«Մոլեռանդութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- , +,, -, +, , - + )
Չ 12 տարբերակ: Importing from hy.wikipedia.org
(Տարբերութիւն չկայ)

15:49, 7 Ապրիլ 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Մոլեռանդութիւն (յունարէն.՝ Φανατισμός, լատիներէն՝ fanatismus — լատիներէն՝ fanaticus-էն, «մոլեռանդ» — լատիներէն՝ fanum-էն «տաճար»[1]) կոյր, համոզումի ծայրայեղութիւն, յատկապէս կրօնա-փիլիսոփայական շրջանին, ազգային եւ քաղաքական ոլորտներու մէջ. ծայրայեղութեան հասած կապուածութիւն որոշ գաղափարներու, հաւատալիքներու կամ տեսակէտներու, սովորաբար կը համադրուին օտար հայեացքներու եւ համոզմունքներու անհանդուրժողականութեան հետ։ Սեփական համոզմունքներու ընկալման քննադատութեան բացակայութիւն։ Մոլեռանդ՝ մոլեռանդ մարդ (ուղիղ եւ փոխաբերական իմաստներով)։

Մոլեռանդութեան Ընկալումները

Մոլեռանդութիւնը, ինչպէս յուզական արտայայտութիւն, կը բնութագրուի չափէն դուրս մղումով, ոգեւորութեամբ, մոլեգնութեամբ, իր (աւելի յաճախ ծայրահեղ կրօնական կամ քաղաքական) համոզմունքներու կոյր հաւատքով, սեփական պաշտամունքի եւ իր հետեւորդներու, «յանձինս իրեն», առաւելութեամբ եւ բացառիկութեամբ։

Պատկեր:Ֆանատիզմ.jpg
Կրօնական մոլեռանդութեան դրսեւորում աղանդաւորականներու մօտ

Ըստ ամերիկացի փիլիսոփայ Ճորճ Սանթայանայի՝ «Մոլեռանդութեան էութիւնը կը կայանայ ջանքերու կրկնապատկման մէջ, երբ մոռցուած է նպատակը»[2]. ըստ Ուինսթըն Չըրչիլի՝ «Մոլեռանդը ան է, որ ի վիճակի չէ փոխել իր որոշումը եւ երբեք չի փոխեր թեման»։ Այս երկու բնորոշումներն ալ կը նախատեսեն ծայրայեղ խիստ պահանջներու ներկայացման եւ անհանդուրժողականութիւն որեւէ շեղումներու հանդէպ։

Մոլեռանդի եւ երկրպագուի տարբերությունը այն է, որ մոլեռանդի վարքը կը դիտարկուի որպէս ընդունուած ընկերային վիճակներու խախտում այն պարագային, երբ երկրպագուն այդ վիճակները չի խախտեր (չնայած որ վարքը կարելի է տարօրինակ թուիլ)[3]։ Երկրպագուները եւ մոլեռանդները կը միաւորէ իրենց կլանող ցանկութիւնը, սէրը այս կամ գործունէութեան ոլորտի, զբաղմունի, հակուածութեան, մարդու նկատմամբ։

Այսպէս կոչուած տարօրինակ մարդիկ մոլեռանդներէն կը տարբերին գաղափարներով, որոնք իրենք կը դաւանեն եւ զբաղմուններով, որոնցմով իրենք կը զբաղին, սովորաբար անվնաս են, բայց խիստ կը տարբերին համընդհանուր պատկերացումներէն կամ շրջապատող մարդոց կենսակերպի սովորական պահուածքէն։ Իսկ այն ինչ կը վերաբերի մոլեռանդներուն, ապա իրենց երկրպագութեան առարկան կամ հետաքրքրութիւնները իրենք իրենցմով կրնան դիտարկուիլ որպէս «բնական», եւ միայն մոլեռանդութեան աստիճանը շրջապատողներուն կը թուի չափէն աւելի կամ «անբնական»։

Մոլեռանդութեան Դասակարգում

Մոլեռանդութեան միասնական դասակարգումը կը բացակայի։ Գոյութիւն ունեցող դասակարգումներուն մէջ ալ կ'օգտագործուին համակարգման տարբեր սկզբունքներ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը գործածուի կախուած հետազօտութեան նպատակէն։

Գրականութիւն

Ծանօթագրութիւններ

  1. Օտար լեզուներու բառարան, 18-րդ հրատ., — Մ։ Русский язык, 1989. — էջ՝ 531
  2. Santayana, George. Life of Reason: Reason in Common Sense. (New York: Charles Scribner’s Sons)
  3. Thorne Scott, Bruner Gordon C. (2006)։ «An exploratory investigation of the characteristics of consumer fanaticism»։ Qualitative Market Research: An International Journal 9 (1): 51–72։ ISSN 1352-2752։ doi:10.1108/13522750610640558 

Կատեգորիա:Բանականութիւն Կատեգորիա:Հաւատք Կատեգորիա:Խառնուածքներ Կատեգորիա:Հոգեբանութիւն