումէ (heart failure).
  • Թոքային խլիրդէ.
  • Ձայնալառային հիւանդութիւններէ:

Յաճախ շնչարգելքին կ'ուղեկցին վարի շնչառական համակարգի մանրէական բորբոքումներ, որոնք կը յայտնուին ջերմով, դողով, քրտինքով եւ խուխով հարուստ հազով:

Շնչարգելքի ախտանշանները կը դիւրացնեն անոր ախտաճանաչումը: Բժիշկը կը կատարէ բժշկական մանրակրկիտ ընդհանուր քննութիւն, կը լսէ թոքերը ընկալուչով (stethoscope) եւ կը կատարէ թոքերու Ք (K) ճառագայթային նկարահանում:

Բուժում

Շնչարգելքը հիմնական դարմանում չունի: Սակայն անոր ախտանշանները եւ մանաւանդ շնչարգելութիւնը մեղմացնելու միտումով կը գործածուին կարգ մը դեղեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են.

  • Ցնցուղները ընդլայնող դեղեր (bronchodilators), որոնք կը գործածուին ներշնչումով (inhalation).
  • Corticosteroid դեղեր՝ ներերակային կամ բերնի ճամբով.
  • Հակագերզգայնութեան դեղեր.
  • Թթուածինի ներարկում՝ բերնի կամ քիթի ներշնչումով, ինչպէս նաեւ արուեստական շնչառական սարքով.
  • Դիմադրողականութիւնը զօրացնող դեղեր.
  • Հակամանրէական դեղեր՝ բորբոքումի գոյութեան պարագային:

Այս դեղադարմանամիջոցներու կողքին պէտք է հակակշռել շնչարգելքի գրգռիչները:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ շնչարգելքով ախտահարուած տարեցներու եւ մանուկներու խնամքը յաւելեալ ուշադրութեան կը կարօտի:

Շնչարգելքը կանխարգիլելի է մեծ մասամբ, պարզապէս խուսափելով անոր ախտապատճառներէն, որոնց կարեւորագոյնը ծխախոտն է:

Տե'ս Նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 8 Յունիս 2012:

Կատեգորիա:Գիտութիւն Կատեգորիա:Հիւանդութիւններ