«Հին Նոր Տարին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 27. Տող 27.


== Արուեստի Մէջ ==
== Արուեստի Մէջ ==
''Հին'' Նոր Տարուան աւանդոյթը յիշուած է ռուսական արուեստին մէջ: Ռուս թատերագիր՝ [[Միքայէլ Րոշչին]], [[1973]]-ին, գրած է կատակերգութիւն մը՝ [[Հին Նոր Տարին|«Հին Նոր Տարին»]], որ բեմի վրայ ներկայացուած է երկար տարիներ: Գործը վերածուած է նաեւ հեռատեսիլի ֆիլմի, եւ ներկայացուած է հռչակաւոր դերասաններով, երաժշտութիւնը յօրինած է աշխարահռչակ երաժիշտ՝ [[Սէրգէյ Նիքիթին]]ը, իսկ խօսքը՝ համբաւաւոր բանաստեղծ՝ [[Պորիս Բասթերնաք]]ը ([[1980]],[[Մոսֆիլմ]]):
''Հին'' Նոր Տարուան աւանդոյթը յիշուած է ռուսական արուեստին մէջ: Ռուս թատերագիր՝ [[Միքայէլ Րոշչին]], [[1973]]-ին, գրած է կատակերգութիւն մը՝ [[Հին Նոր Տարին|«Հին Նոր Տարին»]], որ բեմի վրայ ներկայացուած է երկար տարիներ: Գործը վերածուած է նաեւ հեռատեսիլի ֆիլմի, եւ ներկայացուած է հռչակաւոր դերասաններով, երաժշտութիւնը յօրինած է աշխարհահռչակ երաժիշտ՝ [[Սէրգէյ Նիքիթին]]ը, իսկ խօսքը՝ համբաւաւոր բանաստեղծ՝ [[Պորիս Բասթերնաք]]ը ([[1980]],[[Մոսֆիլմ]]):


== Ծանօթագրութիւններ ==
== Ծանօթագրութիւններ ==

17:02, 18 Մարտ 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Հին Նոր տարին բնութագրող պատկեր

Հին Նոր Տարին, կամ Ուղղափառ Նոր Տարին, որ աւանդական տօնն է ուղղափառ եկեղեցիներուն մօտ, ըստ Յուլիական տոմարին, նոր տարուան սկիզբն է: 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն, հին Նոր Տարին կը զուգադիպէր Յուլիական տոմարի Յունուար 14-ին: Հին եւ նոր տոմարներու տարբերութիւնը 13 օր էր, Յունուար 13-ը կը համապատասխանէր Դեկտեմբեր 31-ին:

Պատմութիւն

Նոր՝ Գրիգորեան տոմարը հաստատուած է 1582 թուականի Հոկտեմբերին: Հռոմի Գրիգոր XIII պապը նկատած էր, որ Յուլիական, այսինքն՝ հին տոմարը, մինչեւ 16-րդ դարը ստեղծած է 10 օրուան տարբերութիւն մը: Այդ տարբերութիւնը յայտնի դարձած է գարնանային գիշերահաւասարին՝ Մարտ 21-ին, որովհետեւ Նիկիոյ 325 թուականի ժողովի որոշմամբ գիշերահաւասարի օր համարուած է ոչ թէ Մարտի 21-ը, այլ՝ Մարտի 11-ը: Գրիգոր XIII պապը 1582 թուականի Հոկտեմբեր 4-ին՝ Հինգշաբթի օրուան յաջորդող Ուրբաթ օրը յայտարարած է Հոկտեմբեր 15-ը, բաց թողելով կուտակուած 10 օրերը, որ յառաջացած էր 325-էն 1582 թուականներու ընթացքին: 16-20րդ դարու ընթացքին Յուլիական՝ հին, եւ Գրիգորեան՝ նոր տոմարներուն միջեւ տարբերութիւնը 13 օր կը կազմէ[1]:

Տարբեր Երիրներու Մէջ

Գերմանիոյ մէջ

Հին Նոր Տարուան աւանդոյթը պահուած է Հայաստանի, Պելառուսի, Ուքրանիոյ, Լաթվիոյ, Ուզպեքիստանի (բնակչութեան մօտ 40%), Ղազախստանի, Մոլտովայի, եւ Վրաստանի մէջ: Ինչպէս նաեւ՝ Ուէլզի եւ Զուիցերիոյ մէջ: Սքոթլանտայի մէջ հին Նոր Տարին աւանդաբար կը նշուի 12 Յունուարին: Հիւսիսային Ափրիկէի բերբերները աւանդաբար Նոր Տարին կը տօնեն համաձայն բերբերեան տոմարին, որ բաւական մօտ է Յուլիական տոմարին, 14 Յունուարին[2]:

Ռուսիոյ Մէջ

Խորհրդային Միութեան մէջ Գրիգորեան տոմարը պաշտօնապէս ընդունուեցաւ 1918ին, մինչ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին շարունակեց Նոր Տարին նշել ըստ Յուլիական տոմարին[2]: Նոր Տարին դարձաւ տօն մը, որ նշուեցաւ երկու տոմարներով: Ինչպէս աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիներուն, նոյնպէս եւ Ռուսիոյ մէջ Նոր Տարին կը նշուի Յունուարի 1-ին: Այդ օր տեղի կ'ունենան ուրախ տօնախմբութիւններ, խրախճանքներ, հրավառութիւններ: Նոր Տարին հետաքրքրական է այն իմաստով, որ կը միաւորէ նոր տարուան հետ կապուած աշխարհիկ աւանդութիւնները եւ Ս. ծննդեան եկեղեցական ծէսերն ու աւանդոյթները: Առ հասարակ նուազ տօնական քան նոր Նոր Տարին, որ աւելի ընտանեկան տօն մըն է՝ մեծ խրխճանքներով եւ կեր ու խումներով, կենացներով ու նուէրներով, տարուան տօներու վերջինը[3]:

Սերպիոյ Մէջ

Սերպիոյ Սուրբ Սաւա տաճար. Հին Նոր տարուան տօնակատարութիւն Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ:

Սերպական Նոր Տարին, յաճախ կոչուած նաեւ՝ Ուղղափառ Նոր Տարի, երբեմն նաեւ՝ Յուլիական Նոր Տարի, կը նշուի Յուլիական տոմարին համաձայն Սերպիոյ (ներառեալ Քոսովոյի), Պոսնիա-Հերձեկովինայի եւ Մոնթենեկրոյի մէջ. թէեւ բնակչութեան մէկ մասը Նոր Տարին կը տօնէ Յունուար 1-ին: Ժողովրդային աւանդութիւնը այս տօնախմբութիւններըը կը նշէ, որպէս մէկ բաղկացուցիչը Ծնունդի Տասներկու Օրերուն՝ Փոքր Ծնունդ:

Մակեդոնիոյ Մէջ

Այս տօնը Մակեդոնիոյ մէջ ճանչցուած է որպէս «Հին Նոր Տարի»: Յունուար 13-ի յետմիջօրէէն սկսեալ մարդիկ կը հաւաքուին իրենց տուներուն առջեւ, իրենց թաղերուն կեդրոնները, ուր տեղի կ'ունենայ հրավառութիւն, կ'երգեն մակեդոնիական աւանդական երգեր, իսկ տունը մնացողները կ'ուտեն տնային պատրաստութեան հաց, որուն մէջ պահուած կ'ըլլայ մետաղեայ դրամ: Ըստ աւանդութեան՝ ան, որ կը գտնէ դրամը, ամբողջ տարին բախտաւոր կ'ըլլայ[3]:

Արուեստի Մէջ

Հին Նոր Տարուան աւանդոյթը յիշուած է ռուսական արուեստին մէջ: Ռուս թատերագիր՝ Միքայէլ Րոշչին, 1973-ին, գրած է կատակերգութիւն մը՝ «Հին Նոր Տարին», որ բեմի վրայ ներկայացուած է երկար տարիներ: Գործը վերածուած է նաեւ հեռատեսիլի ֆիլմի, եւ ներկայացուած է հռչակաւոր դերասաններով, երաժշտութիւնը յօրինած է աշխարհահռչակ երաժիշտ՝ Սէրգէյ Նիքիթինը, իսկ խօսքը՝ համբաւաւոր բանաստեղծ՝ Պորիս Բասթերնաքը (1980,Մոսֆիլմ):

Ծանօթագրութիւններ

Կատեգորիա:Տօներ