«Ներսէս Պետրոս ԺԹ.» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Գլխաւոր գործեր: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ի ,Մ → ի, Մ (2) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 49. Տող 49.


== Գլխաւոր գործեր ==
== Գլխաւոր գործեր ==
Ան թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդական բաժինը Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս նաեւ քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի ,Մասիս» ամսաթերթին։
Ան թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդական բաժինը Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս նաեւ քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի, Մասիս» ամսաթերթին։
Հոկտեմբեր 7, 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։
Հոկտեմբեր 7, 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։


Տող 55. Տող 55.
Յունուար 2005ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պալիզիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին։
Յունուար 2005ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պալիզիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին։


Յունուար 2005ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը ,Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»:
Յունուար 2005ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»:
Յուլիս 2006ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։
Յուլիս 2006ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։



19:10, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Տեղեկաքարտ Կաթողիկոս

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի, (17 Յունուար 1940, Գահիրէ - 25 Յունիս 2015, Պէյրութ[1]),Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց։

Կենսագրական գիծեր

Հինգերրորդ զաւակն է ութ զաւակներու տէր ընտանիքի մը։ Իր նախնական եւ երկրորդական ուսումները կատարած է Գահիրէի Ֆրէրներու Գոլէճներուն մէջ։

Կանուխէն քահանայական կոչումը զգալով, ան ղրկուած է Հռոմ, Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Դպրեվանքը, եւ յաճախած է Գրիգորեան Համալսարանը փիլիսոփայութիւն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու։ Քահանայ ձեռնադրուած է Գահիրէ, 15 Օգոստոս 1965-ին, ձեռամբ թեմին Առաջնորդ՝ Ռափայէլ Եպս. Պայեանի եւ ստանձնած է Գահիրէի ժողովրդապետութեան պատասխանատուութիւնը, օժանդակելով Գեր. Յովհաննէս Վրդ. Գասպարեանի, յետագային՝ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք։ 1968-էն 1990, եղած է ժողովրդապետ Հելիոպոլսոյ «Գահիրէ»։ եկեղեցւոյ, յատկապէս քաջալերելով զանազան հոգեւոր շարժումներու գործունէութիւնը։

18 Փետրուար 1990-ին, Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմին Առաջնորդ օծուած է ձեռամբ Ամեն. Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիաքին։

1992-էն 1997, իբր անդամ Եգիպտոսի կաթողիկէ Նուիրապետութեան, ան Ընդհանուր Քարտուղարի պաշտօն վարած է Եգիպտոսի Կաթողիկէ եկեղեցիներու Հովուական խորհուրդին։ Իբր անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին, ան եղած է յաջորդաբար՝ Անդամ Եպիսկոպոսներու Խորհուրդին՝ կառավարելու համար Պատրիարքական Ատեանը 1993-էն 1995:

Նախագահ Քահանայական Կոչումներու Պատրիարքական Յանձնախումբին 1993-էն 1995:

Անդամ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մնայուն Սիւնհոդոսի 1994-էն 1999:

Ընտրութիւն

Հոկտեմբեր 7, 1999-ին՝ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Սիւնհոդոսին կողմէ ընտրուած է Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց եւ առած է Ներսէս Պետրոս ժԹ. անունը։ Գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է նոյն ամսուան 24-ին։ 13 Դեկտեմբեր 1999-ին՝ Եկեղեցական Հաղորդութիւն ստացած է Յովհաննսէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Ճամբորդութիւններ

Մասնակցած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւններուն՝ Եգիպտոս «Փետրուար 2000», Յորդանան «Մարտ 2000», Սուրիա «Մայիս 2001» եւ Հայաստան «Սեպտեմբեր 2001»:

Իր գահակալութենէն ի վեր, հովուական այցելութիւններ կատարած է հետեւեալ երկիրները՝ Յորդանան «Մարտ 2000», Ֆրանսա «Մայիս 2001», Շուէտ «Մայիս 2001», Աւստրալիա «Յունիս 2001 – Մարտ 2004», Լեհաստան «Յունիս 2001», Հայաստան «Սեպտեմբեր 2001 - Ապրիլ 2008», Ուքրանիա «Հոկտեմբեր-Նոյեմբեր 2001», Պարսկաստան «Փետրուար 2003- Նոյեմբեր 2004», Քեսապ «Օգոստոս 2003», Եգիպտոս «Դեկտեմբեր 2003», Հալէպ- Սուրիա «Մայիս 2004», Երուսաղէմ «Սեպտեմբեր 2005», Լատին Ամերիկա «Հոկտեմբեր- Նոյեմբեր 2005» եւ Ղարաբաղ «Յուլիս 2006»:

Գլխաւոր գործեր

Ան թիկունք հանդիսացած է համայնքի վարժարաններու ծաղկումին ու վերելքին, մանաւանդ բանալով երկրորդական բաժինը Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ։ Ինչպէս նաեւ քաջալերած է լրատուական միջոցները, յատկապէս վերահրատարակութիւնը ապահովելով պատրիարքութեան թեմի, Մասիս» ամսաթերթին։ Հոկտեմբեր 7, 2001-ին, իր խնդրանքին վրայ եւ Հայաստանի քրիստոնէացման 1700-ամեակի առիթով, Հռոմի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, 1915-ի ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Մարտինի Առաջնորդ Իգնատիոս Արքեպիսկոպոս Մալոյեանը Երանելի հռչակուած է Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Քահանայապետին կողմէ։

Փետրուար 2002-ին, Կաթողիկոս Պատրիարքը առաջին ժողովրդապետութիւնը կը հիմնէ Մոսկոուա՝ նոր առաքելութիւն մը սկսելու համար Ռուսաստանի մէջ, շարունակելով 1991-ի Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ սկսուած առաքելութիւնները։ Յունուար 2005ին, Հոգեւոր Տիրոջ խնդրանքին վրայ եւ ներկայութեամբ ու օրհնութեամբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի, Վատիկանի Ս. Պետրոս Պալիզիքայի արտաքին պարիսպին վրայ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ զետեղումը Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի արձանին։

Յունուար 2005ին, Հռոմի մէջ Հոգեւոր Տէրը Գիտաժողով մը կազմակերպեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի մահուան հազարամեակի առիթով, որուն հետապնդուած նպատակն է հռչակել տալ Ս. Գրիգորը, Ընդհանրական Եկեղեցւոյ Վարդապետ»: Յուլիս 2006ին, Հոգեւոր Տէրը կ’այցելէ Ղարաբաղը։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն է որ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք մը կ’այցելէ Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։

Փետրուար 2008ին, Հոգեւոր Տիրոջ նախաձեռնութեամբ, Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը մեծ հանդիսութեամբ բացումը կը կատարէ եւ կ'օրհնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի անուան Հրապարակը եկեղեցական եւ քաղաքական հայ եւ օտար բարձր անձնաւորութիւններու, կղերականներու, մայրապետներու եւ Հռոմի ու զանազան երկիրներէ ժամանած հայ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մահը

Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսը կը մահանայ 2015 թուականի Յունիսի 25-ին Պէյրութի մէջ սրտի կաթուածով՝ 75 տարեկան հասակին [1]։

Պարգևներ

2015թ. սեպտեմբերի 16-ին ՀՀ Նախագահի հրամանագրով հետմահու պարգևատրվել է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանով[2]։

Արտաքին յղումներ

Ծանոթագրություններ

Կատեգորիա:Հայ կաթողիկէ պատրիարքներ Կատեգորիա:1940 ծնունդներ (արւմտ․) Կատեգորիա:2015 մահեր (արւմտ․) Կատեգորիա:Գահիրէ ծնածներ Կատեգորիա:17 Յունուարի ծնածներ Կատեգորիա:Պէյրութ մահացածներ Կատեգորիա:25 Յունիսի մահացածներ Կատեգորիա:Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շքանշանի ասպետներ