«Նախահայկական Դարաշրջան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
"Stone_found_in_Armenia_during_Stone_Age_1.JPG" Ֆայլը Ջնջվել է: Վիքիպահեստում՝ JuTa մասնակցի կողմից: Պատճառը սա է՝ No source since 1 March 2016:
Չ →‎Պրոնզէ Դարը Հայաստանի Մէջ: կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ն,շ → ն, շ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 71. Տող 71.
[[File:Սափոր՝ գալարուն ոձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար).jpg|200px|մինի|ձախից|Սափոր՝ գալարուն օձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար):]]
[[File:Սափոր՝ գալարուն ոձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար).jpg|200px|մինի|ձախից|Սափոր՝ գալարուն օձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար):]]


Նոյն շրջանին,շատ աւելի մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան Հայաստանի մօտիկ երկիրներուն մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ գետերու հովիտներուն մէջ կը սկսին կազմաւորունիլ պետութիւններ. [[Նեղոս (արեւմտահայերէն)|Նեղոսի]] հովիտին մէջ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ը, [[Տիգրիս (գետ, արեւմտահայերէն)|Տիգրիս]]ի եւ [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ]]ի հովիտին՝ [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]ի մէջ՝ Շումէր եւ Աքքադ։ Այս երկիրներու ստեղծած բարձր [[Քաղաքակրթութիւն|քաղաքակրթութեան]] ազդեցութիւնը կը տարածուի շրջակայ երկիրներուն եւ անոնց կարգին [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի վրայ։
Նոյն շրջանին, շատ աւելի մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան Հայաստանի մօտիկ երկիրներուն մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ գետերու հովիտներուն մէջ կը սկսին կազմաւորունիլ պետութիւններ. [[Նեղոս (արեւմտահայերէն)|Նեղոսի]] հովիտին մէջ [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]]ը, [[Տիգրիս (գետ, արեւմտահայերէն)|Տիգրիս]]ի եւ [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ]]ի հովիտին՝ [[Միջագետք (արեւմտահայերէն)|Միջագետք]]ի մէջ՝ Շումէր եւ Աքքադ։ Այս երկիրներու ստեղծած բարձր [[Քաղաքակրթութիւն|քաղաքակրթութեան]] ազդեցութիւնը կը տարածուի շրջակայ երկիրներուն եւ անոնց կարգին [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի վրայ։


[[File:Կաւէ կուժ, Լճաշէն (Ժդ.-Ժգ. դարեր).jpg|150px|մինի|Կաւէ կուժ, Լճաշէն (Ժդ.-Ժգ. դարեր):]]
[[File:Կաւէ կուժ, Լճաշէն (Ժդ.-Ժգ. դարեր).jpg|150px|մինի|Կաւէ կուժ, Լճաշէն (Ժդ.-Ժգ. դարեր):]]

11:02, 11 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Կաղապար:Արեւելահայերեն Նախահայկական Դարաշրջան, մարդկային ընկերութեան կազմաւորումը հարիւր հազարաւոր տարիներ ընդգրկող երկարատեւ ժամանակաշրջան է։ Արդի գիտութեան համաձայն, մարդը յառաջացած է երկու միլիոն տարի առաջ[1]։

Քարէ Դարը Հայաստանի Մէջ

Նախնադարեան Մարդկային Ընկերութիւն

Աշխատանքի միջոցով նախամարդը ստացած է ներկայ մարդու կերպարանքը։ Աստիճանաբար ստացած է ուղիղ կեցուածք, երկու ոտքերու վրայ կանգնելու եւ քալելու, ձեռքի թաթերը գործածելու կարողութիւն։ Ասոր զուգընթաց կազմաւորունած է գանկը, զարգացած են ուղեղն ու միտքը։ Լեզուն եւս ունեցած է համապատասխան յառաջդիմութիւն, առանձին բացագանչութիւններէն բառեր եւ նախադասութիւններ արտասանելու կարողութեան անցնելով։ Ձեռքի եւ մտքի գործակցութեամբ, մարդը պայքարած է բնութեան արհաւիրքներուն դէմ եւ պաշտպանած է իր գոյութիւնը։ Ժամանակի ընթացքին, այս ձեւով, ան տարբերած է կենդանական աշխարհէն եւ հեռացած անկէ։

Հարիւր հազարաւոր տարիներ տեւող այս ընթացքը կը կոչենք Նախնադար։ Նախնադարեան մարդու պատմութեան այս ժամանակաշրջանը կը կոչենք նաեւ՝ Քարէ Դար, որովհետեւ մարդու առաջին եւ հիմնական գործիքը եղած է քարը։

Մամութի այս կմախքը որ գտնուած է Կիւմրիի շրջանին մէջ[2], կը պահուի Երեւանի երկրաբանական թանգարանին մէջ: Նախապատմական այս փիղը, որ այժմ անհետացած է, աւելի մեծ էր քան ներկայ փիղը. ան ծածկուած էր թանձր բուրդով՝ ցուրտին դէմ պաշտպանուելու համար: Իսկ հսկայական ժանիքներէն իւրաքանչիւրը կը կշռէր շուրջ 100 քիլոկրամ:

Քարէ Դար

Քարէ Դարը կը սկսի մարդու երեւան գալէն եւ կը տեւէ մինչեւ Ք․Ա․ 4-րդ հազարամեակ[3], որունն վերջաւորունթեան կը սկսի օգտագործուիլ նաեւ առաջին մետաղը՝ պղինձը։

Ք․Ա․ 4-րդ եւ - 3-րդ հազարամեակները Պրոնզի դարաշրջանը[4] կը կազմեն, իսկ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին Երկաթէ դարաշրջանով[5] կը սկսի մարդկային քաղաքակրթութեան բարձր աստիճանը։

Հայկական բարձրաւանդակը եղած է մարդու բնակութեան ամէնէն հին երկրամասերէն մէկը։ Մարդը հոն բնակած է շարունակաբար նախնադարեան պատմութեան բոլոր շրջաններուն։ Ասոր վկայութիւնը կը կազմեն Արագածի լեռներուն, Սեւանայ եւ Վանայ լիճերու աւազաններուն, Արածանիի եւ Վերին Տիգրիսի հովիտներուն մէջ յայտնաբերուած նիւթական մշակոյթի հարուստ մնացորդներ։

Քարէ դարը կը բաժնուի երեք շրջաններու, հին (պալէոլիթ), միջին (մեզոլիթ) եւ նոր քարէ դար (նէոլիթ)։

Հին Քարէ Դար

Հին Քարէ Դարը հայկական լեռնաշխարհին մէջ կը սկսի մօտ մէկ միլիոն տարի առաջ եւ կը վերջանայ 14 հազար տարի առաջ՝ Ք․Ա․ 12-րդ հազարամեակին։ Այս դարաշրջանին մարդը օգտագործած է կայծքարէ եւ մանաւանդ վանակատէ (օպսիտեան, որունն ժողովուրդը կու տայ «սատանայի եղունգ» անունը) կոշտ գործիքներ։ Ասիկա նախամարդուն առաջին զէնքն էր։ Վանակատ քարէ այդ գործիքէն գտնուած են Արագածի շրջանի Արտին լերան վրայ եւ Երեւանի մօտիկ Արզնի բնակավայրին մէջ։


Հին Քարէ Դարուն մարդը իր գոյութիւնը կը պահէր պտուղներ եւ արմատներ հաւաքելով եւ հում միսով սնանելով։ Վայրենութեան այդ աստիճանին մարդիկ շատ քիչ կը տարբերէին անասուններէ։ Անոնք կ’ապրէին խումբերով, կը կազմէին հորդաններ եւ կը վարէին թափառական կեանք։ Մարդկային խումբերը կը կազմուէին սնունդ հայթայթելու, գազաններէն պաշտպանուելու եւ սերունդը խնամելու բնազդով։ Դարերու ընթացքին մարդը կայծքարէն կամ ուրիշ կարծր քարերէն կ’անցնի աւելի մշակուած գործիքներու պատրաստումին։ Անոնցմէ էր ձեռքի հատիչը, որ 10-15 սմ. երկարութեամբ մէկ ծայրը սուր, միւսը՝ հաստ, տանձաձեւ ամուր քար մըն էր։ Ձեռքի հատիչը կը գործածուէր հարուածելու եւ ճեղքելու համար[6]։

Նախնադարեան մարդու կեանքին մէջ մեծ յեղաշրջում յառաջացուցած է կրակի գիւտը։ Կրակը կը բարեփոխէր սնունդը, մարդիկը կը պաշտպանէր ցուրտէն եւ գիշատիչ գազաններէն, կը լուսաւորէր գիշերուան խաւարը եւ կը հեռացնէր «չար ոգիները»։ Կրակը նպաստած է նաեւ նստակեցութեան։


Հազարամեակներու փորձառութեամբ՝ նախնադարեան մարդը հնարած է նաեւ նետ ու աղեղ։ Իբրեւ նետի սլաք օգտագործուած են կայծքարը եւ վանակատի սուր կտորները։ Նետն ու աղեղը կարեւոր զէնք դարձած են որսը հեռուէն սպաննելու եւ գիշատիչ գազաններէն ու թշնամիներէն պաշտպանուելու համար։

Միջին եւ Նոր Քարէ Դար

Միջին եւ Նոր Քարէ դարաշրջաններուն (12-5 հազարամեակներ) կը կատարելագործուին աշխատանքի գործիքները[7]։ Երեւան կու գան քարէ մուրճը, քարէ կացինը՝ փայտէ կամ ոսկորէ կոթով։ Կայուն բնոյթ կը ստանայ որսորդութիունը, որուն միջոցով անասունները կ'ընտանեցուին, եւ այս ձեւով հիմը կը դրուի անասնապահութեան։

Աստիճանաբար նստակեաց դառնալով՝ մարդիկ կը սկսին քարայրանման բնակարաններ շինել՝ գետնափոր, առանց լուսամուտի եւ ծխնելոյզի պատկերը անկոփ քարերէ կազմուած, իսկ տանիքը սալաքարերով ծածկուած[8]։

Կը սկսի նաեւ ձեռքի բրիչով մշակուած երկրագործութիւնը։ Պեղումներէն ետք յայտնաբերուած են կաւէ ամաններու մէջ ցորենի եւ գարիի տարբեր տեսակներ, որոնք կը վկայեն նստակեաց կեանքի եւ հողով նախնական մշակման մասին։ Երբ թափառումներու շրջանը վերջ կը գտնէր, եւ սկիզբ կ'առնէր տոհմային համայնական կեանքը, որունն հիմքը մարդոց արենակցական-ազգականական կապերն էին, կինը կը դառնար տոհմի կեդրոնական դէմքը։ Այր մարդոց հիմնական զբաղումը կը մնար որսորդութիւնը, որուն յաջողութիւնը կապուած էր պատահականութեան։ Կինն էր, որ մշտապէս վառ կը պահէր կրակը, բրիչով կը մշակէր հողը, կը խնամէր ու կը սնուցանէր մանուկները եւ, վերջապէս, կ'ապահովէր համայնքին անհրաժեշտ կենսամթերքը։ Սերունդը կը ճանչցուէր մօր միջոցով։ Կնոջ այս բարձր դիրքին ու նշանակութեան համար այդ դարաշրջանը կը կոչենք մայրիշխանական[9]։

Պղինձէ Դար

Հինգերորդ հազարամեակին կը սկսի մետաղի օգտագործումը։ Մշակուած առաջին մետաղը պղինձն է։ Թէեւ դիւրահալ, սակայն դիւրաբեկ մետաղ ըլլալով՝ պղինձը չի կրնար ամբողջութեամբ փոխարինել քարը։ Պղինձին հետ կը շարունակուի նաեւ քարին գործածութիւնը։ Այս պատճառով Ք․Ա․ 5-4-րդ հազարամեակները կը կոչուին Պղինձէ-Քարէ դարեան (էնէոլիթ)[10]։


Այս դարերուն կը կատարելագործուին աշխատանքային գործիքները եւ կը յառաջդիմէ տնտեսութիւնը։ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ պեղումներէն գտնուած են պղինձէ ուրագ, դանակ, կացին, ձուլելու քարէ կաղապար եւ տեսակաւոր այլ գործիքներ հողի եւ բերքի մշակման համար։ Պեղումներու ընթացքին, տարբեր բնակավայրերու մէջ գտնուած են նաեւ մանգաղներ, սանդեր, աղօրիքներ, որոնք ապացոյց են, որ արդէն կային ցորենի հասկերը քաղելու, հասկերէն հատիկները բաժնելու եւ զանոնք փշրելու գործիքները։

Կը զարգանայ նոյնպէս կաւագործութիւնը։ Կը պատրաստուին փայլուն եւ անփայլ կաւէ տեսակաւոր ամաններ, նախկինէն աւելի ողորկ եւ լաւորակ, որոնք յաճախ կը զարդարուին կենդանական եւ բուսական նկարներով։ Գտնուած են կնոջ, թռչունի, եզան, ոչխարի կաւէ արձանիկներ։ Կ’ընտելացուին եղջերաւոր մեծ կենդանիներ։ Եզը կը գործածուի իբրեւ լծկան կենդանի։ Անասուններու բուրդէն եւ մազէն իլիկով թել կը պատրաստուի. կը զարգանայ մանագործութիւնը կենդանական եւ բուսական թելերու օգտագործումով։

Պրոնզէ Դարը Հայաստանի Մէջ

Էնէոլիթին (պղինձ եւ քար) կը յաջորդէ Պրոնզէ դարը, որ հայկական լեռնաշխարհի մէջ կը տեւէ 3-րդէն մինչեւ 2-րդ հազարամեակի կէսերը։ Պղինձը, իբրեւ զէնք եւ գործիք, իրի փափկութեան պատճառով երկար չի մնար գործածութեան մէջ։ Մետաղագործները պղինձի եւ անագի միաձուլումէն կ’արտադրեն նոր որակի աւելի կարծր եւ հատու մետաղ մը, որունն կու տանք անագապղինձ կամ պրոնզ անունը։


Պրոնզը լայն գործածութիւն կը ստանայ եւ յեղաշրջիչ դեր կը կատարէ նախնադարեան քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ։ Այդ պատճառով ալ հին պատմութեան այս փուլը կը կոչենք Պրոնզի դարաշրջան։ Պրոնզը մեծապէս կը նպաստէ նախնադարեան մարդու աշխատանքը աւելի արդիւնաւոր դարձնելու։ Պրոնզէ դարուն կ’օգտագործուին նաեւ այլ մետաղներ՝ ոսկի, արծաթ, անագ եւ այլն… :

Պատկեր:Լճաշէն,- կառքի պրոնզեայ զարդ-արձանիկ (Ժե.-Ժդ. դար).jpg
Լճաշէն,- կառքի պրոնզեայ զարդ-արձանիկ (Ժե.-Ժդ. դար):

Պատմական Հայաստանի մէջ գտնուած են մետաղ հալեցնելու հնոցներ, որոնցմէ հռչակաւոր է Արարատեան դաշտի մէջ Մեծամօրի ձուլարանը։ Գտնուած են այդ դարաշրջանի քաղաքակրթութեան բազմաքանակ ու բազմատեսակ նիւթական մնացորդները։ Անոնց մէջ կան պրոնզէ կացիններ, դանակներ, ձուլուած սղոց, մանգաղներ, եղաններ, սանձեր։ Շատ են յատկապէս զէնքի տեսակները՝ սուր, դաշոյն, նետասլաք, վահան, սաղաւարտ։ Մեզի հասած են պրոնզէ եւ ոսկիէ պատրաստուած եղջերուի, թռչուններու, քարայծի, առիւծի արձանիկներ, ուլունքներ, զարդարուած թասեր, գօտիներ եւ այլն։


Հնագիտական պեղումներէն գտնուած իրեղէնները ցոյց կու տան բացառիկ զարգացումը արհեստներուն, որոնք ճիւղաւորունած են եւ մասնագիտացած։ Բացի մետաղագործական արհեստներէն, կը զարգանան նոյնպէս կաւագործութիւնը, մանածագործութիւնը, կահագործութիւնը եւ կաշեգործութիւնը։ Կը շինուին հարուստ զարդերով սիրուն կաւամաններ, որոնք պատրաստուած են բարձր որակով շնորհիւ նոր յայտնուած բրուտի անիւին (դուրգ):


Կը յառաջդիմեն անասնապահութիւնն ու հողագործութիւնը։ Կ'ընտելացուի ձին եւ կը գործածուի արօրը քաշելու համար։ Կ'ընդարձակուին ցանքատարածութիւնները. կը սկսին մշակուիլ խաղողի եւ պտղատու ծառերու այգիներ։ Ասոնց ոռոգումին համար կը բացուին առուներ, ջրանցքներ: Երկրագործութեան յառաջդիմութեան մէջ մեծ դեր կ'ունենան անասուններու ուժով գործող արօրն ու կամը։ Այս ժամանակներուն կը ստեղծուին անասնաւոր կառքերը, որոնցմէ բազմաթիւ նմոյշներ գտնուած են Հայաստանի մէջ կատարուած պեղումներէն[11]:


Երկրագործութեան եւ անասնապահութեան զարգացումը փոփոխութիւններ կը մուծէ մարդոց ընկերային յարաբերութիւններուն մէջ։ Արտադրութեան մէջ դժուարին եւ հիմնական աշխատանքը կը կատարէր այր մարդը. հետեւաբար, ան էր ընտանիք ին, տոհմին կամ ցեղին մէջ գլխաւոր դէմքը, ուստի՝ մայրիշխանութիւնը իր տեղը կը զիջի հայրիշխանութեան։

Պատկեր:Սափոր՝ գալարուն ոձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար).jpg
Սափոր՝ գալարուն օձերու եւ գիշատիչ կենդանիներու արձանիկներով- կաւ, Սանահին (Ժբ. դար):

Նոյն շրջանին, շատ աւելի մեծ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան Հայաստանի մօտիկ երկիրներուն մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի մեծ գետերու հովիտներուն մէջ կը սկսին կազմաւորունիլ պետութիւններ. Նեղոսի հովիտին մէջ Եգիպտոսը, Տիգրիսի եւ Եփրատի հովիտին՝ Միջագետքի մէջ՝ Շումէր եւ Աքքադ։ Այս երկիրներու ստեղծած բարձր քաղաքակրթութեան ազդեցութիւնը կը տարածուի շրջակայ երկիրներուն եւ անոնց կարգին Հայաստանի վրայ։

Պատկեր:Կաւէ կուժ, Լճաշէն (Ժդ.-Ժգ. դարեր).jpg
Կաւէ կուժ, Լճաշէն (Ժդ.-Ժգ. դարեր):

Հաւատալիքներ եւ Կրօնքներ

Նախնադարեան մարդու տնտեսական կեանքին ու կենցաղին զուգընթաց կը ձեւաւորունի եւ կը հարստանայ նաեւ անոր հոգեկան աշխարհը։ Մայրիշխանութան շրջանին ծնած էր այն գաղափարը, որ տոհմը հասարակաց ծագում ունէր եւ առանձին միութիւն մը կը կազմէր։ Կը հաւատային, որ տոհմը սերած էր այս կամ այն կենդանիէն կամ բոյսէն։ Այդ կենդանին կամ բոյսը (տոտեմ) կը պաշտուէր, իսկ տոհմը կը կոչուէր անոր անունով։ Տոտեմը համարուած էր սուրբ, նուիրական, զայն սպաննելը կամ կտրելը՝ մահացու մեղք։ Այսպէս, պաշտամունքի առարկայ դարձած են եզը, գոմէշը, կովը, արագիլը, արծիւը, անգղը եւ այլն[12]: Բնութեան երեւոյթները (արեւ, կայծակ, հով, գարնան զարթօնք) չըմբռնող նախամարդը անոնց վերագրած է չար կամ բարի ոգիի կարողութիւններ եւ զանոնք պաշտած է։ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ լայն տարածում ունէր ջուրի պաշտամունքը, որուն նուիրուած էին ձուկի կերպարանք ունեցող եւ ժողովուրդին կողմէ «վիշապ» կոչուող քարէ արձաններ։

Պատկեր:Պրոնզէ կացին Մարտուինէն (Ժդ.-Ժբ. դարեր).jpg
Պրոնզէ կացին Մարտուինէն (Ժդ.-Ժբ. դարեր):

Պաշտուող կենդանիներ եւ բնութեան երեւոյթները համարուած են պաշտպան ոգիներ։ Մարդիկ զոհեր մատուցած են անոնց, իրենց խնդրանքը կատարելու համար։ Հաւատացած են, որ մեռնելէ ետք մարդը կ'ապրէր անդրշիրիմեան կեանքով։ Այդ պատճառով հանգուցեալին հետ թաղած են իր հագուստները եւ անձնական այլ իրեր։ Դամբարանային պեղումները ցոյց կու տան, որ ցեղապետին հետ թաղուած են իր զէնքերը, ծառաները, եւ նոյնիսկ եզներով լծուած սայլը։ Անոնք համոզուած էին, որ մեռած նախնիները կը հետեւին ու կը մասնակցին տոհմին անդամներուն առօրեայ կեանքին։ Հետեւաբար, կը պաշտէին ու զոհեր կը մատուցանէին նաեւ նախնիներուն։

Պատկեր:Պրոնզեայ օձաձեւ վարսակալ, (Ժբ.-Ժա դարեր, Գետաշէն-Արցախ).jpg
Պրոնզեայ օձաձեւ վարսակալ, (Ժբ.-Ժա դարեր, Գետաշէն-Արցախ):

Վերոյիշեալ հաւատալիքներուն վրայ հետզհետէ կը կազմուի կրօնքը։ Կը պաշտուին արեւի, լուսնի, ամպրոպի, ջուրի, պտղաբերութեան, սիրոյ աստուածներ ու աստուածուհիներ։ Յատկապէս տարածուած էր արեւու պաշտամունքը։ Հայաստանի մէջ գտնուած պրոնզէ գօտինեու եւ այլ իրեղէններու վրայ արեւը ցոյց կը տրուի ձիու վրայ՝ մարտակառքով։ Ուշագրաւ է, որ հայկական առասպելներու եւ հեքիաթներու մէջ «Արեւ» աստուածը նոյնպէս կը ներկայացուի մարտակառքով։ «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութեան բոլոր հերոսները հրեղէն ձի ունին։ Ասիկա ապացոյց է, որ հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ պահուած է նախնիներու բնապաշտական հաւատալիքներէն մաս մը։

Պատկեր:Աստուածուհի, թրծուած կաւէ (Ժգ. դար).jpg
Աստուածուհի, թրծուած կաւէ (Ժգ. դար):

Պրոնզէ դարու մշակոյթին կարգ մը տարրերը կը պահուին ու հետագային կը զարգանան Վանի ուրարտական թագաւորունթեան շրջանին[13]:


Պատկեր:Միաձոյլ, քանդակազարդ պրոնզէ դաշոյններ, Լճաշէն, Արթիկ,- (Ժդ.-Ժբ. դար).jpg
Միաձոյլ, քանդակազարդ պրոնզէ դաշոյններ, Լճաշէն, Արթիկ,- (Ժդ.-Ժբ. դար):

Նախնադարեան մարդը հարիւր հազարաւոր տարիներու ընթացքին կը հասնի գեղեցիկի ստեղծման մակարդակին։ Արուեստը իր շատ նախնական ձեւով կը ծնի մարդուն մէջ շնորհիւ դիտելու եւ երեւակայածը արտայայտելու կարողութեան։ Բնութեան երեւոյթներու նկատմամբ այս ընդունակութիւնը մարդուն կու տայ ձեւի, չափի, եւ գոյնի զգացողութիւն, որոնցմէ կը ձեւաւորունի նոյն ատեն գեղեցիկի պատկերացումը։ Պրոնզէ դարէն մեզի հասած են բաւական զարգացած արուեստի նմոյշներ։ Հայկական լեռնաշխարհի տարբեր մասերուն մէջ (Արագած, Գեղամայ լեռներ, Սիւնիքի Ուղտասար լեռ, եւ այլն...) կը գտնուին հազարաւոր ժայռապատկերներ, որոնց վրայ համաչափ ու գեղեցիկ տեսքով փորագրուած են կենդանիներ, թռչուններ, որսի տեսարաններ։ Քարէ, կաւէ, պրոնզէ պատրաստուած մարտակառքերը, պաշտամունքի տեսարանները, քարայրներու պատկերազարդումը կը հանդիսանան մարդուն առաջին մուտքը արուեստի կալուածէն ներս։

Պատկեր:Լճաշէն - եղջերուի պրոնզէ արձանիկ (Ժէ.-Ժդ. դար).jpg
Լճաշէն - եղջերուի պրոնզէ արձանիկ (Ժէ.-Ժդ. դար):
Պատկեր:Տոլոս, (Սիսիան) եղջերուի երկաթէ արձանիկ (Ժա.-Թ. դար).jpg
Տոլոս, (Սիսիան) եղջերուի երկաթէ արձանիկ (Ժա.-Թ. դար):

Ժայռապատկերներ[14]

Հայկական լեռնաշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ (Վան, Արագած, Գեղամայ լեռներ, Սիւնիք, եւ այլն...) յայտնաբերուած են Է.-Բ. հազարամեակներուն պատկանող բազմահազար ժայռապատկերներ, որոնք քարէ գործիքներով փորագրուած են ժայռերու հարթ տարածութիւններու վրայ։ Ասոնք Նախնադարեան Հայաստանի մշակոյթին վերաբերող արուեստի հնագոյն գործերն են, իրագործուած քարանձաւներու, բայց աւելի յաճախ՝ բաց բնութեան մէջ։

Պատկեր:Ուղտասար, ժայռապատկերներ (Ե.-Բ. հազարամեակ).jpg
Ուղտասար, ժայռապատկերներ (Ե.-Բ. հազարամեակ)

Սիւնիքի Ուղտասար լեռը բացառիկ կերպով հարուստ է իր բազմական ու առատ ժայռապատկերներով։ Շուրջ հազար քարերու վրայ փորագրուած են քանի մը հազար նկարներ՝ նախնադարեան մարդոց առօրեայ կեանքն ու կենցաղը պատկերացնող տեսարաններով։ Աչքի կը զարնեն յատկապէս որսորդական նկարները, նետ ու աղեղով զինուած որսորդներով եւ վայրի կենդանիներով։ Այս վերջիններուն մէջ կը տիրապետեն քարայծները, եղջերուները, վայրի ձիերը։ Կը հանդիպինք նոյնպէս գայլերու, շուներու, առիւծներու, յովազներու, օձ-վիշապներու, թռչուններու, ինչպէս նաեւ կրօնական պաշտամունքի տեսարաններու։

Ժայռափոր հնագոյն այս արուեստագէտները յաջողած են պարզ, զուսպ բայց բնորոշ գիծերով եւ կենդանի կերպով պատկերացնել մարդիկն ու կենդանիները, իրենց այլազան դիրքերով, շարժումներով եւ գործողութեամբ։

Երկաթէ Դարու Սկիզբը եւ Նախնադարեան Ընկերութեան Քայքայումը

Նախնադարը կ'աւարտի երկրորդ հազարամեակի վերջերուն, երբ պրոնզին կը յաջորդէ երկաթը. երկաթին օգտագործումը յեղաշրջիչ հսկայական դեր կը կատարէ։ Երկաթէ խոփով արօրը եւ երկաթեայ կացինը աննախընթաց մղում կու տան երկրագործութեան եւ կը բարձրացնեն հողի աշխատանքի արտադրողականութիւնը։ Մեծ թափով կը զարգանան նաեւ արհեստներն ու շինարարութիւնը, որոնք բաժնուելով երկրագործածութենէն անջատ ճիւղեր կը կազմեն։ Տնտեսական կեանքի զարգացումը կը խախտէ նոյնպէս տոհմի որոշ չափի հաւասարութեան սկզբունքը։

Այնքան ատեն որ նախնադարեան մարդը իր գոյութեան պահպանումին համար անհրաժեշտ ապրուստէն աւելի չէր կրնար արտադրել, մասնաւոր սեփականութիւն գոյութիւն չունէր։ Ամէն ինչ հաւասարապէս կը պատկանէր տոհմի բոլոր անդամներուն։ Տոհմապետը կը վարէր համայնքին գործերը. աշխատանքը կը բաժնէր հողագործներու, անասնապահներու եւ որսորդներու միջեւ. կը կազմակերպէր համայնքի անդամներուն եւ հարստութեան պաշտպանութիւնը թշնամի յափշտակիչներուն դէմ. իսկ հաւաքական աշխատանքով ձեռք բերուած արդիւնքին բաշխումը, հաւասար եւ արդար կերպով, դարձեալ կը կատարէր տոհմապետը, որ այս ձեւով նման էր նահապետական մեծ ընտանիքի հօր մը։

Պատկեր:«Վիշապ» ձուհի կերպարանքով հսկայ քարակոթող (աւելի քան 4 մեթր), որ կ'առնչուէր ջուրի պաշտամունքին (Գ.-Բ. հազարամեակ).jpg
«Վիշապ» ձուկի կերպարանքով հսկայ քարակոթող (աւելի քան 4 մեթր), որ կ'առնչուէր ջուրի պաշտամունքին (Գ.-Բ. հազարամեակ):

Երկաթէ դարուն, սակայն, այս իրաւակարգը կը սկսի փոխուիլ։ Արտադրութիւնը կը մեծնայ եւ տոհմին կամ ցեղին սպառողական պահանջները գոհացնելէն ետք, անոր մէկ մասը կը մնայ։ Այս է, որ առիթ կը ստեղծէ մասնաւոր սեփականութեան։

Տոհմա-ցեղային աւագանին կը սկսի իւրացնել բարեբեր հողերը, ուրիշ ցեղերէ ձեռք բերուած աւարին առիւծի բաժինը։ Հետզհետէ իր ընտանիքով ան կը բաժնուի տոհմին միւս անդամներէն։ Նահապետական ընտանեկան համայնքը կը բռնէ քայքայման ուղին, եւ կը ստեղծուին աւելի փոքր ընտանիքներ։

Յաճախակի կը դառնան նաեւ միջ-ցեղային պատերազմները՝ կողոպուտի եւ նոր հողամասեր գրաւելու նպատակով, ինչ որ աւելի կ'ամրապնդէ տոհմի աւագանիին կարողութիւնն ու իշխանութիւնը։ Այս վերջինները կը ստեղծեն կռուողներէ բաղկացած ջոկատներ, որոնց գործը միայն պատերազմն էր։ Ուրիշ ցեղերու յարձակումներէն պաշտպանելու համար կը բարձրացնեն հսկայական քարերով կառուցուած բերդեր, ուր կ'ամբարեն իրենց հարստութիւններն ու պաշարը։ Տոհմին կամ ցեղին մէջ, այս ձեւով, կը յառաջանան իշխողներ եւ հպատակներ, հարուստներ եւ աղքատներ։ Կը կազմալուծուի նահապետական ընտանիքը եւ ճամբայ կը հարթուի դասակարգերու ստեղծման։

Երկրորդ հազարամեակի կէսերուն, Հայկական լեռնաշխարհի մէջ ցեղակից ժողովուրդներու միացումով երեւան կու գան պետական առաջին կազմաւորունմները։

Ծանօթագրութիւններ

  1. «The Origin of Man - Ensign Feb. 2002 - ensign»։ www.lds.org։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  2. «Must-see in Gyumri»։ Wandelion Blog: Travel News, Stories, Tips & How-To Guides (en-US)։ https://plus.google.com/+Wandelion/։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  3. «Stone Age»։ Ancient History Encyclopedia։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  4. «Bronze Age»։ Ancient History Encyclopedia։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  5. «Iron Age»։ Ancient History Encyclopedia։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  6. «Early Stone Age Tools | The Smithsonian Institution's Human Origins Program»։ humanorigins.si.edu։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  7. «The New Stone Age (Neolithic Era)»։ www.penfield.edu։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  8. «Neolithic Houses | English Heritage»։ www.english-heritage.org.uk։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  9. «What was the Role of Men and Women in the Stone Age?»։ prezi.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  10. «Copper Age»։ www.btm.hu։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  11. «Middle Bronze Age»։ www.btm.hu։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  12. «How Religion Developed in the Stone Age and Bronze Age - Video & Lesson Transcript | Study.com»։ Study.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  13. «Religion and society in the Bronze Age»։ www.academia.edu։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 
  14. «Cave Painting, Prehistoric: Characteristics, Origins, Types»։ www.visual-arts-cork.com։ արտագրուած է՝ 2015-11-17 

Աղբիւրներ

  • Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան եւ Վլադիմիր Բարխուդարեան, էջ 13->23:

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից Կատեգորիա:Նախահայկական դարաշրջան