«Ճափոներէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 80. Տող 80.


=== Րենտաքու ===
=== Րենտաքու ===
Ճափոներէնի բառակազմութիւնն ունէ առանձնայատկութիւն մը, երբ որոշ պարագաներին բառարմատի առաջին խուլ բաղաձայնը կը դառնայ զրնգուն, եթե անկէ առաջ կայ մեկ ուրիշ բառարմատ կամ նախդիր։ Այդ երեւոյթը ճափոներէն կ'ըսուի՝ ''րենտաքու'' 連濁, թարգմանաբար՝ հնչեղաւորում։
Ճափոներէնի բառակազմութիւնն ունի առանձնայատկութիւն մը, երբ որոշ պարագաներուն բառարմատի առաջին խուլ բաղաձայնը կը դառնայ զրնգուն, եթե անկէ առաջ կայ մեկ ուրիշ բառարմատ կամ նախդիր։ Այդ երեւոյթը ճափոներէն կ'ըսուի՝ ''րենտաքու'' 連濁, թարգմանաբար՝ հնչեղաւորում։


Րենտաքուն կիրառելու որոշակի օրինաչափութիւն չկայ։ Բնորոշ օրինակ է ճափոնական այբուբեններու ''քաթաքանա'' 片仮名 և ''հիրականա'' 平仮名 անունները։ Միեւնոյն ''քա'' 仮 արմատն առաջին դէպքին կը կարդացուի խուլ ''ք''-ով, իսկ երկրորդ դեպքին կը կատարուի ''րենտաքու'' եւ ''ք''-ն փոխակերպուելով կը դառնայ զրնգուն ''կ''։
Րենտաքուն կիրառելու ոչ մեկ որոշակի օրինաչափութիւն կայ։ Բնորոշ օրինակ մըն է ճափոնական ''քաթաքանա'' 片仮名 և ''հիրականա'' 平仮名 այբուբեններու անունները։ Միեւնոյն ''քա'' 仮 արմատն առաջին պարագային կը կարդացուի խուլ ''ք''-ով, իսկ երկրորդ դեպքին կը կատարուի ''րենտաքու'' եւ ''ք''-ն փոխակերպուելով կը դառնայ զրնգուն ''կ''։


''Րենտաքուի'' օրինակներ՝
''Րենտաքուի'' օրինակներ՝
Տող 91. Տող 91.


==== Լայմընի Օրէնք ====
==== Լայմընի Օրէնք ====
Ամերիկացի լեզուաբան Պենճամին Լայմընի ({{resize|90%|{{Լեզու en|Benjamin Smith Lyman}}}}) անունով կոչուած օրէնքը կ'ըսէ, որ, եթէ բաղադրեալ բառի երկրորդ արմատին մէջ արդեն կայ հնչեղ բաղաձայն, ապա անիկա չենթարկուեր րենտաքուի՝
Ամերիկացի լեզուաբան Պենճամին Լայմընի ({{resize|90%|{{Լեզու en|Benjamin Smith Lyman}}}}) անունով կոչուած օրէնքը կ'ըսէ, որ, եթէ բաղադրեալ բառի երկրորդ արմատին մէջ արդեն կայ հնչեղ բաղաձայն, ապա անիկա րենտաքուի չենթարկուեր՝


::''եամայ'' + ''քաճի'' → ''եամաքաճի'', այլ ոչ ''եամակաճի'' («լեռ» + «կրակ» → «անտառի հրդեհ»)
::''եամայ'' + ''քաճի'' → ''եամաքաճի'', այլ ոչ ''եամակաճի'' («լեռ» + «կրակ» → «անտառի հրդեհ»)

18:22, 3 Յունուար 2019-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Լեզու արւմտ.

Ճափոներէն գրութիւններ
Գերեզմանաքար
Միջնադարեան ճափոնական Ֆուրինքազան 風林火山 ռազմական դրաւշը: Վրան գրուած է՝ «Քամիին պէս արագ, անտառին պէս հանդարտ, հուրին պէս կատաղի, լերան պէս անսասան»

Ճափոներէն (Կաղապար:Լեզու ja  Լսել նիհօնկօ ) արեւելաասիական լեզու։ Վիճելի կը համարուի որեւէ լեզուաընտանիքին պատկանելը։ Ճափոներէնը մայրենի լեզու է 127 միլիոն մարդոց՝ գլխաւորապէս Ճափոնի մէջ ապրողներուն համար։ Ըստ աշխարհի լեզուներու դասակարգման՝ խօսողներու թիւով 8-րդն է։ Ճափոներէնը պաշտօնական լեզու է Ճափոնին մէջ։

Գրենական Համակարգ

Ճապոներէնին մէջ կը գործածուեն միաժամանակ մի քանի գրենական համակարգեր։ Անիկա իրմէ կը ներկայացնէ երեք հիմնական գրենական համակարգերու խառնուրդ։ Ատոնք են՝ չինական քանճի գրանշանները, որ կը գործածուեն ինչպէս չինական ծագումով բառերը, մարդ (人), ծառ (木), լեռ (山), այնպէս եւ նման կամ նոյն նշանակութեան ճապոներէն բառերը գրառելու համար եւ երկու վանկակազմական՝ հիրականա եւ քաթաքանա գրենական համակարգերը։ Երբեմն կը գործածուեն նաեւ լատինական գիրերը, հիմնականին մէջ՝ հապաւումներու պարագային։ Կը պատահի, որ քանճիով գրուող որոշ բառեր կը գրառուեն նաաեւ քաթաքանայ գիրերով, օրինակ՝ մարդ (ヒト, հիթոյ)

Հիրականա նիշերն աւելի յաճախ կը գործածուեն զուտ ճափոնական, քան չինական ծագումով բառերը նշանակելու համար։ Ատկէ բացի, ատոնք կը գործածուեն նաեւ գաղափարագիրերով գրառուող բառերու փոփոխական մասերը գրառելու համար։ Մասնաւորապէս, ատիկա կ'արուի քանճին բայերու կամ ածականի խոնարհումներու վերջաւորութիւններ կցելու համար։

Քաթաքանա նիշերը հիմնականին մէջ կը գործածուեն պատկերելու համար օտար բառերը, բոյսերու եւ կենդանիներու անունները եւ յուզական արտայայտչականութեան համար։ Օրինակ« Ռուսիոյ Վլատիվասթոք քաղաքին անունը կը դառնայ Ուրաթուօսութոքու (ウラジオストク), իսկ սառնանոյշին համար կը գործածուի անգլերէն ice cream-ի աիսու քուրի:մու (アイスクリーム) տառադարձումը

Պատմականորէն, քանճիի քանակի սահմանափակումներ ընելու փորձերը սկսուած են տակաւին 19-րդ դարու կէսերէն, սակայն, ատոնք չեն դարձած կառավարական միջամտութեան առարկայ մինչեւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Ճափոնի պարտութիւն կրելը։ Ետպատերազմեան ժամանակաշրջանին եղած են տարբեր քննարկումներ, ընդհուպ մինչեւ քանճիէն ամբողջութեամբ հրաժարիլը եւ րոմաճիի՝ լատինական գիրերու բացառիկ գործածութիւն մտցնելը։

Ուսուցումը

Ճափոնցի աշակերտները քանճի սորվիլը կը սկսեն տարրական դպրոցի առաջին դասարանէն։ Ճափոնի կրթութեան նախարարութեան մշակած ծրագիրով կ'առանձնացուէ քեոյքու քանճիի (կրթութեան քանճի) 1 006 պարզ գրանշան, որոնք երեխան պէտք է սորվի մինչեւ վեցերորդ դասարանն աւարտելը։ Երեխաները միջնակարգ դպրոցէն ներս կը շարունակեն սորվել եւս 1 130 գրանշան, արդիւնքին տիրապետելով 2 136 ճոեոյ քանճի։ Ճոեոյ քանճիի պաշտօնական ցանկը վերանայուած է քանի մը անգամներ, սակայն անոնց պաշտօնական քանակը հիմնականին մէջ մնացած է նոյնը։

Հարցական Նախադասութիւններ

Հարցերն ունեն նոյն կառուցուածքը, ինչ պատմողական նախադասութիւնները։ Տարբերութիւնն անիկա է, որ վերջին կ'ուժգնանայ։ Հարցը պաշտօնական արտայայտելու համար կ'աւելացուի «-քա» վերջնածանց։

Օրինակ՝ «իի տեսու» (いいです)։ «Լաւ է»-ն կը դառնայ իի տեսու-քա (いいですか。) «Լաւ է՞»։

Շատ ոչ պաշտօնական դէպքերին խօսակցի հանդէպ ուշադրութիւնը շեշտելու համար կ'աւելացուի -նոյ () վերջնածանցը՝ Տոշիթէ քոնաի-նոյ «Ինչո՞ւ (դուն) չես գար»։ Որոշ պարզ հարցեր կը ձեւակերպուեն առարկան հարցական ուժգնութեամբ նշելով, ինչը կ'արուի խօսակցի ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ Քորէ վա «Ասիկա՞», Օ-նամաէ վա (お名前は?) «(Ի՞նչ է քու) անո՞ւնը »։

Ժխտականները կը ձեւավորուեն՝ բայը խոնարհելով։

Օրինակ՝ Փան օ թապերու (パンを食べる。) «Ես հաց պիտի ուտեմ» կամ «Ես հաց կ'ուտեմ» արտայայտութիւնը կը դառնայ Փան օ թապենաի (パンを食べない。) «Ես հաց չպիտի ուտեմ» կամ «Ես հաց չեմ ուտեր»։

Այսպէս ըսուած «-թէ» բայաձեւը կը գործածուի տարբեր նպատակներով՝ կա՛մ ընթացող, կա՛մ կատարեալ կերպի ժամանակներու համաձայնեցման համար բայերը կապակցելու։

(Ասակոհան օ թապեթէ սուկու տեգաքերու «Ես պիտի ուտեմ նախաճաշս եւ անմիջապէս պիտի գնամ»), թոյլտւութիւն խնդրելու պարագային (տեքաքեթէ-մո իի) «Կրնա՞մ ես գնալ» եւ այլն։

«Տա» (հասարակ), «տեսու» (բարեկիրթ) բառը հանգուցային բայ է։ Անիկա մոտաւորապէս կը համապատասխանէ հայերէն «լինել»-ը, սակայն, յաճախ կը հանդիպէ նաեւ այլ դերերին՝ ներառեալ ժամանակ նշող, երբ բայը կը խոնարհուի՝ ընդունելով անցեալի հասարակ «տաթթա» եւ բարեկիրթ «տեշիէայ» ձեւերը։

«Ընել» (սուրու, բարեկիրթ ձեւը՝ շիմասու) բայը յաճախ կը կիրառուի գոյականներէն բայեր ստանալուն համար (րեորի սուրու «թխել», պենքեոյ սուրու «սորվիլ», եւ այլն) եւ շատ կը հանդիպէ ժամանակէն ժարկոնային բառեր ստեղծելուն ատենը։ Ճափոներէնն ունէ նաեւ հսկայական քանակութեան բաղադրեալ բայեր։

Օրինակ՝ թոպիտասու «դուրս թռչիլ», որն ստացուած է թոպու «թռչիլ, ցատկել» + տասու «դուրս հանել, արձակել» միացութենէ։

Րենտաքու

Ճափոներէնի բառակազմութիւնն ունի առանձնայատկութիւն մը, երբ որոշ պարագաներուն բառարմատի առաջին խուլ բաղաձայնը կը դառնայ զրնգուն, եթե անկէ առաջ կայ մեկ ուրիշ բառարմատ կամ նախդիր։ Այդ երեւոյթը ճափոներէն կ'ըսուի՝ րենտաքու 連濁, թարգմանաբար՝ հնչեղաւորում։

Րենտաքուն կիրառելու ոչ մեկ որոշակի օրինաչափութիւն կայ։ Բնորոշ օրինակ մըն է ճափոնական քաթաքանա 片仮名 և հիրականա 平仮名 այբուբեններու անունները։ Միեւնոյն քա 仮 արմատն առաջին պարագային կը կարդացուի խուլ ք-ով, իսկ երկրորդ դեպքին կը կատարուի րենտաքու եւ ք-ն փոխակերպուելով կը դառնայ զրնգուն կ։

Րենտաքուի օրինակներ՝

հիթոյ + հիթոյ > հիթոպիթոյ ( «մարդ» + «մարդ» → «մարդիկ») ;
թոքի + թոքի > թոքիտոքի ( «ժամանակ» + «ժամանակ» → «երբեմն») ;
թէ + քամի > թէկամի ( «ձեռք» + «թուղթ» → «նամակ»):

Լայմընի Օրէնք

Ամերիկացի լեզուաբան Պենճամին Լայմընի (անգլերէն՝ Benjamin Smith Lyman) անունով կոչուած օրէնքը կ'ըսէ, որ, եթէ բաղադրեալ բառի երկրորդ արմատին մէջ արդեն կայ հնչեղ բաղաձայն, ապա անիկա րենտաքուի չենթարկուեր՝

եամայ + քաճիեամաքաճի, այլ ոչ եամակաճի («լեռ» + «կրակ» → «անտառի հրդեհ»)
հիթորի + թապիհիթորիթապի, այլ ոչ հիթորիտապի ( «մարդ մը» + «ճամբորդութիւն» → «մենակով ճամբորդիլ»)

Րենտաքուն կը կատարուի այն բառերու 60%-ին մէջ, որոնց մէջ հնարաւոր է ըստ Լայմընի օրէնքի։

Բառակազմութիւններ

Բառակազմութիւններու ժամանակ կը կիրառուի վերջաւորութիւններ միացնելը՝

  • ։ -կաքու -学, գիտութիւններու անուններուն համար՝ կէնկոյ 言語 լեզու-կենկոկաքու 言語学 լեզուաբանութիւն, թիրի 地理 երկրագունդ-թիրիկաքու 地理学 աշխարհագրութիւն;
  • ։ -քէյ -計, չափող գործիքներու անուններուն համար՝ քիացու 気圧 մթնոլորտային ճնշում-քիացուքէյ 気圧計 ճնշաչափ;
  • ։ -շեոյ, -ճեոյ -所, հաստատութիւններու անուններուն համար՝ սայպան 裁判 դատ-սայպանշեոյ 裁判所 դատարան։

Ճափոնական մշակոյթի արտահանումէն շատ բուն ճափոնական բառեր եւրոպական լեզուներուն մէջ դարձած են սովորական եւ այսօր կը գործածուեն նաեւ հայերէնիմ մէջ՝ քամիքազե, օրիկամի, սուտոքու, սամուրայ, ցունամի, սուշի եւ այլն։