«Մազեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
No edit summary |
No edit summary |
||
Տող 8. | Տող 8. | ||
=== Մազապարկիկ (hair follicle) === |
=== Մազապարկիկ (hair follicle) === |
||
Մազապարկիկը, այլ խօսքով՝ մազի արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւի՝ ենթամորթին (dermis) մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Ան կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները (stem cells), որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը (sebacious glands), որոնց արտադրած ճարպը կը իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները (erector pili): Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ |
Մազապարկիկը, այլ խօսքով՝ մազի արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւի՝ ենթամորթին (dermis) մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Ան կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները (stem cells), որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը (sebacious glands), որոնց արտադրած ճարպը կը իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները (erector pili): Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ կ'որդեգրեն ուղղահայեաց դիրք թելամկաններու պռկումով: Մազի պարկիկներուն մէջ կարտադրուին մազին գունաւորում տուող նիւթի՝ melanin-ի երկու տարբերակները, որոնք մազին կու տան տարբեր գունաւորումի երանգներ: Մազի ճերմակ եւ կամ մոխրագոյն ըլլալը հետեւանքն է՝ մելանինի չգոյութեան: |
||
=== Մազի ցօղուն (hair shaft) === |
=== Մազի ցօղուն (hair shaft) === |
||
Տող 20. | Տող 20. | ||
=== Բնածին-ընդոծին մազ (congenital) === |
=== Բնածին-ընդոծին մազ (congenital) === |
||
Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, զորս յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմինի ամբողջ աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերէն, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին, |
Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, զորս յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմինի ամբողջ աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերէն, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին, կ'աճին, կ'երկարին եւ մարդուն կու տան յատուկ ձեւաւորում եւ անհատականութիւն: |
||
=== Այրածին-արական մազ (androgenic) === |
=== Այրածին-արական մազ (androgenic) === |
||
Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ (male sex hormones): Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ |
Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ (male sex hormones): Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ կ'ունենան քան աղջիկները եւ այս պատճառով տղաք շատ աւելի արական մազեր կ'ունենան քան աղջիկները: Աղջիկներու մօտ արբունքի շրջանին կը յայտնուին արական մազերը ցայլքի (pubis) եւ անութներու (axilla) վրայ ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջը: Իսկ տղոց մօտ անոնք կը յայտնուին կրծքավանդակին, անութներուն, փորին, սրունքներուն, թեւերուն եւ դէմքին վրայ, ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջ: Արբունքի առաջին ազդանշանը ցայլքի մազերու յայտնաբերումն է: Արական ներազդակ testosterone-ի քանակն է որ կ'որոշէ այս բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ներազդակը անհատին ծինային կազմաւորումով կ'որոշէ նաեւ մազի զօրութիւնը, խտութիւնը, գոյնը եւ ձեւը: |
||
Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ՝ ոտքերուն, արմուկներուն, կուրծքին եւ կռնակին վրայ: |
Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ՝ ոտքերուն, արմուկներուն, կուրծքին եւ կռնակին վրայ: |
||
Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն |
Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն կ'երկարի-կ'աճի մօտաւորապէս մէկ սմ.: |
||
Արբունքէն առաջ եւ ետք գլխու մազերը |
Արբունքէն առաջ եւ ետք գլխու մազերը կ'աճին հանգրուանային զարգացման ժամանակաշրջանով (cycle) մը, որ կը տեւէ 2-3 տարիներ: Գլխու մազերուն 90 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ կենդանի եւ առողջ ու կ'երկարի որոշ չափով: Իսկ անոնց 10 առ հարիւրը կը մնայ հանգիստ վիճակի մէջ 3-4 ամիս եւ ապա կը լքէ իր արմատները, կ'ինայ ու կ'անյետանայ: Սակայն այս թափած ցօղուններու մազապարկիկներէն կ'աճին նոր մազեր, որոնք կը յայտնուին գլխու մակերեսին վրայ: Առատ գլխու մազ ունեցողներ կը կորսնցնեն օրական 50-100 մազ, սակայն այս կորուստին հետ զուգահեռ տեղի կ'ունենայ նոյնքան նոր մազի կազմաւորում մազի պարկիկներուն մէջ: |
||
Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր (curly) կամ շիտակ, համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին: |
Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր (curly) կամ շիտակ, համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին: |
||
Տող 39. | Տող 39. | ||
*Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն. |
*Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն. |
||
*Մարմինի մազերը |
*Մարմինի մազերը կ'օգնեն մարմնի ջերմականոնաւորման աշխատանքին (heat regulation): Անոնք մորթին կու տան ջերմութիւն: Պաղ եղանակին մարմինի ջերմութեան նուազումով մորթի թելամկանները կը պռկուին եւ մազի ցօղունները կը պահեն տնկուկ-ուղղացիգ վիճակի մէջ, այս մէկը կը կասեցնէ մորթի ջերմատուութիւնը-կորուստը (heat dissipation). |
||
*Մարմինի մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար՝ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն. |
*Մարմինի մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար՝ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն. |
||
Տող 66. | Տող 66. | ||
=== Պատճառներ === |
=== Պատճառներ === |
||
Գլխու հերաթափութիւնը տեղի |
Գլխու հերաթափութիւնը տեղի կ'ունենայ հիմնական եւ երկրորդական զանազան պատճառներով: |
||
Հիմնական պատճառներն են. |
Հիմնական պատճառներն են. |
||
Տող 84. | Տող 84. | ||
*Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ հակալերդացուցիչ (anticoagulant), յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout-դեղեր. |
*Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ հակալերդացուցիչ (anticoagulant), յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout-դեղեր. |
||
*Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորոքումներ, որոնց |
*Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորոքումներ, որոնց կ'ուղեկցի նաեւ բարձր ջերմ. |
||
*Գլխու սնկային բորբոքումներ. |
*Գլխու սնկային բորբոքումներ. |
22:51, 23 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ
Մարմինի ամբողջ մակերեսը ծածկուած է մազով, ի բացառեալ՝ շրթունքներէն, ներբաններէն (soles), ափերէն, ականջներուն ետեւի բաժինէն, պորտէն եւ արտաքին սեռային օրկաններու որոշ բաժիններէն:
Բաժիններ
Մազը կազմուած է երկու բաժիններէ.
Մազապարկիկ (hair follicle)
Մազապարկիկը, այլ խօսքով՝ մազի արմատը, անտեսանելի է եւ կը գտնուի մորթին երկրորդ խաւի՝ ենթամորթին (dermis) մէջ շեղակի դիրքաւորումով: Ան կը պարունակէ մազի նորաստեղծ բջիջները (stem cells), որոնք շարունակ կը գործեն նորանոր մազեր արտադրելու համար: Մազապարկիկը մազին կենդանի բաժինն է: Մազապարկիկներուն կը միանան մորթի ճարպագեղձերը (sebacious glands), որոնց արտադրած ճարպը կը իւղոտէ մազի ցօղունները եւ մորթի թելամկանները (erector pili): Մազերու ցօղունները կը տնկուին եւ կ'որդեգրեն ուղղահայեաց դիրք թելամկաններու պռկումով: Մազի պարկիկներուն մէջ կարտադրուին մազին գունաւորում տուող նիւթի՝ melanin-ի երկու տարբերակները, որոնք մազին կու տան տարբեր գունաւորումի երանգներ: Մազի ճերմակ եւ կամ մոխրագոյն ըլլալը հետեւանքն է՝ մելանինի չգոյութեան:
Մազի ցօղուն (hair shaft)
Մազի ցօղունին մէկ մասը կը գտնուի մորթին մէջ: Իսկ մնացեալ մասը կը ցցուի մորթի մակերեսէն դուրս: Մազի ցօղունը մազի անկենդան բաժինն է: Ցօղունը կազմուած է երկու խաւերէ եւ ներքին խողովականման պարապութենէ (medulla): Ցօղունին արտաքին խաւը կը պարունակէ մի քանի բարակ բջիջներ. իսկ ներքին-երկրորդ խաւը կը պարունակէ եղջերանիւթ (keratine) եւ melanin: Եղջերանիւթը մազին կու տայ զօրութիւն եւ կարծրութիւն. իսկ melanin-ը կը գուանաւորէ մազը:
Մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ «մազի ցօղուն»ին փոխարէն կը գործածենք ընդհանրապէս «մազէ» բառը:
Տեսակներ
Մարմինի մազերը երկու տեսակ են.
Բնածին-ընդոծին մազ (congenital)
Երկու սեռերուն մօտ ծնունդէն սկսեալ ամբողջ մարմինը ծածկուած է փափուկ, մանր եւ մեղմ գոյնով մազերով, զորս յաճախ կը կոչենք աղուամազեր: Անոնց խտութիւնը մարմինի մակերեսին վրայ կը տարուբերի անհատէ անհատ: Մարմնական աճին հետ մարմինի ամբողջ աղուամազերը, ի բացառեալ գլխու մազերէն, կը պահեն իրենց յատկութիւնները: Երկու սեռերուն մօտ գլխու մազերը կեանքի ամբողջ տեւողութեան կը կազմաւորուին, կ'աճին, կ'երկարին եւ մարդուն կու տան յատուկ ձեւաւորում եւ անհատականութիւն:
Այրածին-արական մազ (androgenic)
Այս մազերը կը յայտնուին արբունքի շրջանին եւ արբունքէն ետք: Անոնք կը տարբերին գլխու մազերէն եւ ընդոծին մազերէն: Անոնց աճը եւ կազմաւորումը կախեալ է արական սեռական ներազդակներէ (male sex hormones): Տղամարդիկ շատ աւելի արական ներազդակներ կ'ունենան քան աղջիկները եւ այս պատճառով տղաք շատ աւելի արական մազեր կ'ունենան քան աղջիկները: Աղջիկներու մօտ արբունքի շրջանին կը յայտնուին արական մազերը ցայլքի (pubis) եւ անութներու (axilla) վրայ ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջը: Իսկ տղոց մօտ անոնք կը յայտնուին կրծքավանդակին, անութներուն, փորին, սրունքներուն, թեւերուն եւ դէմքին վրայ, ինչպէս նաեւ արտաքին սեռային օրկաններուն շուրջ: Արբունքի առաջին ազդանշանը ցայլքի մազերու յայտնաբերումն է: Արական ներազդակ testosterone-ի քանակն է որ կ'որոշէ այս բոլոր փոփոխութիւնները: Այս ներազդակը անհատին ծինային կազմաւորումով կ'որոշէ նաեւ մազի զօրութիւնը, խտութիւնը, գոյնը եւ ձեւը:
Տղոց մօտ, երիտասարդութեան ընթացքին, արական մազերը կը ստանան աւելի թուխ գունաւորում, մանաւանդ՝ ոտքերուն, արմուկներուն, կուրծքին եւ կռնակին վրայ:
Իւրաքանչիւր մազ ամէն ամիս բնականօրէն կ'երկարի-կ'աճի մօտաւորապէս մէկ սմ.:
Արբունքէն առաջ եւ ետք գլխու մազերը կ'աճին հանգրուանային զարգացման ժամանակաշրջանով (cycle) մը, որ կը տեւէ 2-3 տարիներ: Գլխու մազերուն 90 առ հարիւրը իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանին մէջ կը մնայ կենդանի եւ առողջ ու կ'երկարի որոշ չափով: Իսկ անոնց 10 առ հարիւրը կը մնայ հանգիստ վիճակի մէջ 3-4 ամիս եւ ապա կը լքէ իր արմատները, կ'ինայ ու կ'անյետանայ: Սակայն այս թափած ցօղուններու մազապարկիկներէն կ'աճին նոր մազեր, որոնք կը յայտնուին գլխու մակերեսին վրայ: Առատ գլխու մազ ունեցողներ կը կորսնցնեն օրական 50-100 մազ, սակայն այս կորուստին հետ զուգահեռ տեղի կ'ունենայ նոյնքան նոր մազի կազմաւորում մազի պարկիկներուն մէջ:
Գլխու մազերը կրնան ըլլալ գանգուր (curly) կամ շիտակ, համաձայն անհատին ծինային կազմաւորումին:
Դերակատարութիւններ
Մեր մարմինի մազերը ունին կարեւոր դերակատարութիւններ.
- Գլխու մազերը մարդուն կու տան վայելչութիւն եւ անհատականութիւն.
- Մարմինի մազերը կ'օգնեն մարմնի ջերմականոնաւորման աշխատանքին (heat regulation): Անոնք մորթին կու տան ջերմութիւն: Պաղ եղանակին մարմինի ջերմութեան նուազումով մորթի թելամկանները կը պռկուին եւ մազի ցօղունները կը պահեն տնկուկ-ուղղացիգ վիճակի մէջ, այս մէկը կը կասեցնէ մորթի ջերմատուութիւնը-կորուստը (heat dissipation).
- Մարմինի մազերը կը պաշտպանեն մարմինը եւ մանաւանդ անոր մակերեսը արեւու ճառագայթներէն, մասնաւորաբար՝ անդրամանիշակագոյն ճառագայթներէն.
- Յօնքերը եւ թարթիչները արգելք կը հանդիսանան օտար մարմիններու, անձրեւի կաթիլներուն եւ քրտինքի մուտքին աչքերէն ներս.
Հերաթափութիւնը
Հերաթափութիւն ըսելով կը հասկնանք մազերու կորուստ:
Գլխու հերաթափութիւնը կը յառաջացնէ ճաղատութիւն: Ան կը յառաջանայ երբ մազերու կորուստը կը գերազանցէ նոր մազերու կազմաւորումը:
Ժողովուրդը ընդհանրապէս հերաթափութիւն ըսելով կը հասկնայ գլխու մազերու հերաթափութիւն:
Ձեւեր
Հերաթափութիւնը կը յայտնուի երկու ձեւերով.
- Տեղայնական (local) հերաթափութիւն
Տեղայնական հերաթափութիւնը կը պատահի մարմինի որոշ մէկ բաժինի մազերուն մէջ, մասնաւորապէս գլխու մազերուն, մօրուքին, յօնքերուն եւ թարթիչներուն մէջ: Ան կը յայտնուի կլորաձեւ եւ պզտիկ անմազ մորթի տարածութեամբ մը: Տեղայնական հերաթափութեան պատճառը յստակ չէ. սակայն ան կը նկատուի ինքնադիմադրողական հիւանդութիւն մը: Թափած մազերուն տեղ ինքնաբերաբար նորեր կը յայտնուին որոշ շրջան մը ետք: Դարմանումի համար կը գործածուի տեղայնական cortisone-ի օծաններ եւ կամ ներմորթային ներարկումներ (intradermal injection):
- Համայնական (general) հերաթափութիւն
Պատճառներ
Գլխու հերաթափութիւնը տեղի կ'ունենայ հիմնական եւ երկրորդական զանազան պատճառներով:
Հիմնական պատճառներն են.
- ժառանգականութիւն եւ ծինային կազմաւորում.
Հերաթափութեան մեծ տոկոսը կը պատահի համաձայն անհատին ծինային կազմաւորման եւ ժառանգականութեան հիմունքներու: Ճաղատ հայրեր մեծ հաւանակութիւնը ունին տեսնելու ճաղատ տղայ զաւակներ եւ թոռնիկներ:
- Հոգեկան եւ ֆիզիքական ճնշուածութիւն.
Շատ մը անհատներ անակնկալօրէն կը կորսնցնեն մեծ քանակութեամբ գլխու մազ հոգեկան վերիվայրումներէ եւ մարմնական-ֆիզիքական ճնշուածութենէ ետք, որոնք կը պատահին մասնաւորապէս հետեւեալ պարագաներուն՝ որոշ հիւանդութիւն մը, վիրաբուժական գործողութիւն մը, մարմնական բարձր ջերմ, անակնկալ կշիռքի կորուստ, խիստ ծոմապահութիւն եւ հիմնական կենսանիւթերու անբաւարարութիւն.
- Գերվահանագեղձութիւն (hyperthyroidism) եւ ենթավահանագեղձութիւն (hypothyroidism): Հերաթափութիւնը կը սկսի այս հիւանդութիւններու ընթացքին կամ անոնմէ ետք.
- Իգական ներազդակի (estrogen) եւ արական ներազդակի (androgen) քանակական փոփոխութիւններ եւ խանգարումներ, որոնք կը պատահին յղութեան, ծննդաբերութեան, դաշտանադադարի եւ արբունքի շրջանին.
- Որոշ դեղերու գործածութիւն, օրինակ՝ հակալերդացուցիչ (anticoagulant), յօդացաւի, ընկճուածութեան եւ gout-դեղեր.
- Կարգ մը մարմնական ընդհանուր բորոքումներ, որոնց կ'ուղեկցի նաեւ բարձր ջերմ.
- Գլխու սնկային բորբոքումներ.
- Քաղցկեղի դեղադարմանում (chemotherapy).
- Քաղցկեղի Ք ճառագայթային դարմանում (X-ray therapy).
- Յոռի սննդառութիւն (malnutrition) եւ բնասպիտի ու երկաթի անբաւարարութիւն (deficiency).
Երկրորդական Պատճառներ
Գլխու հերաթափութեան երկրորդական պատճառներն են.
- Մազի գունաւորման համար գործածուած ներկեր եւ քինմիական նիւթեր.
- Մազայարդարումի համար գործածուած քիմիական նիւթեր եւ ելեքտրական գործիքներ.
- Մազայարդարումի ընթացքին կոշտութեամբ մազերը արդուկել-քաշել.
Վերոյիշեալ երեք պատճառները արդիւնքն են կենցաղային ապրելակերպի.
- Շարունակ մազ քաշելու եւ փեթթելու յոռի սովորութիւն:
Կանխարգիլում
Ժառանգական-ծինային պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնը դարմանելի չէ: Իսկ մնացեալ պատճառներով յառաջացած հերաթափութիւնները կանխելի են:
Տե'ս Նաեւ
- Ականջ (արեւմտահայերէն)
- Փայծաղ (արեւմտահայերէն)
- Ականջային Արիւնահոսութիւն
- Գլխապտոյտ
- Մանկական Անդամալուծութիւն
- Ողնայարի Կողմնածռութիւն
- Ջղային Անախորժակութիւն
Ծանօթագրութիւններ
Աղբիւրներ
- «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 16 Դեկտեմբեր, 2011: